"Ճէնազեան" միջնակարգի շրջանաւարտները այս տարի եւս բախտաւորութիւնը ունեցան Հայաստան այցելելու շնորհիւ դպրոցի տնօրէնութեան, ծնողներու, Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութեան, Ազգային Վարչութեան, Նէոս Գոզմոսի, Թեսաղոնիկէի եւ Գոմոթինիի թաղականութեանց, դպրոցով մտահոգ ազգայիններու եւ անանուն բարեկամներու ջանքերուն ու նիւթաբարոյական աջակցութեանց։


Երկուշաբթի 2 Յուլիս 2012-ը անմոռանալի օր մը պիտի դառնար մեր շրջանաւարտներուն համար, որոնք առաջին անգամ ըլլալով  մարմնապէս հայրենի հողին վրայ պիտի գտնուէին։ Նոյն օրը առաւօտուն, Աթէնքի միջազգային օդակայանին մէջ, ծնողներու ներկայութեան, պայուսակներու եւ այլ կարգադրութիւններ ընելէ ու հրաժեշտ առնելէ ետք ներկաներէն, կ'ուղղուինք դէպի օդանաւ եւ ժամ մը ուշացումով կը ժամանենք Հայաստան, ուր մեզ կը դիմաւորեն Տիկ. Զապէլն ու վարորդ Կարէնը եւ կ'առաջնորդուինք դէպի «Բարեւ Տուն», ուր մեր մէկ շաբթուան հանգստավայրը պիտի դառնար։ Տղաքը այնքան անհամբեր էին, որ շուտով պայուսակները տեղաւորեցին եւ սեղանատուն իջան, արագ ճաշ մը ըրինք եւ արդէն սկսած համարեցինք մեր արկածախնդրութեանց պատմութիւնը։ Առաջին օրն իսկ երեկոյեան բոլորս միասին մեկնեցանք «Մայր Հայաստան» արձանը տեսնելու, անկէ արուեստական լիճը այցելելու եւ միասին փոքրիկ մակոյկներ վարձելու ու լճին մէջ պտոյտներ ընելու, մեր անճառակութիւնն ու վարպետութիւնը ցոյց տալով բոլորին։ Ապա միասնաբար ման եկանք Յաղթանակի Զբօսայգիի ծառաստաններուն մէջ, իսկ գիշերը այցելեցինք Ծիծեռնակաբերդ, ուր երկիւղածութեամբ մօտեցան բոլորը եւ գիշերուան մթութեան ու լռութեան մէջ հնչեց բոլորիս բերաններէն «Հայր Մեր»ն ու «Տէր Ողորմեա»ն։ Նահատակաց յուշարձանին մօտ խօսեցանք տղոց ցեղասպանութեան եւ անոր բերած կորուստին, Հայաստանի պարպումին, հայոց ներկայ վիճակին, շատերու անտարբերութեան ու ուծացման եւ վերջապէս մեր լինելութեան մասին։ Աւելի քան ժամ մը մեր նահատակներուն հետ եղանք ու ապա վայելեցինք Երեւանը իր անհամար լոյսերով։ Աւելի ուշ «Մեծ Բուրգ» ճաշարանը գացինք ընթրելու, ուր նաեւ կենդանի երաժշտութիւն լսեցինք ու վայելեցինք, մանաւանդ երբ մեր տղոց համար օրուան երգիչները յատուկ երգեր երգեցին, Յունաստանի հայութեան բայց մասնաւորաբար մեր շրջանաւարտներուն համար։ Բոլորս ուրախ վերադարձանք «Բարեւ Տուն» եւ մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը տակաւին արթուն մնացին պատանեկան չարաճճիութեամբ մինչեւ որ սպառած քունի անցան բոլորը։
