Իր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն դժուար, այլեւ պատասխանատու պահը կը դիմագրաւէ Յունաստանը՝ Յունիս 17ի ընտրութեանց առիթով։
Հելլէն ընտրազանգուածին անբաժան մասը կազմող յունահայ քուէարկողը եւս կանգնած է կարեւորագոյն մարտահրաւէրի առջեւ։ Տնտեսապէս սնանկացած պետականութիւնը ամբողջական փլուզումէ փրկելու եւ նոր հիմերու վրայ վերականգնելու ճգնաժամային ծանր հրամայականը դրուած է յոյն հասարակութեան բոլոր շերտերուն առջեւ, անխտի՛ր։
Մայիս 6ի քուէարկութիւնները եկան հաստատելու, որ յոյն քուէարկողը իր վճռորոշ մեծամասնութեամբ - եւ արդարօրէ՛ն - դժգոհ է երեսուն տարիէ ի վեր Յունաստանի պետական կառավարման ղեկը ստանձնած քաղաքական երկու գլխաւոր կուսակցութեանց վարքագիծէն։ Հելլէն ձախն ու աջը բեւեռացման առաջնորդած քաղաքական այդ ուժերը վարկազրկեցին մաքուր ձեռքերով կառավարութիւն ունենալու գաղափարը՝ իշխանութեան դիրքերը չարաշահելով եւ քաղաքական խաթարման մէջ մխրճելով կառավարման համակարգը, արատաւորելով իրենց իսկ առաջադրած սկզբունքները։ Անոնց ղեկավարած կառավարութիւններուն վրայ կը ծանրանայ պատասխանատուութիւնը պետութեան հետ իբրեւ ընտրական լծակի վարուելու ծանրագոյն յանցագործութեան, որուն հետեւանքով պետական եւ հանրային վարչամեքենան մատնուեցաւ ձրիակերութեան ագարակի մը վերածուելու դառն ճակատագրին։
Պատասխանատուութենէ զերծ չեն նաեւ տուեալ ժամանակաշրջանի ընդդիմադիր կուսակցութիւնները: Տեւաբար երկրի կարելիութիւններէն վեր պահանջներ ներկայացնելով՝ ժողովուրդի կարեւոր մէկ մասին մօտ ուռճացուցին անքրտինք ու ձրիակեր մարդու հոգեբանութիւնը: Պետական ու տեղական ինքնակառավարման սպասարկութիւնները լեցուեցան անպէտք՝ կա-շառակեր պաշտօնեաներով: Օրինապահ քաղաքացիները վերածուեցան մնայուն անպաշտպան զոհերու: Հողագործը դադրեցաւ արտերը մշակելէ ու բաւարարուեցաւ Եւրոպական Միութեան կողմէ յատկացուող գումարներու մսխումով: Կրթական բարձրագոյն հաստատութիւնները վերածուեցան անիշխանական խմբակներու բոյներու, որոնք յաճախ փողոցները թափուելով, քաղաքի խանութներու հրկիզման կը դիմէին: Այսպէս՝ բովանդակ ուսումնական տարեշրջաններ չեղեալ նկատուեցան՝ անհրաժեշտ դասապահներու չկատարուելուն պատճառաւ: Ընդդիմադիր կուսակցութիւններու կողմէ հովանաւորուող արհմիութիւններու յայտարարած շարունակական գործադուլներուն զոհ դարձաւ նոյնիսկ երկրի կարեւորագոյն տնտեսական հատուածը հանդիսացող զբօսաշրջիկութիւնը:
Այսպէս, փոխանակ երկրի կառավարման ու ժողովուրդի ծառայութեան՝ ըլլա՛յ իշխող, ըլլա՛յ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն համար, քուէի ապահովումը վերածուեցաւ գեր նպատակի:
Հետեւանքը եղաւ պարտքերու անհաշիւ կուտակումը եւ եւրոպական վարկերու անվերջ մսխումը, որոնք վտանգեցին երիտասարդ սերունդներու ապագան՝ խոր յուսահատութեան եւ անհաշտ ընդվզումի ալիք բարձրացնելով։
Իսկ երբ հնչեց գօտիները սեղմելու ժամը եւ պարտատէրերը սկսան ճնշել նոյնինքն պետութեան վրայ, կառավարող զոյգ կուսակցութիւնները իրենց պարտադրուած խնայողական քաղաքականութեան եւ հարկային կոշտ սեղմումներու ամբողջ բեռը ծանրացուցին ազատ ասպարէզի մէջ գործող միջին դասակարգի եւ թոշակաւոր խաւի ուսերուն վրայ, որոնք արդէն կքած էին նիւթական պարտքերու եւ ընկերային դժուարութեանց տակ։ Իբրեւ հետեւանք այս բոլորին՝ գործազրկութիւնը հասաւ 22%ի (մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար հոգի) պետական համակարգէն դուրս գործող աշխատաւոր զանգուած-ներուն համար:
