«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:
Կառք քշելու խնդիր
Կեանքիս մէջ միայն երիտասարդութեանս շրջանին է որ փափաքն ունեցայ կառք քշելու։ Կառք քշել սորվեցայ, բաւական դժուարութեամբ ձեռք բերի կառք քշելու արտօնագիր, մէկ երկու անգամ կառք քշեցի բաց ճամբաներու վրայ առանց մտնելու խճողեալ երթեւեկի մէջ, անկէ վերջ հրաժեշտ տուի կառք քշելու փափաքին։ Կարծես մէկ անգամէն կորսնցուցի կառք քշելու երիտասարդական փափաքս։ Մինչեւ այսօր ալ ես ինծի կը հարցնեմ թէ ինչո՞ւ ես զիս զրկեցի կառք քշելու երջանկութենէն։ Պատասխանը շատ ալ յայտնի չէ։ Բայց կայ ուրիշ հարցում մը որ կը յաջորդէ այս հարցումին։ Կառք քշելը իրապէ՞ս երջանկութիւն է, կամ թէ որքա՞ն երջանկութիւն է եւ որքա՞ն չարչարանք։ Այնուհանդերձ այսօր, այսքան տարիներ վերջ, երբեմն կը պատահի որ ես զիս մեղադրեմ կառք քշել ուզած չըլլալու իմ նախընտրութեան մէջ։ Եւ այս մեղադրանքը ես ինծի կþուղղեմ ամէն անգամ որ արտասահմանէն սիրելի հիւր մը, առանձին կամ ընտանեօք, խմբագրատուն կþայցելէ եւ կը յայտնէ թէ քանի մը օրուան արձակուրդով եկած է մեր քաղաքը։ Մանաւանդ եթէ այդ սիրելի հիւրը առաջին անգամ է որ կուգայ մեր քաղաքը։ Մանաւանդ եթէ գիտեմ թէ այդ հիւրը շատ պիտի ախորժէր մեր ազգային կեանքէն տեսարաններ ու դէմքեր տեսնելէ։ Ա՜խ, անմիջապէս զանոնք հրաւիրէի կառքէս ներս եւ անոնց անձամբ պտոյտ մը ընել տայի մեր ազգային ու հանրային կեանքին տեսարժան վայրերուն մէջ։ Այո՛, ինչո՞ւ ես զիս զրկեցի կառք քշելու հաճոյքէն։
Խմբագրի կեանքիս ամենամեծ հաճոյքներէն մէկը եղաւ ու այսօր ալ է արտասահմանէն հայ կեանքի սիրահար ու հայկական ապրումներու հաւատարիմ բարեկամներ հիւրընկալել։ Անոնք երբ մեզի կþայցելեն, կուգան պարզապէս մեզ տեսնելու համար։ Անկէ աւելիին ակնկալութիւնը չունին։ Մենք շատ լաւ կը ճանչնանք այդ տեսակ սիրելի մարդիկը, որովհետեւ շատ յստակ, կրկնեմ, շատ յստակ կերպով կը տեսնենք թէ անոնց աչքերը ինչպէս կը փայլին երբ կը սեղմեն մեր ձեռքը։ Չէ՞ որ անոնք ալ նոյն փայլը կը տեսնեն մեր աչքերուն մէջ։ Չէ՞ որ անոնք ալ անմիջապէս կþանդրադառնան որ սխալ հասցէի մը չեկան երբ մտան մեր խմբագրատունէն ներս։
Մեր ընթերցողներէն ոմանք գաղափար իսկ չունին թէ ինչո՞ւ իմ խմբագրական աշխատանքիս ամէնէն հիմնական ու բաբախուն կողմերէն մէկը մեր ապրած աշխարհը բաժնել է արտասահմանի մէջ հաստատուած ու քանի մը օրուան համար մեր մօտ ժամանած սիրելի հայ մարդոց հետ։ Պիտի ըսեմ որ իմ խմբագրատան աշխարհը կամ իմ խմբագրական աշխատանքիս շրջագիծը մեր գրաւած շէնքին երեք յարկերով սահմանափակուած չէ։ Երբ հիւրերս կþառնեմ ու կը տանիմ Սկիւտար, երբ անոնց հետ պահ մը կþանշարժանամ Պետրոս Դուրեանի