«Արմաւիա» օդանաւային ընկերութեան  սանձարձակութիւնը

Հայուն համար հայրենիք այցելելու առիթները բազմացած են վերջին տարիներուն: Բացի անձնական այլազան բնոյթի այցելութիւններէն եւ ընտանեկան կամ խմբական արձակուրդներու պարագաներէն, ուր ականատես կը դառնանք մեծ խանդավառութեամբ նախապատրաստուող  եւ նոյնքան խոր տպաւորութիւններով աւարտող հաւաքական պտոյտներու, կան նաեւ

խորհրդաժողովներու, պետական տօնակատարութիւններու, բարեսիրական ու առեւտրական ծրագիրներու մասնակցութեան բազմապիսի առիթներով այցելութիւններ, որոնց պարագային կÿակնկալուի եւ կը խրա- խուսուի սփիւռքահայերու ներկայութիւնը:
Բայց համաշխարհային առումով տնտեսական տագնապի այս ծանր օրերուն առնուազն անհեթեթ է ու անտրամաբանական Հայաստանի միակ օդանաւային ընկերութեան՝ «Արմաւիա»ի վարած քաղաքականութիւնը, որ չափազանց սուղ գիներով տոմսակներ կը վաճառէ, շատ մը պարագաներու անյաղթահարելի կամ բոլորովին անհնար դարձնելով օդանաւային ճամբով Հայաստան ճամբորդութիւնները:
Աւելի՛ն. պետական ծրագիր կը մշակուի՝ ուղղուած զբօսաշրջութեան զարգացման: Մշակութային, հնագիտական վայրեր կը նորոգուին, թանգարաններ կը համալրուին, հիւրանոցներ կը կառուցուին, երկրին համար եկամուտի կարեւոր աղբիւր հանդիսացող զբօսաշրջութիւնը ծաւալելու եւ այցելութիւններու յաճախականութիւնը բարձրացնելու համար:
Ակնյայտ է, որ կեանքի որակի բարելաւումը անմիջականօրէն կապուած է ընկերութեան զարգացման բոլոր երեսներուն հետ: Անոնցմէ մէկը՝ անշուշտ զբօսաշրջութիւնն է, որ մեկուսացումէ կը հեռացնէ երկիրը եւ իր   բնակիչները:
Բայց հայուն համար հայրենիք այցելելը զբօսաշրջական պարզ ծրագիր մը չէ: Մեր ազգի զաւակները այսօր ալ ուխտագնացութիւն  բառը կը գործածեն, երբ հայրենիք երթալու մասին կը խօսին: Սփիւռքի մեր վարժարաններու աշակերտներուն համար Հայաստան կատարուած այցելութիւնները  խմբային երթ մըն են դէպի սրբավայր: Եւ մենք կÿուզենք, որ այս զգացումները տիրապետեն, գիտակցելով թէ զգացումի բացակայութեան պա-րագային, որեւէ ճամբորդութիւն զուարճութեան պարզ առիթ մը պիտի ըլլայ միայն, իսկ մեր նորահաս սերունդին համար դժուար պիտի ըլլայ Երեւան կամ Ստեփանակերտ այցելութիւնը   զանազանել Լոնտոն, Փարիզ կամ Նիւ Եորք այցելութենէն...
Սփիւռքահայերը դէպի հայրենիք մղելու հետեւողական աշխատանքը ռազմաքաղաքական կարեւորութիւն ունեցող գերխնդիր է: Պետական-իշխանական շրթներէ  հնչած կոչերուն առընթեր, որ վստահաբար գնահատանքով կÿընկալուին սփիւռքահայութեան կողմէ,  շօշափելի քայլ մը պիտի ըլլար նաեւ ճամբորդական տոմսակներու գիներուն վերահսկողութիւնը: Պետութիւնը պարտքը ունի ուշադիր հսկելու այս մարզը՝ չարտօնելով մոնոփոլները եւ մենաշնորհներու հիման վրայ կատար-ւող անհատական չարաշահումները:
Կրկնութեան գնով հարկը կը զգամ շեշտելու, թէ ռազմաքաղաքական կարեւորութիւն ունեցող հարց է ասիկա:
Անցեալին, երբ Յունաստանի մէջ դեռ կը գործէր «Օլիմփիք» ընկերութիւնը, յունական պետութիւնը ռազմաքաղաքական կարեւորութեան  հարց նկատած էր հեռաւոր կղզիներու, մանաւանդ Թուրքիոյ սահմանամերձ կղզիներու եւ շրջաններու ուղղութեամբ թռիչքներու իրագործումը, որոնց համար նիւթական յատկացումներ ալ կը տրամադրէր: Նոյնպէս կարեւոր համարուած էին յունական օդանաւային ընկերութեան թռիչքները դէպի ԱՄՆ եւ Աւստրալիա, ուր յունական մեծաթիւ գաղութներ կան:
Կարեւոր նշում մը եւս, որ վերջին օրերու լրատուութեան հետ կապ ունի:
Մամուլը արձագանգ հանդիսացաւ «Արմաւիա» ճամբորդական ըն-կերութեան կողմէ Երեւան-Հալէպ-Ե-րեւան թռիչքներու վերահաստատման, ուր սակայն կրկնապատկուած է տոմսակներու գինը հասնելով 237.000 դրամի 119.000ի փոխարէն (այսինքն մօտաւորապէս 477 եւրօ 240ի փոխարէն): Ինչպէս կը բացատրուէր՝  Հա-յաստանի ազգային ճամբորդական ընկերութեան օդանաւերը ծայրէ ծայր նկատի առած էին «պիզնես» դա-սակարգի ճամբորդներուն համար նախատեսուած գիներ:
Բոլորին ծանօթ է այլեւս սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուար իրավիճակը: Ամիսներ առաջ, երբ «Արմաւիա»ն դադրեցուց Երեւան-Հալէպ թռիչքները, նոր իրականութիւն մը պարզուեցաւ սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն առջեւ, որոնք Հայաստան հասնող թիւ 1 սփիւռքահայերը եղած են անցեալին: Նոյնպէս հիմա, մանաւանդ նոր իրադարձութիւններու լոյսին տակ:
Հայրենադարձութեան ծրագիրներուն մղում տուող բարեսիրական մեր կազմակերպութիւնները, որոնց կարգին ՀՕՄը եւ Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչն ու Հայ Գթութեան Խաչը, երբեք չեն մերժած ճամբորդական տոմսի նպաստ տրամադրել կամ լրիւ ծախսը ստանձնել հայրենիք վերադառնալու որոշումը տուած ընտանիքներուն: Բնաւ ստորագնահատելի չէ այս ընտանիքներուն թիւը եւ այս ծրագրին համար տրամադրուած գումարը:
Ազգային ծրագիրները յառաջ մղելու գործը բոլորիս պարտաւորութիւնն է: Նոյն պարտաւորութեան տակ է նաեւ «Արմաւիա» օդանաւային ընկերութիւնը, որ պետական անհրաժեշտ վերա- հսկողութեամբ կրնայ զգոյշ ու տրամաբանական գիներ ճշդել իր տոմսերուն համար՝ նուաճելով ու արդարացնելով «Հայաստանի ազգային փոխադրութեան օդային միակ միջոց»ը կոչուելու հանգամանքը:

Հռիփսիմէ