Որոշ յապաղումով կ՛անդրադառնամ «Ազդակ»ի Յունիս 8ի «Չաւարեանական էջ»ի մէկ հարցազրոյցին, որ երկխօսութեան մը մէջ կը համատեղէ երկու երիտասարդուհիներ՝ լիբանահայ Արազ Գոճայեանը եւ թրքահայ Ասլը Թիւրքէրը:
Չեմ գիտեր՝ բաւարար խորքով ըմբռնեցի՞նք տարողութիւնը երկխօսութեան այս երեւոյթին - եւ սկսելու համար՝ տարողութիւնը անոր մեկնակէտ «Ասլը-երեւոյթին»: Տարողութենէ աւելի, պէտք էր խօսիլ տակաւին՝ պարզ կարողականութեան մասին. երեւոյթները, իմ արժեւորումով որքան ալ աննախընթաց, իրենց իրացումը, իրականացումը պիտի կրնան գտնել միմիայն շնորհիւ մեր հաւաքական ատակութեան՝ զիրենք ընկալելու եւ գնահատելու...
ՄԵԿՆԱԿԷՏ-ԵՐԵՒՈՅԹԸ...
Նախ, ուրեմն, մեկնակէտ-երեւոյթը՝ Ասլը Թիւրքէրը, իր ընտանեկան պատմութեամբ, ինչպէս է պատմութիւնը թրքահայ մարտնչող իրաւաբան եւ պատմիչ-վկայ Ֆեթհիյէ Չէթինի մեծ մօր՝ Հերանուշի. ինչպէս են՝ այսօր ա՛լ դարո՜վ երկարած պատմութիւնները միւս բոլոր «ծածուկ հայերուն», պատմութիւնները անոնց «ցկեանս նահատակութեան» (ռահվիրայ-պեղարար սիրելի հեղինակի մը՝ ողբացեալ Գէորգ Աբէլեանի այնքա՛ն բնորոշիչ եզրով...): Եւ որոնք վերջին տասնամեակին աստիճանաբար հասած են ու կը հասնին լոյս աշխարհ.:
Ապա՝ միշտ նոյն մեկնակէտ-երեւոյթին մաս կազմող՝ Ասլըի ստեղծած, դարբնած սեփական գաղափարական աշխարհը, յստակ եւ ամուր: Անոր ներքին ուժը, ուժականութիւնը: Երեւոյթներ, որոնք՝ այս հարցազրոյցին արձագանգող հազուադէպ նամակներէն մէկուն բառերով- «պէտք է քննուին եւ արժեւորուին մե՛ծ լրջութեամբ, պատասխանատուութեամբ, լայն հորիզոնով, իրենց կազմած աննախընթաց կացութեան եւ գրաւին համապատասխան ձեւով»: (Նամականի «Ազդակ»ի): Հրաւէր՝ լրջութեան եւ պատասխանատւութեան, ու միանգամայն՝ հարցերը լայն հորիզոնով ընկալելու - հրաւէր ու թելադրանք՝ որ կարելի չէ չբաժնել:
Նախ՝ ուրեմն՝ հայրենի հողերու վրայ վերապրած «ծածուկ» հայութեան մը փաստը, ե՛ւ անոր գործօն տարրերու -հոգ չէ թէ՝ առայժմ սակաւաթիւ- ցուցաբերած մարդկային-գաղափարական նոր ուժականութիւնը, մեր չափանիշներով դժուար ըմբռնելի քաջութեամբ մը ընկերակցուած: Եւ որ արձագանգումով այսօր սկսած է հասնիլ՝ իբր հայ Սփիւռք վերապրած-վերաճած արեւմտահայութեան մնացորդացին, անոր մտաւոր-մշակութային ոլորտին, հեռաւոր Արեւմուտքէն մինչեւ Միջին Արեւելք:
ԸՆԿԱԼԵԱԼ ԳԻԾԵՐԸ ԽԱԽՏՈՂ,
ԱՆՀԱՆԳՍՏԱՑՆՈՂ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ...
