«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:
Իմ հրատարակած թերթը կարդալու խնդիր (Ա.)
Այցելուներ ունիմ, որոնք գիտեմ թէ մեր թերթին ընթերցողներն են։ Հազար անգամ փաստած են որ թերթը կը կարդան կանոնաւոր կերպով եւ ուշադրութեամբ։ Բայց հարց մը կայ։ Երբեմն կը պատահի որ անոնցմէ մէկուն հետ խօսելու ընթացքին խնդրոյ նիւթ դարձնեմ թերթին մէջ հրատարակուած լուր մը եւ անդրադառնամ որ ան այդ լուրը չէ կարդացած։ Կը խնդամ ու կատակով կը հարցնեմ.
-Դուն մեր թերթը չե՞ս կարդար։
Բայց անմիջապէս կը զղջամ այսպէս ըսելուս համար, որովհետեւ հակառակ որ իմս պարզապէս կատակ մըն էր, դիմացինը կը կարծէ որ լուրջ քննադատութիւն է ըրածս, նեղ կացութեան կը մատնուի, կը ջանայ ինքզինք արդարացնել.
-Կը կարդամ, բայց կ'երեւի թէ աչքէս փախցուցեր եմ, ուշադրութիւն չեմ ըրեր, եւայլն, եւայլն։
Այսքան տարուան փորձառութիւնս ինծի վաղուց սորվեցուցած է որ թերթ կարդալը չի նշանակեր թերթը ծայրէն մինչեւ վերջը կարդացած ըլլալ։ Թերթ կարդալը բոլորովին տարբեր իր օրէնքները ունի եւ ասիկա քիչ մըն ալ մարդուս այս օրուան տրամադրութենէն կախեալ է։ Նաեւ ճաշակէն։ Նաեւ նախասիրութիւններէն։ Նաեւ անկէ՝ թէ այդ օրերուն քաղաքական կամ ընկերային ի՞նչպիսի կարեւոր իրադարձութիւններ կան օրակարգի վրայ։ Գիտեմ որ թերթի մը ամէնէն հաւատարիմ ընթերցողն իսկ երբեմն կը գոհանայ շատ հարեւանցի ակնարկ մը նետելով թերթին վրայ։ Այս օր աւելին չի փնտռեր։ Ան բառին իսկական իմաստով, այդ օր կը «փախցնէ» բաւական նիւթ թերթին մէջէն։
Ես ի՞նչ դիրք ունիմ երկրին թերթերուն նկատմամբ։ Շատ պարզ է։ Կը կարդամ այնքանը միայն որքանը պարտաւոր եմ կարդալ։ Միշտ ալ մաղթելով որ կարելի չափով քիչ ըլլայ այն ինչ որ պէտք է կարդամ։ Այնուհանդերձ ասիկա այնքան ալ քիչ չէ որքան մէկը կրնայ կարծել։ Եւ պարտաւոր եմ կարդալ ուշադրութեամբ, որովհետեւ ես այդ լուրը միայն իմ անձնական նախասիրութեանս համար չէ որ կը կարդամ, կը կարդամ ասպարէզիս բերումով, զայն ուրիշներու հետ ալ բաժնելու ու անկէ եզրակացութիւններ ու մեկնաբանութիւններ հանելու պարտաւորութեամբ։ Ասիկա ինծի կը պարտադրէ կարդալու տարբեր ձեւ մը, որ աւելի կեդրոնացեալ է ու աւելի խորաթափանց։ Ասիկա կարդալ մըն է որ կարծես դպրոցական դաս մը սորվելու կը նմանի, այլ ոչ թէ հետաքրքրութեան համար լրագիր մը կամ պարբերաթերթ մը կարդալու։
Իսկ իմ դիրքս ի՞նչ է իմ իսկ հրատարակած թերթիս նկատմամբ։ Ես որքա՞ն կը կարդամ իմ հրատարակած թերթը։ Հոս է որ հարց մը կը ծագի ինծի համար, հարց մը որ երբեմն կը խնդացնէ զիս, երբեմն նեղ կացութեան կը մատնէ, հարց մը սակայն որ խմբագրի կեանքիս ինծի լարած մեծ ծուղակներէն մէկը կը դառնայ երբեմն։ Ո՞րն է այդ։
Դարձեալ այցելուի մը հետ եմ։ Կը պատահի որ այդ այցելուին հետ խօսելու ընթացքին խնդրոյ նիւթ դառնայ նիւթ մը, որմէ ես լուր չունիմ։ Երբ կը յայտնեմ թէ չեմ գիտեր, այցելուս կը խնդայ ու հեգնական ոճով կը հարցնէ.
