Երկուշաբթի, 28 Մայիս, 2012

Մայիսի 28-ն է։ Ամբողջ կեանքս անցուցած եմ այնպիսի շրջանակներու մէջ, ուր այս տօնը մեծ շուքով նշուած է։ Անոր հետ կապած ենք մեր վերածնունդի, վերապրելու եւ ապագայի հանդէպ յոյսի մեր բոլոր իղձերը։

Ուշի հաստատուելէ անմիջապէս ետք, նախաձեռնեցինք այս տօնը մեր տան մէջ նշելու սովորութեան։ 2008-ին կազմակերպեցինք առաջին հանդէսը, «մեր» երախաներուն ուժերով եւ մեր հարեւաններուն համար։ 2009-ին ան դարձեալ տեղի ունեցաւ մեր տան մէջ, թէեւ այդ անգամ բացակայ էինք եւ արդէն Թորոնթօ գացած ներկայ ըլլալու մեր զաւկին Վազրիկի՝ Գայիանէի հետ ամուսնութեան։ 2010-ին, դարձեալ ներկայ չէինք, այս անգամ մեր զաւկին Յովիկին՝ Դալարի հետ ամուսնութեան համար։ Սակայն նկատելով, որ արդէն դպրոցի սրահը նորոգուած է, մեր տան մէջ Մայիսի 28 տօնելու կարիքը չմնաց մտածեցինք։ Աւաղ, կրթական նախարարութեան հրամանով, դպրոցները կը փակուին Մայիսի 28-էն առաջ, դպրոցներու մէջ նման հանդիսութիւնները դարձնելով անկարելի…
2011-ին, ես հոս չէի, եւ Մարգարը երախաները Ուճան տանելով եւ ապա իր ուժերով խնճոյք կազմակերպելով նշած էր զայն։ Այս տարի, արդէն քանի մը օր առաջ, մեր հարեւանները սկսան հարց տալ, թէ արդեօք Մայիսի 28-ի տօնակատարութիւն պիտի չկազմակերպե՞նք։ Այս ամիս, երախաներուն հետ արդէն նշած ենք Մայիսի 9-ը (Յաղթանակի օր) եւ Մայիսի 17-ը (Համբարձում)։ Սակայն, ծնողները ներկայ չէին այդ հանդիպումներուն։ Ուստի այս հարցումը իրենցմէ կու գար։
Կէսօրին, մեր հարեւան Արտաշը, որ արտագնայ աշխատանքով Մոսկուա կը գտնուի, եւ ներկայ եղած է մեր անցեալ տարիներու Մայիս 28-եան հաւաքներուն, կը հեռաձայնէ, շնորհաւորելու մեր տօնը։ Ուրախ ենք, որ արդէն Մայիս 28-ի տօնակատարութիւնը մաս կազմեց մեր հարեւաններու կեանքին։
Աղջիկները դարձեալ կանուխ կու գան եւ կը լծուինք նախուտեստներն ու թխուածքները ամբողջացնելու գործին։ Մարգարը այս տարի ընդարձակած է հրաւիրեալներու իր ցանկը։ Կարբի գիւղէն հրաւիրած է մեր գիւղերու քահանան Տէր Եփրեմը եւ բժիշկ Սաբրոն։ Հրաւիրուած են նաեւ մեր դպրոցի Տնօրէնն ու փոխ տնօրէնը, իրենց ընտանիքներով։ Ժամը երկուքին «մեր» երախաներուն ծնողները, հարեւանները եւ հիւրերը, բոլորն ալ ներկայ են արդէն։