Այս բոլոր առումներով Մայիս 6ի քուէարկութիւնները վերածուեցան դժգոհութեան եւ ընդվզումի համատարած ալիքը արտայայտող ժողովրդային կամքի արտայայտութեան։
Իսկ Յունիս 17ին Յունաստան դարձեալ կը դիմէ քուէատուփ՝ այս անգամ արդէն դժգոհութենէն եւ բողոքէն անդին անցնելու, այլեւ սնանկացման անդունդին մէջ յայտնուած երկիրն ու պետութիւնը վերականգնելու մարտահրաւէրով։
Վերականգնումի հրամայականին ամբողջական գիտակցութիւնը ունի յատկապէս յունահայ համայնքը, որ ընդհանուր ճգնաժամին խորագոյն անդրադարձները ծանրօրէն կը զգայ, իր քաղաքացիական եւ անձնական կեանքի դժուարութեանց կողքին, նաեւ ու մանաւանդ իր նորահաս սերունդներու հայեցի ապագան, ինչպէս եւ ազգային-համայնքային կռուաններու գոյատեւումը ապահովելու ճակատներուն վրայ։
Այս առումով է, որ 17 Յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւնը պատասխանատուութեան լրջագոյն պահը պիտի ըլլայ նաեւ յունահայութեան համար, որ իր քուէով պիտի արտայայտէ ի սպաս Յունաստանի եւ մեր գաղութի վերականգնումին գործելու հաստատակամութիւնը։
Պատասխանատու պահը, որպէսզի նաեւ մեր քուէով՝
- Կեանքի կոչուի կառավարող մեծամասնութիւն առաջացնելու ընդունակ խորհրդարան մը, արդէն տնտեսապէս սնանկացած պետութիւնը զերծ պահելու համար անկառավարելիութեան տագնապէն, որ կրնայ աղիտալի հետեւանքներ ունենալ Յունաստանի ժողովրդավարական առաջընթացին վրայ։
- Խորհրդարան հասնին քաղաքական այն ուժերն ու գործիչները, որոնք կը ներշնչեն յոյսը, սերընդափոխութեան ճամբով, թէ՛ մաքուր ձեռքերով կառավարման իրականացումին, թէ՛ պետութեան հանդէպ հասարակական տարբեր շերտերու, մանաւանդ ֆինանսական ուժը իր ձեռքը կեդրոնացած խաւի պարտաւորութեանց կատարումին։
- Պետութեան յանձնուի ընկերային դերակատարութեան, արդարամիտ իրաւարարի եւ խստապահանջ հսկիչի առաքելութիւնը՝ ինչպէս տնտեսութեան հանրանպաստ հունաւորման մէջ, այնպէս ալ հարկային արդար քաղաքականութեան գործադրութեան ճամբով։
- Պետական եւ հանրային վարչամեքենան ձերբազատուի տասնամեակներու ընթացքին իրեն պարտադրուած ուռճացումէն ու ծանրաբեռնումէն, հետեւող հաւանական անգործութեան ալիքը դիմագրաւելու անհրաժեշտ ծրագիրներու զուգահեռ կիրարկումով։ Ձրիակերներու եւ մակաբոյծներու բեռը թօթափելու գինը պէտք չէ վճարուի պարկեշտ աշխատուժի գործազրկութեան հաշւոյն։
- Վերահաստատուի Յունաստանի արժանի տեղը եւրոպական մեծ ընտանիքէն ներս ու Եւրոգօտիին մէջ՝ մէկ կողմէ համեւրոպական քաղաքական եւ ընկերային հիմնական արժէքներու նկատմամբ յոյն հասարակութեան յանձնառութիւնները վերանորոգելով, իսկ միւս կողմէ արդար գտնուելու եւ հելլէն ազգային առաջնահերթութիւնները յարգելու նախանձախնդրութեան պարտքին տակ դնելով եւրոպական միջամտութիւնները։
Ու վերջապէս կարեւորագոյնը՝ երկիրը դնել տնտեսական զարգացման հրամայական ուղիին մէջ:
Մէկ օրէն միւսը եւ քուէարկութեան մը արդիւնքով իրականանալի առաջադրանքներ չեն ասոնք, անշո՛ւշտ։
Բայց նաեւ առաջադրանքներ են, որոնց շուրջ կրնա՛յ համախմբուիլ հելլէն հասարակութիւնը եւ, Յունիս 17ի ընտրութեանց ընթացքին, իր քուէն հունաւորելով դէպի այդ նպատակը, կրնա՛յ յուսատու սկիզբ մը դնել Յունաստանի դժուարին վերականգնումին։