Երկրորդ օրը Երեքշաբթի 3 Յուլիսին, առաւօտեան նախաճաշէն ետք ճամբայ ելանք դէպի Երեւանի հրապարակ։ Կարգ մը գնումներ ընելէ ետք ուղղուեցանք դէպի «Ծաղկաձոր», ուր բախտաւորութիւնը ունեցան նստելու ճոպանուղին եւ բարձրանալու մինչեւ սարին բարձրունքը, բնութեան հրաշալիքներուն ու ծառերուն ընդմէջէն հոն՝ վերը, անտառներու կանաչութեանց մէջ վազվզեցին, երգեցին, պոռացին, կատակներ ըրին ու ապա միասնաբար երկու-երկու վարպետօրէն կրկին նստեցանք ճոպանուղին, որ շատ արագ էր եւ կանգ չէր առներ։ Ուստի պէտք էր վարպետութեամբ նստիլ ու նոյնպէս ալ դուրս գալ անկէ, այլապէս կրնայինք տակը մնալ։ Բայց փառք Աստուծոյ առանց վնասի բոլորս ալ կարողացանք կրկին վերադառնալ հոն ուրկէ ճամբայ ելած էինք։ Կարճ դադարէ մը ետք այցելեցինք «Կէչարիս» եկեղեցին ու ապա ճամբայ ելանք դէպի «Սեւան», հայոց աշխարհի «կապուտակ ծով»ը մօտէն տեսնելու։ Հազիւ հասած անհամբեր, լողազգեստները արդէն հագուած, քաջաբար կը նետուին գրեթէ բոլորն ալ, արհամարհելով անակնկալ տեղատարափ անձրեւն ու ցուրտը։ Այս իսկ պատճառով եւ մտահոգ իրենցմով քանիցս դուրս կը կանչենք զիրենք։ Սակայն կը փորձէին չանսալ մեր կոչերուն, բայց ի վերջոյ դուրս կու գան եւ անմիջապէս մօտիկ ճաշարան մը կ'ապաստանինք ազատելու համար անձրեւէն, ցուրտէն եւ մանաւանդ ջերմացնելու համար զիրենք, որոնցմէ ոմանք արդէն Սեւանի ծովուն «գոյնը» հագած էին…
Սեւանի կողքին կը ճաշենք վայելելով Սեւանն ու տեղացող անձրեւը, ապա ճամբայ կ'ելլենք անկէ եւ կ'ուղղուինք դէպի «Հաղարծին»  եկեղեցի ապա «Գոշ»ի շրջան, ուր կ'այցելենք «Գոշավանք» եկեղեցին, բացատրութիւններ կու տանք եկեղեցիներու, վանքերու մանաւանդ անոնց անուններու մասին։ Ապա բոլորս միասին փոքրիկ հանրակառքով «Դիլիջան»ի մէջ պտոյտ կ'ընենք, կ'այցելենք «Հին Թաղ»ը, ուր կը ծանօթանանք տեղացիներու եւ կը խօսինք մեր առաքելութեան մասին, կը լսենք անոնց, կը պատմենք մեր գաղութի բայց մանաւանդ մեր աշակերտութեան մասին։ Աւելի վերջ ճամբայ կ'ելլենք վերադառնալու համար դէպի Երեւան մեր հանգստավայրը։ Ճամբու ընթացքին, ինքնաշարժին մէջ կը փորձենք վերաքաղ ընել այցելած մեր վայրերուն, մտքի խաղեր խաղալ, դարձեալ խօսիլ մեր հայ ըլլալուն եւ այլ անհրաժեշտ հարցերու մասին, որոնք իրապէս դաստիարակիչ պիտի ըլլային իրենց, թէեւ ոմանք անտարբերութեամբ կը լսէին։ Կը հասնինք Երեւան։ Կարճ դադար, պատրաստութիւն եւ ուշ ատեն կ'երթանք Թումանեանի փողոց, ուր «Մեր Թաղը» ճաշարանին մէջ իւրայատուկ «լեհմեճիւններ» կը համտեսենք մինչեւ ուշ ժամանակ եւ կը վերադառնանք հիւրանոց հանգստանալու համար։
Երրորդ օրը Չորեքշաբթի 4 Յուլիսին, առաւօտեան նախաճաշէն ետք ճամբայ կ'ելլենք այցելելու համար Սասունցի Դաւիթի արձանը։ Հոն սրտաշարժ դէպք մը կը պատահի, երբ բոլոր տղաքը արձանին շուրջ հաւաքուած խմբանկար մը կ'ուզէի առնել, կը մօտենայ ծերուկ պապիկ մը, կէս առողջ վիճակով, կառքով իր թոռնիկին հետ եւ կը հարցնէ ուրկէ ենք։ Կը պատասխանենք Յունաստանէն։ Կը լսէ հայերէն եւ յունարէն. հարց կու տայ հա՞յ էք։ Այո կը պատասխանենք։ Ցոյց կու տայ մանկական կառքին