Միջոցառումը մեր տան առջեւի բակին մէջ տեղի պիտի ունենայ։ Կը սկսինք «Մեր Հայրենիք»ով եւ դրօշակի պարզումով։ Ապա «մեր» երախաները կը սկսին երգել ու արտասանել։ Հանդիսավարը Մարգարն է։ Խօսք կ'առնեն մեր դպրոցի տնօրէն Օգսէնը, փոխ տնօրէն Նայիրին, բժիշկ Սաբրոն եւ Տէր Եփրեմը, ապա կը մտնենք ներս եւ Տէր Եփրեմի սեղանի օրհնութենէն ետք կը նստինք զուարճանալու։
Այսօր երախաներուն թիւը 15-ն է։ Անոնց նախասիրած անկիւնը մեր խոհանոցն է։ Տասնըհինգ հոգի կը խմբուին մեր խոհանոցի վեց հոգինոց սեղանին շուրջ։ Թէեւ հիւրասիրութեան ձեւը ինքնասպասարկումն է, տակաւին այս ձեւը արմատներ չէ նետած մեր գիւղին մէջ, ուստի, աղջիկները եւ ես յարատեւօրէն կը պտտցնենք ափսէները… Կիները կը խմբուին բակի սեղանին շուրջ, տղամարդիկը՝ ներսը, ճաշասեղանին շուրջ։ Մթնոլորտը տաքուկ է եւ մտերիմ։ Հակառակ որ ամպրոպ եւ փոթորիկ կը նախատեսէին այս երեկոյեան համար, այս նախատեսումը չ'իրականանար եւ մեր միջոցառումը կ'անցնի շատ յաջող։
Կիները բոլոր ամանները կը լուան եւ կը չորցնեն տուն չգացած։ Երախաները կը մնան։ Մեծերուն երթալէն վերջ կը միացնեն երաժշտութիւնը եւ կը սկսին «քէֆ»ի։ Յետոյ կը սկսին խմբական խաղերը։ Ժամը 7:30-ին, ստիպուած եմ յուշելու, որ մթննալու վրայ է եւ չեմ ուզեր որ մութին տուն երթան։ «Չեմ ուզեր ձեր քէֆը աւրել, բայց հաշիւնիդ լաւ ըրէք, որ մութը չինկած ամէնքդ ալ տուն հասած ըլլաք», կ'ըսեմ։ «Այո, տիկ. Էլիզ», կը պատասխանեն միաձայն, բայց կը շարունակեն իրենց խաղը։ Գիտեմ, որ նման օրեր, ճամբայ կ'ելլեն միասին եւ ամենահեռու տունէն կը սկսին եւ գիւղը պտտելով կ'երթան տուն։ Քիչ ետք, ոտքի կ'ելլեն, առանձին առանձին շնորհակալութիւն կը յայտնեն եւ ճամբայ կ'ելլեն…
Տան մէջ խաղաղութիւնը կը տիրէ։ Արդէն երեկոյեան լուրերու ժամանակն է։ Մեզի համար շատ հետաքրքրական է իմանալ, որ ինչ ձեւով պիտի անդրադառնան այս տօնին։ Կը սկսինք «Երկիր Մեդիա» կայանով։ Ամբողջ լրատուութիւնը Մայիսի 28-ին կը վերաբերի։ Առաւօտուն ալ, բացառաբար հեռատեսիլը միացուցած էի, եւ գիտեմ, որ բոլոր օրը այս նիւթին յատկացուած լրատուութիւն էր։ Արխիւային տեսանիւթեր, պատմաբաններու հետ զրոյցներ, Մայիս 28-ը կերտողներուն մասին բացայայտումներ… Զարմանքս մեծ է, երբ պետական Հ1 կայանն ալ երեկոյեան լուրերը կը նուիրէ այս նիւթին։ ՀՀ նախագահը, ԼՂՀ նախագահը, կաթողիկոսը, բոլորն ալ հանդէս կու գան ուղերձներով։ Կրկին ու կրկին անգամ կը շեշտուի առաջին հանրապետութեան կարեւորութիւնը որպէս հիմնաքար երկրորդ եւ այժմեան երրորդ հանրապետութիւններուն համար։
«We have come a long way…», պիտի ըսէին գանատացիները։ Ճշմարտութիւնը ուշ կամ կանուխ միշտ կը ճառագէ…

