Միայն պատահական չէ Ատրպէյճանի Զինեալ Ուժերուն կողմէ ընտրուած պահը՝ զինադուլը խախտելու եւ Հայաստանի  սահմանները ոտնակոխելու նորագոյն փորձին համար:

Անշուշտ որ Հիլըրի Քլինթընի տարածաշրջան այցելութիւնը կրնայ ինքնին շատ բան չնշանակել թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի համար, այսուհանդերձ՝ Ղարաբաղի խնդրին մէջ համանախագահող Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին այցելութիւնը գէթ առիթ մըն էր երկու կողմերը երկխօսութեան սեղան վերադարձնելու նոր ջանքեր գործադրելու համար:
Ատրպէյճան կը շարունակէ «շփացած փոքրիկ»ի վերաբերում ցոյց տալ, որ երբ կը նկատէ, թէ մարդ իրմով չի զբաղիր, պահանջը կը զգայ աղմկալից ձեւով իր ներկայութիւնը եւ իր պահանջները լսելի դարձնելու եւ յառաջ քշելու:
Հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ գործուած ատրպէյճանական նորագոյն յարձակումը, որ թէ՛ հայ, թէ՛ ատրպէյճանցի երիտասարդ զինուորներու կեանքեր խլեց, բոլորին կը ստիպէ չանտեսելու ատրպէյճանական ոտնձգութեանց լրջութիւնը եւ տարողութիւնը:
Ըստ սովորութեան, ատրպէյճանական կողմի խախտումները եւ յարձակումները առաւօտեան կանուխ ժամերուն կը կատարուին: Այս անգամ ալ սահմանային խախտումը սկսած է առաւօտեան ժամը 6:30ին, երբ Տաւուշի մարզի Ոսկեպար գիւղի ուղղութեամբ շարժած է 15-20 հոգիէ բաղկացած զինուորներու խումբ մը: Ատրպէյճանական յարձակումին արագօրէն պատասխանած են հայ սահմանապահ զինուորները՝ կասեցնելով անոնց երթը եւ հակադարձելով  կրակոցներուն:
Ատրպէյճանի Զինեալ Ուժերուն կողմէ տարածուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ զոհուած հինգ զինուորները ժամկէտային ծառայողներ են, 1993ի ծնունդ երիտասարդ կեանքեր...
Քլինթըն Կովկասեան իր շրջապտոյտը իրագործեց՝ Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան այցելելով, խաղաղութեան ու համագործակցութեան գաղափարները յառաջ քշելու համար: Ի՜նչ փոյթ, որ խաղաղութեան ջատագովը՝ սպառազինութեան նոր ապսպրանքներու համաձայնութիւններ ալ կը բերէ իր պայուսակին մէջ:
Երեւանի, Թիֆլիսի եւ Պաքուի բեմերէն արտասանուած խօսքերուն մէջ կան շրջանային խաղաղութեան, մարդկային իրաւունքներու յարգման եւ երկիրներու ու քաղաքացիներու ապահովութեան  նուիրուած... գեղեցիկ խօսքեր: Առօրեայ իրականութիւնը, սակայն, կþընթանայ ու կը յատկանշուի բիրտ խախտումներով ու երիտասարդ կեանքերու կորուստով:
Այսօր, Պաքուի մէջ, Ալիեւ պիտի դիմաւորէ Հիլըրի Քլինթընին՝ արդարացման խօսքեր արտասանելով եւ իր սովորական ռազմատենչ ոճը օգտագործելով:
Որո՞ւ համոզիչ դառնալու համար:


Հռիփսիմէ