«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:
Տպագրութեան սկսելու խնդիր
Բ.
Երբ յիշեցի անցեալի այդ դրուագը, իրաւ ալ ես յանկարծ զիս քիչ մը ամօթեցի։
Կարծես ես զիս յանցաւոր նկատեցի։ Ամէն օր, երբ այսպէս գլխովս հաւանութիւն կը յայտնէի թերթի տպագրութեան համար եւ ձեռքերուս մէջ կը բռնէի օրուան թերթին առաջին օրինակը, ես ամէն օր նոյն կանոնաւորութեամբ յիշելու էի դպրոցական այն օրերս, երբ դասարանին մէջ «թերթ» կը հրատարակէի Գեղամ Սեւանին հետ։ Անշուշտ դպրոցական թերթ։ Պէտք է յիշէի, պէտք է յիշած ըլլայի կանուխ ու աւելի յաճախ։ Ասիկա նախախնամութեան նկատմամբ պարտքի մը վճարումը պիտի չնշանակէ՞ր ինծի համար։ Եթէ այսօր երջանիկ էի թերթ խմբագրելու առաքելութեանս մէջ, ուրեմն ասիկա պարտք մըն էր որ պէտք է վճարէի արարողութիւն մը կատարելու, աղօթք մը արտասանելու հաւատարմութեամբ։
Մտածեցի որ հիմնական կէտ մը կար, որ չէր փոխուած վաթսուն տարի առաջ դպրոցական նստարաններուն վրայ ապրուած օրերէս ասդին։ Այսօր ալ այնքան սիրայօժար եւ «սիրողական» մերձեցումով կþաշխատիմ թերթ տպելու համար, որքան սիրայօժար դպրոցական թերթ մը գրի կþառնէի դասարանին նստարաններուն վրայ։ Այսօր ալ ինծի համար թերթ մը հրատարակելու առաքելութեան մէջ դրամ շահելու մտահոգութիւն գոյութիւն չունի, ինչպէս որ չէր կրնար գոյութիւն ունենալ երբ լիսէի աշակերտ էի։ Նպատակը դրամ շահիլ չէ, այլ գրելու հաճոյքի մը գոհացում տալ, մարդոց հաճոյք պատճառել, ընթերցողներու հետ կապ հաստատել, մտածումներու ու զգայնութիւններու փոխանակումներ ընել, մշակութային գետնի վրայ ծառայութիւն մատուցանել, եւ այսպիսի հազարումէկ բաներ, որոնց մէջ մէկ բան կը պակսի. դրամ շահիլը։
Ասիկա իմ ստորակայական բարդոյթներէս մէ՞կն է արդեօք։ Յաճախ ես ինծի կþըսեմ, կամ իմ ամենամօտիկ մարդոցս կþըսեմ որ Փառք Աստուծոյ ես ստորա-կայական բարդոյթէ բնաւ չեմ տառապած։ Կարծես չեմ յիշեր նիւթ մը որուն մէջ ես զիս զգացած ըլլամ ցած մակարդակի մը վրայ ու ատոր համար ալ զղջամ, տառապիմ։ Ասիկա չի նշանակեր հպարտութիւն կամ ինքնահաւանութիւն զգալ։ Ասիկա պարզապէս կը նշանակէ գոհ ըլլալ իր կեանքէն, բաւարարուած ըլլալ կեանքի պայմաններէն, զղջումներ չունենալ, աւելիին չցանկալ, ուրիշներու նկատմամբ նախանձի զգացում չունենալ։
Այո՛, թէեւ միշտ ըսած եմ որ ստորակայական բարդոյթէ չեմ տառապիր, բայց ասիկա իսկապէս ճի՞շդ է արդեօք։ Եթէ լաւ մը խուզարկեմ հոգւոյս խորերը, չե՞մ կրնար գտնել քանի մը նիւթեր որոնց դիմաց ցաւ զգամ ստորակայական բարդոյթէ մը տառապելու նման։
Պիտի խոստովանիմ որ կրնամ։ Հաւանաբար կան այդպիսի նիւթեր։ Թերեւս աշխարհի վրայ դժուար է գտնել մէկը որ իսկապէս բնաւ ստորակայական բարդոյթ չունենայ։ Կեանքը այդպէս տնօրինուած է։ Ես ալ թերեւս ունիմ իմ հարցերը։