Չորեքշաբթի, 30 Մայիս, 2012

Այսօր, Ուշիի «Նիկոլ Աղբալեան»ի անուան դպրոցի տասներորդ դասարանը զբօսապտոյտ կազմակերպած է դէպի Խոր Վիրապ, Նորավանք եւ Զանգակատուն, Պարոյր Սեւակի տուն թանգարանը։ Մենք ալ հրաւիրուած ենք։ Այս դասարանն են «մեր» երախաներէն երեքը՝ Ժասմինը, Արփինէն եւ Գեղամը։ Առաւօտեան ժամը 7:30-ին գիւղի հրապարակն ենք։ Տասնըութը աշակերտներու կողքին կան զանազան ուսուցիչներ եւ ծնողներ։ Երեսունէ աւելի հոգիով կը մտնենք միջնադարեան ուղեւորատար մը, որուն մէջ կը բեռցուի նաեւ խորովածի համար հարկ եղած ամէն տեսակի պարագաներ, նոյնիսկ երկու կապոց վառելափայտ… Ինքնաշարժին մէջ մեր թիւով աթոռներ չկան, բայց կան փայտեայ երկար նստարաններ, որոնք դրուած են միջանցքին մէջ… Աշակերտները երկու հոգինոց աթոռներուն վրայ երեքով կը նստին եւ խանդավառ տրամադրութեամբ կ'ելլենք ճամբայ…

Պարոյր Սեւակի դամբանին առջեւ՝ Զանգակատուն գիւղ


Ինքնաշարժը ճամբուն ցնցումներէն պաշտպանւելու համար հարկ եղած զսպանակները կը թուի չունենալ… Արկղներով զովացուցիչներու շիշերը ինքնաշարժի տատանումներուն հետ կը շխշխկան… Այս բոլորը ոչինչ կը պակսեցնէ երախաներու եւ ծնողներու խանդավառութենէն, որոնք փոքր բացառութիւններով, առաջին անգամ պիտի տեսնեն վերոյիշեալ վայրերը։
Եղանակը պայծառ է, Արարատը  պարզ։ Կ'ուղղուինք դէպի Էջմիածին ապա M-3 մայրուղիով դէպի հարաւ։ Այս զբօսապտոյտի ժամանակ կ'անցնինք չորս մարզերէ՝ Արագածոտն, Արմաւիր, Արարատ եւ Վայոց Ձոր եւ Հայաստանի երկու հին մայրաքաղաքներէն՝ Վաղարշապատ (Էջմիածին) եւ Արտաշատ եւ կը մօտենանք այլ երեք մայրաքաղաքներու՝ Երեւան, Արմաւիր եւ Դուին։ Կ'անցնինք Մասիս ու Արարատ անուանումներով քաղաքներով։ Ճամբորդութիւնը Հայոց Պատմութեան դասի մը տպաւորութիւնը կը ձգէ վրաս։
Մեր առաջին կանգառը Երասխաւանն է։ Կ'իջնենք, հանգըստանալու եւ մեր վարորդին առիթ տալու որ ինքնաշարժը  կրկին բնական կազով լիցքաւորէ։ Հոս պայման է, որ բոլոր ճամբորդները իջնեն ինքնաշարժներէն, ինքնաշարժը բնական կազի լիցքաւորման կայանը չմտած, ապահովութեան համար։ Գիւղի մթերքի խանութէն ջուր, սառը սուրճ կամ զովացուցիչ կարելի է գնել։ Այս խանութի ճիշդ մօտը թխուածքներու խանութ մը կայ, ուրկէ կը բուրէ նոր պատրաստուող թխուածքներու հոտը, բայց մեզմէ ոչ մէկը չի համարձակիր հոն մտնել։ Բոլորս ալ կը զգուշանանք անծանօթ տեղերէ բան մը ուտելէ…
