(Ե. եւ վերջ)

Արդէն  յայտարարուեցաւ, թէ ամբողջացած է  հեռախօսային դրամահաւաքը, որուն ձեռնարկուեցաւ ի խնդիր հայակրթութեան, այսինքն գաղութի պահպանման:  Գործնապէս եւ բարոյական տեսակէտէ  անչակերտ յաղթանակ մը արձանագրուեցաւ եւ գերազանցեց հետանպնդուած թիրախը, ինչ որ ոչ միայն  թեթեւացում մը բերաւ Ազգային Վարչութեան կրթական պիւտճէին, այլ նաեւ ու մանաւանդ ամրապնդեց համոզումը, որ ազգայիններ ներկայ  են ու նեցուկ՝ դժուարութիւնները յաղթահարելու նախաձեռնութեանց մէջ:

Այս առիթով եւ աւարտելու համար գրութիւններու այս շարքը, կը կատարենք հետեւեալ հինգ հաստատումները՝ կարգ մը առաջարկներով.-
1.-Ֆոնեթոնի յանձնախումբի կոչին ինքնակամ ընդառաջեցին աւելի քան հարիւր երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք Կիրակիի արձակուրդը տրամադրեցին հանգանակութեան՝ արձանագրուած յաջողութեամբ խանդավառուելով եւ խանդավառելով իրենց շրջապատը: Պարզուած տեսարանը ժխտումն էր բոլոր անոնց, որոնք «անյոյս» կը յայտարարեն այսօրուան երիտասարդութիւնը: Այս իրողութիւնը կը թելադրէ, որ մենք  մեր հայեացքը չկեդրոնացնենք միայն մեր անմիջական-ակմբային նեղ շրջանակին վրայ, այլ նաեւ տարածենք անկէ դուրս՝ ամբողջ գաղութին վրայ:
2.-Ֆոնեթոնը առիթ մը եղաւ համոզուելու, որ ազգայինները ամրօրէն կառչած են հայակրթութեան եւ ունին կամքը՝ անոր սպառնացող վտանգը դիմակալելու: Հետզհետէ սաստկացող երկրի տնտեսական տագնապը արգելք չեղաւ, որ իր թիրախին հասնի հանգանակութիւնը, հակառակ որ նախապատրաստութեան մէջ նկատելի էր որոշ դեդեւկոտութիւն եւ ձեռնարկուած  քարոզչութիւնը չէր համապատասխաներ վտանգի տարողութեան: Այս փաստը կը մղէ, որ ամէնէն թերահաւատներն իսկ վստահին ինքնապաշտպանութեան ազգային մեր ներքին բնազդին:
3.- Գտնուեցան ազգայիններ, որոնք իրաւացիօրէն հարց տուին ցած ձայնով, թէ ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ մէկ օրէն միւսը ազգային սնտուկը  մատնուեցաւ ներկայի անմխիթար կացութեան՝ գրեթէ սնանկութեան աստիճանին, առանց որ իմանայ գաղութը: Առաջնորդարանի դիւանը իր ընդունած կամ տուած այցելութիւններուն կþարձագանգէ պարբերական հաղորդագրութիւններով, բայց պատահած չէ, որ իր նիւթական գործառնութիւններուն անդրադառնայ երբեմն, որպէսզի հանրութիւնը գաղափար մը կազմէ անոր եկամուտներուն ու ծախսերուն մասին:
Կասկած չկայ, որ ներկայ կացութիւնը հետեւանք է այն բանին, որ ծախսերը եղած են գերազանց, քան մուտքերը: Բայց խնդիր է թէ՝ արդեօ՞ք այդ ծախսերը կը կատարուին առաջնահերթութեանց ըմբռնումով, թէ հինէն ժառանգուած հիմունքներով…: Բոլորս հարուածող տնտեսական տագնապը կը թելադրէ, նոյնիսկ կը պարտադրէ, որ ծախսերու արմատական զեղչումներ կատարուին, որպէս զի ազգայիններ հանգիստ զգան, որ իրենց տալիք լումաները պիտի չտրամադրուին շռայլ ժամանակներէ կարգադրուած պարտաւորութիւններու…: Ափ հոտուըտալու կարիք չկայ կռահելու համար, որ ոչ միայն շարքային ազգայիններ, այլ նոյնիսկ պատասխանատու մարմիններ ժամանակ առ ժամանակ ի վիճակի չեն եղած հետեւելու ազգային սնտուկի կացութեան: Այլապէս… : Յամենայնդէպս. ոչ մէկ ատեն եւ ոչ մէկ բարեմիտ մարդու վնասած է թափանցիկութիւնը եւ իրազեկութիւնը: Հակառակն է, որ ծառայած է չարամիտ ճղճիմներու, որ ուղղակի կամ անուղղակի յղումներով թէ ապառիթ մէջբերումներով հեղինակ  դառնան ցեխարձակումներու:
