«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:

Վարձատրութեան խնդիրը

Երբեմն կուշտ ու կուռ խնդալ կ'ուզեմ երբ կիմանամ որ մեր ազգային հաստատութիւններէն այս կամ այն մէկը բանախօսութիւն մը սարքելու հրաւիրած է սա կամ նա օտար անձը եւ այդ բանախօսութեան համար կարեւոր գումար մը վճարած է անոր։ Խնդալ կ'ուզեմ, որովհետեւ ես եւ ինծի նման անհամար հայ գրողներ, մտաւորականներ, կրթական մշակներ մեր կեանքին մէջ հարիւրաւոր բանախօսութիւններ ըրած ենք առանց տասնոց մը ստանալու, շատ անգամ ալ հոն երթալու համար մեր գրպանէն ծախս մը ընելով։
Երբեմն կուշտ ու կուռ խնդալ կ'ուզեմ երբ կը լսեմ որ սա կամ նա պաշտօնական գրասենեակը կամ անհատը որքան խոշոր գումար մը գանձած է մէկ կամ երկու էջէ բաղկացեալ պատճէն մը թարգմանելու համար։ Խնդալ կ'ուզեմ որովհետեւ, ուզեմ կամ չուզեմ, հոս բաղդատութիւն մը կ'ընեմ մտքէս։ Ես կեանքիս մէջ արդեօք որքա՞ն շատ բան թարգմանած եմ առանց տասնոց մը ստանալու կամ առանց մասնաւոր վարձատրութիւն մը սպասելու։ Իմ հաշւոյս ես կրնամ պնդել որ թարգմանած եմ այնքան շատ բան, որ եթէ այդ թարգմանութիւնները բովանդակող թուղթերուն վրայ կոխեմ, թերեւս կրնամ հասնիլ մինչեւ լուսին։
Երբեմն կուշտ ու կուռ խնդալ, բայց միաժամանակ ողբալ կ'ուզեմ երբ կ'անդրադառնամ որ ինծի նման շատեր այնքան սիրայօժար կերպով մեր հանրութեան կը տրամադրեն ինչ որ ունին իբր զգացում, իբր կարողութիւն կամ նուիրում։ Անհամեստօրէն ըսեմ որ ես զիս կը նկատեմ անոնցմէ մէկը։
Բայց հոս ալ հարց մը կայ անշուշտ։ Որքան ալ ծառայեմ անշահախնդիր եւ սիրայօժար ոգիով, ես խոշոր շահ մը ունիմ այս նուիրումիս մէջ։ Իսկապէս խոշոր շահ մը։ Ասիկա այն երջանկութիւնն է զոր կը զգամ խմբագրի իմ պաշտօնէս, հայատառ թերթ հրատարակելու ու մշակոյթի զինուոր դառնալու այս առաքելութենէս։ Իսկական երջանկութիւն։ Այս շահը շատ գոհացուցիչ է ինծի համար՝ որքան ալ գիտնամ թէ աշխարհի վրայ հարիւրհազարաւոր մարդիկ զիս ապուշ պիտի նկատեն իմ այդ անշահախնդիր երջանկութեանս համար, վրաս պիտի խնդան թերեւս, կամ պարզապէս պիտի կարեկցին ինծի։ Ես սիրով կ'ընդունիմ անոնց նկատումը։ Բայց բան չի փոխուիր իմ երջանկութեան մէջ։ Ուրիշներ կրնան շատ լաւ վճարուիլ գրութիւն մը գրելու, երկու էջ բան թարգմանելու, կամ բանախօսութիւն մը ընելու համար, բայց չեն կրնար այնքան երջանկանալ որքան ես կ'երջանականամ հայ մամուլի մարդու կամ հայ մտաւորականի իմ միամիտ կեցուածքիս մէջ։