մէջ եղող թոռնիկը եւ ապա հպարտութեամբ կ'ըսէ անունը՝ Վահէ։ Ետքը կը խօսի իր կեանքին ու անցեալին մասին եւ ապա դառնալով տղոց կ'ըսէ. «Լաւ հայեր լինէք»։ Անկէ ճամբայ կ'ելլենք դէպի «Օշական» այցելելու համար Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի դամբարանը։ Մինչ այդ, լրիւ ճամբու ընթացքին կը մտածէի ծերուկ պապիկին ըսածներուն եւ տղոց տուած պատգամին մասին։ Արդեօք ի՞նչ տեսակ հայեր տեսած էր կամ լսած։ Արդեօ՞ք հայրենիքի թէ արտերկրի հայութեան կ'ակնարկէր կամ կ'ուղղէր իր պատգամը։ Արդեօ՞ք շատ տառապած եւ իր իրաւունքները չէր ստացած տակաւին…։ Ամենայն դէպս պատգամը յստակ էր. «Լաւ հայեր լինէք»…։
Մեծ Սուրբի շիրիմին մօտ տղաքը խոնարհելէ ետք, ամփոփ ձեւով կը խօսիմ Գիրերու գիւտին ու Մաշտոցի թողած ժառանգին ու կտակին մասին, ապա շեշտը կը դնեմ հայ լեզուի կարեւորութեան, հայապահպանումի դժուարութեանց եւ կը մէջբերեմ ծերունիին խօսքը. «Լաւ հայեր լինէք»։
Անկէ կ'անցնինք եկեղեցւոյ կից պարտէզը, ուր Ա.Բ.Գ.-ի իւրաքանչիւր տառով խաչքար մը գոյութիւն ունի եւ իւրաքանչիւրը իր անուան առաջին տառին մօտ կը նկարուի գրկելով տառն ու խաչքարը։ Նոյն վայրի պարտէզին մէջ, տիրացուին արտօնութեամբ կը համտեսենք նաեւ Օշականի ծիրանը եւ կ'ըսեմ տղոց «Կերէք եւ լաւ հայեր եղէք»։ Զգացական էր պահը երբ դուրս եկանք տեսանք անդամալոյծ մը, առանց բան մը ըսելու տղաքը օգնեցին անոր։ Օշականէն կը մեկնինք դէպի Աշտարակ քաղաքը։ Պտտելէ ետք կ'ուղղուինք դէպի Արագածոտնի մարզ, ուր անսահման դաշտի տարածքին զետեղուած էին Ա.Բ.Գ.ի տառերը, տարիներ առաջ երբ «Միասնութեան պարը» պարեցին եւ կամ փորձեցին «Արագած»ը շրջապատել հայորդիներով։ Հոն եւս կը նկարուինք տառերուն մօտ, կը խօսինք պրն. Բաբգէնին հետ Մեսրոպեան գիրերու արժէքին, ճկունութեան եւ կարեւորութեան մասին։ Խանդավառուած այդ մթնոլորտէն եւ հայու սխրանքն ու վեհանձնութիւնը ցոյց տալու համար, տղաքը կը տանինք մինչեւ «Ամբերդ»՝ միջնադարեան Հայաստանի հզօր ամրոցներէն մին, որ կը գտնուի Արագածոտն գաւառի մէջ, քառագագաթ Արագածի դաշտահայեաց հարաւային լանջին վրայ 2.200 մեթր բարձրութեան վրայ։ Տղոց հետ միասին կը բարձրանանք մինչեւ բերդին ամենաբարձր տեղը եւ այնքան խանդավառուած կ'որոշենք տղաքը տանիլ մինչեւ Արագածի գագաթը։ Բացօթեայ դաշտին մէջ պրն. Թաթուլին մօտ ճաշելէ ետք ճամբայ կ'ելլենք ու կը բարձրանանք շուրջ 3.300 մեթր բարձրութիւն, ուր ձիւն եւ լիճ իրարու մօտ կը տեսնեն ու կը հիանան։ Աներեւակայելի ու անպատմելի պահ մըն էր բոլորին համար։ Բարձրացանք գագաթներէն միայն այն բաժինը, ուր խաչ մը կը գտնուէր եւ անոր մօտ յիշատակի պատկերներ առինք։
Ապա անկէ ուղղուեցանք «Սաղմոսավանք», այցելեցինք Ս. Աստուածածին եկեղեցի եւ հոն այդ եկեղեցւոյ ու լռութեան մէջ փունջ մը հայերէն երգեր հնչեցուցինք կրօնական ու աշխարհական բնոյթով։ Եկեղեցին շատ աղուոր աքուստիք ունենալով իւրաքանչիւրը իր գիտցած երգերը կ'երգէր, ինչպէս նաեւ խմբերգներ։ Ուրախութեան պահը միայն իր աւարտին հասաւ երբ վերադարձի ժամը հնչեց։ Ամբողջ ճամբու տեւողութեան Արագածի մասին կը խօսէին անոնք։ Իսկապէս բախտաւոր էին այս տարուան շրջանաւարտները, քանի որ անցեալ տարի չկարողացանք մինչեւ հոս հասնիլ։ Դէպի Երեւան դարձի ճամբուն վրայ այցելեցինք «Վանահովիտ» ապա պանդոկ։ Շատ արագ պատրաստուելէ ետք դարձեալ դուրս եկանք գացինք «Այնթապ» ճաշարանը ընթրելու եւ ապա ուշ ատեն վերադարձանք պանդոկ հանգստանալու համար։ Այսպիսով իր աւարտին հասաւ երրորդ յոգնեցուցիչ բայց միեւնոյն ժամանակ Մեսրոպ Մաշտոցով ու հայ գիրերով սննդացուցիչ ու պարարտացուցիչ կարեւոր օրը Հայաստանէն ներս մեր տղոց համար…
Չորրորդ օրը Հինգշաբթի 5 Յուլիսին, առաւօտեան նախաճաշէն ետք կանուխէն ճամբայ ելանք դէպի «Ողջաբերդ», ուր կանգ առինք «Չարենցի Կամար»ին մօտ եւ Արարատ լեռը մեր ետեւ ունենալով անոր մասին խօսեցանք ապա, յատուկ նկարներ նկարուեցանք եւ ուղղուեցանք «Գառնի» ետքը «Գեղարդ»։ Հեթանոսական տաճարին թէ քրիստոնէութեան հպարտանք առթող եկեղեցւոյ մէջ բացատրութիւններ տուինք ինչպէս նաեւ Գեղարդի ջուրով լուացուեցանք, խմեցինք, աղօթքներ եւ մաղթանքներ ըրինք բոլոր հայութեան բայց մասնաւորաբար մեր հարազատներուն համար։ Անկէ վերադարձանք Երեւան այցելելու համար «Մատենադարան»ի նոր շէնքը։ Բայց ափսոս փակ էր Սահմանադրութեան տօնին առիթով։ Ուստի ստիպուած շէնքի պատերուն մօտ դուրսէն բացատրութիւններ տուինք մատենադարանի մասին։ Անկէ ետք ուղղուեցանք հիւրանոց, ուր կէսօրուան մեր ճաշը կատարեցինք եւ քիչ մը հանգիստ ընելէ ետք ոտքով ման եկանք Երեւանի հրապարակն ու շուկան։ Իսկ երեկոյեան պրն. Բաբգէնի գլխաւորութեամբ տղաքը մտան «Քարաօգէի» սրահ մը, ուր աւելի քան տասնեակ մը հայերէն երգեր երգեցին։ Ապա կրկին իրար միացանք յունական «Յիրօս» ճաշարանը ընթրելու համար, որմէ վերջ հիւրանոց գացինք եւ մինչեւ ուշ ժամանակ, մեր քունի ժամը զանազան խաղեր խաղցանք։
Հինգերորդ օրը Ուրբաթ 6 Յուլիսին, առաւօտուն շատ կանուխ զարթնեցինք, արագ նախաճաշ մը ընելէ ետք ճամբայ ելանք դէպի Խոր Վիրապ, ուր աշխարհի զանազան երկիրներէ այցելուներ տեսանք։ Բոլոր տղաքը քաջութեամբ իջան Խոր Վիրապի գուբը։ Այցելեցինք եկեղեցին, աղօթեցինք ապա Արարատ լերան առջեւ պատկերներ առինք։ Այդ պահուն տղոց խօսեցայ Արարատ լերան խորհրդանիշին մասին եւ ըսի բոլորին. «Տէսէք որքան մօտ է Արարատը, որ կը սպասէ իր զաւակներուն, որպէսզի զինք տուն բերեն։ Տէսէք որքան մօտ է, բայց որքան հեռու հայութենէն»։ Ապա պրն. Բաբգէնին հետ խօսեցանք մեր դարաւոր թշնամիին՝ թուրքին կատարածներուն եւ յատկապէս ցեղասպանութեան եւ ջարդի մասին։ Ինչպէս նաեւ առիթ տուինք տղոց որպէսզի իրենք եւս արտայայտուին իրենց բառերով։
Անկէ ուղղուեցանք դէպի Նորավանք, Վայոց Ձորի յայտնի Արէնի գիւղէն դէպի հարաւ-արեւելք կարմրագոյն ժայռերու մէջ բացուող նեղ կածանի մէջ Հայաստանի ամենայայտնի եւ ամենանշանաւոր վանքերէն մին, որ Օրբէլեան իշխաններու աթոռանիստ վայրը եղած էր։ Հոն հանդիպեցանք Տ. Սահակ Մարտիրոսեանին, որ մեծապէս տպաւորեց տղաքը իր ազնուութեամբ եւ բարեացակամութեամբ։ Յայտնենք որ եկեղեցւոյ մէջ այդ ժամուն տեղի կÿունենար չորս մեծահասակ եւ տարեց զոյգերու եկեղեցական պսակը։ Մեր տղաքը եւ այլ երկիրներէ եկած հարիւրաւոր ուխտաւորներ ներկայ եղան, հետաքրքրութեամբ հետեւեցան եւ ուրախացան զոյգերուն հետ։ Այստեղ երկու երեւոյթներու մասին կ'ուզեմ արտայայտուիլ։ Առաջինը՝ երբ Նորավանքի նեղ աստիճաններէն վեր բարձրացանք դէպի եկեղեցի, աւա՜ղ տեսանք պատերուն եւ սիւներուն վրայ գրութիւններ, անուններ եւ անվայել խօսքեր, հին սովետական օրերէն «ժառանգ» մնացած մտածումներ։ Իսկ ամենէն սարսափելին՝ եկեղեցւոյ խաչքարէ փորագրուած դուռին վրայ անուններ գրուած էին դանակով կամ այլ սուր իրով մը։ «Վանտալներ» կոչեցի բարձրաձայն եւ ներկայ ժողովուրդին ու տղոց սկսայ խօսիլ անշնորհք հայերուն կամ այցելուներուն մասին, երբ անոր դիմաց մարդիկ այս արժէքներուն համար ովկիանոսներ կը կտրեն այս հրաշալիքները տեսնելու համար եւ ոչ թէ բարբարոսութիւն «ըմբոշխնելու»։ Երկրորդ երեւոյթը հպարտանքի զգացում մըն էր գոնէ ինծի համար, երբ ուզեցի այցելել Նորավանքի բարերար՝ Տիգրան Հաճէտեանի գերեզմանը եւ աղօթք մը ընել։ Մեր տղոցմէ մի քանին, առանց բան մը ըսելու հետեւեցան ինծի եւ միասին «Հայր Մեր» մը ու իմ կողմէ «Հոգւոց» մը ըսինք։ Դարձայ եւ տղոց ըսի. «Ի՞նչ տարաւ այս մարդը հետը։ Ոչինչ, բայց նայեցէք ինչ ձգեց իր շուրջը եւ մարդկութեան»։

Նորավանքէն ուղղուեցանք դէպի Գորիս եւ անկէ Տաթեւ դարձեալ հայութեան ամենէն նշանաւոր վանքերէն եւ եկեղեցիներէն մին, որ հիմնուած էր 4-5րդ դարուն։ Տղաքը ճոպանուղին նստելով բարձրացան Տաթեւ։ Մեզ դիմաւորեց Հայր Միքայէլը, որմէ ետք միասին այցելեցինք Ս. Պետրոս եւ Ս. Պօղոս եկեղեցին, հիմնուած 9րդ դարուն։ Այցելեցինք ձէթ հանելու գործարանը, Գարեգին Նժդեհի սենեակը, ուր խօսեցանք տղոց իւրաքանչիւրի պատմութեան եւ գործին մասին։ Ապա, ինքնաշարժով վերադարձանք դէպի Հալիձոր բնութիւնը վայելելով։ Այդ օր չթողեցին մեզի ճոպանուղիով վերադառնալ ժամը ուշացած ըլլալուն պատճառով։ Մինչ խաբեցին մեզի, քանի որ մինչեւ երեկոյեան ժամը 7-ը տակաւին կ'աշխատէր ճոպանուղին։ Հակառակ ասոր չնեղուեցանք, այլ հանրակառքով առիթը ունեցանք տեսնելու «Սատանի Կամուրջ»ը, ուր կանգ առինք ձորին մէջ։ Իջանք մինչեւ վար ջուրերուն մօտ երգեցինք, պոռացինք, կանչեր ըսինք ու ապա աղօթքնիս ընելով ճամբայ ելանք դէպի Արցախ։ Հազիւ սահմանը անցած էինք երբ տղոց ըսի թէ արդէն Ղարաբաղ մտած ենք, ինքնաբերաբար ծափահարեցին եւ ուրախութեան կանչեր բարձրացուցին։ Հազիւ Շուշիի մօտեցած մեզ դիմաւորեց Շրջ. վարչակարգի ղեկավար՝ պրն. Խաչիկ Խաչատրեանը, որ մեզի հետ ընկերացաւ մինչեւ Շուշիի Grand Hotel  հիւրանոցը։ Անձնապէս կարգադրութիւններ ըրաւ սենեակներուն համար, քանի որ բերնէ-բերան լեցուն էր հիւրանոցը եւ տեղ չէր մնացած։ Օգնեց տղոց եւ մեզի, սենեակները դասաւորելու, պայուսակները տեղափոխելու եւ այլ պարագաներու, ինչ որ տպաւորեց բոլորը։ Հակառակ իր դիրքին շատ համեստ անձ մըն էր ան։ Աւելի ուշ եղանք իր հիւրը Շուշիի բարձրունքին ճաշարանի մը մէջ, ուրկէ գիշերով տեսանք Ստեփանակերտը, ընթրեցինք բաժակաճառեր ըսելով ու երգեր երգելով մինչեւ ուշ ատեն։ Ետքը վերադարձանք պանդոկ, ուր զարմանք բոլորիս տղաքը շուտով քունի անցան։ Պատմական օր մըն էր տղոց համար, որոնք Շուշիի մէջ կը քնանային հանգիստ…

Վեցերորդ օրը Շաբաթ 7 Յուլիսին, կանուխէն կայտառօրէն զարթնած, մեր տղաքը նախաճաշէն ետք պրն. Խաչիկի կարգադրութեամբ ուսուցիչ պրն. Սլավիկ Գաբրիէլեանը եկաւ մեզ ընկերակցելու համար։ Ինչպէս նաեւ Սրբազան Հօր բարեկամ Ասկերանի կրթութեան բաժնի վարիչ ազատամարտիկ՝ պրն. Արվիտ Ավանէսեանը, որոնք լրիւ օրը մեր առաջնորդը (guide) եղան։ Նախ միասին այցելեցինք «Ղազանչոց» եկեղեցին, տեսանք դպրոցը, որու յատակին տակ կը գտնուէր հին եկեղեցին, ապա ձիարշաւարանը։ Վերէն տեսանք «Քարին Տակ»  գիւղը, անկէ անցանք տեսնելու Շուշիի պարիսպները։ Պարտէզներուն մէջ կերանք թութ ու ապա քշեցինք մինչեւ ձորի խորերը, տեսնելու համար «Պեխ»ի՝ «Իսայի» աղբիւրը, որ սքանչելիք մըն էր անտառին մէջ։ Ետքը գացինք տեսանք հայազգի հերոս՝ Վազգէն Սարգսեանի արձանը եւ ապա «հրասայլը», որ Շուշիի ազատագրութեան ընթացքին առաջինը եղած էր քաղաք մտնողը։ Տղաքը բարձրացան հրասայլին վրայ եւ պատկերներ առինք։ Ի միջի այլոց ամենուրէք լայն բացատրութիւններ տուին մեզի մեր երկու ազնիւ ընկերակիցները։ Շուշիէն ուղղուեցանք Ստեփանակերտ։ Այցելեցինք Տատիկին ու Պապիկին, որմէ գացինք տեսնելու թէկուզ շատ մօտէն օդակայանը եւ մեր տղաքը եղան առաջին յունահայ աշակերտները՝ ականատեսները դառնալու նոր օդակայանին, բայց անշուշտ ոչ ներսէն։ Ապա շարունակեցինք մեր ճամբան դէպի Ասկերան եւ ապա ազատագրուած տարածք Աղտամ, ուր Արվիտը մեզի բացատրութիւններ տուաւ շրջանի ազատագրման եւ խօսեցաւ Ղարաբաղի պատերազմին մասին։ Այստեղ տղաքը որսորդական զէնքով մէկական հատ կրակեցին, որպէս ուրախութեան նշան։
Անկէ վերադարձանք Ստեփանակերտ, այցելեցինք Պարգեւ Սրբազանին, Աջը համբուրեցին ու ան օրհնեց մեզ։ Հոն տղոց պատմեցի Սրբազան Հօր քաջագործութեանց մասին, որմէ ետք գացինք «Տաշիր» ճաշարանը քիչ մը սնունդ առնելու։ Բոլորը սոված էին եւ «յարձակում» կատարեցին բիցցաներուն վրայ։ Եւ այսպէս գրեթէ լրիւ օր մը անցնելէ ետք Ղարաբաղի մէջ հրաժեշտ առինք մեր բարեկամներէն եւ ճամբայ ելանք կրկին դէպի Գորիս, անկէ անցանք դէպի Սիսեան այցելեցինք «Զօրաց Քարեր»ը, քաղաքը եւ վերադարձանք Երեւան։ Գրեթէ կէս գիշերը անց էր։ Թեթեւ ընթրիք մը ըրինք հիւրանոցին մէջ եւ բոլորս ալ մեկնեցանք քնանալու հպարտութեամբ։
Յաջորդ օրը Կիրակի 8 Յուլիսին, կանուխէն արթընցանք ու նախաճաշէն ետք երկու ժամ Վերնիսաժ այցելելէ ու գնումներ ընելէ ետք ճամբայ ելանք դէպի Եռաբլուր։ Այցելեցինք Սօսէ Մայրիկի եւ Անդրանիկի գերեզմանները։ Հոգեհանգիստ մը ըրինք ապա այցելեցինք ղարաբաղեան ազատամարտիկներուն շիրիմները, ուր ամէն մէկը առանձին աղօթք մը ըրաւ։ Ետքը ճամբայ ելանք դէպի «Հռիփսիմէ»։ Այցելեցինք եկեղեցին եւ դամբարանը սրբուհիին, խոնարհեցանք, համբուրեցինք սրբապատկերը ապա աղօթք մը ըրինք ու գացինք «Գայիանէ»ի եկեղեցին։ Այցելեցինք «Խենթ»ին գերեզմանը, ապա ճաշեցինք մօտակայ ճաշարանի մը մէջ, որմէ ետք մեկնեցանք Էջմիածին, համբուրեցինք Իջման Սեղանը։ Ապա մտանք նոր մկրտարանը, ուր տասնեակ երեխաներ կը մկրտուէին։ Ապա, անկէ ուղղուեցանք Սարդարապատ։ Հակառակ ահաւոր տաք ըլլալուն, բոլորս քալեցինք մինչեւ վերեւը, տղաքը երգեցին Սարդարապատի երգը, պատկերներ առինք, տեսանք երիտասարդներ որոնց հետ զրոյցներ ունեցանք, ոմանք կը դժգոհէին երկրի, աշխատանքի իրավիճակէն իսկ ուրիշներ ապրուստի եւ շահագործումներէ։ Անկէ ուղղուեցանք դարձեալ «Աշտարակ» ապա «Վանահովիտ» Նիքոլ եւ Զապէլ Աբրահամեաններուն պարտէզներուն մէջ ծիրան քաղեցինք եւ աւելի ուշ հասանք Երեւան։ Գիշերը «Թապուլէ» ճաշարանը գացինք ընթրելու եւ շատ ուշ վերադարձանք հիւրանոց։ Ոչ ոք քնացաւ, այլ մինչեւ առաւօտեան ժամը 3-ը պատրաստուեցանք եւ ճամբայ ելանք դէպի օդակայան, ուր առաւօտեան ժամը 5.30-ին, «Արմավիա»ի դէպի Աթէնք թռիչքը ուշացաւ  եւ եղաւ ժամը 8-ին։ Առաւել եւս դէպի Աթէնք ուղղակի թռիչքը մեկնեցաւ նախ դէպի Խանիա (Կրետէ) առանց տեղեակ պահելու ճամբորդները։ Խանիա հասանք, հոն եւս ժամ մը սպասելէ ետք ուղղուեցանք դէպի Աթէնք եւ հասանք Երկուշաբթի 9 Յուլիս կէսօրուան ժամը 12-ին։
Ահաւասիկ շաբաթ մը հայրենիքի մէջ մեր արկածախնդրութիւնները, որոնք ունեցան լաւ եւ վատ կողմեր։ Լաւ կողմը այն էր, տղոց մասնակցութիւնը եւ բաւական տեղեր տեսնել եւ մանաւանդ այն ինչ որ տունէն, դպրոցէն եւ ակումբէն ներս չէին սորված կամ մոռցած վերաթարմացնելու համար։ Անոնց ապրումները, զգացումները, խանդավառութիւնն ու երբեմն ապրուած յուսախաբութիւնները։ Իսկ վատ կողմը այն էր մեր կարգ մը տղոց անտարբերութիւնը, ծնողներու եւ զաւակներու կենցաղավարութեան պակասը, հայերէն լեզուի խօսակցութեան հսկայ բացը, հայրենի պատմութեան եւ արժէքներուն հանդէպ անոնց տեղեկութեան ծարաւը, պակասն ու տկարութիւնը եւ շարքը բոլորին…
Հայաստանը վստահ որ իր դրական ազդեցութիւնը կ'ունենայ մեր զաւակներուն վրայ։ Բայց կոչ կ'ուղղենք մեր ծնողներուն որպէսզի տունէն ներս հայերէն խօսին, պատմեն մեր զաւակներուն հայրենիքի եւ մեր հերոսութիւններուն մասին։ Յատկապէս սորվեցնեն անոնց, թէ ինչպէ՞ս պէտք է նստին, բարեւեն, ի՞նչ հագնին երբ մանաւանդ սուրբ վայրեր կ'այցելեն կամ կը հանդիպին մեծ մարդոց։ Աւելին, Հայաստանագնացութիւնը չչափեն կամ չարժեւորեն միայն ուտելիքներով կամ քանի «ժում» ճաշ ուտելով եւ անցողակի հաճոյքներով։ Չդժգոհին որ տղաքը միայն սրբավայրեր կ'այցելեն կամ ազատ բաւարար ժամեր չեն ունենար…։ Այստեղ հարց կու տամ անոնց։ Գիտե՞ն իրօք թէ ինչպիսի արժէքաւոր «թանգարան» մըն է Հայաստանը։ Եւ այդպիսին պէտք է մնայ եւ ոչ թէ բախտախաղի կեդրոններն ու ժամանակաւոր սին ու փուճ երեւոյթները արատաւորեն մեր հայրենիքն ու հայութիւնը։ Տակաւին դպրոցական այս շրջապտոյտը որ կը յաջողցուի միութիւններու եւ կառոյցներու, ինչպէս նաեւ անհատ բարերարներու ջանքերով, երբեք չի միտիր մեր տղաքը «պտոյտ»ի եւ «լաւ անցնելու» (յունական բացատրութիւն)  հոգեբանութիւնը զարգացնելու այլ ընդհակառակը, դաստիարակչական բնոյթ ունի. այլապէս ամէն մարդ առանձինն ալ կրնայ պտոյտի երթալ։ Յայտնենք, որ մեր զաւակները Հայաստան՝ հայրենիք է որ կը ղրկենք եւ ոչ թէ Եւրոպա կամ յունական կղզիներ. ուր պարզապէս միայն անհեթեթ հաճոյքներու երկրպագուներ կրնան դառնալ։ Տակաւին բոլոր կառոյցներուն ու անհատներուն նիւթաբարոյական օժանդակութիւնները չեմ կարծեր նպատակ ունին այսպէս ըսած յունական Միքոնոս կղզին կամ Հոնոլուլուի նման վայրեր ցոյց տալու կամ ծանօթացնելու մեր տղոց. այլ Հայաստան՝ հայրենիք, հայ դպրոց, հայկական եկեղեցի, հայկական ակումբ եւ միութիւններ յաճախելով ապագայ մեր ղեկավարներն ու առաջնորդները պիտի պատրաստուին։ Աւելին անոնք ապագայ հայ դատը հետապնդողները պիտի դառնան չմոռնալով երբեք որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին ենք արդէն…։ Շարունակենք ըսելով, որ ոչ ոք թող յանդգնի ըսել թէ շաբթուան մը մէջ կարող են իրենք այսքան վայրեր այցելել…։ Ճիշդ է համաշխարհայնացում է, բայց չի նշանակեր, որ անքաղաքավարութիւն պէտք է մշակենք։ Ընդհակառակը հայու արժէքներ, հայու պատիւ, հայու անուն, լեզու, մշակոյթ, սրբութիւն, աւանդութիւն, ազգային ջիղ, պատկանելիութիւն եւայլն պէտք է ամէնօրեայ մտահոգութիւն դառնան ու մնան, որպէսզի կարողանանք պապուկին բառերով. «Լաւ Հայեր լինէք»։ Չմոռնալ որ ապագան մեր այս պատանիներն ու երիտասարդներն են։ Աւելին, գիտակցելով յայտարարենք եւ ոչ միայն շրթներով թէ՝ «Մենք կանգ, կը մնանք ու դեռ շատանանք»։

ԽՈՐԷՆ ԵՊՍ. ՏՈՂՐԱՄԱՃԵԱՆ
Առաջնորդ Յունաստանի Հայոց

(լուսանկարները՝ սրբազան հօր անձնական արխիւէն)