Հոս կարիքը չեմ զգար վերառնելու հարցազրոյցին դրոյթները, մեկնաբանելու-վերլուծելու զանոնք. այդ չէ այս սիւնակին առաջադրանքը: Կը բաւէ քանի մը բառով յիշատակել մի քանի հիմնականներ, որոնք՝ թէեւ հովանաւորուած -չես գիտեր՝ ինչո՛ւ- ծամծմուած ու ոչ-թելադրական ընդհանուր խորագրով մը («Ես Հայ եմ...») մեծ մասամբ կ՛արտացոլան գրութեան այնքան թելադրական ենթախորագիրներէն.- «Հայացած եմ հանգրուան առ հանգրուան», «Թուրք ինքնութիւնս կ՛օգնէ ինծի եւ բոլորիս», «Պէտք է խօսիլ լեզուով մը, որ թուրքերը կը հասկնան», «Սփիւռքը կարիքը ունի ճանչնալու իր երկիրը»:
Արտասահմանեան հայ մամուլին մէջ («Ակօս», «Նոր Յառաջ»...), կը հանդիպիմ հարցազրոյցի մէկ ամփոփ տարբերակին, որուն խորագիրն ու ենթա-խորագիրները իրենց կարգին խօսուն են, նաեւ «անհանգստացնող», սովորութիւններ ականահարող.- «Մենք ենք հողին տէրը, ինչպէ՞ս օտար մնանք», «Ես թէ՛ ոճրագործն եմ, թէ՛ ալ զոհը»...
... ԵՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵՆԷ ՄԸ ԾՆՈՂ
ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐ
Այլապէս ուշագրաւ է Ասլըի զրուցակից եւ յօդուածը ստորագրող Արազ Գոճայեանի պարագան, երեւո՛յթ մը՝ իր կարգին: Հարցերը դնելու, նորովի քննարկելու իր մօտեցումը, գոնէ միջին-արեւելեան մեր աշխարհագրա-մշակութային գօտիին համար, կը գտնեմ աննախընթաց, եթէ նոյնիսկ Արեւմուտքի հայ համայնքներուն մօտ չափով մը գտած է իր տեղը:
Բայց, անգամ մը եւս, եթէ աւանդական հայեցիութեան միջավայրի մը համար, այսպիսի մօտեցում աննախընթաց է եւ աւելի՛ պայթուցիկ կը հնչէ,- ատով իսկ թերեւս կը դառնայ աւելի եւս խոստըմնալի: Ասլը-երեւոյթով բեղմնաւորուած՝ անիկա կը խօսի խոր կա-րիքէն, պահանջէն՝ վերանայելու, վերասահմանելու մենք մեզ, մեր ինքնութիւնն ու պայքարի էութիւնը: «Ազդակ»ի Նամականիին մէջ տեղ գտած երկրորդ նշմարի մը կտրուկ բառերով՝ «իսկապէս, ո՞վ է հայը...». կամ «հայոց լեզո՞ւն, քրիստոնեայ կրօ՞նքը, թէ՞ իր երակներուն մէջ հոսող հայկական արիւնն է, որ կը բնորոշէ անձի մը հայկականութիւնը»:
Ասլը-Արազ երկխօսութեան մէջ, երկրորդին՝ Արազի ներդրումը, քննական ու անկաշկանդ-անվախ, իր կարգին կ՛արտայայտուի մէջէմէջ, բայց մանաւանդ երբ կը հակի դէպի իր եզրակացութիւնը: Մի քանի կարեւորներ՝ յիշեցման կարգով.