-Ձեր թերթին մէջ գրուած էր ատիկա։ Դուն քու թերթը չե՞ս կարդար։
Անակնկալի կուգամ ու ես ալ կը խնդամ, հակառակ որ քիչ մը նեղ կացութեան մատնուած եմ ու այն տպաւորութիւնը թողած եմ որ ես անտարբեր եմ թերթին մէջ հրատարակուածներուն նկատմամբ։ Այն ատեն կը ջանամ կացութիւնը փրկել կատակով մը։
-Ես թերթը կը գրեմ, չեմ կարդար, կը պատասխանեմ։
Ասիկա թէ՛ ճիշդ է, թէ՛ սխալ։ Ճիշդ չէ որովհետեւ ես ամբողջ թերթը գրողը չեմ, թերթին բոլոր մասերը իմ կողմէ գրուած չեն, ուրիշներուն կողմէ գրուածներն ալ կան եւ անոնք մեծ ծաւալ ունին։ Ճիշդ չէ նաեւ անոր համար որ ես ընդհանրապէս մեծ ուշադրութեամբ ու հաճոյքով կը կարդամ այն ինչ որ գրած եմ։
Այստեղ անշուշտ որ կարեւոր հարց մը կայ։ Թերթի մը խմբագիրը սկզբունքով պատասխանատու է թերթին մէջ հրատարակուած ամէն բանէ եւ կը կարծուի որ պէտք է կարդացած ըլլայ ամբողջ թերթը։ Բայց Ամերիկայի կամ Եւրոպայի մէջ հրատարակուած յիսուն, վաթսուն, երբեմն հարիւր էջէ բաղկացեալ թերթի մը խմբագիրը կրնա՞յ իր անունով հրատարակուած թերթը ամբողջութեամբ կարդացած ըլլալ հրատարակութենէն առաջ կամ գոնէ հրատարակութենէն վերջը։ Կարելի չէ անշուշտ։
Բայց մեր թերթը միայն չորս էջերէ կը բաղկանայ ու ասիկա կարծես այդ թերթին խմբագրին գլխուն կը փաթթէ ամէն օր ամբողջ թերթը կարդալու պարտականութիւն մը։ Եթէ չկարդաս, յաջորդ օր մէկը կրնայ քեզի հարցնել.
-Դուն քու հրատարակած թերթը չե՞ս կարդար։
Սիրելի բարեկամիս ի՞նչպէս պիտի բացատրեմ որ կը պատահի որ երբեմն իսկապէս չկարդամ, որովհետեւ այդ օր շատ ուշ տուն գացած եմ, կամ այդ օր այնքան անտրամադիր ու սրտնեղ եղած եմ որ թերթին երեսն անգամ տեսնել չեմ ուզած, կամ այնքան յոգնած վիճակով տուն գացած եմ որ հեռատեսիլ դիտելէ ու հանգչելէ ուրիշ բանի մասին չեմ մտածած, կամ իսկապէս մտածած եմ որ ես թերթին գրողն եմ, ոչ թէ ընթերցողը։ Ահա թէ ինչու երբեմն անպայման պիտի լսեմ հեգնական հարցումը.
- Դուն քու հրատարակած թերթը չե՞ս կարդար։
Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - (Յուշատետր - 71)