Դիմատետր (Ֆէյսպուք) հասարակական-ընկերային ցանցը դարձած է յատկապէս երիտասարդներուն ու պատանիներուն ամէնօրեայ ընկերակիցը, հաղորդակցութեան ամէնէն մատչելի եւ հետաքրքրական միջոցներէն մէկը:


Ընկերային այս ցանցը հնարաւորութիւն կու տայ ընկերներու եւ բարեկամներու հետ փոխանակելու կարճ հաղորդագրութիւններ, գրառումներ, լուսանըկարներ եւ տեսանիւթեր, ինչպէս նաեւ՝ տեղադրելու այլ կայքերու յղումներ եւ այլն: Գլխաւոր էջին վրայ կ՛երեւին բոլոր ընկերներու վերջին գրառումները՝ լրահոսի տեսքով: Ընկերները հնարաւորութիւն կ՛ունենան ընդունելու, մեկնաբանելու եւ իրենց մնացեալ ընկերներուն հետ փոխանակելու տուեալ գրառումները:
Դիմատետրին մէջ կարելի է ստեղծել նաեւ խումբեր, էջեր եւ հարցումներ, որոնց կրնան անդամակցիլ, բաժանորդագրուիլ եւ պատասխանել Դիմատետր օգտագործող այլ անձեր:
Թէեւ Դիմատետրը ունի գաղտնապահութեան քաղաքականութեան հնարաւորութիւն, որուն շնորհիւ կարելի է որոշել օգտագործողին ո՞ր տեղեկութիւնները հասանելի դարձնել որոշ անհատներու համար եւ ո՞ր տեղեկութիւնները՝ ոչ, սակայն, ի հարկին, համացանցի մասնագէտներուն համար դժուար չէ  իւրաքանչիւրի էջի վրայ տեղադրուած որեւէ տեղեկութիւն բացայայտելը: Այնպէս որ,  Դիմատետրի օգտագործման ընթացքին տեղեկութիւններու փոխանակման մէջ զգուշութիւնը անհրաժեշտ է:
Ընկերային այս ցանցը բնականաբար իր դրական յատկանիշները ունի, որովհետեւ անոր շնորհիւ աշխարհի տարբեր անկիւնները գտնուող մարդիկ հաղորդակցութեան մէջ կը մտնեն, կը փոխանակեն մտքեր ու գաղափարներ, հետեւաբար անհատին դիմաց բացուող տեղեկատուութեան դաշտը անծայրածիր կը դառնայ: Ան կը ծառայէ նաեւ ծանուցողական եւ ճանաչողական նպատակներու, այսօր գրեթէ բոլոր զանգուածային լրատուամիջոցները, առեւտրական հաստատութիւնները, միութիւնները Դիմատետրի վրայ ունին իրենց էջը, որուն  միջոցով աւելի հասու կը դառնան հանրութեան եւ իրենց քարոզչական աշխատանքը աւելի մեծ ծաւալներով կը յաջողին կատարել: Ընկերային  այս ցանցին արագընթաց տարածման հիմնական պատճառներէն մէկը այն է, որ անիկա միջոց է յատկապէս  երիտասարդութեան համար՝ խօսքի ազատութեան ու ինքնարտայայտման: Այստեղ լուրին աղբիւրը յստակ չէ, անհատը ինքն իսկ կրնայ ստեղծել լուրը եւ տարածել զայն՝ առանց  լրատուութեան մասնագիտական կանոններուն եւ կաշկանդումներուն ենթարկուելու: Այս ազատութիւնը, սակայն, Դիմատետրին միջոցով տարածուած լրատուութեան ճշմարտացիութիւնը թէական կը դարձնէ:
Ահա թէ ինչո՛ւ Դիմատետրը ունի նաեւ իր բացասական կողմերը: Անիկա երիտասարդութեան հասնելու ամէնէն մատչելի ձեւն է. հետեւաբար, ինչպէս դրական, այնպէս ալ բացասական նպատակներով զայն օգտագործողները պիտի կարենան դիւրաւ հասնիլ պատանիներուն ու երիտասարդներուն եւ բարոյալքումի տանող գաղափարներ, տեսանիւթեր, արտադրութիւններ տարածել երիտասարդական շրջանակներու մէջ:
Վերջին տարիներուն վկայ եղանք նաեւ այսպէս կոչուած «Արաբական գարուն»-ի տարբեր հանգրուաններուն, այս ցանցի միջոցով տարածուող ցոյցի հրաւէրներուն, սպառնալիքներուն, կեղծ լուրերուն, կեղծ տեսանիւթերուն եւ բոլոր այն միջոցներու օգտագործումին, որոնք մարդոց ուշադրութեան կիզակէտը կողմնորոշելու կը ձգտէին մերթ ճշմարիտ, մերթ խաբուսիկ պատկերներով ու հրահրիչ կոչերով:
Մեր միջավայրին մէջ եւս նկատելի է երիտասարդութեան որոշ տոկոսի մը կողմէ երբեմն մոլութեան հասնող կապուածութիւնը այս ցանցին: Այս մէկը ոչ թէ զրպարտութեան, այլ ծնողներու հետ յաճախակի հանդիպումներու ընթացքին իմացած տեղեկութիւններուս լոյսին տակ կը նշեմ: Յատկապէս ուսանողութեան մօտ Դիմատետրի երկարաժամ օգտագործումը (օրական 4-5 ժամ՝ ձմրան օրերուն) իր ժխտական անդրադարձը կ՛ունենայ քանի մը տուեալներով:
Նախ՝ անիկա ուսանողը ետ կը պահէ իր դասերէն, երկրորդ՝ կը բթացնէ անոր ուղեղը եւ կը թուլացնէ կեդրոնացման կարողութիւնը դասերու ընթացքին: Իսկ ամէնէն կարեւորը՝ երիտասարդ ուսանողին մէջ «կը զարգացնէ» ուրիշին նկատմամբ տեղի-անտեղի հետաքրքրուածութեան հիւանդագին սովորութիւնը: Աւելի՛ն. Դիմատետրը կը սկսի ազդել անոր  առողջութեան վրայ, որովհետեւ երկար ժամերով անշարժ նստիլը համակարգիչին կամ բջիջային հեռաձայնին դիմաց օրկանիզմը ծուլութեան կը վարժեցնէ:
Դիմատետրի երկարաժամ օգտագործումով պատանին եւ երիտասարդը աստիճանաբար կը դառնան ինքնամփոփ, մեկուսացած եւ կը հեռանան իրենց ընկերային միջավայրէն՝  զայն փոխարինելով Դիմատետրի անտեսանելի միջավայրով:
Այնուամենայնիւ, կարելի չէ ուրանալ  ընկերային նման ցանցերու ներգործութիւնը մեր կեանքին մէջ, սակայն այդ ցանցերէն կարելի  է օգտուիլ՝  առանց անոնց  կոյր գերին դառնալու:
Այս բոլոր դրական ու բացասական տուեալները նկատի ունենալով՝ մեր փափաքն է, որ երիտասարդ սերունդները այս ցանցերէն օգտուին իրենց գիտելիքները հարստացնելու, բազմակարծութեան ընձեռած հնարաւորութիւններէն օգտուելով՝  իրենց մտահորիզոնը ընդլայնելու, նորութիւններուն հետամուտ ըլլալու եւ այդ նորութիւնները իրենց զարգացման գործընթացին ի սպաս դնելու համար եւ ոչ թէ ընկերային ցանցերը միայն ժամանցի համար օգտագործելով՝  մոլութեան հասնելու:
Պատասխանատու մարմիններ եւս, դիտորդի դերին մէջ ըլլալու փոխարէն, կարելիութիւն ունին  այս ցանցերուն միջոցով երիտասարդութիւնը հրաւիրելու ազգային, ընկերային եւ մշակութային հարցերու, երեւոյթներու շուրջ քննարկումներու, աստիճանաբար աւելի նպատակաուղղուած դարձնելու հայ երիտասարդութեան  մասնակցութիւնը նմանատիպ ցանցերուն:

 

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ

Հալէպ ,  2012