Թարմացած, կրկին կը մտնենք ինքնաշարժ։ Զանգակատունը, հին անունով Չանախչի, ապա Սովետաշէն, 1991-ին վերանուանուած է Զանգակատուն ի յիշատակ Պարոյր Սեւակի, որովհետեւ անոր ծննդավայրն է։ Հոս՝ իր տան այգիին մէջ թաղուած է ան ըստ իր բանաւոր կտակին։ Հոս է նաեւ իրեն նուիրուած տուն թանգարանը։ Մեր այցելութեան թիրախը այգիի դամբանն ու տուն թանգարանն են։
Առաջին անգամ չէ որ կ'այցելեմ զայն, բայց Սեւակի տապանաքարը եւ անոր դիրքը իր իսկ մշակած ծիրանի ծառին տակ տպաւորիչ են։ Տապանաքարը վիթխարի ժայրակտոր մըն է, բայց իր երեւութապէս անտաշութեամբ, արուեստի իսկական գործ է։ Կը խմբուինք անոր շուրջ։ Մեր աշակերտները Սեւակէն քանի մը բանաստեղծութիւն կ'արտասանեն, Մարգարը եւ փոխ տնօրէն Նայիրին խօսք կ'առնեն եւ ապա կ'ուղղուինք տուն թանգարանը։ Թանգարանին մէջ մեզի կու տան զանազան տեղեկութիւններ, կը լսենք Սեւակի ձայնը եւ կը դիտենք իրեն վերաբերող զանազան իրեր։ Ինծի համար այսօրուան նորութիւնը անոր նախնիներուն տասնըիններորդ դարի սկիզբը Պարսկաստանի Խոյ-Սալմաստ գաւառի գիւղերէն հոս գաղթած ըլլալն է։ Չեմ գիտեր ինչպէս, մինչեւ հիմա այս տեղեկութիւնը վրիպած էր ուշադրութենէս։
Դժբախտաբար այս շատ գեղատեսիլ վայրի, խնամուած այգիի եւ լաւ պահուած թանգարանի վճարովի զուգարանը (արտաքնոցը), «Johnny-on-the job»ի տեսքով խցիկ մըն է, ուր ոչ ջուր կայ, ոչ թուղթ, ոչ ալ աղբաման։ Առաւել, ան արեւելեան տիպի է ուրեմն չունի նստարան։ Եթէ Հայաստանի մէջ ընթերցողներ ունենայի, զիս պիտի մեղադրէին սփիւռքահայու զուգարաններու հանդէպ աւելորդ պահանջկոտութեամբ։ Բայց մի՞թէ, պետութիւնը կամ Պարոյր Սեւակի հիացողները չեն կրնար սրբագրել այս անյարմար կացութիւնը։
Կը շարունակենք դէպի Արենի եւ ապա Նորավանք։ Ճամբան կանգ կ'առնենք այն յուշաքարին մօտ, որ զետեղուած է Պարոյր Սեւակի եւ իր կնոջ մահացու վթարի վայրը։ Յուշաքարին վրայ դիպուկ կերպով գրուած է, «Եղիցի լոյս, եւ եղեւ խաւար»։Կ'աճապարենք կրկին ինքնաշարժ մտնել։ Ծնողական յանձնախումբի անդամները նկատելով, որ բոլորս ալ անօթեցած ենք, մատնաքաշ հացի մէջ քանի մը կտոր երշիկեղէն կը հրամցնեն մեզի ինքնաշարժին մէջ։ Այս անպաճոյճ բրթուճը (sandwitch) բոլորս ալ կը կրծենք մեծ բաւականութեամբ։
