Մեր ազատ հայրենիքի վերանկախացման 21-ամեակը կը տօնենք՝ անկախ մեր պետականութեան տակաւին կարճ պատմութեան իմաստը արժեւորելով։


21 Սեպտեմբեր 1991ին, տօնական մթնոլորտի մէջ կայացած հանրաքուէի արդիւնքով, եւ «ի շահ հայ ժողովրդի նուիրական իղձերի իրականացման» կոչերով՝ կը հաստատուէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը։
Խոստովանի՛նք, անմիջապէս. անցնող 21 տարիներուն, ծայր աստիճան դժուար եղան ազատ ու անկախ հայրենիքի եւ ազգային պետականութեան, իրաւական ու ժողովրդավարական կառավարման համակարգի եւ լիարժէք քաղաքացիական հասարակութեան հաստատումն ու ամրապնդումը։
Սակայն որքան որ դժուարութիւնները կը յամենային, այնքան միաժամանակ պետութիւնը կը զարգանար, արագօրէն առաջ երթալու, արագօրէն եւրոպական չափանիշներուն հասնելու ոստումներ կատարելով։ Այդպէ՛ս յառաջ շարժեցանք՝ իրապէս ծանր գին վճարելով. մեր երկիրը կը պարպուէր, մեր հայրենակիցներու կարողութիւններէն ու հնարաւորութիւններէն կը զրկուէր, երիտասարդ իր արիւնէն կը քամուէր՝ տնտեսական խիստ պայմաններու հետեւանք ընկերային անապահովութեան  եւ ապագայի անորոշութեան ճնշումին տակ։
Իսկ այսօր, ազգային կայացած պետականութիւն ապահոված ըլլալու հպարտութեան զգացումի կողքին, ստիպուած ենք իր բոլոր երեսներով արժեւորելու տիրող իրավիճակը.- Մէկ կողմէ՝ պետութիւնը կը կարեւորէ համայն հայութիւնը համախմբելու գործը, իր ուժին անփոխարինելի աղբիւրը տեսնելով բոլորի միաւորման եւ արտաքին դժուարութիւններու դէմ միակամ կեցուածքին մէջ։ Իսկ միւս կողմէ, սակայն, նոյնինքն հայկական ընկերութիւնը կը շարունակէ իր մէջ յամեցող դժուարութիւններով ընթանալ։
Ունինք արդէն Հայրենիք, որուն անկախացումէն 21 տարիներ անցած են, բայց ծանրօրէն կը շարունակէ դիմագրաւել աղքատութիւնը, անգործութիւնը, ընկերային անապահովութիւնը, անարդարութիւնը, քաղաքական կեանքէն ներս առանձնաշնորհեալներու սանձարձակութիւնը...
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հանրաքուէի 21ամեակին զուգահեռ կը տօնենք նաեւ ինքնորոշուած եւ անկախացած Արցախի 21-ամեակը, որ անքակտելի մասն է մեր հայրենիքին: Այս պահուս, երբ ամբողջ հայաշխարհը բորբոքած կիրքերով կտրուկ կը մերժէ ու կþընդդիմանայ Ատրպէյճանի սանձարձակութեան, բողոքի ցոյցերով իր ցաւկոտ դատապարտումը կ'արտայայտէ հայ անմեղ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի ոճրասպանին ազատ արձակման դէմ, պարզ է, թէ ամբողջ հայութեան զգօնութեան եւ վճռականութեան կարիքը կայ:
Միջազգային փոթորկոտ քաղաքական իրավիճակի պայմաններուն մէջ, թշնամիներով շրջապատուած, մեր երկրի ապագան ամուր դիւանագիտութեան եւ ճիշդ քայլերու կարիքը ունի:
Տօնական այս թուականի նշման առընթեր, հարկ է ճիշդ ձեւով գնահատել իրավիճակը, իբրեւ մնայուն թիրախ ունենալով մեր երկրի ու պետութեան զարգացումը եւ անվտանգութեան երաշխաւորումը: