Զբօսաշրջութեան ոլորտին հետ առնչուող որեւէ  արդիւնաբերութիւն կարեւոր դեր կը խաղայ երկրի տնտեսութեան բարելաւման, մարդոց հասարակական խնդիրներու լուծման, մշակութային եւ քաղաքական բնագաւառներուն զարգացման մէջ: Հայաստանը անմասն չէ այս իրականութենէն: Ան մեծ առաւելութիւններ ունի երկրի զբօսաշրջութիւնը խթանելու, եթէ վարէ ճիշդ քաղաքականութիւն:


Ամէն տարի Հայաստան կ՛այցելեն հայ եւ օտար բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ: Տարուէ տարի նկատելի է այցելուներու թիւի աճը (պաշտօնական տուեալներուն համաձայն՝ տարին 20 առ հարիւր). օրինակ՝ 2010-ի առաջին կիսամեակին Մեծն Բրիտանիայէն Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը 3,5 անգամ աճ արձանագրած է, Գերմանիայէն այցելածներունը՝ մօտ 2 անգամ, իսկ ԱՊՀ երկիրներէն այցելածներունը՝ աւելի քան 2 անգամ:
Այնուամենայնիւ, արդիւնքները գոհացուցիչ չեն. շուրջ 15 տարիէ ի վեր Հայաստան զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան անդամ է, բայց Եւրոպայի երկիրներու զբօսաշրջութեան մրցունակութեան վարկանիշային աղիւսակին մէջ կը գրաւէ վերջին հորիզոնականներէն մէկը:
Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն առաւել քան 60 տոկոսը սփիւռքահայեր են, որոնք գլխաւորաբար հայրենիք այցելելու համար կու գան Հայաստան: Սակայն մենք շատ բան ունինք ցոյց տալու օտարազգի զբօսաշրջիկներուն, ինչպէս՝ պատմական յուշակոթողներ, տեսարժան վայրեր, գեղեցիկ բնութիւն, արուեստի կեդրոններ ու թանգարաններ, առողջարաններ… անշուշտ եթէ անոնք լիարժէքօրէն ներկայացուած ըլլան աշխարհին, հայութեան ու նոյնիսկ երկրի բնակիչներուն: Օրինակ՝ շատ քիչեր ծանօթ են Ստեփանաւանէն 12 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող բուսաբանական այգիին: Գեղեցիկ անտառին մէջ կան զանազան բոյսեր, լորենիի ծառուղիներ եւ զանազան երկիրներէ բերուած աւելի քան 500 բուսատեսակներ: Բուսաբանական այգին հիմնադրած է Էդմոն Լէոնովիչը, 1931-ին: Անոր հիմնադրու- թիւնը ունի հետաքրքրական նախապատմութիւն մը. Լէոնովիչի որդին կ՛ունենայ թոքերու առողջական                 խնդիր, բժիշկը անոր խորհուրդ կու տայ մեկնիլ Հայաստան եւ որոշ ժամանակ ապրիլ Ստեփանաւանի մէջ՝ շնչելու տեղի առողջարար մաքուր օդը: Հայրը լսելով բժիշկին խորհուրդը՝  երեխան կը բերէ Ստե- փանաւան, ուր որոշ ժամանակ անց ան կ՛ապաքինի, հետեւաբար հայրը կ՛որոշէ այնտեղ հիմնել բուսաբանական այգի մը: Էդմոն Լէոնովիչ մինչեւ 1984 կը վարէ այգիի տնօրէնի պաշտօնը, որմէ ետք այդ պաշտօնը կը ստանձնէ անոր որդին: 1998-ին տարածքը կը նշանակուի իբրեւ յատուկ պահպանման գօտի:
 Զբօսաշրջութեան զարգացման լուրջ խթան է նաեւ Տաթեւի ճոպանուղիի՝  «Տաթեւի թեւեր»-ը, որ աշխարհի ամենաերկար յետադարձելի ճոպանու-             ղին է (երկարութիւնը 5,7 քմ է): Ան մտաւ Կինեսի համաշխարհային ցուցանիշներու գիրքի մէջ եւ բնականաբար անոր նկատմամբ հետաքրքրութիւնը չի պակսիր: Նմանատիպ վայրերու շարքը շատ երկար է, սակայն ծանօթ՝ շատ քիչերուն: Հայաստան իբրեւ զբօսաշրջային երկիր՝ շատ չի ծանուցուիր. հազուադէպ են Հայաստանի տեսարժան վայրերու մասին առգիծ (online) տեսագրութիւնները, քիչ են նաեւ եւրոպական եւ այլ հեռուստաալիքներով Հայաստանի մասին սփռուող գովազդները:
Միւս կողմէ, զբօսաշրջութեան համար գրաւիչ Հայաստանը մատչելի չէ, որովհետեւ այս ոլորտը ճիշդ քաղաքականութեամբ չ՛առաջնորդուիր:
Անշուշտ, անցեալին հետ բաղդատած, նկատելի է, որ զբօսաշրջիկները գոհացնելու պայմաններ ստեղծուած են, սակայն դեռ ընելիք շատ բան կայ:
Մաքսատունէն մուտքի այցեգիր ստանալու հնարաւորութիւնը կը գրաւէ յատկապէս եւրոպացի զբօսաշրջիկները, որոնք Հայաստան կ՛այցելեն իրենց արձակուրդի օրերը վայելելու համար: Անոնք հնարաւորութիւնը ունին եւրոպական քաղաքներէն ուղիղ թռիչքներով Երեւան ժամանել եւ կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին այցելել Հայաստանի բազմաթիւ տեսարժան վայրերը:
Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտը սխալ քաղաքականութեամբ կը վարուի եւ այդ մէկը կը վանէ զբօսաշրջիկները: Այս առումով, սխալ է վարձու բնակարաններու, պանդոկներու գիներու կտրուկ աճը, յատկապէս՝ ամրան ամիսներուն: Զբօսաշրջիկներուն թիւի աճի խոչընդոտ է Պէյրութ-Ե-             րեւան թռիչքի անտրամաբանական ու չափազանց սուղ տոմսերը, որուն մենաշնորհը տրուած է «Արմաւիա» ընկերութեան, որ առիթ չի կորսնցներ օգտագործելու այդ իրաւասութիւնը եւ ամրան ամիսներուն Պէյրութ-Երեւան հասնելու արժէքը կը հասցնէ Միացեալ Նահանգներէն Երեւան հասնելու գինին:
Զբօսաշրջիկները վանող խնդիրներէն մէկն է սպասարկողներու վերաբերումը, որոնք չեն վերապատրաստուիր զբօսաշրջիկը գոհացնելու համար:
Խնդիր են նաեւ անխնամ ճամբաները, անոնց վրայ թարգմանուած ցուցանակներու եւ «զուգարան»ներու բացակայութիւնը, որոնց պատճառով              Հայաստան կը կորսնցնէ իր զբօսաշրջիկները:
Այս տարի Նորուզը  տօնելու համար Հայաստան այցելող պարսիկ զբօսաշրջիկներուն թիւը նկատելիօրէն նուազած էր:  Հանրակառքերը ձիւնապատ ճամբաներուն պատճառով չեն կրցած իրենց ճամբան շարունակել եւ վերադարձած են Իրան:
Այլ կարեւոր հարց մը. Հայաստանի մէջ յաճախ պարսկական կամ այլ դրամանիշեր չեն վերածեր դրամի, ուստի տոլար ունենալը պարտադիր կը դառնայ, մինչ այլ երկիրներու մէջ այդպէս չէ:
Վանքերու կամ այլ վայրերու պաշտօնեաներու կոպիտ վարուելակերպը նոյնպէս կը վանէ զբօսա-շրջիկը. ըստ զբօսաշրջութեան փորձագէտի մը, Գեղարդի վանքի վանահայրը չէ թոյլատրած, որ պարսիկ զբօսաշրջիկներու մեծ խումբ մը վանք մտնէ, որովհետեւ, ըստ անոր, իսլամը պէտք չէ վանք մտնէ: Նման դէպքեր պատճառ կը դառնան, որ զբօսաշրջիկները այցելեն ոչ թէ Հայաստան, այլ՝ հարեւան երկիրներ, Վրաստան այցելած զբօսաշրջիկներու թիւը  2011-ին, ի տարբերութիւն 2010-ի ցուցանիշներուն, բարձրացած է 39 առ հարիւր եւ կը կազմէ 2820 հազար մարդ, իսկ Հայաստան, ըստ պաշտօնական տուեալներու, 2011 թուականի Յունուար-Յունիսին Հայաստան այցելած է 266,155 մարդ, որոնց 60 տոկոսը հայեր են, մնացեալը՝  օտարներ: Հայաստան կ՛այցելեն յատկապէս Ռուսիայէն, Իրանէն, Վրաստանէն, Մի- ացեալ Նահանգներէն, վերջին տարիներուն աւելցած է նաեւ եւրոպական երկիրներէն ժամանողներուն                թիւը:
Պէտք է զարգացնել տարածքային զբօսաշրջութիւնը, որովհետեւ երբ մարդը որեւէ վայր կը մեկնի, չի փափաքիր միայն մէկ բան կամ միայն մէկ երկիր տեսնել, այլ կ՛ուզէ, որքան հնարաւոր է, շատ բան տեսնել, եւ քանի որ մարդ սովորութիւն ունի ամէն ինչ համեմատութեան մէջ դնելու, ան կը սկսի համեմատել, թէ այստեղ կամ այնտեղ ինչպէս ընդունեցին զինք: Այս առումով կարիք ունինք լուրջ մասնագէտներու՝ ուսումնասիրելու մեր հարեւան երկիրներուն պատմութիւնը, մշակոյթը, ժառանգութիւնը, որովհետեւ եթէ զբօսաշրջիկը գայ Հայաստան, ան կրնայ այցելել նաեւ Թուրքիա, Իրան, Վրաստան եւ՝  հակառակը, եւ այդ ձեւով համաշխարհային զբօսաշրջութեան ցանցին մէջ առաւել արդիւնաւէտ ու հիմնաւոր դիրքեր կը զբաղեցնենք:
Անհրաժեշտ է զարգացնել առողջարանային եւ ձմեռնային զբօսաշրջութիւնը՝  ստեղծելով յարմարաւէտ ու մատչելի պայմաններ, որպէսզի զբօսաշրջիկները Հայաստան այցելեն ոչ միայն Ապրիլէն Հոկտեմբեր երկարող ամիսներուն, այլ՝ ամբողջ տարուան ընթացքին:
Այլ խնդիր է ներքին զբօսաշրջութիւնը, որ վերջին երկու տարիներուն միայն քիչ մը սկսած է տեղէն շարժիլ՝ շնորհիւ արշաւ-ակումբներուն: Անմատչելի գիներու պատճառով հայաստանցիներէն շատ քի- չեր հնարաւորութիւն ունեցած են շրջելու Հայաստանի մէջ, որովհետեւ, օրինակ, Վրաստան մեկնիլը,   մնալն ու ծովը վայելելը շատ աւելի մատչելի է, քան՝ Ծաղկաձոր կամ Ջերմուկ երթալը: Այս տարի վերջապէս զբօսաշրջութեան ոլորտով զբաղող անձինք             կարծես անդրադարձած են այս հարցին եւ այժմ կը խորհրդակցին յատկապէս պանդոկներուն գիները մատչելի դարձնելու մասին:
Հետեւաբար դեռ շատ ընելիք կայ, որպէսզի Հայաստան այցելելու ցանկութիւն ունեցողներուն թիւը բազմանայ, եւ հայրենիք տեսնելու երազանքով պարողները հնարաւորութիւն ունենան զայն տեսնելու. այլ խօսքով՝ պէտք է հնարաւոր ամէն ինչ ընել զբօսաշրջիկներուն համար գրաւիչ Հայաստանը մատ- չելի դարձնելու համար:

ՆԱՅԻՐԻ  ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ-ՏԱՂԼԵԱՆ