Կը հասնինք Նորավանք։ Վերջին անգամ հոս եղած ենք, այս համալիրի նորոգութեան եւ բարեկարգման բարերար՝ մոնթրէալահայ Տիգրան Հաճէթեանի թաղման արարողութեան համար։ Այս համալիրը եւ անոր շրջապատող անզուգական բնութիւնը տպաւորիչ են, ամէն անգամ, նոյնիսկ եթէ բազմիցս այցելած ես զանոնք։ Աշակերտները երիտասարդութեան յատուկ ճկունութեամբ կը բարձրանան Սուրբ աստուածածին եկեղեցւոյ  ճակատի նեղլիկ աստիճաններէն, կը նկարուին, բակի հորին մէջ կ'իջնեն… Ես կը տեղաւորուիմ Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայ եկեղեցւոյ ճակատին քանդակուած Հայր Աստուծոյ հազուագիւտ պատկերաքանդակին առջեւ։ Այս քանդակը, իր ինքնուրոյնութեամբ միշտ հմայած է զիս։ Ան Հայր Աստուածը կը ներկայացնէ «մարդու կերպարանքով,  տպաւորիչ դիմագծերով, փառահեղ մօրուքով, խոշոր, ձուաձեւ աչքերով, գանգուր մազերով: Աստծոյ նման պատկերաքանդակը աննախադէպ է, քանի որ Հայր Աստուածը միջնադարում պատկերուել է կամ երկնքից իջած աջ ձեռքի տեսքով, կամ լոյսի տեսքով: Աստծոյ մորուքից ցած Սբ. Հոգին խորհրդանշող աղաւնին է, որի կտուցը որպէս Աստծոյ շունչ հպուած է Աստծոյ ձախ ձեռքում գտնուող Ադամի շուրթերին (միայն գլուխն է պատ-կերուած): Աջ կողմում՝ Հայր Աստծոյ օրհնող Աջի տակ, խաչուած Քրիստոսն է, երկու կողքերին՝ Աստուածածինը եւ Յովհաննէս աւետարանիչը: Ներքեւում պառկած եւ ձեռքը դէպի «Խաչելութիւնը» ուղղած Դանիէլ մարգարէն է: Աստծուց ձախ սերովբէ է պատկերուած»։ Այս նկարագրութիւնը, որ համացանցէն վերցուցած եմ այնքան լաւ կը նկարագրէ այս աննման քանդակը։
Ճարտարապետ եւ քանդակագործ Մոմիկ վարդապետի անունը սերտօրէն կապուած է այս համալիրին հետ։ Կան բազմաթիւ աւանդավէպեր կապուած համալիրին եւ իր անունին հետ։ Անոնցմէ մէկը կը պատմէ, որ «Մոմիկը սիրահարւում է Սիւնեաց իշխանի միակ աղջկան՝ Լուսիկին: Լուսիկն էլ Մոմիկին է սիրահարւում: Իշխանն իմանում է այդ մասին, ու, որովհետեւ հանգուցեալ իշխանուհուն խօսք էր տուել, որ նրա հոգու փրկութեան համար պիտի շինէր մի վանք, որի նմանը չլիներ հայոց աշխարհում, կանչում է Մոմիկին եւ այսպիսի պայման դնում:
Մոմիկը երեք տարում պէտք է կառուցէր երեք տաճար, որոնցից մէկը լինելու էր իշխանի տոհմական դամբարանը, երկրորդը՝ աղօթատուն, իսկ երրորդ տաճարում պետք է կատարուէր Մոմիկի ու Լուսիկի պսակադրութիւնը: Մոմիկը նախօրօք պիտի կտրէր, տաշէր ու քանդակէր երեք տաճարի քարերն այն հաշուով, որ ոչ մի քար չպակասէր, ու վանքն էլ անկրկնելի պիտի մնար հայոց աշխարհում:
Մոմիկն ընդունում է այս պայմանը: Նա աշխատում է օր ու գիշեր՝ մտածելով Լուսիկի մասին, նրա տեսիլքից ուժ ստանալով ու երեւակայութեան մէջ ստեղծուած պատկերները քարերի վրայ մարմնաւորելով: Նա աւարտում է քարերի մշակումը, հաշուարկում ու մտքում որոշում իւրաքանչիւր քարի տեղը, գտնում երրորդ տաճարի գմբէթի վերջին քարը՝ վրան քանդակելով նետահար մի սիրտ, որին վերեւից նայում էր լուսինը: Ապա գարնանն սկսում է առաջին տաճարը: Երկրորդ գարնանն արդէն սկսում է երկրորդ տաճարը: Վերջին տաճարը Մոմիկը կառուցում է աւելի մեծ եռանդով՝ շարելով գիշեր ու զօր: Ահա վերջապէս վարպետը հասնում է գմբէթին, եւ նրա քարերից ոչ մէկը դեռ չէր պակասել: Իշխանը, տեղեկանալով, որ Մոմիկն արդէն մօտենում է շինարարութեան աւարտին, կանչում է իր Սեպուհին եւ հրամայում սպանել վարպետին: Սեպուհը բարձրանում է Մոմիկի մօտ՝ իբրեւ թէ իշխանի կողմից նրան շնորհաւորելու՝ աշխատանքի աւարտի առթիւ: Երբ ուրախացած Մոմիկը պատրաստւում է վերջին քարը դնել գմբէթին, Սեպուհը հրում է նրան, եւ վարպետը քարի հետ ընկնում է երրորդ տաճարի մէջ՝ սեղանի առջեւ, ուր պիտի կատարուէր նրա պսակադրութիւնը: Այնտեղ էլ թաղում են նրան, իսկ տաճարը կիսատ մնաց, որովհետեւ նրա վերջին քարը չդրուեց, այլ շիրմաքար դարձաւ վարպետի համար: Սակայն վանքը անկրկնելի մնաց, ինչպես ասել էր իշխանը, որովհետեւ չկար նրա ստեղծողը, որ նորը շինէր, ուստի միշտ նոր էր մնալու: Եւ այդ պատճառով էլ վանքի անունն էլ մնաց Նորավանք»։
Արդար ըլլալու համար պէտք է աւելցնեմ, որ այս համալիրի զուգարանը, թէեւ վճարովի, սակայն արեւմտեան չափանիշերով եւ մաքրութեամբ է։
Չմեկնած Մարգարը եւ ես կը բաժնուինք խումբէն, յարգանքի տուրք մատուցելու մեր լաւ ընկերոջ Տիգրան Հաճէթեանի շիրիմին։
Դաշտկերոյթը (փիք-նիք) ծրագրուած է, Նորավանքի մօտ, Արփա գետի ափին։ Կան զանազան տաղաւարներ եւ խորովածի յարմարանքներ, այս շրջանին մէջ։ Փոքր վարձքի մը փոխարէն, կը տեղաւորուինք անոնցմէ մէկուն մէջ եւ տղամարդիկը կը սկսին խորովածի պատրաստութեան։ Աշակերտներէն տղաքը, ժամանակ չեն կորսնցներ եւ հագուստ կապուստով կը մտնեն Արփա գետ լողալու։ Ծնողները կը պատրաստեն սեղանը, սուրճ կը հրամցնեն մեծերուն եւ անդրադառնալով որ աւելորդ է այլեւս խօսիլ բոլորովին թրջուած տղոց, կը համակերպին կացութեան։ Ուշագրաւ է, որ աղջիկներէն ոչ մէկը չի համարձակիր հետեւիլ իրենց օրինակին…
Ճաշի ժամանակ, պատահմամբ վեր կ'առնեմ գլուխս։ Ճիշդ մեր դիմացը, Արփայի կիրճէն կտրուկ վեր բարձրացող բլուրին վրայ, արեւով ողողուած կը տեսնուի Նորավանքի համալիրը։ Յիշարժան տեսարան մըն է իսկապէս։
