«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը  խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկա յացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:


Թերթ կարդալու խնդիր


Ինծի նման խմբագրի մը համար, որ աւելի քան քառասուն տարիէ ի վեր խենդի սիրահարութեամբ թերթ կը խմբագրէ ու կը հրատարակէ, քիչ մը ծիծաղելի է խոստովանիլ որ կ"ատեմ թերթ կարդալը։ Ատելով կ"ատեմ։ Ասկէ երեսուն տարի առաջ, կամ քսան տարի առաջ այսքան չէի ատեր թերեւս, բայց հիմա թերթ կարդալը տառապալից տաղտուկ դարձած է ինծի համար։ Առտուները ո՛չ մէկ բան այնքան կը խանգարէ տրամադրութիւնս, որքան թերթ կարդալու ստիպողութիւնը։ Բայց պէտք է կարդամ ու կը կարդամ։ Եւ կը կարդամ այնքան միայն, որքանը ինծի համար բաւարար է ու անհրաժեշտ։ Մնացեալը կը ղրկեմ թերթերու հաւատարիմ այն միւս հարիւրհազարաւոր ընթերցողներուն, որոնց համար ամէն առտու մեծ հաճոյք է նախաճաշի սեղանին վրայ թէյ խմելու առընթեր թերթ թղթատել ու կարդալ սա կամ նա լուրը կամ յօդուածը։
Ընդհանրապէս զիս շրջապատող բարեկամներ կամ ինծի հետ գործ ունեցող մարդիկ կը կարծեն որ ես շատ կը սիրեմ թերթ կարդալը եւ ես ընդհանրապէս կþամչնամ անոնց ըսելու որ ես թերթ կարդալէ ձանձրացած եմ այլեւս, որովհետեւ քառասուն տարիէ ի վեր թերթ կը կարդամ ստիպողաբար, կը կարդամ որովհետեւ պէտք է կարդամ, որովհետեւ ես եթէ թերթը պիտի կարդամ, իմ կարդալու ձեւը բնաւ պիտի չնմանի առաւօտեան թէյը խմելու ընթացքին իր թերթը կարդացող հանգիստ մարդուն թերթ կարդալու ձեւին։ Երբ թերթը մաղէ պիտի անցընեմ, որպէսզի տեսնեմ թէ իմ խմբագրական աշխատանքիս համար կարեւոր լուր մը կա՞յ հոն թէ չկայ, ասիկա ինծի համար պիտի ըլլայ փնտռտուք, այլ ո՛չ թէ սովորական ընթերցում։ Եւ եթէ գտնեմ հետաքրքրական լուր մը կամ յօդուած մը, զայն կարդալ պիտի սկսիմ ո՛չ թէ միայն պարզապէս կարդալով ու բովանդակութեան տեղեակ դառնալով, այլ նաեւ կարդալու ընթացքին զայն մտքիս մէջ մեր լեզուին թարգմանելով կամ լուրին ներքին ծալքերուն մէջ մնացածները կռահել աշխատելով, այդ լուրին մասին անձնական մեկնաբանութիւններ ալ ընելով։ Ասիկա թերթ կարդալ չէ, թերթի վրայ աշխատիլ է։ Եւ ես այլեւս իսկապէս ձանձրացած եմ այդ աշխատանքէն։ Ատելով կ"ատեմ։ Բայց այսպէս ըսելով ալ մասամբ կը ստեմ։ Որովհետեւ այդ ատելութեան մէջ տարօրինակ ու հակասական սէր մըն ալ կայ, իմ խմբագրական պարտականութեան նկատմամբ անխորտակելի պաշտամունք մը կայ։