- «Դիմացս նստած Ասլըն կը մարմնաւորէր հայու եւ թուրքի յատկութիւններ: Հայ մը, որուն իւրաքանչիւր ապրում եւ արտայայտութիւն կը փորձէի նմանցնել իմիններուս, որպէսզի ինքզինքիս փաստեմ, թէ ես ալ այսպիսի դժուարութիւններէ անցած եմ ու կ՛անցնիմ իմ լիբանահայ իրականութեան մէջ: Թուրք մը, որ կը պայքարէր Ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութեան դէմ, որուն զոհերէն մէկն էր: Այս իսլամ թրքահայը ոչ միայն գիտէր Ցեղասպանութեան մասին, այլ ինքն ալ մէկ մեծ մասնիկն էր այս դատին»: Կամ՝ «շատ են Սսլըները, զորս պէտք է գտնել եւ կամ թոյլ տալ, որ անոնք մեզ գտնեն: Ասլըին արիութիւնը մեզի մտածել կու տայ, թէ ի՛նչ կարելի է սորվիլ մեր պայքարի ուղին ծաւալելու համար (...) Ասլըին՝ իր ինքնութեան վերատիրանալու յաղթանակը կը նկատուի մեր բոլորին յաղթանակը եւ Թուրքիոյ բռնատիրութեան պարտութիւնը: Ապտուլպաքիներու զաւակները մեր ալ զաւակներն են, որոնց կարիքը ունինք մենք, որքան որ անոնք մերինին (...)»: Ու տակաւին, ինքնա-ախտաճանաչումի հատու ակնարկով մը՝ «մէկ կողմէ Սփիւռքի մեր հանգիստ պայմաններուն մէջ շատ աւելի դիւրին կը ձուլուինք ու կ՛ուրանանք մեր ինքնութիւնը, իսկ միւս կողմէ շատ դիւրին կը դառնանք այլամերժ եւ անհանդուրժող»:
... ԱՆՀԱՆԳՍՏԱՑՆՈՂ ԲԱՅՑ ՓՐԿԱՐԱՐ
Այսպիսի հաստատումներ, որոնք ա՛լ կարօտ իսկ չեն մեկնաբանութեան, կրնան անհանգստացնող, խանգարող ըլլալ մեզմէ ոմանց համար: Թերեւս ատով բացատրուի որոշ լռութիւն մը, որ հետեւեցաւ հարցազրոյցին ու անոր հարցադրումներուն - չհաշուած՝ վերը յիշատակուած Նամականիի մէկ-երկու արձագանգներ:
Արդեօ՞ք հրատապ այժմէութեամբ շրջանային կացութիւն մըն է դիրքորոշային այսպիսի կենսական սրբագրութիւններէ հեռու՝ մեզ լուռ պահողը. այլապէս մտահոգիչ առօրեա՞յ մը... Չեմ գիտեր: Բայց պէտք է զգուշանալ մնայուն կերպով առօրեայ հոգերով քաշքշուելու փորձութենէն, որ յաճախ արդարացում է մտաւոր սովորամոլութեան: Ճիշդ ինչպէս զգուշաւորութեան, «խոհեմ» կասկածանքի կեցուածքը շատ անգամ կը ծածկէ վախ, խուճապ, նորի ու թարմարար, եթէ ոչ փրկարար անծանօթի կոյր մերժում...:
Յամենայն դէպս, կը մնայ մաղթել, որ այսպիսի հարցականներ չեն վերաբերիր «Զաւարեանական էջ»ի «Մեր Խօսքը» ներածականին. անիկա ալ՝ իր կարգին՝ զերծ չ՛երեւիր որոշ երկդիմութենէ, որոշ «գաղջութենէ», որոշ մինիմալիզմէ: Պէտք է մաղթել, որ էական հարցադրումներու հանդէպ չի պակսիր խլրտուն, «խանգարիչ» հետաքրքրութիւն մը, նորի որոնման անսանձ ձգտում մը՝ հարցադրումին տեղ տուող երիտասարդութեան՝ գոնէ աւելի արթուն, աւելի զգաստ մէկ կորիզին մօտ...: Ձգտում, ի դէպ, որ՝ կարելի չէ չնկատել ու չշեշտել հոս՝ կանացի՛ ուժականութեան աղբիւրէ մըն է որ կը մեկնարկուի...
