
«Մի քանի հազար երեխաներ, իւրաքանչիւր օր, կը զգան Հ.Օ.Մ.ի հոգածութիւնը»
Հայ Օգնութեան Միութիւնը այս տարի նշեց իր խնամատարական ծրագիրներէն - ամէնէն տարածուններէն - մէկուն՝ Որբերու Խնամակալութեան Ծրագրի 20ամեակը։
«Որբերու Խնամակալութեան Ծրագիր» կամ «Ծնողազուրկ Երեխաներու Հովանաւորութիւն» անունով ծանօթ այս երկարաշունչ եւ իրապէս օգտակար ծրագիրը, ահա արդէն 20 տարիէ ի վեր, կը գործէ՝ սփիւռքահայ հովանաւորներու օգնութեան ձեռքը հասցնելով դժուարին օրեր անցընող հազարաւոր երեխաներու կամ պատանիներու։
1992ին սկսած այս ծրագիրը իր շուրջ համախմբած է, ամբողջ Սփիւռքի տարածքին, 27 երկիրներու մէջ ապրող բազմաթիւ հայ եւ ոչ-հայ հովանաւորներ։ Հովանաւորներ կան նոյնիսկ այն երկիրներուն մէջ, ուր Հ.Օ.Մ.ի կառոյց գոյութիւն չունի։ Առ ի գիտութիւն ընդգծենք, որ Հ.Օ.Մ.ի Ծնողազուրկ Երեխաներու Խնամակալութիւն ծրագիրը, 1992էն սկսեալ, այսինքն 20 տարիէ ի վեր, օժանդակած է շուրջ 7500 երեխաներու երկկողմանի ծնողազուրկ կամ զոհուած ազատամարտիկի երեխաներ, որոնք աջակցութիւն ստացած են 4900 անհատ հովանաւորներէ։ 20 տարիներու ընթացքին, աշխարհասփիւռ Հ.Օ.Մ.ի միաւորներու ընկերուհիներու ջանքերով, այս ծրագրի ճամբով Հայաստան փոխանցուած է աւելի քան 5 միլիոն տոլար։
Ահա այս ծրագրի 20ամեակն է, որ այս տարի նշուեցաւ պատշաճ հանդիսութեամբ Երեւանի մէջ, համախմբելով Հ.Օ.Մ.ի աշխարհատարած միաւորներու ընկերուհիներ, հովանաւորներ եւ պետական դէմքեր, ինչպէս նաեւ այս ծրագրին կողմէ հովանաւորուած եւ արդէն երիտասարդութեան սեմին գտնուող Հայաստանէն եւ Արցախէն բազմաթիւ սաներ։
20ամեակի նշումը առիթ մըն է անդրադառնալու Հ.Օ.Մ.ի այս ծրագրին՝ որոշ տեղեկութիւններ ու տպաւորութիւններ փոխանցելով Յունաստանի մէջ ծրագրի գործադրութեան մասին, նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելու բոլոր անոնց, որոնք հովանաւորեցին երեխայ մը, երբեմն մէկէ աւելի, երբեմն մօտէն ճանչնալով զանոնք եւ տարեկան ակնկալուած գումարէն աւելին յատկացուցին իրենց սաներուն (չգործածելու համար «որբ» բառը), հասնելով անոնց կարիքներուն։
Ինչպէս ըսինք, Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, այս ծրագրի 20ամեակին առիթով, այլ նախաձեռնութիւններու կարգին, կազմակերպած էր հրապարակային հանդիսութիւն մը, հովանաւորութեամբ Հ.Հ. Առաջին Տիկնոջ՝ Ռիթա Սարգսեանի։ Ձեռնարկին մասին անդրադարձ եղաւ արդէն մամուլին մէջ։ Հոս տեղին է ու կ՛արժէ հակիրճ անդրադառնալ, 20ամեակի նշումին առիթով, Հայաստանի վարչապետ պրն. Տիգրան Սարգսեանի կատարած գնահատումին՝ Որբերու Խնամակալութեան ծրագրին եւ ընդհանրապէս Հ.Օ.Մ.ի մասին։
Պրն. Սարգսեան Հայաստանի կառավարութեան խօսքը կը փոխանցէր 20ամեակի նուիրուած հանդիսութեան ընթացքին եւ հոն, իր այդ գնահատումին մէջ, արդարօրէն կ՛ընդգծէր Հ.Օ.Մ.ը յատկանշող հիմնական քանի մը կէտեր, որոնք ամբողջ դար մը առաջնորդած են մեր միութիւնը՝ աշխարհի տարբեր ցամաքամասերուն վրայ գործող միաւորներու գործունէութեան ու նուիրուածութեան ճամբով։ Եւ այսպէս, վարչապետը կը հաստատէր, թէ՝
