Շուրջ հազար օրեր կը բաժնեն մեզ 24 Ապրիլ 2015- էն:
Երբեմն, երբեմն յաճախ, հաշուեկշիռ ընելու ազնիւ յանդգնութիւն եւ իմաստութիւն պէտք է ունենալ, տեղական-տեղայնական անձեր եւ խմբակներ զուարճացնող յաջողութիւն համարուած իրարանցումներէ վեր բարձրանալով:

Ժողովներ կը գումարուին, բարձրագոյն մակարդակով, այդպէս է ընդունուած գօտեպնդելու կոչուած հռետորական պատկերը, որպէսզի կրկին պոռանք եւ բողոքենք հայոց կրած ցեղասպանութեան անպատիժ մնացող ոճիրին դէմ:

1. Մարդկութեան դէմ ոճիր. մէկուկէս միլիոն զոհեր: Դէպքը կոչեցէ՛ք ինչպէս որ կ'ուզէք: Ինչպէս որ ուրիշներ կ'ուզեն: Խարանի պէս ցաւ մը: ԴԱՏի հարկ է դիմել, քարոզչութենէ անդին, մերժելով ՕՐԷՆՔԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀՊԱՏԱԿԵՑՆԵԼՈՒ ԱՆԲԱՐՈՅՈՒԹԻՒՆԸ: Այս կ'ըլլայ մեր ազգի կարեւորագոյն նախաձեռնութիւնը 1915-էն ի վեր: Այս արդէն ճշմարտութեան հաստատման եւ իրաւունքի ճանաչման ճանապարհին վրայ այլ որակի նուաճում կÿըլլայ: Ոճիր կայ, հետեւաբար ոճրագործ կայ, եւ անպայման իրաւասու դատարան մը կը գտնուի տեղ մը, ուր ոճրագործը կը դատուի եւ համապատասխան ՎՃԻՌ կÿարձակուի:

2. Երբ համաձայնութիւններ եւ դաշնագրեր չեն յարգուիր, պետութիւններ, ընկերութիւններ եւ անհատներ կը դիմեն յատուկ դատարաններու: 1920-ին, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ պետութեան մասնակցութեամբ, յարգելի պետութիւններ ԴԱՇՆԱԳԻՐ ՍՏՈՐԱԳՐԱԾ ԵՆ ԵՒ ՉԵՆ ՅԱՐԳԱԾ: Օրէնքը ըլլալով գերիվեր այլ նկատումներէ,- այդպէս ըսուած եւ կ'ըսուի -, անոնց դէմ դատի պէտք է դիմել: Խօսքը կը վերաբերի Սեւրի դաշնագրին: Ոչ մէկ պարագայի անվաւեր չէ հռչակուած այդ դաշնագիրը: Հետեւելով անոր տրամադրութիւններուն, օսմանեան կայսրութեան փլուզման վաղորդայնին, ստեղծուած են պետութիւններ, եւ գտած են միջազգային ճանաչում, ինչպէս արաբական երկիրները: Այդ դաշնագիրը   ստորագրող պետութիւնները ՉԵՆ ՅԱՐԳԱԾ միջազգային դաշնագրի մը տակ դրուած իրենց ստորագրութիւնը: Պետական մակարդակով միջազգային վատութիւն մը: Մերժելով ՕՐԷՆՔԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀՊԱՏԱԿԵՑՆԵԼՈՒ ԱՆԲԱՐՈՅՈՒԹԻՒՆԸ, պաղ պատերազմի կամ այլ, անպայման տեղ մը դատարան մը կայ, պետութիւններու խուսանաւումներէն անդին, ուր օրէնքի գերակայութիւնը կարելի կÿըլլայ պաշտպանել:

3. Միջազգային հանրային կարծիքի եւ մտաւորականութեան աջակցութիւնը ապահովելու համար, քաղաքական նախաձեռնութիւններու կողքին, եւ անոնց իսկական միջուկ տալու համար, չենք օգտագործեր ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿՈՐՈՒՍՏԻ ազդակը, որ գրեթէ խոպան դաշտ է: ՄՇԱԿՈՒԹԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒՍ ՈՃԻՐ Է: Ան գործուած է հայոց դէմ: Եւ այսօր կը շարունակուի: Այս մասին պատահական յիշեցումներ կÿըլլան: Եթէ, ինչպէս կÿըսուի եւ գիտենք, վեցէն ութը հարիւր հայ մտաւորականներու փաղանգը  անհետ կորսուեցաւ ցեղասպանութիւն տարազով ըմբռնուող աղէտին մէջ: Օսմանեան լուծի տակ գտնուող 2.100.000 հայերու 600 կամ 800 մտաւորականները զոհ գացին մեծ ոճիրին: Անոր տարողութիւնը բաւարար չափով չÿընդգծուիր: Եթէ երեքի կանոնով համեմատութիւն մը ընենք Ֆրանսայի, Մի- ացեալ Նահանգներու, Եգիպտոսի եւ Չինաստանի հետ, պատկերը աւելի յստակ կÿըլլայ: Ֆրանսայի պարագային այդ կորուստը պիտի ըլլար 19.000 Միացեալ Նահանգներու պարագային՝ 95.000 Չինաստանի եւ Հնդկաստանի համեմատութիւնները թող բարի կամեցողութիւնը ընթերցողը ինք ընէ: Եթէ Ամերիկան կորսնցնէ 95.000 մտաւորականներ, Far West-ի կրակոցներու ժապաւէններու շրջանը կը վերադառնանք:
Մշակութային այս աղէտը հոս կանգ չ'առներ: Եթէ նահատակ գրողներու տարիքը նկատի ունենանք, օրինակ Դանիէլ Վարուժանը, Ռուբէն Սեւակը, Սիամանթոն, եւ անոնց ստեղծագործական ապրած եւ ապրելիք տարիները, ինչպէս Վիքթոր Հիւկոյի (մեռած 83 տարեկանին), որուն ստեղծագործական կեանքը եղած է աւելի քան 60 տարի, քանի՞ տարի կրցած են ստեղծագործել նահատակ գրողները: Այդ ստեղծագործական տարիներուն դէմ գործուած ոճիրը եւս ոճիր է: Աշխարհի մտաւորականութեան պէտք է ներկայանալ այս աւերածութեան պատկերով: Իսկ անոր այդպէս ներկայանալու համար բեմէ ըսուած սրտայոյզ երկու խօսքը բաւարար չէ, բան չի նշանակեր, տեղ չի հասցներ: Չկա՞ն մշակութային միութիւններ, մշակոյթի նախարարութիւն, մեկենասներ, որ կարելի դարձնեն ԲԱԶՄԱԼԵԶՈՒ ԵՒ ՈՐԱԿԱՒՈՐ ԾԱՂԿԱՔԱՂԻ մը հրատարակութիւնը, մեծ հրատարակչտան մը միջոցաւ:
Նման տարողութեամբ աշխատանք անշրջանցելի եւ նոր կացութիւն կը ստեղծէ: 2015-ի մեծագոյն իրականցումը կÿըլլայ այդ, Ամերիկայի նախագահի սպասուած ճանաչումէն, մեր բազմերանգ ցոյցերէն, տարբեր երկիրներու Անծանօթ Զինուորի տապանաքարի բոցի արծարծումէն, նոյնիսկ դէպի Ծիծեռնակաբերդ հոգեպարար քայլարշաւէն աւելի:
Իսկ եթէ 2015-ը պիտի ըլլայ կրկնութիւնը 99-ի, կամ 101-ին պիտի ընենք նոյնը, պէտք չէ ակնկալել որ միջազգային մտաւորականութիւնը յանկարծ կը  խանդավառուի հայոց ողբով կամ իրաւունքով:
Ո՞ւր դիմել, որ յանկերգներէ եւ կարգախօսներէ անդին, ապագայի ապագայակերտ յաջողութիւներու նախաձեռնութիւններու ծրագրումները կատարուին:
Գիւղի ցեխոտ ճամբուն վրայ կառքի անիւներու փորած հետքէն դուրս պիտի գա՞նք։

 

Յ. ՊԱԼԵԱՆ