«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:
Հայերէնի խնդիր
(Բ.)
Առաւօտուն դարձեալ հարցուց մեր գործակից ընկերուհին.
¬ Հոսթէսին հայերէնը ի՞նչ է։
Պատասխանեցի.
¬ Հոսթէսին հայերէնը հոսթէս է։
Ճիշդ է որ այդ պահուն սիրտս քիչ մը ճմլուեցաւ։ Սիրտս ճմլուեցաւ ո՛չ թէ անոր համար որ դարձեալ օտար բառ մը իւրացուցի ու նոյնացուցի հայոց լեզուին հետ, այլ անոր համար որ յիշեցի տասնամեակներ առաջ մեր թերթին մէջ պաշտօնավարած ընտիր այն մտաւորականը, որ օր մը մեզի առաջարկած էր «հոսթէս» բառին համար գործածել «օդանաժիշտ» բառը։ Ինքն էր որ ստեղծած էր այս բառը, որովհետեւ, որքան որ գիտէի, իրմէ առաջ այդպիսի բառ մը գոյութիւն չունէր հայոց բառարանին մէջ։
Սկզբնական օրերուն շատ սիրած էինք այդ նոր բառը։ Կեանքիս մէջ քանի մը անգամ ալ լուրերու կամ յօդուածներուս մէջ գործածած եմ «օդանաժիշտ» բառը։ Բայց օր մըն ալ ես ինծի հարցուցի թէ հարիւր հայ ընթերցողէն մէկը գոնէ կամ երկուքը պիտի հասկնա՞ր արդեօք որ «հոսթէս» ըսել կþուզէի երբ կþըսէի «օդանաժիշտ»։ Նոյնիսկ եթէ հասկնար ենթադրութեամբ, արդեօք այդ ընթերցողը կարդալու ընթացքին «օդանաժիշտ» բառէն պիտի առնէ՞ր այն համը զոր կþառնէր «հոսթէս» բառէն։ Կասկածելի էր։ Եւ այս կէտը կարեւոր էր, քանի որ միշտ համոզուած էի որ ընթերցողը որոշ «համ» մը պէտք է առնէ իր կարդացածէն եւ այդ համը պէտք է ըլլայ ճիշդ իր կարդացած նիւթին կամ բառին համը, ինչպէս որ մենք ճաշելու ընթացքին պէտք է առնենք ճիշդ ալ մեր կերածին համը։
Խմբագրի մեր կեանքին մէջ լեզուի խնդիրը աներեւակայելիօրէն կարեւոր ու բարդ խնդիր է։ Քառասուն տարի առաջ երբ ստանձնեցի խմբագրի պարտականութիւն ու կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով դուրս եկայ գրականութեան կալուածէն, մտնելու համար լուր խմբագրելու կալուածէն ներս, յանկարծ ես զիս զգացի պարապութեան մը մէջ։ Ճիշդ էր որ արդէն քսան տարիէ ի վեր հայերէն կը գրէի, բայց իմ գրածը գրականութիւն էր, ո՛չ թէ լուր, իսկ լուրը գրականութեան չէր նմաներ։ Աստուած իմ, ի՜նչ օտար բառեր կային որոնց հայերէնները ինծի համար գոյութիւն չէին ունեցած այդ քսան տարիներու ընթացքին եւ հիմա յանկարծ հոսկէ հոնկէ դիմացս կþելլէին ու ինձմէ կը պահանջէին որ գործածէի իրենց հայերէն փոխադարձութիւնները։ Քաղաքական ասութիւններ կամ պաշտօններ, երկիրներու կամ քաղաքներու անուններ, դատական կամ գիտական ասութիւններ, հողագործական գործիքներ, ծաղիկներու կամ անասուններու տեսակներ։ Դեռ երկու օրուան խմբագիր էի որ քաղաքի մը անունը սխալ գրեցի ու յաջորդ օր հեռաձայնով սաստ ստացայ երէց գրողէ մը։ Այդ քաղաքին անունը հայերէնի մէջ տարբեր էր եւ ես չէի անդրադարձած։ Հինգ վայրկեանի մէջ այնպէս մը պիտի սորվէի այդ անունը որ անկէ վերջ քառասուն տարի ալ եթէ անցնէր, պիտի չմոռնայի։
