«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:
Հայերէնի խնդիր
Ա.
Խմբագրական մեր աշխատանքը վերջացնելու վրայ էինք երբ մեր գործակից ընկերուհիներէն մէկը հարցուց.
- Թէքսթիլին հայերէնը ի՞նչ է։
Այսպիսի հարցումներու նշաւակ կը դառնամ շատ յաճախ, անպայման կը գտնեմ հայերէն փոխադարձութիւնը, կամ բառարաններուն կը դիմեմ, հայերէնը կը փնտռեմ եթէ չնաշխարհիկ բառի մը հետ գործ ունիմ։ Բայց երբեմն ալ կը պատասխանեմ այսնպէս ինչպէս պատասխանեցի վերի հարցումին.
- «Թէքսթիլ»ին հայերէնը «թէքսթիլ» է։
Սիրելի ընթերցողները չկարծեն որ չեմ գիտեր թէ «թէքսթիլ» բառն ալ ունի հայերէն իր ճշգրիտ կամ մօտաւոր փոխադարձութիւնը, կրնամ հիւսուածեղէն ըսել, կրնամ կտաւագործութիւն ըսել, կրնամ տպածոյի ճարտարարուեստ ըսել, կրնամ շատ բան ըսել, բայց հոս ալ հարց մը կայ։ Եթէ այդ հայերէն բառերէն մէկը կամ միւսը գործածեմ, ընթերցողները իրենց մտքին մէջ պիտի չկարենան պատկերացնել այն ինչ որ կը պատկերացնեն երբ կը լսեն «թէքսթիլ» բառը։ Ասիկա շատ նուրբ հարց մըն է։ Ես որ այնքան մաքրակրօն եմ հայերէն լեզուի գործածութեան խնդրին մէջ, ես որ կը սիրեմ քիչ գործածուած հայերէն բառերն իսկ գործածել անոնց քովը թրքերէն կամ այլ լեզուով նշանակութիւնը տալով, այս կերպով ընթերցողներուն բան մը սորվեցնել, կարգ մը պարագաներու դիմաց կը մտածեմ որ սխալ է այս մաքրակրօնութիւնը տանիլ մինչեւ ծայրայեղութիւն։ Հայոց լեզուին դաւաճանա՞ծ կþըլլամ եթէ «թէքսթիլ» բառը գործածեմ փոխանակ «հիւսուածեղէնի ճարտարարուեստ» բառերը գործածելու։ Այս պատճառաւ ալ գործընկերներս երբեմն կրնան ինձմէ լսել.
- Պէնզինին հայերէնը ի՞նչ է։
- Պէնզինին հայերէնը պէնզին է։
- Թէքնիքին հայերէնը ի՞նչ է։
- Թէքնիքին հայերէնը թէքնիք է։
- Փրոթոքոլին հայերէնը ի՞նչ է։
- Փրոթոքոլին հայերէնը փրոթոքոլ է։
Մինչդեռ սա «փրոթոքոլ»ին տեղ որքան լաւ կþըլլար գործածել «արարողակարգ» բառը։
Խմբագրատան աթոռիս վրայ նստած՝ երբեմն լսելու պէս կþըլլամ ձայնը սա կամ նա օտար երկրին մէջ գործող հայ գրողի մը, հայ մտաւորականի մը կամ ուսուցիչի մը որ քթին տակէն խնդալով կþուզէ ինծի սորվեցնել թէ ինչ է թէքսթիլին, պէնզինին, թէքնիքին, փրոթոքոլին կամ գիտութեան ու համակարգիչի մարզերէն ներս քանի մը նորելուկ միջազգային բառերուն հայերէնները։ Ես դժգոհ չեմ անոնց ձայնէն։ Ուրախ եմ որ իրենց առիթ կուտամ որպէսզի կարծեն թէ կրնան բան մը սորվեցնել ինծի։ Հոգ չէ թէ երբեմն ալ իրապէս կրնան