Թէ որքա՜ն երկերես քաղաքականութիւն կը վարեն պետութիւններն  ու անոնց կառավարութիւնները նորութիւն չէ ոեւէ մէկուն համար:
Որքան ալ, սակայն, մարդ գիտակցի այս իրողութեան՝ միայն սիրտխառնուք կը պատճառէ սեփական շահի ու անոր ապահովման սիրոյն ամէն տեսակ միջոցներու, նոյնիսկ անընդունելի եւ աններելի քայլերու ձեռնարկելու անոնց պատրաստակամութիւնը:


Ո՛չ մարդկային վեհ սկզբունքներ, ո՛չ միջազգային օրէնք ու իրաւունք, ո՛չ ալ սեփական ժողովուրդի հաւատացած արժէքները կը խնայուին եւ պարզապէս ոտնակոխ կ'ըլլան՝ ամէն գնով սեփական նեղ շահեր ապահովելու կառավարութեանց պատեհապաշտութեան  դիմաց:
Նոյն սիրտխառնուքն է, ահա, որ այս օրերուն կը զգանք մենք, ինչպէս որ յայտնապէս Հունգարիոյ ժողովուրդի մեծ մասն ալ կը զգայ՝ գիտակցելով, թէ Հունգարիոյ պետութիւնը միջամուխ եղաւ այսպիսի կեղտոտ գործարքի մը, ուր արդարութեան ամէն նշոյլ ոտնակոխուած է:
Ռամիլ Սաֆարովին Ատրպէյճանին յանձնելու որոշումը, Հունգարիոյ պետութեան կողմէ, այնքան գայթակղեցուցիչ՝ սքանտալային է, որ կը դատապարտուի նուազագոյն ազնուութիւնը ունեցող մարդոց կողմէ: Երիտասարդ Գուրգէն Մարգարեանին սպաննած ոճրագործը ութ          տարի բանտարկուած մնաց հունգարական բանտին մէջ, ապա պատիւներով վերադարձաւ Ատրպէյճան, ուր հերոսներու վայելող  փառք ու շուքով դիմաւորումի արժանացաւ:
Արդեօք նոյնը չէ՞ր Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթի պարագան, որ իր գործած հայասպանական ոճիրին համար «հերոսացաւ» Թուրքիոյ մէջ:
Ազգի մը հերոսները նախ որպէս օրինակ կը ծառայեն նոյն այդ ազգի երիտասարդ սերունդին համար: Միայն ցաւ կրնանք զգալ ազերի եւ թուրք երիտասարդ սերունդներու հաշւոյն, որոնք դատապարտուած են այսպիսի՛ օրինակներու ներշնչումով մեծնալու...
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան մարդասպանները եւ պետական ահաբեկչութիւնը հերոսացնող այն երկու երկիրներն են, որ կլանուած են շարունակաբար կրկնուող քստմնելի այս «մշակոյթին» մէջ: Անոնք կը խրախուսեն ազգային ատելութեան հողի վրայ մարդասպանութիւնը. կը պատուեն նոյնիսկ քնացած վիճակի մէջ հայ մարդը հայ ըլլալուն համար սպաննող «հերոսին»:
Բայց Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նման երկիրներու հետ մեղսակցող երկիրները, անոնց քաղաքական այրերը եւ նախագահները, ինչպէ՞ս կ'ընդունին հաւասարէ-հաւասար գործարքի մէջ  մտնել ֆաշիստներու հետ, որոնք սիրտ կուտան ազգայնամոլ ոճրագործութեան, որոնք բացայայտօրէն կը խրախուսեն բարբարոսութիւնը եւ ահաբեկչութիւնը:
Կառավարութիւնները մարդիկ են, երկիրները ազգեր եւ ժողովուրդներ են, որոնք խաբեբայութեան եւ սնափառութեան դէմ պէտք է կանգնին, ինչպէս առաջին հերթին Հունգարիոյ ժողովուրդն է, որ դէմ կը կանգնի իր կառավարութեան տուած որոշումին եւ կը մերժէ մեղսակից ըլլալ հայ երիտասարդ սպայի կացինով սպանութեան զազրելի ոճիրին, այլ մանաւանդ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած ատրպէյճանցի մարդասպանը ազատ արձակելու ամօթալի «առեւտուր»ին մէջ:

Հ.