Այսօր ալ դժուարութիւններ չկա՞ն օտար բառերը հայերէնի փոխադրելու գործին մէջ։ Կան։ Կան, որովհետեւ դժուարութիւնը անպայման օտար բառին հայերէնը գտնելու մէջ չէ, հայերէնը կրնաս գտնել կամ արդէն գիտես։ Դժուարութիւնը այդ բառը գործածելու մէջ է։ Որովհետեւ խնդիր մը կայ։ Չի բաւեր որ խմբագիրը գիտնայ, պէտք է որ ընթերցողն ալ գիտնայ։ Եւ պէտք է որ ընթերցողը չընդվզի անհասկնալի բառերու դիմաց։ Իրաւունք չունինք հայերէն սորվեցնելու յաւակնութեամբ նեղ կացութեան մատնելու մեր ընթերցողը։
Պարբերաբար ընթերցող մը հեռաձայնով կը փնտռէ մեզ ու սա կամ նա թրքերէն բառին հայերէնը կը հարցնէ։ Կամ սա կամ նա հայերէն բառին ուղղագրութիւնը կը հարցնէ։ Նոյնիսկ աշխատանքի ամէնէն սուր կամ անյարմար մէկ ժամուն այսպիսի հարցում մը մեծ հաճոյք կը պատճառէ մեզի։ Սիրով կը պատասխանենք։ Ասիկա մեր խմբագրի կեանքի զբաղումներէն մէկն է։
Բայց հարցում մը կայ զոր խմբագրի կեանքիս մջ առնուազն երեսուն անգամ լսած եմ։
¬ «Հէյէճան» բառին հայերէնը ի՞նչ է։
Այո՛, չեմ չափազանցեր։ Երեսուն անգամ լսած ըլլալու եմ այս հարցումը եւ հիմա գիտեմ թէ ինչ պիտի պատահի երբ պիտի պատասխանեմ։ Ընթերցողս շատ պիտի զարմանայ, կարծես պիտի չհամոզուի որ ճիշդ պատասխանը գտայ, պիտի վարանի, յետոյ շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ կարծես առանց բաւարարուած ըլլալու։
¬ «Հէյէճան»ի հայերէնը «Յուզում»ն է։
Ահաւասիկ արդէն պիտի զարմանայ մեր ընթերցողը։
¬ Բայց յուզումը ցաւ զգալ, յուզուիլ չէ՞։ Իմ հարցումը այդ չէ, ես «Հէյէճան»ը կը հարցնեմ։
¬ Սխալ չկայ։ Յուզում զգալը ուրիշ բան չէ, յուզուիլ, ցաւ զգալը ուրիշ բան է։ Ձեր հարցումին պատասխանը «յուզում» է, «յուզում ունենալ» է։
Խմբագրի կեանքիս մէջ «Հէյէճան» բառը մրցանիշ կոտրած բառ է։ Բայց ուրիշ բառեր ալ կան, որոնք հարցման նշաններ կը ստեղծեն մեր ընթերցողներուն մտքին մէջ։ Բայց մենք հոն ենք ահաւասիկ որպէսզի մեզի հարցնեն։
Վա՜յ մեզի եթէ օր մը այլեւս ոչ մէկը հարցնէ մեզի թէ «Հէյէճան» բառին հայերէնը ինչ է։ Այն ատեն պիտի հասկնանք որ մեր ժողովուրդին մօտ հայերէն լեզուի սա կամ նա բառը իմանալու որեւէ «հէյէճան» չէ մնացած։
(Շար.)
Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - (Յուշատետր - 71)