սորվեցնել բան մը զոր չէի գիտեր։ Բայց հարցը բան մը սորվեցնել չէ։ Հարցը ընթերցողներու հետ հաղորդակցութիւն պահելն է։ Ատկէ զատ, ես շատ հետաքրքիր եմ լսելու թէ ինծի մաքուր հայերէնի դաս տուող մտաւորական բարեկամ մը իր սեփական շրջանակին մէջ ի՞նչպէս կը խօսի զինքը շրջապատող ուրիշ հայերու հետ։ Առօրեայ խօսակցութեան մը ընթացքին անոնց դիմաց ալ կը գործածէ՞ այն բառերը զորս պիտի ուզէր սորվեցնել ինծի։ Կամ մինչեւ իսկ հայերէն կրնա՞յ խօսիլ հայերէնը ջարդուփշուր ընող քանի մը հայերու հետ։
Բայց այդ մէկը ուրիշ հարց է։ Գալով մեզի, եթէ ամէն գնով ու ամէն զոհողութեամբ պիտի շարունակենք գործադրել հայերէն գրելու ու հայերէն թերթ հրատարակելու «տխմար հերոսութիւն»ը, կամ «հերոսական տխմարութիւնը», մենք ընթերցողը պէտք է մեզի կապուած պահենք հասկնալի ու հաճելի հայերէնով մը։ Հայերէնով կարդացողներու բաւական լայն աշխարհագրութեան մը մէջ շատեր գիտեն թէ տասնամեակներէ ի վեր ես իմ համեստ չափերով կը ջանամ հեզասահ, հասկնալի ու հաճելի ոճ մը գործածել իմ բոլոր գրութիւններուս ու խմբագրած լուրերուս մէջ, բայց հակառակ ատոր, օր մը մէկը յանկարծ դիմացս կ'ելլէ ու կþըսէ.
- Գրածներդ դժուար հասկնալի են, քիչ մը աւելի պարզ գրէ։
Կամ.
- Շատ գրաբար կը գրես, այսքան գրաբար մի՛ գրեր։
Մեր այս սիրելի ընթերցողներուն կամ չընթերցողներուն համար «հիւսուածեղէնի ճարտարարուեստ» բացատրութիւնը գրաբար է։ Եթէ չես ուզեր գրաբար գրող կարծուիլ, այն ատեն ահաւասիկ «թէքսթիլ» պիտի ըսես։ Է՜հ, այսքանին մենք վաղուց յօժարած ենք արդէն, բայց ինչ մեղք որ այսքան չէ, մեզ գրաբարով ամբաստանող սիրելի մարդը ատկէ շատ աւելին կը պահանջէ։ Ես գիտեմ, ան շատ գոհ պիտի ըլլայ եթէ գրեմ այնպէս ինչպէս ինք կը խօսի։ Գիտեմ տակաւին որ շատեր ինծի հետ խօսիլ չեն ուզեր որովհետեւ ես «գրաբար» կը խօսիմ, կամ իրենք չեն կրնար «գրաբար» խօսիլ։ Գիտեմ տակաւին ուրիշ բան մը։ Ամէնէն տխուրը։ Մեզի նման գրաբար խօսողները մօտ օրէն աշխարհի վրայ բոլորովին առանձին պիտի մնան, իրենց շուրջ խօսակից պիտի չգտնեն։
Բայց մինչեւ որ այդ տխուր օրը հասնի, մենք թերթիս խմբագրատան մէջ պիտի շարունակենք հայոց մարգարտանման գիրերը շարել մեր համակարգիչներու ստեղնաշարին վրայ։
Եթէ ուշադրութիւն ըրիք, «քոմփիւթէր չըսի», համկարգիչ ըսի, «քլավիէ» չըսի, ստեղնաշար ըսի։ Եւ չկարծուի որ գրաբար խօսեցայ։
(Շար.)
Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - (Յուշատետր - 71)