Այս դաշտկերոյթը իր աշխարհագրական դիրքով, կազմակերպուածութեամբ, ուրախ եւ հաճելի մթնոլորտով երկար պիտի մնայ մեր յիշողութեան մէջ։
Վերադարձի ճամբուն վրայ կ'անցնինք Արմաշ գիւղէն։ Կեսուրս, Արմաշացի էր։ Հետաքրքրութեամբ կը նայիմ չորս կողմս։ Արդեօք այս գիւղը որեւէ նմանութիւն ունի՞ պատմական Արմաշին, կը մտածեմ։ Գիւղը շրջապատուած է ձուկ բուծանելու աւազաններով, որոնցմէ տհաճ ճահճային հոտ մը կը տարածուի ինքնաշարժէն ներս։ Այս շրջանը Հայաստանի գլխաւոր ձկնաբուծական կեդրոններէն է։
Ամէն անգամ, որ կը ճամբորդենք Հայաստանի մարզերուն մէջ, ինծի կը թուի, որ աւելի մեծ տարածութիւններ մշակուած են քան թէ նախկին անգամուն։ Այս անգամ եւս, ուրախութեամբ կը նկատենք մեծ քանակութեամբ մշակուած հողեր։
Մեր յաջորդ կանգառը Խոր Վիրապն է։ Ամէնքը կը բարձրանան եկեղեցի, բացի ինձմէ։ Բազմիցս եղած եմ հոն եւ կ'որոշեմ իրենց սպասել կանգառի մօտ տեղադրուած փոքրիկ զովացուցիչներու կրպակին մօտ։ Վաճառորդին անունը Նարեկ է, Փոքր Վետի գիւղէն, 21 տարեկան երիտասարդ մը։ Ան կþաշխատի այս կրպակին մէջ շաբաթը եօթը օր եւ օրական 12 ժամ Ապրիլ մէկէն մինչեւ խոր աշուն։ Ամսական կը ստանայ 50 հազար դրամ (125 տոլար)։ Այսօր շատ տխուր է, որովհետեւ մեր գալէն մէկ ժամ առաջ, իրենց գիւղը կարկուտահարուած է եւ լոլիկի իրենց ցանքը բոլորովին վնասուած։ Լոլիկի ցանքը իրականացնելու համար իրենց առած վարկը փակելու համար, կը կարծէ, որ պէտք է ձգէ այս աշխատանքը եւ Ռուսաստան երթայ արտագնայ աշխատանքի… «Թերեւս կարելի է նորէն ցանել, դեռ ուշ չէ», կ'ըսեմ ես մխիթարական շեշտով։ «Որտեղի՞ց նոր վարկ, երկու անգամ չեն տալիս», կ'ըսէ ան բոլորովին յուսահատական ձայնով։ «Կարկուտ ցրող սարք չունի՞ք հոս», կը հարցնեմ ես։ «Էստեղ կայ, բայց մեր գիւղին չօգնեց», կը պատասխանէ ան։ Դժբախտաբար, նման պատմութիւնները բազմաթիւ են ամբողջ Հայաստանի տարածքին։
Մեր խումբը վար կ'իջնէ բլուրէն։ Մարգարը եւ ես մինչեւ հիմա իրենց հիւրը եղած ըլլալով, պաղպաղակով կը հիւրասիրենք զիրենք։ Անոնք որոնք իջած են Խոր Վիրապի քառասուն աստիճանները, հպարտութեամբ կը պատմեն ինծի թէ ինչպէս մոմ վառեցին հոն, թէ ինչպէս վախնալիք չէր, եւայլն…
Կրկին կը մտնենք ինքնաշարժ եւ ուղիղ Ուշիի ճամբան կը բռնենք։ Ուշ ատեն կը հասնինք տուն բաւարարուած, բայց յոգնած։

Էլիզ Շարապխանեան
Ուշի