Հարկը կը զգամ այս յօդուածը գրելու՝ առ ի պատասխան թերթերու մէջ կարդացածներուս, ինչպէս նաեւ ձեռնարկներու ատեն լսածներուս:
Բոլորս գիտենք, առանց որ պէտք ըլլայ ոեւէ մէկը մեզ յուշելու, թէ մեր գաղութին մէջ հայախօսութիւնը հետզհետէ կը տկարանայ:

Մեր ապրած կացութիւնը խառն ամուսնութիւններու, յոյն ընկերներ ունենալու, յոյն մթնոլորտի մէջ ապրելու եւ բաւական երկար՝ կարգ մը այլ պատճառներու հետեւանքն է:
Սակայն պահ մը անդրադառնանք, թէ ի՞նչ վիճակի մէջ է հայ ոգին: Այս հարցին մասին մտահոգուող կա՞յ:
Ճիշդ է, թէ հայախօսութիւնը կը տկարանայ: Այս մէկուն վրայ աւելցնենք նիւթական դժուարութինները, կամաւոր ծառայողներու նուազումը եւ ժամանակի պակասը: Կրնա՞յ մէկը նախատեսել, թէ այս գաղութի ապագան 10 տարիէն ինչի՞ պիտի նմանի:
Արդէն կը զգամ, թէ փորի ցաւը սկսաւ: Արտօնութիւն տուէ՛ք ինքզինքս ներկայացնելու: Ինչպէս յայտնի կ'ըլլայ ուղղագրական սխալներէս (որոնք պիտի երեւէին եթէ գրութիւնս առանց սրբագրութեան հրատարակած ըլլար խմբագրութիւնը), հայերէն լեզուի համալսարանական ուսում չունիմ: «Լ. Եւ Ս. Յակոբեան» նախակրթարանի պարզ շրջանաւարտ մըն եմ: Հայու հետ ամուսնացած, 36 տարեկան, 1 զաւակի մայր եւ զանազան յունահայ միութիւններու անդամ: Զաւակիս հետ կրցածիս չափ հայերէն կը խօսիմ եւ ան ալ, իր կարգին, նոյն վարժարանի աշակերտ դարձած է:
Բնիկ յունահայ մըն եմ: Ըստ երեւոյթին՝ յաջող կեանքի ընտրութիւններու բերմամբ յաջող հայ մօր տիպար մը պէտք է ըլլայի:
Սակայն, եկուր տե՛ս որ այս 36 տարուայ փորձառութենէս (առանց իսկ այցելած ըլլալուս օտար երկիրներու մէջ գտնուող հայ գաղութներ, որ գոնէ բաղդատութեան կարելիութիւնը ունենամ) տարբեր եզրակացութիւններու հասած եմ:
Իբր պատանի՝ առաջին սորված լեզուս եղաւ հայերէնը, որովհետեւ ծնողքս իրենց գիտցած հայերէնով հետս կը խօսէին: Յունարէն սորվեցայ 3-4 տարեկանիս, երբ յոյն ընկերներ ունեցայ: Յունարէնս զօրացաւ «Լ. Եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանին մէջ, ինչ որ բաւական տարօրինակ կը թուի, երբ մէկը նկատէ, թէ ունեցած ուսուցիչներս դուրսէն եկած եւ բարձր մակարդակի ուսում ստացած էին: Հազիւ նախակրթարանը աւարտած, ալ հայերէն գիրերը կը գործածէի պատահմամբ, ժողովներու ատենագրութիւն պահելու ատեն (այն ալ լեցուն ուղղագրական սխալներով): Կարդա՞լը, մանաւա՛նդ տպագիր ֆո՞նթը. առանց կմկմալու անկարելի դարձաւ: Հայերէն խօսիլս ալ տկարացաւ, հակառակ որ շարունակեցի հայկական միութիւններու մաս կազմել (պատանեկան, Համազգային, Հ.Մ.Ը.Մ. եւայլն), նկատի ունենալով որ մնացեալ անդամներու հայերէնն ալ հետզհետէ կը տկարանար:
