Քառասուն հազար բնապահպաններ աշխարհի բոլոր երկիրներէն եւ մօտ տասը հազար պաշտօնական մասնակիցներ, ներառեալ 80-100 պետական առաջին անձնաւորութիւններ, Յունիս 20-22, 2012-ին ժամանեցին Պրազիլի ծովափնեայ Ռիօ Տէ Ժանէյրօ քաղաքը, ուր ծրագրուած էր ՄԱԿ-ի միջազգային համագումարը նուիրուած բնապահպանութեան հարցերուն:

Համագումարը ժողովրդականացած էր որպէս Ռիօ+20-ի հետեւում երկու տասնամեակ առաջ, միեւնոյն քաղաքին մէջ, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ոչ իսկ տարի մը անց, տեղի ունեցած Երկրի Գագաթաժողովին որ օրին, եւ շատ հաւանաբար նաեւ Պաղ Պատերազմի աւարտով ստեղծուած համաշխարհային լաւատես մթնոլորտին պատճառով, մեծ սպասումներ առաջացուցած էր՝ արդէն հրատապ դարձող բնապահպանութեան համամարդկային հարցին միջ-պետական եւ պետութիւն-քաղաքացիական հասարակութիւն զոյգ հարթակներուն վրայ համապատասխան լուծումներ բերելու իմաստով: Առաւել, 1992-ին, բնապահպանման խնդիրն առաջին անգամ միջազգային օրակարգի բերած Սթոքհոլմի Համաժողովէն ոչ միայն անցած էր երկու տասնամեակ որուն ընթացքին բնութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութեան գիտակցութիւնը դրականօրէն քաղաքականացած էր Եւրոպայի տարածքին թէ այլուր ծնունդ առած Կանաչներու կուսակցութեանց ու Կրինփիսի նման համաշխարհային մասշտապով գործող հասարակական զօրաշարժի կազմակերպութեանց աշխուժացման ընդմէջէն, այլեւ նաեւ աւարտած էր երկու գեր-պետութիւններու հակամարտութիւնը որ գլխաւոր խոչընդոտը կը համարուէր միջազգային համագործակցութեան...
Երկրի Գագաթաժողովի 2012-եան պարբերագլուխը պաշտօնապէս նուիրուած էր «Տանելի Զարգացման» («Սասթէյնպըլ Տիվելոփմընթ») ընդհանուր թեմային, այնպէս ինչպէս որոշուած էր քսանամեակ մը առաջ: Այդ թեման կÿենթադրէր, որ համաշխարհային տնտեսութիւնը զարգանալու մեծ կարողականութիւն ունէր Պաղ Պատերազմէն յետոյ եւ համաշխարհայնացման գործընթացը առիթ կÿընծայէր բոլորին դուրս գալու աղքատութեան կառուցային ոլորտէն՝ միջազգային կազմակերպութիւններու օժանդակութեամբ արդիականացնելով իրենց տնտեսութիւնը: Միաժամանակ, սակայն, կը զգուշացնէր որ զարգացումը չէր կրնար բնական միջավայրը քանդելու, երկրի հում նիւթերու պաշարները անդարձ կերպով սպառելու, մթնոլորտը վտանգաւոր աստիճաններու հասած կազային արտանետումներով ապականացնելու, մէկ խօսքով՝ ապագայ սերունդներու վերապրումի գինով անմիջականօրէն զարգանալու եւ հարստանալու հաշւոյն:
Բայց անցնող քսանամեակին ճիշդ այդ մէկը պատահեցաւ:
Ազատ շուկայի համաշխարհայնացումը, որ իրականացաւ պետական թէ միջազգային ամէն վերահսկումէ զերծ պահելու քաղաքական որոշումով, ծնունդ տուաւ սպառողական վայրագ տենչի, որուն զոհերէն մին դարձաւ մարդկութեան բնական միջավայրն իսկ: Իրերայաջորդ բնական աղէտներուն քանդումի մասշտապը, բայց մանաւանդ կենսոլորտի ջերմացման առաջքը առնելու կոչուած Քիոթոյի փրոթոքոլի ձախողութիւնը, ի շարս այլ երեւոյթներու եկան ցոյց տալու թէ որքան հզօր էր համաշխարհային դրամատիրութեան ագահութեան կիրքը եւ որքան թոյլ զայն դիմակայելու միջ-պետական համագործակցութեան քաղաքական կամքը: Գիտական ուսումնասիրութեանց հետեւումով, կլիմայական փոփոխութիւնը միայն 2010ին պատճառ հանդիսացած էր բնական աղէտներու 90 տոկոսին, որոնց զոհ գացած էին մօտ 300 հազար մարդիկ, մինչ նոյն հիմնապատճառով առաջացած տնտեսական կորուստները կը գերազանցէին 100 միլիառ Եւրոն:
Խորքին մէջ, Ռիօ հաւաքուած բոլոր հատուածներուն համար ի սկզբանէ յստակ էր, որ համաժողովը հազիւ թէ գործնական նախաձեռնութեան յանգի եւ առաւելագոյնը, որ սպասելի էր մասնագէտներու կողմէ իրենց ելոյթները պատրաստած պետական անձնաւորութիւններէն, նախագահ, վարչապետ թէ արտաքին գործոց նախարար, յաւուր պատշաճի եւ «փուր լա կալերի» յայտարարութիւն մըն էր: Անոր համար շատեր, պետական անձնաւորութիւն թէ բնապահպանման հարցերով զբաղող քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութեան անդամ, իրենց նուազագոյն պարտականութիւնը ըրին՝ ճառերով ու յարաբերական աշխատանքներով ի մտի ունենալով Քոփփաքապանայի թէ Իփանէմայի գեղեցիկ ծովափները քանի մը օր Քայփիրինիայի գաւաթներով ու Սամպա երաժշտութեամբ վայելելու հեռանկարը... Եւ պէտք է ըսել, որ աշխարհի ամենահզօրները իրենց յուսախաբ չըրին: Անոնցմէ շատերը ոչ իսկ ներկայ էին համաժողովին: Պահպանողական Ճորճ Պուշ (հայր) բնապաշտպանները սիրողը չէր, անոնցմէ մէկուն նոյնիսկ հրապարակայնօրէն «դուք (բնապաշտպաններդ) վայրագ մարդիկ էք» ըսաւ բարկացած, բայց քսան տարի առաջ Ռիօ կը գտնուէր, մինչ 2008-ին յառաջդիմականի իր դիմագիծով իշխանութեան հասած Օպաման նախընտրեց մնալ իր երկիրը եւ մօտէն հետեւիլ նախագահական ընտրապայքարի սկզբնաւորութեան: Տարբեր պատճառներով ներկայ չէին նաեւ Միացեալ Թագաւորութենէն Տէյվիտ Քամերոնն ու Գերմանիոյ Անժելա Մերքելը:
Բայց եթէ բոլորին ի սկզբանէ յստակ էր, որ Ռիօ+20ի արդիւնքը պիտի ըլլար համոզել որ անհրաժեշտ է սերունդ մը ետք կրկնել նոյն բեմադրութիւնը պարզապէս որովհետեւ այլընտրանք չկայ, եւ եթէ այս յոռետես կանխատեսումով հանդերձ յիսուն հազարնոց մարդկային զօրաշարժը հաճելի անակնկալ մըն էր եւ քիչ չէին անոնք որոնք տարբեր նախաձեռնութիւններու մէջ այդուհանդերձ լաւագոյն ապագայ մը կÿուզէին տեսնել, համաժողովին իրական անակնկալը եղաւ զարգացած երկիրներէն սեղանի վրայ դրուած այսպէս կոչուած համաշխարհային մասշտապով «Կանաչ Տնտեսութեան» ուղղուածութեամբ զարգացման առաջարկը:
Իր բանաձեւումով առաջարկը ոչ միայն անմեղ ու բնապահպանման յարիր կը թուի, այլ կարծես զարգացած Հիւսիսէն աշխարհի մնացեալ երկիրներուն ուղղութեամբ համագործակցութեան նախանձախնդրութիւն կ'արտայայտէ: Կը մնայ որ դարերով այսօր Հարաւային Ամերիկայի ու Ափրիկէի նման արագընթաց կերպով զարգացող տարածաշրջաններու բնական հարստութիւնները կողոպտած նախկին գաղութատէրներու կողմէ եկած որեւէ առաջարկ արդարօրէն թերահաւատութեան, դիմադրութեան եւ մինչեւ իսկ հակահարուածի հակազդեցութեան առիթ կու տայ: Ռիօ+20-ի պաշտօնական բացումէն առաջ, երբ պատուիրակութեանց փրոթոքոլային մասնագէտները համաժողովի պատրաստութեամբ զբաղած էին, քաղաքի հարաւային թաղամասերուն մէջ Համաշխարհային Սոցիալական Ֆորումի հրաւէրով տեղի կÿունենար Ժողովուրդներու Համագումարը, որուն ընթացքին նախկին Երրորդ Աշխարհի եւ այսօր արդէն Համաշխարհային Հարաւ յորջորջմամբ ծանօթ հասարակութիւններու ներկայացուցիչներ, ներառեալ Եւրոպայէն եւ Հիւսիսային Ամերիկայէն յառաջդիմական մտաւորականներ, հրապարակային քննարկման կը դնէին դրամատիրութեան դէմ պայքարը ի խնդիր