Մեր տան դիմացի յարկաբաժնին մէջ ծերունազարդ ու առանձին կին մը կը բնակի։ Շատ անգամ առտուները կը տեսնեմ որ անիկա կանուխէն կուգայ ու կը նստի լայնադիր պատուհանին ճիշդ քովը դրուած սեղանի մը առջեւ, դռնապանին քիչ առաջ բերած թերթը կը փռէ սեղանին վրայ ու կը սկսի կարդալ թերթը։ Կ"ենթադրեմ թէ ինչպիսի հաճոյքով ու հետաքրքրութամբ կը կարդայ ան այդ թերթը։ Թերեւս ալ կը մաղթէ որ կարդալու շատ բան գտնէ հոն ու կարելի չափով երկար ժամանակ կարդալու նիւթ ունենայ։ Երանի՜ անոր, կ'ըսեմ ես ինծի։ Ես այդպէս չեմ։ Եթէ ձեռքէս գայ, օրեր շարունակ ձեռքս մէկ հատ իսկ թերթ պիտի չառնեմ, մէկ հատ իսկ լուր կարդալ պիտի չուզեմ։ Բայց հակառակ ատոր, ամէն օր ո՜վ գիտէ քանի հատ թերթի էջերը պիտի դարձնեմ։ Սեղանիս վրայ գործակիցներուս  կողմէ դրուած ու սա կամ նա էջը բացուած ո՜վ գիտէ քանի թերթէ լուր մը պիտի քաղեմ տրտնջալով ու դժկամութեամբ։ Բայց ամէն անգամ որ քաղուածքը պիտի ընեմ ու լուրը պիտի խմբագրեմ ճիշդ իմ ուզած ձեւով, պիտի մտածեմ որ այսօր ալ լաւ գործ մը տեսայ։ Եւ երբ ամէն ինչ պիտի վերջանայ, երբ պիտի փակենք առտուան այս աշխատանքի գնացքը, անկէ վերջ ո՜վ գիտէ ինչ հաճոյքով է որ ձեռքիս հակառակ կողմովը հրել ու սեղանիս վրայէն գետին թափել պիտի ուզեմ բոլոր այն թերթերը որոնցմով խճողուեցաւ արդէն խճողուած սեղանս։
Այնուհանդերձ ես քիչ մը ծիծաղելի կը գտնեմ իմ այս կեցուածքը։ Որովհետեւ որքան ալ թերթ կարդալը այլեւս տաղտուկ մը նկատեմ, գիտեմ որ ես առանց թերթի չեմ կրնար ապրիլ եւ թերեւս ալ իրականութեան մէջ թերթ կարդալը այնքան չեմ ատեր որքան կը կարծեմ թէ կ'ատեմ։ Մէկը եթէ տեսնէր թէ ճամբորդութեան մը ելլելու ու օդանաւէն ներս մտնելու պահուն առաջին գործս կþըլլայ հոսթէսներու հրամցուած օտար թերթերէն երկու կամ երեք հատ թերթ յափշտակել, եւ նայիլ թէ տակաւին ինչ թերթ կրնամ ուզել, պիտի չհաւատար թէ ես թերթ կարդալը ատող մէկն եմ։ Այս ի՜նչ տեսակ ատելութիւն է որ աչքերս կը փայլին եթէ հոսթէսը թերթ բաժնել սկսի ուղեւորներուն։ Բայց հոս ալ հարց մը կայ։ Երբ այնքան անհամբերութեամբ յափշտակուած թերթին առաջին կամ երկրորդ էջը կը բանամ, յանկարծ կը զգամ որ, Աստուած իմ, ես շատ աւելի լաւ կ'ընեմ եթէ անդին շպրտեմ սա թերթերը, գլուխս կռթնցնեմ բազկաթոռիս յենարանին, աչքերս փակեմ ու երջանկօրէն մտածեմ թէ ես սա պահուն թերթ խմբագրելու պաշտօնիս վրայ չեմ ու կը թռիմ այն երկնքին մէջ, այն բարձրութեան վրայ, այն ամպերէն անդին, ուր քաղաքական որեւէ հակամարտութիւն ու պատերազմ չկայ, ուրկէ չեն լսուիր քաղաքագէտներուն ապուշ կամ իմաստուն յայտարարութիւնները, ուր միայն կապոյտ պարապութիւն մը կը շրջապատէ զիս, պարապութիւն մը՝ որ մէկ կողմէ կը հանգչեցնէ միտքս, մէկ կողմէ ալ ներշնչումներ կուտայ ինծի։
Այն ատեն անդին կը շպրտեմ թերթերը, հակառակ որ անոնց տակաւին միայն երեք էջերուն նայած եմ։ Անդին կը շպրտեմ, մինչեւ որ վերջը դարձեալ շուրջս նայիլ սկսիմ, թէ թերթ մը կա՞յ արդեօք կարդալու։

Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» -
(Յուշատետր - 71)