կամ Մատթէոս Զարիֆեանի դամբարաններուն առջեւ, մենք միշտ կը նկատուինք մեր խմբագրական աշխարհի սահմաններուն մէջ։ Դուրս չենք ելած։ Նոյնը՝ երբ հիւրերս կը հրաւիրեմ Պէշիկթաշի մէջ պահ մը կանգ առնելու Տոլմապահչէի Պալատի պողոտայի մայր դրան առջեւ, որպէսզի հիանան Պալեանի տաղանդով թրծուած այդ երկաթեայ հոյակապ դրան գեղեցկութեան ու վեհութեան վրայ։ Ես չեմ կարծեր որ խմբագրատունէն դուրս ելած կ'ըլլանք, երբ պտոյտ մը կþընենք Վոսփորի մեր կողմի ափին վրայ, մի առ մի անցնելով Պէշիկթաշի, Օրթագիւղի, Գուրուշէշմէի, Հիսարի, Պոյաճըգիւղի, Ենիգիւղի եկեղեցիներուն առջեւէն, մինչեւ Պիւյիւքտէրէ, խնկահոտ վայրեր՝ ուր ատենօք աղօթեր են մեր նախնիները։ Մեր խմբագրատունը կþերկարի ահաւասիկ դէպի այն պողոտան որ մեր գրականութեան մէջ անմահացած է որպէս Բերայի պողոտայ։ «Դէպի աջ նայեցէք ու տեսէք Էսայեան վարժարանը»։ Ես կարծես բանէ մը պիտի զրկուիմ եթէ հիւրերը առանձինն քալեն պողոտային վրայ ու եթէ առանց իմ ընկերակցութեան այցելեն Էսաեան վարժարան, կամ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի, կամ Ս. Յարութիւն եկեղեցի։ Ես անոնց հետ պէտք է ըլլամ երբ պիտի անցնինք Վոսփորի հոյակապ կամուրջին վրայէն որպէսզի իրենց պատմեմ թէ ինչեր պիտի տեսնեն եթէ մէկ մը աջ կողմ նային, մէկ մըն ալ ձախ կողմ, մէկ մը դէպի վար, մէկ մըն ալ դէպի ամէնէն հեռաւոր հորիզոնները, դէպի այն հեռաւոր վայրերը ուր մինարէներ կը տեսնուին եւ որոնց ետին ապաստանած են հայկական օճախներ։ Ես անոնց հետ պէտք է ըլլամ որպէսզի միասնաբար մտնենք Շիշլիի Գերեզմանատունէն ներս, եւ մէկ առ մէկ այցելենք նախ մեզի ու անոնց սիրելի մտաւորականներու, ապա անհետացած մեծ Պատրիարքներու դամբարանները։ Եթէ ես հոն չեմ, ո՞վ հիւրերը պիտի դնէ Օրմանեանի մը, կամ Շնորհք Պատրիարքի մը բարոյական ներկայութեան առջեւ ու պիտի գոչէ.
-Արթնցիր Մեծ Սիրելի, քեզ սիրող ու յարգող մարդիկ եկան քու մօտ։
Ա՜խ, ամէն ինչ հրաշալի է բացի այն տխուր կէտէն թէ ես կառք չեմ քշեր։ Աստուած իմ, հիմա սա պահուն իսկապէս կը զղջամ որ չսիրեցի կառք քշելը։ Երիտասարդութեանս շրջանին բոլոր ընկերներս կառք կը քշէին։ Բոլորն ալ զիս իրենց հետ կը պտըտցնէին ամենուրեք։ Անգամ մը հաւաքոյթի մը ընթացքին մէկը կ'ըսէր որ Շէվրոլէ մը ունի, մէկը կ'ըսէր որ Պուիք ունի, մէկը կ'ըսէր որ Փոնչեաք ունի։ Երբ ինծի հարցուեցաւ թէ ես ի՞նչ ունիմ, խնդալով պատասխանեցի.
-Ես Պուիք ու Շէվրոլէ ունեցող բարեկմաներ ունիմ։
Չէի գիտեր թէ օր մը շատ պիտի ցաւէի որ արտասահմանէն եկած բարեկամներուս պիտի չկարենայի ըսել.
-Դուք հոս Շէվրոլէ ունեցող բարեկամ մը ունիք։
Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - (Յուշատետր - 71)