Անոնցմէ մէկն է դրամ շահելու խնդիրը։ Առեւտուր ընելով դրամ շահելու խնդիրը։ Կեանքիս մէջ այս փորձառութիւնը չեմ ապրած երբեք։ Կեանքիս մէջ մէկ անգամ իսկ չեմ կրցած ըսել. «Այս ապրանքը տասնի գնեցի ու տասներկուքի ծախեցի, երկու շահեցայ»։ Առեւտուրը ա՛յս է եւ ասիկա գողութիւն չէ, իր այդ չափերուն ու օրինականութեան մէջ դիմացինը խաբել չէ։ Բայց ես այս փորձառութիւնը չեմ ապրած կեանքիս մէջ։ Թէեւ կրնամ պատկերացնել թէ ի՜նչ հաճոյք է խանութ մը բանալ, յաճախորդներ ունենալ, տասնի գնուած ապրանքը տասներկուքի ծախել, ամէն գիշեր մօտաւորապէս հաշուել թէ ինչ է օրուան վաստակը, եւայլն, բայց ես այս հաճոյքը բնաւ չեմ վայելած։ Պիտի ուզէի՞ վայելել։ Հաւանաբար պիտի ուզէի։ Բայց գիտեմ որ աշխարհի վրայ միայն ես չեմ որ չեմ ապրած այս փորձառութիւնը։ Աշխարհի վրայ միլիառաւոր մարդիկ կան որոնք առեւտուրով չեն զբաղիր, մնայուն ու անփոփոխ եկամուտով մը կþապրին, խանութի տէր չեն, դրամարկղ մը չունին որպէսզի գիշերը բանան ու հաշուեն թէ ինչ շահեցան այդ մէկ օրուան մէջ։ Ասոնք տասնի առնուած ապրանքը տասներկուքի վաճառողներ չեն, այլ մէկու մը խանութէն անոր տասնի առածը տասներկուքի գնողներ են։
Պիտի խոստովանիմ որ երբեմն ստորակայական թեթեւ բարդոյթ մը կը զգամ առեւտուրի աշխարհի մէջ յաջողութիւններ արձանագրած ու վիթխարի հարստութիւններու տիրացած մարդոց դիմաց։ Անոնց վրայ կը հիանամ, կը գնահատեմ անոնց գործարարի կարողութիւնները, քիչ մըն ալ կը նախանձիմ երբ կը տեսնեմ որ անոնք իրենց մեծ հարստութենէն բաժիններ կը հանեն ուրիշներու, բարերարութիւններ կþընեն հանգիստ հոգեբանութեամբ։ Կը հիանամ անոնց վրայ։ Բայց այդքա՛ն։ Աստուած գիտէ որ երբեք ու երբեք չեմ ուզած ըլլալ անոնցմէ մէկուն տեղը, որովհետեւ ես միշտ գոհ եղած եմ այն աթոռէն որուն վրայ կը նստիմ։ Աստուած գիտէ նաեւ թէ ես օրուան թերթիս տպագրութեան համար երբ գլխովս հաւանութիւն յայտնած եմ, այնքան հաճոյք զգացած եմ որքան այդ մեծահարուստը կը զգայ ամէն անգամ որ շահաբեր մեծ գործառնութիւն մը կþիրականացնէ։
Վերջին հաշուով կրնամ ըսել որ ես ալ դրամարկղ մը ունիմ Խմբագրատանս մէկ անկիւնը, դրամարկղ մը, որուն երկաթեայ ծանր դռները կը բանամ ամէն գիշեր որպէսզի հաշուեմ թէ մէկ օրուան մէջ քանի՞ հոգիի կրցայ ծառայել, քանի՞ հոգիի կրցայ հասցնել բարեկամական ձայն մը, քանի՞ հոգիի կրցայ բան մը փոխանցել իմ գիտցածէն ու զգացածէն, որպէսզի համրեմ նաեւ թէ ընթերցողներէս ի՞նչ տպաւորութիւն շահեցայ սա մէկ օրուան ընթացքին։
Ես ալ այս իմաստով վաճառակա՞ն մըն եմ արդեօք։
(Վերջ)
Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - (Յուշատետր - 71)