հարստութեան արդար բաշխումին եւ բնապահպանման: Այդ քննարկումներուն ընթացքին բացայայտուեցաւ «Կանաչ Տնտեսութեան» առաջարկին իսկական էութիւնը՝ իր նորագոյն տագնապը ապրող դրամատիրութեան վերստեղծման թակարդներէն մին, որ խորքին մէջ հետամուտ է բնապահպանման սկզբունքները շուկայնացնելու, զանոնք վերածել շրջագայող ապրանքի եւ աճուրդի հանել սակարանին մէջ: Մարքսեան դարձուածքով՝ դրամատիրութեան նորագոյն հնարում «Կանաչ Տնտեսութիւնը» ոչ թէ «բարեկեցութեան, սոցիալական հաւասարութեան, միջավայրի ռիսկերու եւ սակաւութեան» հարցերուն ուղղուած նոր քաղաքականութիւն մըն է, ինչպէս կÿուզէր համոզել մամլոյ թղթակիցներուն Տէօչէ Պանքի տնտեսագէտներէն Փավան Սուխտեւ, այլ՝ բնապահպանութեան սկզբունքներու շուկայնացումն ու ֆեթիշացումն է: Շուկայնացումէն կը շահին համաշխարհային ձեռնարկութիւնները որոնք, եթէ շահ տեսնեն առաջարկին մէջ, կրնան այդ ուղղութեամբ վերակազմակերպել իրենց գործունէութիւնը, իսկ բնապահպանման սկզբունքներու ֆեթիշացումը միամիտներուն խաբելու կը ծառայէ: Ի զուր չէ որ պրազիլցի Լէոնարտօ Պոֆֆ, որ 1960-70-ական թուականներուն Ազատագրութեան Աստուածաբանութեան մեծագոյն տեսաբաններէն եղած է, «Կանաչ Տնտեսութիւն»ը կÿորակէ «բնութեան դէմ դրամատիրութեան վերջին յարձակումը»: Ամէն ինչ սկսաւ բնական հարստութիւններու թալանով, յետոյ անտառախիլ ըրին Ամազոնը՝ անոր միլիոնաւոր հեքթարներուն վրայ սոյա ցանելու ի շահ երկրագործական մեծ ձեռնարկութիւններու, իսկ հիմա բնութիւնն է որ ապրանքի կ'ուզեն վերածել, կը բացատրէ ան արժանթինեան օրաթերթի մը թղթակիցին իր տուած մէկ հարցազրոյցին մէջ, եւ կÿաւելցնէ. «բայց կարելի չէ կեանքը շուկայ հանել...»: Այլ խօսքով «Կանաչ Տնտեսութիւն»ը գունաւորումէ աւելի ոչինչ է, անով կը ձգտին «դիմահարթարել արտադրողական ամբողջ համակարգ մը, որ Էքօ 92-էն ի վեր, քսան տարի առաջ էր այն, միայն յաւելեալ վնաս պատճառած է միջավայրին եւ խորացուցած հարուստներու եւ աղքատներու միջեւ բացը» (Հարցազրոյցը կատարած է Տարիօ Փիկնոթթի, որուն Ռիօ+20ի մասին յօդուածը լոյս տեսած է արժանթինեան Փախինա/12 օրաթերթի 17 Յունիս 2012-ի համարին մէջ, էջ 26):
Ռիօ+20-ին կը մասնակցէր նաեւ հայկական պատուիրակութիւն մը Արտաքին Գործոց Նախարար Էտուարտ Նալբադեանի գլխաւորութեամբ: Ռիօ էր նաեւ Հայ Օգնութեան Միութեան պատուիրակութիւնը: Հանդիպում երկու պատուիրակութեանց միջեւ տեղի ունեցած է տեղւոյն վրայ, բայց ոչ՝ համաժողովին միասնաբար մասնակցելու, թէկուզ եւ աշխատանքներն ու նպատակներու համակարգելու նախնական ծրագիր, առաջարկ կամ նախանձախնդրութիւն: Ենթադրելով որ նման միջազգային հաւաքներու մասնակցութիւնը Հայաստանի համար դիւանագիտական փրոթոքոլ չէ միայն, այլ՝ նպատակադրուած ծրագրաւորում ի խնդիր ազգային շահի, Ռիօ+20, դժբախտաբար, Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան կորսուած այլ առիթ մը եղաւ միայն: Կը մնայ յուսալ, որ երբ իրականութիւն դառնայ համահայկական Մեծն Ռազմավարութիւն մը եւ հայրենի դիւանագիտութիւնը իր գործունէութիւնը վերասահմանէ այդ տրամաբանութեան մէջ, նման բացթողումներ ինքնաբերաբար սրբագրուին: Միայն թէ չսպասենք յաջորդ Երկրի Գագաթաժողովը քսան տարի, ամբողջ մէկ սերունդ, յետոյ...

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