
Վաղը Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի օրակարգին վրայ պիտի ըլլայ քոնկրեսականներ Էտ Ռայսի եւ Հաուըրտ Պըրմընի կողմէ ներկայացուած՝ Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութեան վերաբերեալ բանաձեւին քննարկումը:
Սոյն բանաձեւը կը պահանջէ, որ Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութիւնները ազատօրէն կարենան իրենց կրօնքին հետեւիլ, ինչպէս նաեւ կը պահանջէ Թուրքիոյ իշխանութիւններէն՝ իրենց օրինական տէրերուն վերադարձնել բռնագրաւուած եւ անտէրութեան մատնուած կամ այլանդակուած եկեղեցիները:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը վերջին օրերուն առանձին նամակ-կոչ մը ուղղած է ամերիկահայութեան՝ խնդրելով, որ դիմեն իրենց շրջանի բնակչութիւնը ներկայացնող քոնկրեսականին, պահանջելով, որ զօրավիգ կանգնի թիւ 304 բանաձեւին:
Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը զօրաշարժի մատնած է իր բոլոր հնարաւորութիւնները՝ ձախողեցնելու համար այս բանաձեւը:
Ամերիկայի մէջ ապրող թուրք եւ ազերի համայնքները զօրաշարժի ենթարկուած են ու այս բանաձեւին ձախողութիւնը դարձուցած՝ իրենց առաջնահերթ խնդիրը: Յատկապէս այս համայնքները իրենց ուժն ու կարողութիւնը ցոյց տալու տենդի մը մէջ են եւ ամէն առիթով կը փորձեն ապացուցել, թէ այլեւս իրենք թոյլ պիտի չտան Թուրքիոյ վարկը վնասող բանաձեւերու քննարկման՝ Քոնկրեսին մէջ:
Կրօնական ազատութեանց յարգումն ու պաշտամունքի վայրերու ազատ տնօրինումը մարդկային տարրական իրաւունքներ են, որոնք միջազգային ուխտերով ու պայմանագիրներով երաշխաւորուած են: Թուրքիան ալ, իբրեւ ՄԱԿի անդամ, այդ ուխտերն ու պայմանագիրները ստորագրած երկիր է, եւ ուրեմն, պարտաւոր է յարգել անոնց մէջ ամրագրուած իրաւունքները:
Մենք պարզապէս կը դիմենք մեր քոնկրեսականներուն, որպէսզի զօրավիգ կանգնելով այս բանաձեւին՝ Թուրքիան մղեն յարգելու միջազգային իր պարտաւորութիւնները:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