4.- Բոլոր տուեալները ենթադրել կու տան, որ երկրի տնտեսական տագնապը պիտի երկարաձգուի: Կացութիւն մը, որ հաւանաբար անխուսափելի պիտի դարձնէ  արտաքին օժանդակութեան պահանջքը: Ներկայ պայմաններու մէջ անհասկնալի պերճանք է այլեւս, որ իր սեփական կարիքներուն հասնելու հրամայականէն դուրս  գաղութը նիւթապէս ծանրաբեռնուի այլ մտասեւերումներ ունենալով կամ տարբեր-տարբեր փառասիրութիւններ փայփայելով: Այս կը նշանակէ, որ որոշ ժամանակի մը համար համամիութենական, համաեկեղեցական թէ համակուսակցական եւ կամ այլ ուղղութիւններով ստանձնուած արտաքին պարտաւորութիւնները անհրաժեշտ պիտի ըլլայ փոխադարձ հասկացողութեամբ սառեցնելու եւ բոլոր  կարելիութիւնները կեդրոնացնելու մեր կարիքներուն վրայ:
5.-  Գրիչը կը պարտադրէ, որ այս հաստատումներուն վերջինը տրամադրուի ձեռքի տակ եղող պակասաւոր ու անկանոն ցանկերուն, որոնց վրայ լուրջ ճիգեր ի գործ դրուեցան վերջին օրերուն, որոշ չափով դասաւորելու համար, որպէս զի կարելի ըլլայ զանոնք իբրեւ ատաղձ օգտագործել:
Անընդունելի է, որ մեզի պէս կազմակերպուած եւ երկար տարիներէ ի վեր ազգային-միութենական բոլոր գործօններով օժտուած փոքր գաղութ մը չունենայ  ազգայիններու հասցէներով ու հեռախօսի համարներով համալրուած կանոնաւոր ցանկ մը, որու պատրաստութեանը համար մեծ երեւակայութիւն չի պահանջուիր, այլ պարզապէս անհրաժեշտ կը դարձնէ գործի լծել ու վերահսկել, որպէս զի իրենց պաշտօնին իսկ բերումով ծխականներուն հետ անմիջական շփման մէջ գտնուողները իրենց աշխատանքին մասը նկատեն ծխականներուն ցանկագրումը, ինչ որ պիտի նպաստէ նաեւ, որ ընդլայնուի անոնց հոգեւոր ծառայութիւնն ու մխիթարանքի իրենց կոչումին աւելիով ընդառաջումը: Այդ ցանկերը  բաղդատելով ու համադրելով հին ու նոր աշակերտներու, միութենական ու մամուլի տրամադրած ցանկերուն հետ, կարելի է մշակել  կանոնակարգուած գաղութի ընդհանրական ցանկը:
Այս հաստատումներէն ետք, կ'արժէ վերստին սեղանի վրայ բերել տարիներու երկայնքին բազմիցս ծամծմուած ու մաշած օրակարգը այն մասին, որ կը վերաբերի դպրոցներու միացման: Ասիկա ոչ միայն նիւթական դժուարութեանց պարտադրանքով, այլ նաեւ ու մանաւանդ կրթական որակի բարձրացման հեռանկարով: Թերեւս կեանքը լուծէ այն, ինչի որ մարդիկ չկրցան լուծում տալ զանազան պատճառներով: Միեւնոյն տեղը, սահմանին վրայ յամենալը մաշում է, իսկ նոր հանգրուանի անցնիլը յառաջդիմութիւն եւ առողջացում: Յամենայնդէպս, այս խնդիրը խորքային ըլլալով պէտքը ունի աւելի լայն անդրադարձումի ու վերլուծման: Այս մասին՝ հետագային:

 ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