* * *
Արդէն սկիզբը յիշուեցաւ, այս «Լուսանցանիշեր»ը՝ հոս, իրենք իրենց կը վերապահեն պարզ յուշարարի, ցուցիչի դեր մը (ինչպէս եղած են արդէն նոյն սիւնակագլուխին տակ երբեմն երեւցող այլ գրութիւններ): Անոնք չունին, չեն կրնար ունենալ ուրիշ ձգտում - մեկնաբանական-վերլուծական յաւակնութիւններ ու ախորժակներ: Միայն՝ ուրեմն՝ նշել, յուշել -այս պարագային՝ երիտասարդ ուժերու, երիտասարդ հոգիներու-, որ բոլոր գործընթացները, սկսած՝ ինքնագիտակցումէ, ինքնասահմանումէ, ու հասնելով մինչեւ ինքնահաստատման պայքարները, անհատական թէ՛ հաւաքական,- ենթակայ են տեւական քննարկումի, խնդրարկումի, վերանայումի եւ վերահաստատումի:
Հայեցի ինքնութիւնը, իբր հայ ինքնասահմանումը բացառութիւն մը չէ, չի կրնար ըլլալ՝ կենսային եւ հոգեւոր հոլովոյթներու անհամար ոլորտներու կարգին: Ամէն ժամանակ եւ իրադրութիւն, ամէն սերունդ՝ պարտի վերսկսիլ ինքնասահմանումի, ինքնաճանաչումի ճիգը, հեռու՝ սոսկական «պահպանումի» անկար, երկչոտ կեցուածքէն: Մեր հազարամեայ պատմութեան խորքային ընթերցում մը միայն ա՛յս դասը կու տայ մեզի - մնայուն ինքնավերասահմանումի, ինքնանորոգումի, ինքնահամադրումի դաս, ո՛չ ինքնակրկնումի, «հայապահպանումի»...: Պահպանողականութիւնը՝ մարդաբանական առումով՝ կրնայ համաշխարհային երեւոյթ ըլլալ, մարդկօրէն ըմբռնելի, որքան ալ՝ ստեղծարար թափ դանդաղեցնող, կասեցնող: Բայց... մե՛ր պայմաններուն մէջ սփիւռք դարձած հաւաքականութեան մը համար՝ անիկա ուղղակի ինքնասպանութիւն է:
«Ասլը-երեւոյթ»ին առջեւ, «ծածուկ հայերու»՝ հարիւրամեայ իրենց կենդանի-գերեզմանումէն յառնումին առջեւ,- կասկածը, խուճապը վատ խորհըրդատու են, երկարաձգուող անտարբերութիւնը, ինքնակրկնումը մա՛հ է: Մեր բոլորին պարտքն է, բայց յատկապէս՝ երիտասարդութեա՛ն պարտքը, կատարել զգաստ բայց միշտ խլրտուն, միշտ անհանգիստ խնդրարկումը հայ ինքնութեան, ինքնասահմանումին...:
Ասլը-Արազ երկխօսութիւնը խոս-տըմնալի սկիզբ մը կրնայ կայացնել այդ ճամբուն վրայ:
Պէտք չէ փախցնել առիթը: Երեւոյթը, նաեւ զայն ընկալող երիտասարդ «հսկող»ներու երեւոյթը, կ՛ըսէի սկիզբը, կարողականութիւն են. այլ խօսքով՝ մասնակի երեւոյթներ - առայժմ: Եւ վախ կայ, որ կրնան այդպիսին ալ մնալ: Ուրեմն ամէն բան, ի վերջոյ, կախում ունի զանոնք գնահատելու, գրաւելու եւ տնտեսվարելու մեր կեցուածքէն, մեր ատակութեան աստիճանէն: Մեզմէ՛: Անգամ մը եւս՝ մանաւա՛նդ՝ երիտասարդութենէն:
Յարութիւն Քիւրքճեան