Անոնցմէ շատեր կան, որոնք բան մը ընելու, տեղ մը երթալու «ջանք»ը չեն ըներ, որովհետեւ յաճախ շատ յոգնած կամ շատ զբաղած ըլլալ ցոյց կուտան։
Իրականութեան մէջ ոչ մէկը եւ ոչ ալ միւսն են։ Այլ «յոգնածութեան» մը զգացումէ, տեսակ մը անզգացողութենէ կամ հոգեկան կացութեան անկումէ
կը տառապին եւ ասիկա իրենց վիճակէն դուրս գալու, հագուելու, տեղ մը երթալու եւ հաճելի շահախնդրութիւն մը ընելու իրենց ջանքը չափազանց կերպով դժուար կ'ընէ։
Բոլորս ալ բարեկամներ եւ ծանօթներ ունինք, որոնք առանց առաւել բան մը կամ տաղանդ մը ունենալու, հեշտ կը զգան եւ ուրախ կեանք մը կþապրին։ Առանց առաւել ճիգ մը ընելու իրենց շուրջը հիացողներու հաճելի շրջանակ մը կը ստեղծեն, իրենց պարապ ժամերը վայելել կը գիտնան եւ իրենց գործի եւ ընկերային կեանքին մէջ կը յաջողին։
Երբեմն կը տարակուսինք եւ հարց կուտանք, թէ ի՞նչ ունին անոնք արդեօք եւ մենք կամ միւսները չունինք։ «Միւս»ները անոնք են, որոնք բարեկամներ եւ շահագրգռութիւններ չունին, նուազ կը զուարճանան եւ իրենց գործի եւ ընկերային շրջանակին մէջ աներեւոյթ կը մնան եւ առանց առաւելութիւն մը, հմայք մը կամ տաղանդ մը ունենալու, իրենք իրենց մեկուսացած կեանք մը կþապրին։
Հաւանաբար դուք ալ -այր թէ կին- այս «միւս»ներէն մէկն էք։ Եթէ իրաւունքով դատէք ձեր «բախտաւոր» բարեկամները, իրենց յաջողութիւնը պատճառաբա- նող ձեզմէ աւելի բնական եւ անբնական տուեալ մը կամ տաղանդ մը չունին։ Սակայն մտածեցի՞ք երբեք թէ անոնք հաւանաբար իրենց յաջողութիւնը կը պարտին այն իրողութեան, թէ յաճախ «այո» եւ երբեք «ոչ» չեն ըսեր։ Մինչդեռ դուք, շատ աւելի դիւրաւ յաճախ «ոչ» կ'ըսէք։
Շատեր կան, որոնք հաւանական ձախորդութեան մը ենթազգացողութենէ տարուած, մեկուսացած կեանք մը կþապրին։ Երբեք չեն ուրախանար, չեն զուարճանար եւ հետեւաբար յանցաւորը անկասկած թէ իրենք են եւ ոչ «միւս»ները։ Արդեօք դուք ալ այսպիսիներէն մի՞ն էք։ Հաւանաբար դուք ալ հակառակ ձեր կամքին, շատ անգամներ խուսափելով կը մերժէք ձեզի եղած հրաւէրները, վախնալով, թէ գուցէ հոն հանդիպիք ուրիշներու, որոնց հետ մտքեր եւ տեսակէտներ փոխանակելու պարտաւորուիք։ Այսպիսիները իրենց անձին վստահութիւնը չունին եւ իրենց համար ընկերային կամ կենցաղավարական ելոյթները կամ հաւաքոյթները կարծես իրենց թերութիւնները մատնանշող «աչք»եր են։ Ասոնք անոնք են, որոնք այս «աչք»երուն տակ որեւէ մէկ կերպով տեղ մը երթալու կամ բան մը ընելու կը վախնան եւ հետեւաբար խուճապահար իրենց սովորութիւն ընելով «ոչ» կþըսեն։ Տատամսողներ են, փորձելու կը վարանին եւ հակառակ անոր, որ յաջողելու տաղանդը եւ կարողութիւնը ունին եւ սակայն «այո» ըսելու համարձակութիւնը չունին։
Բացարձակ վստահութիւնը կը նախընտրեն, հակառակ որ մեծ յաջողութիւններ կþերեւակայեն, սակայն առանց իրենց տաղանդն ու կարողութիւնները արժեւորել ջանալու, փոքր վարձատրութեամբ մը բաւարարուելով գոհացած կը զգան։ Վերջապէս, անոնք են, որոնք թէեւ անգամ մը «այո» կ'ըսեն եւ սակայն սխալ մը, դիտողութիւն մը կամ անյաջողութիւն կը ստիպէ զիրենք որ այլեւս տեւապէս «ոչ»ին ետեւ դիրք բռնեն։
Շատ մը մարդիկ, ֆիզիքական կամ հոգեկան աշխատութենէ մը ետք, ուր յաջողելու համար փորձառութիւն, սերտում եւ ջանք կþակնկալուի, այս նոյն կեցուածքը կþորդեգրեն։
Թէպէտեւ խղճալը մարդկային է եւ սակայն ձախողութեան մը համար վհատիլը բնական բան չէ։
Յաջողութիւն մը մատչելի կþըլլայ, երբ համբերութիւն կ'ունենանք, երբ կը ջանանք սորվիլ այն բանը, զոր մեզ հետաքրքրողին հետ կապ ունի։ Երբ կը սերտենք դժուարութիւնները զոր մեզի կը վերաբերի, երբ անոնցմէ մագլցիլ կը ջանանք։ Սակայն երբ առաջին դժուարութեան առջեւ կռնակ կը դարձնենք, անխուսափելիօրէն սրտմտութեան եւ առանձնութեան մէջ կը սուզուինք։ Յուզումի եւ առանձնութեան դեղաթափը մեր շահախնդրութիւնները խորացնելու եւ նորերով ճոխացնելու մեր ջանքին մէջ է։
Անձնասիրութիւնը նոյնպէս ժխտական տուեալ մըն է, ուր շատ մը գոհունակութիւններէ մեզ կը զրկէ։
Մարդիկ կան, որոնք իրենց ընծայուած բարեկամութեան ընթացքին այն ուրախութիւնը զոր պիտի կարենան անկէ քաղել, «ոչ» կ'ըսեն, որովհետեւ կը հաւատան, թէ անոնց բարեկամութեան «ջանք ընել չ'արժեր»։
Անձնասիրութեան այս մտայնութիւնը կը ստիպէ որ հասարակաց ջանքի մը, կացութեան մը բարելաւումի կամ անկարի մը օգնելու համար եղած դիմումներուն ոչ ըսենք։ Որով, բնական է անշուշտ, թէ այս անձնասիրական ձեւաւորուած մերժումը կ'առանձնացնէ եւ մարդկային բոլոր ուրախութիւններէ կը զրկէ։
Վերջապէս, ասոնք անոնք են, որոնք բան մը ընելու, տեղ մը երթալու «ջանք»ը չեն ըներ, որովհետեւ յաճախ շատ յոգնած կամ շատ զբաղած ըլլալ ցոյց կուտան։ Իրականութեան մէջ ոչ մէկը եւ ոչ ալ միւսն են։ Այլ «յոգնածութեան» մը զգացումէ, տեսակ մը անզգացողութենէ կամ հոգեկան կացութեան անկումէ կը տառապին եւ ասիկա իրենց վիճակէն դուրս գալու, հագուելու, տեղ մը երթալու եւ հաճելի շահախնդրութիւն մը ընելու իրենց ջանքը չափազանց կերպով դժուար կ'ընէ։ Հակառակ անոր, որ շատ անգամ երբ բարեկամներու ճնշումին տակ «այո» կþըսեն, կը հասկնան թէ եթէ «ոչ» ըսած ըլլային, հաճելի եւ ճոխ վայելքէ մը զրկուած պիտի ըլլային, եւ սակայն դարձեալ «ոչ» ըսելը կը նախընտրեն։
Ահա թէ ինչու կարելի է հասկնալ թէ շատ մը մարդիկ ուր ամէն բան ունին, առանձնացած կեանքի մը թախիծը կը զգան, մինչդեռ ուրիշներ, որոնցմէ շատ բաներ կը պակսին, հեշտ եւ ուրախ կեանք մը կþապրին։
Կ. Գ.