Տարիներ կ'երազէի այս օրհնեալ օրը եւ պահը եկաւ: «Ճէնազեան» միջնակարգի վարժարանի տնօրէնութեան կազմակերպութեամբ եւ Հ. Կ. Խաչի օժանդակութեամբ, այցելեցինք Հայաստանի մեր դիցական եւ առասպելական աշխարհը: 7 անմոռանալի օրեր ապրեցանք շնորհիւ սրբազան հօր, յարգելի տնօրէն պրն. Բաբգէնի հետ: Ամէն տեսարժան
վայրերը այցելեցինք՝ Մայր Հայաստանը Երեւանի համայնապատկերը դիտելու համար, Ծիծեռնակաբերդը, ուր աղօթեցինք եւ ծաղկեպսակ դրինք: Սեւանայ լիճի պաղ ջուրը անմոռանալի դարձաւ մեզի համար՝ մեր հայրենիքին ծովը ըլլալով: 3200 մեթր բարձրութեամբ Արագած լերան գագաթը բարձրացանք՝ սպիտակ ձիւնով եւ լիճերով: Հոն տեսանք հսկայ խաչ մը եւ եռագոյն դրօշակը, որպէս հայ ազգի եւ մեր հայրենիքի երկու խորհրդանիշերը: Ծաղկաձորի ճոպանուղին բարձրացանք ու հրաշալի տեսարանը վայելեցինք: Գառնիի հեթանոսական տաճարը մեզի Յունաստանը յիշեցուց: Խոր Վիրապ գացինք, ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի չարչարանքի վայրը իջանք ու աղօթեցինք: Արարատը որպէս փառաւոր «տիտան» մեր աչքերուն առջեւ տեսանք: Կարծես մեզ «ժառանգորդ» կը նկատէր եւ մեզի կը կանչէր ու կը հրաւիրէր: Սարդարապատ այցելեցինք, ուր երգեցինք Սարդարապատի անմահ քաջերուն երգը: Էջմիածինը եւ Հռիփսիմէ պատմական տաճարները քրիստոնէութեան առաջին եկեղեցիները՝ ուխտագնացութիւն եղան մեր բոլորին համար: Շարունակեցինք դէպի Ղարաբաղ եւ տեսանք նոր օդանաւակայանը: Ստեփանակերտը եւ Շուշին շատ գեղեցիկ էին, կանաչ բնութեան մէջ: Օշականի մէջ տեսանք Մեսրոպ Մաշտոցի գերեզմանը եւ գիրերու պարտէզը:
Վերջապէս գացինք Վերնիսաժ, ուր նուէրներ գնեցինք մեզի համար:
Այս օրերը անմոռանալի պիտի մնան մեր հոգիներուն մէջ: Շնորհակալութիւն մեր հայկական վարժարաններուն որ այս նախաձեռնութեամբ մեզի ալ աւելի միացուց մայր հայրենիքին հետ:
Մանուէլ Կուլիւմեան
«Ճէնազեան» միջնակարգ վարժարանի
Գ. դասարանի աշակերտ