«Մեր օրերում դժուար է գտնել մէկ այլ բարեգործական ընկերութիւն, միութիւն, որը կը կարողանայ համեմատուել Հայ Օգնութեան Միութեան հետ: Հ.Օ.Մ.ի գործունէութիւնը հատուածական չի եղել, այն եղել է նուիրական հայ ժողովրդի կարեւոր կառոյցներից մէկը: Հ.Օ.Մ.ն իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքում եղել է այնտեղ, որտեղ հայն ունեցել է օգնութեան կարիք ու հէնց դրանով էլ այս միութիւնը վայելում է մեր ժողովրդի յարգանքն ու սէրը»:
Վարչապետի հաստատումով՝ Հ.Օ.Մ.ը բնաւ չէ զբաղած ինքնագովութեամբ, ժամեր շարունակ «մեզ չէ ձանձրացուցած անիմաստ հեռուստատեսային հաղորդումներով, որոնց նպատակն է ինքնագովազդը»։
Կառավարութեան անունով կա- տարելով այս հաստատումները՝ վարչապետը մեծ գնահատանքով արտայայտուած է Հ.Օ.Մ.ի գործունէութեան մասին, որովհետեւ «այդ գործունէութիւնը ունի ազգապահպան բովանդակութիւն եւ մեր ժողովրդի կենսագրութիւնը լցնում է մեծ էութեամբ ու բացայայտում է հայի տիպարին բնորոշ յատկանիշներ»։
Իսկ մասնաւորաբար Որբախնամ ծրագրի իմաստին անդրադառնալով՝ պրն. վարչապետը ընդգծած է այս գործունէութեան նա՛եւ դաստիարակող, սերունդ կազմաւորող դերը, որովհետեւ կը պատրաստուի սերունդ մը, որ կը սորվի հոգածութեամբ լեցուիլ իր հայրենակիցներուն նկատմամբ, որ կը սորվի կիսել անոնց ցաւը.-
«Մի քանի հազար երեխաներ, իւրաքանչիւր օր, կը զգան Հ.Օ.Մ.ի հոգածութիւնը եւ համոզուած եմ, որ նրանք եւս իրենց հետագայ կեանքում փորձելու են օգնութեան հասնել նրանց, ովքեր օգնութեան կարիք ունեն»,- եզրակացուցած է վարչապետ Տիգրան Սարգսեան։
Մեր երկրի վարչապետին կողմէ կատարուած այս հաստատումները յաւելեալ մեկնաբանութեան չեն կարօտիր եւ պերճախօս գնահատումն են կատարուած աշխատանքին ունեցած տարողութեան։
* * *
Աղջնակ սան մըն է գրողը՝ իր հովանաւորին.
«Շատ շնորհակալ եմ ձեզ, գումարի համար, քանի որ ան ինձ շատ անհրաժեշտ է։ Սովորելով երաժշտական ուսումնարանում, ես սեփական ջութակ չունեմ եւ ձեր ուղարկած գումարը սկիզբ դրեց այն մտքին, որ ջութակ գնեմ. դրա համար ես շատ շնորհակալ եմ...»։
Որբերու Խնամակալութեան Ծրագիր։
Սրտամօտիկ եւ յուզիչ։
Մէկ կողմէ՝ տալու, իր ազգակիցին հասնելու, օգնութեան ձեռք երկարելու հոգեկան գոհացում, ծնողազուրկ երեխայի մը օժանդակելու սուրբ առաքելութիւն ։
Միւս կողմէ՝ գումարի մը ստանձնումով բաց մը գոցելու, երեխային անհրաժեշտ պէտք մը բաւարարելու առիթ։
Վերի տողերուն նման, կան բազմաթիւ այլ օրինակներ, որոնց մասին կը կարդանք սաներու նամակներուն մէջ, կամ՝ անձնապէս ականջալուր կ'ըլլանք, երբ ներկայ կը գտնուինք Երեւանի, նախապէս Եղիշէ Չարենց իսկ ներկայիս Սայաթ Նովա փողոցի վրայ գտնուող Հ.Օ.Մ.ի գրասենեակը, ուր փոքրերը, ընտանեկան պարագաներու ընկերակցութեամբ, կուգան ստանալու իրենց ուղարկուած գումարները։