Եւ դարձայ մայր: Կարիքը զգացի զաւակիս գոնէ հայ մնալու ընտրութեան կարելիութիւնը փոխանցել: Հետը կը խօսիմ իմ տկար հայերէնովս: Կը գնեմ հայկական CD եւ DVDներ եւ, ինչպէս արդէն պատմեցի, զինք դարձուցած եմ հայկական վարժարանի աշակերտ, անգամ մը եւս (նոյնքան տպաւորիչ ձեւով) նշմարելու համար, թէ փոխանակ հայերէն գործածելուն՝ յունարէն կը նախընտրէ արտայայտուիլ, առանց քննելու եթէ իր դասընկերները հայերէն կը խօսին իրենց ընտանիքին մէջ կամ ոչ:
Այս փոքրիկը 20-25 տարիէն իր ընտանիքը պիտի կազմէ: Հա՞յ, օտա՞ր: Ո՞վ գիտէ: Ո՞վ ալ կրնայ վստահեցնել, թէ ոչ միայն հայերէն պիտի կարենայ գրել, կարդալ ու խօսիլ, այլ նաեւ՝ պիտի ուզէ կամ կարենայ հայ մնալ ոգիով:
Կրնայի հոս փակել այս յօդուածը՝ մեր բոլորի բերնին մէջ լեղի համ մը ձգելով: Սակայն բնաւորութիւնս չ'արտօներ ատիկա, քանի որ սիրելի կարդացող ընթերցանութիւնդ մինչեւ հոս հասցուցիր: Կը զգամ, թէ փոքր հետաքրքրութիւն մը մնացած է: Թերեւս բան մը կրնանք ճարել:
Գաղութի ներկայ կառոյցներուն մաս կը կազմեն հայ դպրոցը (մեր 11 տարուան առօրեայ միջավայրը), եկեղեցին եւ թերթը, որոնք պաշտօնեաներ կ'օգտագործեն: Մնացեալ միութիւնները կամաւոր ձեւով գաղութին կը ծառայեն: Եւ գաղտնիք չէ, որ անդամներու պակասը սոսկալիօրէն զգալի է:
Անձնական կարծիքովս, կառոյցները բաւարար չեն յունահայ գաղութի ապագայի ապահովման համար:
Պէտք ունինք արդէն, մանուկ տարիքէն սկսեալ, մանկամսուրի մը:  Օտար լեզու սորվելու հայկական վարժարանի մը: Ակումբներու կողքին, հայկական սրճարանի մը: Հայկական մարզարանի մը: Հայկական գրադարանի մը: Մեր առօրեային հետ կապ ունեցող խանութներու եւ այլ կառոյցներու, որոնց մէջ հայը ինքզինք հա՛յ պիտի զգայ, որովհետեւ վարպետները եւ պաշտօնեաները հայ պիտի ըլլան: Եւ այսպիսով պիտի զօրանայ հայախօսութիւնը եւ վառ պիտի մնայ հայ ոգին:
Թող չվախնանք նոր կառոյցներ հիմնելէ: Յունահայ ժողովուրդը բաւական դրամ կը տրամադրէ՝ այս կառոյցներու ծառայութիւնները օտար տեղեր գտնելու համար: Ի վերջոյ կամաց-կամաց պէտք է դադրիլ կամաւոր ձեւով աշխատելէ:
Թող մօտենանք մեր գաղութին իբրեւ հիւանդ ընկերութիւն մը եւ փորձենք մեր ուժերը օգտագործել այնպիսի՛ ձեւով, որ այլեւս հայ ըլլալը եւ յունահայ գաղութին մաս կազմելը առաւելութիւն դառնայ եւ ոչ թէ պարզ պատահականութիւն:
Ինչ որ լաւ կ'աշխատի, փաստուած է, թէ ժողովուրդը անո՛ր կը մօտենայ: Եկէ՛ք փորձ մը ընենք:
Դո՛ւն ո՞րքան հայ կը զգաս: Ո՞ր ձեւով կրնաս օգտակար դառնալ գաղութին:
Վստահ ըլլանք, թէ հայ ոգին վառ պահելու արդիւնքներէն մէկը՝ հայախօսութեան զօրանալն ալ կ'ըլլայ, սիրելի յօդուածներու հեղինակներ եւ ձեռնարկներու դասախօսներ:

ՍԱՌԱ ՄԻՍԱՔԵԱՆ
This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it.