Այստեղ մէկ հարց միայն զիս կը յուզէ եւ ինծի որոշ ցաւ կը պատճառէ։ Ասիկա տեսնելն է թէ մեր ազգն ալ, մեր ազգային հաստատութիւններն ալ նիւթական վարձատրութեան մը մասին բնաւ չեն մտածեր, երբ ծառայութիւն մը կը ստանան հայախօս մտաւորականէն, հայերէնով խօսող ու գրող մարդէն, մինչ անմիջապէս ու բնականօրէն իրենց քսակները լայն կը բանան երբ գործ կ'ունենան օտարախօսի մը հետ, նոյնիսկ եթէ այդ օտարախօսը հայ է։ Հայերէն լեզուն՝ դատապարտութիւն է։ Օտար լեզուն՝ հեղինակութիւն ու տիրապետութիւն է։ Ասիկա ինծի ցաւ կը պատճառէ ոչ թէ անձնական հաշիւներով, այլ իր ընդհանուր պատկերով։ Երանի՜ թէ հայերէն լեզուն ալ օտար որեւէ լեզուի չափ յարգուէր։
Բայց մեզի նման խենդերու կամ միամիտներու համար բան չի փոխուիր։ Նոյնիսկ աւելին կայ։ Ես գիտեմ որ ոեւէ իրաւ մտաւորական հայ մարդ՝ ամօթ պիտի նկատէր իր ազգային մէկ ծառայութեան համար վարձատրութիւն ստանալը, նիւթական գումար մը սպասելը։
Երբեմն դպրոցներու աշակերտներ խմբովին այցելութեան կուգան խմբագրատուն ու կը կանգնին դիմացս, սպասելով որ ես երկխօսութիւն հաստատեմ անոնց հետ ու բաներ մը ըսեմ անոնց։ Այդ տղաներուն ու աղջիկներուն աղուոր երեսներուն կը նայիմ, ապա միտքէս հարց կուտամ թէ ի՞նչ տեսակ ապագայ մը կը սպասէ արդեօք այս սիրելի զաւակներուն։ Իրենք անկասկած տակաւին չեն իսկ մտածեր այդ մասին, բայց ես կը հարցնեմ միտքէս։ Ա՜խ, ինչ տեսակ ապագայ մը կը սպասէ այս տղոց, այս տղաքը ապագային ի՞նչ պիտի ընեն իրենց կեանքը կանոնաւորելու համար։ Ի՞նչ ասպարէզ պիտի ընդգրկեն։ Բժի՞շկ պիտի դառնան, ճարտարագէ՞տ, ճարտարապե՞տ, տնտեսագէ՞տ, համակարգիչի մասնագէ՞տ։ Յետոյ վախնալով, բայց առանց վախս յայտնի ընելու, կը հարցնեմ թէ անոնց մէջ կա՞ն արդեօք աշակերտներ որոնք պիտի ուզէին ուսուցիչ կամ լրագրող ըլլալ։ Կը հարցնեմ ու կը նայիմ անոնց աղուոր երեսներուն, այդ երեսներուն վրայ կը տեսնեմ ժպիտը, ժպիտը զարմանքի ու անակնկալի։ Ուսուցիչ, թերեւս այո՛, բայց լրագրո՞ղ։ Այս հարցումին չէին սպասեր տղաքը։
Այն ատեն կը փորձեմ բացատրել թէ ինչ հաճելի բան է լրագրող ըլլալը, մամլոյ ծառայելը, մամուլի ու թերթի միջնորդութեամբ ամբողջ ժողովուրդի մը հետ ժամադրուիլը, ժողովուրդին բան մը ըսելը, կարծիք մը յայտնելը, յետոյ ժողովուրդէն  պատասխան մը ստանալը, գնահատուիլը, սիրուիլը, յարգուիլը՝ որպէս մամուլի մարդ, եւ դեռ այսպիսի բաներ։ Կը խօսիմ այս բոլորին մասին։ Բայց հոս ալ անիծեալ հարց մը կայ, որ գաղտնաբար կը կրծէ հոգիս։ Ես ի՞նչ է որ կը յանձնարարեմ այս տղոց։ Հայ մամուլի աշխատաւորը այսօր իսկ որքա՞ն հաց կրնայ ուտել այս ասպարէզին մէջ, եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր ասպարէզին ապագան։
Պարապ տեղ սիրտս կը տանջեմ։
Բայց դատապարտուած եմ սիրտս տանջելու։
Գոնէ այդ տանջանքը մասամբ կը մխիթարէ զիս։
Կը շոյէ իմ հայ մարդու արժանապատուութիւնը։

Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - (Յուշատետր - 71)