Եւ հոն, այդ գրասենեակին մէջ նստած, երբ առիթը ստեղծուի հետեւելու այս գործունէութեան գործադրման, մարդ կը զգայ, թէ ի՛նչ կարեւոր գործ մըն է, որ սկսուած էր 20 տարիներ առաջ։ Կը հաստատես, թէ այս օժանդակութիւնը, որքան ալ «մեծ բան մը չէ» մտածուի, այսուհանդերձ ահաւասիկ 20 տարիներու վրայ երկարող իր արդիւնքով, սքանչելի ծրագիր մը եղաւ, մանաւանդ սկզբնական շրջանին, երբ չքաւորութեան, որբի զգայնութեան եւ այլ պատճառներով ընտանեկան յարկերէ ներս կը ստեղծուէին աննկարագրելի դժուար պահեր ու կացութիւններ։
Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչը, սկզբնական շրջանէն մինչեւ հիմա, կը շարունակէ մասնակցիլ այս ծրագրին։ Շրջանային վարչութեան կողքին ստեղծուած Որբերու յանձնախումբը յաջողած է, երկար տարիներու ընթացքին, համախմբել շուրջ 300 անհատներ, հայ թէ յոյն, որոնք հովանաւորած են որբեր եւ ուրախացուցած են զանոնք նաեւ այլ միջոցներով՝ այցելութիւն, նամակագրութիւն եւայլն։
Այս առիթով, հետաքրքրական պիտի ըլլար ուղղակի կապ հաստատել այդ հովանաւորներէն ոմանց հետ։ Այդպէս ալ ըրինք եւ ստացանք յուզիչ, զգացական պատասխաններ։ Մեր հովանաւորները ըսին, թէ կը ստանային նամակներ՝ իրենց հովանաւորած երեխաներէն կամ պատանիներէն, ուր այս վերջինները կը յայտնէին իրենց ջերմ ու անկեղծ զգացումները եւ կը պատմէին իրենց ընտանիքին մասին։
Եւ այսպէս, ընդհանրապէս «բարեւագիր» վերնագրով ուղարկուած այս նամակները ցոյց կու տան ընտանեկան վիճակներ, ընտանեկան պատկերներ, ուր գրեթէ միշտ բացական... այս աշխարհէն անդարձ մեկնած տան հայրն է։ Երբեմն այս երեխաները երկկողմանիօրէն որբ են, երբեմն հայրն է բացական, որ մեծամասնութեան պարագային զոհուած է Արցախի պատերազմին...։ Ու «ծանօթութիւններ», մտերմութիւններ ստեղծուած են հովանաւորին եւ իր «երեխայ»ին միջեւ՝ երբեմն-երբեմն մղելով ոմանց, որ երբ Երեւան են կամ Արցախ, փնտռեն իրենց «երեխան» անձնապէս ծանօթանալու համար անոր հետ։ Տարիներու ընթացքին ստեղծուած է կապ մը, հեռաւոր մտերմութիւն մը, որ շատերու պարագային կը շարունակուի մինչեւ հիմա, նոյնիսկ եթէ ենթական 18 տարիքը բոլորած է եւ այլեւս չունի հովանաւոր։
Իմ զրուցակիցներէն ոմանք ուղղակի կապ ունեցած են իրենց հովանաւորած փոքրերուն հետ։ Եւ անոնց իսկ հաստատումով՝ ոմանց պարագային այդ կապը եղած է ջերմ, մտերմիկ եւ խորունկ։ «Իմ պարագայիս երեխան կþապրէր Արցախ։ Առանց զինք տեսած ըլլալու, կապ մը ստեղծուած էր այդ փոքրիկին ու իմ միջեւ։ Ատիկա պատճառ եղաւ, որ Երեւան գտնուած օրերուս այցելեմ Արցախ՝ զինք մօտէն տեսնելու եւ ճանչնալու համար։ Մեր հանդիպումը եղաւ շատ հարազատ, ջերմ։ Կարծես տարիներէ ի վեր կը ճանչնայինք զիրար։ Հարազատի մը պէս փաթթուեցաւ ինծի»,- կը պատմէ խօսակիցս եւ, շարունակելով, կ՛ընդգծէ.- «Հակառակ որ ներկայիս ան արդէն մեծցած է եւ այլեւս մաս չի կազմեր ծրագրին, կը փնտռեմ զինք, անկեղծ սիրոյ զգացում մը ունիմ իրեն հանդէպ»։
Այս օրերուն, երբ հանդիսաւոր կերպով կը նշուի Հ.Օ.Մ.ի այս շատ օգտակար ծրագրին 20ամեակը, այն բոլոր անհատներուն , որոնք եղան ու տակաւին են հովանաւոր եւ ունեցան բաւարարութիւնը ծնողքի հոգածութենէն զրկուած երեխայ մը ուրախացնելու, ահա այդ մարդոց, Հ.Օ.Մ.ի եւ Հայ Կապոյտ Խաչի անունով կը փոխանցենք հարիւրաւոր երեխաներու շնորհակալական զգացումները խտացնող քանի մը բառ.
«Վարձքը կատար՝ Յունաստանի մէջ ապրող եւ այս գործին հաւատացող մեր հարիւրաւոր հովանաւոր-բարեկամներուն, հայ կամ յոյն, որ տարիներ շարունակ աջակցութեան ձեռք երկարեցին իրենց նուիրաբերումին պէտքը ունեցող երեխաներու, ուրախացուցին զանոնք եւ դարձան անոնց «թէեւ հեռաւոր եւ երբեմն անծանօթ, բայց զիրենք սիրող բարեկամը...»։
Է. Պէրպէրեան
Նմուշներ հովանաւորներուն գրուած նամակներէ
Յարգելի բարերար, ձեզ գրում է «Մի-8» ուղղաթիռի հրամանատար հերոս օդաչու
Հրայր Մեսրոպի Կիրակոսեանի որդի՝ Մեսրոպը:
Հայրիկս ոչ միայն հերոս էր, նա աշխարհի ամենախելացի եւ բարի հայրիկն էր: Նա անձնուիրութեան ու անձնազոհութեան մարմնացումն էր: Յիշում եմ նրա բարի, մեղմ ժպիտը թաւամազ շիկակարմիր մօրուքը սլացիկ մարմինը: Այս ամէնը յիշելիս սիրտս անեզր թախիծ է պատում:
Իսկ հոգուս խորքում բազում, բազմաթիւ հարցեր են յառաջանում: Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս:
Մայրս Արմինէ Յարութիւնեանը բազմիցս փորձել է պատասխանել այս հարցերին: Մայրիկիս մաքուր ու անբիծ աչքերուն պատում է ոչ միայն անխառն թախիծը, այլեւ հպարտութիւնը: Մայրիկս իմ եւ եղբօրս մէջ արթնացնում է յուշեր նրա ապրած, թէեւ քիչ, բայց բովանդակալից կեանքից: Նա մեզ կրթում ու դաստիարակում է, որպէսզի մենք դառնանք հերոս հօր արժանաւոր զաւակներ:
Երբեք չեմ մոռանայ այն օրը՝ երբ ես դեռ մէկուկէս տարեկան էի, հայրիկս իր ուղղաթիռով տարաւ Ստեփանակերտ:
Մայրիկս հոգու անհուն երախտիքով մեզ բացատրում է որ աշխարհում բացի պատերազմից ու չար մարդկանցից կան նաեւ բարի մարդիկ՝ յանձինս Ձեզ սիրելի բարերար: Թոյլ տուէք վերջացնել նամակս լի ակնկալիքով որ աշխարհում բարի մարդկանց թիւը
օրէ օր կը մեծանայ:
Յարգանքներով՝
Մեսրոպ 25-7-1998
Բարեւ սիրելի հովանաւոր,
Մի քանի խօսք իմ եւ ընտանիքիս մասին: Ես Անուշ Գորիկի Յարութիւնեանն եմ: Հայրս՝ Յարութիւնեան Գորիկ Գ. զոհուած է Արցախի ազատագրական պայքարում: Մայրս՝ Ասծատրեան Տիստեմոնա Ջ. աշխատում է երաժշտական դպրոցում որպէս դաշնամուրի ուսուցչուհի: Ունեմ երկու քոյր: Մեծ քոյրս՝ Աննան աւարտել է Երեւանի պետական կոնսերվաթորիան եւ հիմա սովորում է ասպիրանդուրայում՝ դաշնամուրի բաժնում: Միջնեկ քոյրս՝ Ակաթան սովորում է Երեւանի Ճարտարապետական համալսարանի չորրորդ կուրսում: Ես սովորում եմ Ստեփանակերտի միջնակարգ դպրոցի չորրորդ դասարանում ինչպէս նաեւ երաժշտական ուսումնարանի առաջին կուրսում, ջութակի բաժնում:
Շատ շնորհակալ եմ Ձեզ գումարի համար քանի որ ան ինձ շատ անհրաժեշտ է: Սովորելով ուսումնարանում ես սեփական ջութակ չունեմ եւ Ձեր ուղարկած գումարը սկիզբ դրեց այն մտքին որ ջութակ գնեմ. դրա համար ես շատ շնորհակալ եմ: Նաեւ շատ սիրում եմ նկարել, ահա բացիկի նկարը իմ նկարածն է ինքներդ գնահատեցէք թէ ինչպէս է իմ մօտ ստացւում: Ես նաեւ սիրում եմ բանաստեղծութիւն արտասանել:
Ճիշդն ասաց կ'ուզէի աւելի շատ Ձեր մասին իմանալ, Ձեզ հետ ծանօթանալ: Ահա այսքանը: Նորից շատ շնորհակալութիւն: Ցտեսութիւն
Անուշ