Խմբագրական

Վէրքերով  լի ջան  ֆետայիներ  էին  անոնք


28 տարիներ անցած են Լիզպոնի մէջ հինգ հայ երիտասարդներու անձնասպանական գործողութենէն: Հայութեան ազգային յանձնառութեան մասին վկայելով՝ մեծապէս խօսուն այդ դէպքը հանդիսացաւ կամքի ու խղճի այնքան խոր պատգամներ փոխանցող արարք մը, որուն խորհուրդը երբեք չտժգունեցաւ անցնող 28 տարիներուն ընթացքին:


Հինգ երիտասարդ տղաք էին անոնք, որոնք հայութեան հինգ մատները խորհրդանշելով միացան ու բռունցք կազմեցին՝ ոգեղէն ներշնչման, պայքարի հաստատակամութեան եւ հաւատքի աղբիւր դառնալով աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդութեան համար:
28  տարիներ անցած են այն օրէն, որ Հայ Դատին առջեւ բացաւ դէպի յաղթանակներ տանող պահանջատիրական պայքարի նոր ուղիներ: Գիտակցութեան, հպարտութեան ու խիզախութեան զգացումները ողողեցին հայ երիտասարդութիւնը, որ իտէալին հաւատացող իր անձնազոհ ընկերներու ողջակիզման ընդմէջէն տեսաւ հայութեան դատին առջեւ բացուող նոր հորիզոններ:
Հայ երիտասարդութիւնը մնաց այդ ուղիին վրայ, շարունակեց պայքարիլ անձնազոհութեան միեւնոյն, այլեւ վերանորոգ ուխտով:
Արան, Վաչէն, Սիմոնը, Սեդրակն ու Սագոն դարձան, հայութեան ազգային յիշողութեան մէջ, ընդմիշտ դրոշմուած հեղինակութիւններ: Անոնց կենդանի օրինակով մենք զօրացանք, անոնց գերագոյն զոհաբերութեամբ մենք ազգովին վերակենդանացանք:
Լիզպոնի խոյանքը Հայ Դատի ռազմավարութեան եւ պայքարի տրամաբանութեան մէջ տեղադրուած նպատակասլաց արարք էր։ Յեղափոխական յանդգնութեամբ Արարք մը, որ ամրագրեց Հայ Դատի պահանջատիրական պայքարը շարունակելու մեր յանձնառութիւնն ու վճռականութիւնը։ Լիզպոնի Հինգը իրենց արեամբ հաստատագրեցին, թէ պահանջատէր հայութեան պայքարը կը մղուի արդարագոյն դատի մը համար եւ ազգային-քաղաքական անբռնաբարելի ու անժամանցելի իրաւունք հետապնդող նպատակասլաց պայքար է։
Սահեցան, անցան տարիները, իսկ Հայ Դատի պահանջատիրութեան պայքարի դաշտը աւելի բարդացաւ: Շատ մը նոր մարտահրաւէրներ ցցուեցան հայութեան առջեւ:  Լիզպոնի տղոց արարքը փարոս դարձաւ եւ ճանապահներ ցոյց տուաւ: Արցախեան ազատագրական պայքարին ներշնչման աղբիւր դարձաւ, գօտեպնդող ազդակ հանդիսացաւ:
Քաղաքական աշխատանք ծաւալող մեր Հայ Դատի Յանձնախումբերուն եւ Երիտասարդական միութիւններուն համար շատ յստակ է, թէ դժուար ժամանակաշրջաններու մէջ կը գտնուինք, ուր հայութեան դէմ մղուող պատերազմը ռազմադաշտ կը փոխէ շարունակ, Արցախեան սահմանագիծէն անցնելով միջազգային քաղաքական թա-տերաբեմեր, թրքական եւ ատրպէյճանական լրատուութեան ապատեղեկատուական գրոհէն մինչեւ վարձու քաղաքագէտներու միջոցաւ ձեռք ձգուած հակահայ քուէարկութիւնները: Յաղթանակներն ու պարտութիւնները իրարու կը յաջորդեն դիւանագիտական դաշտէն ներս: Սակայն պայքարը կը մնայ նոյնը, դեռ աւելի սաստկացած պայմաններու մէջ, ուր Արցախի հիմնահարցը մնայուն օրակարգ դարձած է միջազգային քաղաքական դաշտին մէջ, եւ այդ ուղղութեամբ ի գործ դրուող ճնշումները ահաւոր կÿազդեն հայութեան ու Հայաստանի վրայ:
Լիզպոնեան անսակարկ պատրաստակամութեամբ պէտք է շարունակել դիմագրաւել մերօրեայ կացութիւնները՝ մեր նոր զէնքերը գործածելով, ինչիպիսին են գիտութիւնը, ուսումը, միասնութիւնը, համախմբուածութիւնը, փորձառութիւնները, հեռատեսութիւնը:
28  տարիներ առաջ կատարուած ուխտը վերանորոգելու համար բոլորս Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցին պիտի գտնուինք, այս Կիրակի առաւօտուն, հինգ հայ երիտասարդներու արեամբ սրբագործուած Հայ Դատի պայքարի ուղին շարունակելու առաջադրանքով: