Վերընտրուած նախագահ Բակօ Սահակեանը չէր օրուան յաղթականը…այդ օր Յուլիս 19, 2012-ին:
Ո՛չ ալ իր համակիրները…:
Այլ արդարութիւնը, ազատութիւնը, թափանցիկութիւնը…ընդհանրապէս վեր-ջերս լուսանցքի տակ առնուած ու փոշիի մէջ թաթխուած ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆՆ էր օրուան մեծ յաղթականը:


Օրինակելի իրողութիւն մը, ընդօրինակելի երեւոյթ մը որ երանի՜ թէ պատահէր քանի մը ամիս առաջ Հայաստանի Խորհըրդարանական ընտրութիւններուն եւ անշուշտ…յատկապէս յառաջիկայի նախագահական ընտրութիւններուն:
Այսպէս Արցախցին, անգամ մը եւս իր օրինակելի կեցուածքով իր աշխարհագրական գրաւչութեան նման հմայեց դէտերը, որոնք ժամանած էին շրջան, այն համոզումով եւ ենթադրութեամբ թէ կրնային հանդիպիլ խոչընդոտներու:
Հակառակն է որ պատահեցաւ այս դէտերուն համար, մեծ զարմանք եւ միեւնոյն ժամանակ  բարի նախանձ ստեղծելով:
Արեւելեան թէ Արեւմտեան Եւրոպաներէն եւ Ամերիկաներէն ժամանած այս միջազգային դէտերը, իրենց բարձր գնահատականներով եւ «գեր-օրինակելի» ընտրութիւններ որակելով, քայլ մը եւս առաջ տարին Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը:  Անոնց համար պարզ ու մէկին, ազատ ու արդար ընտրութիւններ կայացած էին                 եւ ոչ մէկ ոտնձգութիւն կամ զեղծարարութեան առիթն իսկ ստեղծուած էր:
Պարզապէս ազգային գիտակցութի՞ւն, դաստիարակութի՞ւն, պատրաստակամութի՞ւն թէ պարզապէս այս բոլորը ընդգրկող…Արցախահայութիւն:
Այո՛…Արցախի բուռ մը ժողովուրդը, կատարելով ազատ, ժողովրդավար, արդար ու թափանցիկ ընտրութիւններ, ցոյց տուաւ միջազգային ընտանիքին իւրայատուկ Արցախեան այլընտրանք մը՝ արդար ընտրութիւններ, որոնք ամէնայն հեզասահութեամբ կը մրցին եւ գէթ աւելի…արեւմտեան աշխարհի որեւէ երկրի ընտրարշաւերուն հետ:
Անշուշտ կայ մետալին միւս կողմը…  Պաքուի եւ իր մանկլաւիկներուն յանկերգները թէ ինքնին ապօրինի է կազմակերպել ընտրութիւններ, այսպէս կոչուած գրաւուած հողերու մէջ:  Աւելին, Պաքու մեղադրած էր թէ միջազգային դէտերու ներկայութիւնն անգամ անբացատրելի                ու անհասկնալի էր: Այս վերջիններուն կը մնայ պատասխանել թէ ինչո՞ւ Արցախ կը գտնուէին եւ թէ յատկապէս ինչպէ՞ս ակնածանքով եւ հիացմունքով հետեւեցան ընտրութիւններուն:


ՀԱՅՐԵՆԻՔ