2012 այս արագավազ տարին, յատկանշական դարձած է աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ տեղի ունեցող կամ տակաւին կատարուելիք քաղաքական դէմքերու ընտրութիւններով:
Իր այս անօրինակ երեւոյթին համար այս տարին կոչուած է՝ «ընտրութիւններու տարի»:

Այսպէս, Հայաստանէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Հոլանտայէն՝ Վենեզուելլա, Մեքսիքոյէն, Եգիպտոսէն մինչեւ Յունաստան եւ Ֆրանսա եւ  տակաւին այլ երկիրներ, այս ամբողջ տարուան ընթացքին զբաղուեցան եւ տակաւին ալ պիտի զբաղուին նախագահական կամ խորհրդարանական աղմկալից կամ ոչ, զանազան ընտրութիւններով:
Իսկ մեր պարագային, անկախ մեր հայրենիքի քաղաքական ընտրութիւններէն, նոյն այս մեր ապրած տարին, մեզի համար յատկանշական է նաեւ մշակութային զանազան յոբելենական թուականներով, որոնց առաջին հերթին պէտք է յիշել »Հայ տպագրութեան 500-ամեակ«ը ու նաեւ մեր զոյգ գրականութիւններու ածուներուն մէջ վար ու ցան ընող մեր մեծ մշակներու ծննդեան տարեդարձներն ու մահուան ամեակները:
Սակայն պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ յիսուն տարիներ առաջ, ճիշդ 1962ի Յունուարին, Պէյրութի մէջ ծնունդ առած էր իր տեսակին մէջ եզակի, »Բագին« անունով հայ գրականութեան եւ արուեստի նոր ամսագիր մը, վարիչ խմբագիր ունենալով Կարօ Սասունին ու իր կողքին մտաւորականներ՝ Եդուարդ Պոյաճեանն ու Պօղոս Սնապեանը, որոնք շրջապատուած էին այդօրուայ գրական մեր հրապարակի վրայ հանրայայտ խումբ մը գրագէտներով, յանձինս՝ Յարութիւն Գեղարդի, Տիգրան Ոսկունիի, Բաբգէն Փափազեանի ու  Վահէ Օշականի:
»Նորածին »Բագին«ը կը նպատակադրէր մղում տալ ու նաեւ արժանաւոր կերպով ներկայացնել մեր գրականութեան անդաստանի մշակներուն ստեղծագործական աշխատութիւնները«:
»Բագին«ի մասին ա՛յս եւ նման այլ տեղեկութիւններ կարելի է քաղել Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան պաշտօնական կայքէջէն:
Արդ, եթէ ուշադիր ակնարկ մը նետենք անցնող հինգ տասնամեակներու վրայ երկարող »Բագին«ի կեանքին, վաստակին եւ մատուցման եղանակին, կրնանք հաստատել, թէ ան իր ծնունդի առաջին իսկ օրէն ունեցած էր յստակ տեսիլք մը եւ անկէ մեկնած, շնորհիւ իրարայաջորդ վաստակաշատ խմբագիրներու խոնջէնքին, տաղանդին ու ճիգերուն, կոչումին կողքին նաեւ լուրջ աշխատանքի նախաձեռնած՝ մեր մշակոյթի ծառայութեան դաշտին մէջ:
Սակայն պէտք չէ ուրանալ, որ անցնող կէս դարու իր կեանքի ընթացքին, այս համանուն ամսագրի էջերուն մէջ հայ միտքը իր հայութիւնը փնտռեց, ազգային իր իրականութիւնը որոնեց եւ միշտ մնաց հաղորդակից հայ եւ օտար գրականութեան եւ անոնց հին ու նոր գրողներուն:
Իր իսկ այս ընթացքով »Բագին«դարձաւ ինքնատիպ դպրոց մը, որմէ օգտուեցաւ հայ մտածող միտքն ու ընթերցողը:
Համընթաց քալելով ներկայ դարուն հետ ան իր նպաստը բերաւ հայ մտքի կոփման աշխատանքներուն:
Մէկ խօսքով, ապրելով մեր ազգին ցաւերովը, ան մշակոյթի ճամբով մասնակից դարձաւ  մարդկութեան կեանքին, յանուն մեր ինքնակերտումի ճիգերը դրսեւորելու իր նուիրական գործին:
Բայց եւ այնպէս բոլորին նման ան ալ ակամայ ունեցաւ զանազան տեսակի ցնցումներ ու այս ձեւով համտեսեց տեղաշարժերու լեղի պտուղները:
Շատ հաւանաբար ինքն ալ ականատես դարձաւ եւ կամ նոյնիսկ իր մորթին վրայ կրեց հայ մամուլին դիմաց հայ ընտանքիներու դռներու փակուելուն տխուր իրականութեան:
Բայց պատիւ իրեն ու զինք հաւատացողներուն, »Բագին« շարունակեց տէրը մնալ զինք ծնունդ տուող գաղափարներուն, յարատեւեց եւ գոյատեւեց նոր խորքով, նոր առաջադ-րանքներով ու նոյնիսկ նոր տարազով:
Իր շուրջը տաղանդն ու ուժը չէ որ կը պակսին, այլ՝ իրեն մօտենալու եւ կամ զինք մեզի աւելի մօտեցնելու մեր մտքի հասունութիւնը, մեր քաջութիւնը եւ մեր իրաւ ու գործնական յանձնառութիւնը:
Որովհետեւ գիտակից Սփիւռք մը կերտուելուն՝ ինք մեծ դեր ունի տակաւին խաղալիք եւ իր այժմեան ինքնութեան կողքին՝ գրական աշխարհի հետ մտաւորական նոր կամուրջներ ունի հաստատելիք:
Իր հիմնադրութեան յիսնամեակին նուիրուած այս տողերով կը մաղթենք, որ «Բագին»ը վայելէ մեր բոլորին նիւթական եւ բարոյական հո- վանին, որպէսզի ան հայ մշակոյթը գրկած, մտաւորականի բնորոշ գիտակցութեամբ դառնայ ոչ միայն արեւմտահայերէն լեզուի արթուն պահակը, այլ զտէ, մշակէ եւ մաքրէ զայն ու մեր բառապաշարի զարգացումը կատարէ:
Յոյսով ենք, որ այս մարզին մէջ «Բագին» թէ՛ իբրեւ լծակից եւ թէ՛ իբրեւ գործակից անպայմանօրէն ունենայ հայրենի ներկայ մտաւորականութիւնը, որ իր կարգին պիտի մաքրագործէ նաեւ արեւելահայերէն լեզուն:
Ահա թէ ինչու ջերմութին ցոյց տալ պէտք է ու առաւել փոքր զոհողութիւն՝ նպաստելու համար հայ գիրին, հայ արուեստին ու հայ հրատարակութեան հաւատացող սերունդին ներգրաւման:
Ըսինք ու շեշտեցինք՝ յարգանքի, գուրգուրանքի ու մեր սիրոյն կողքին անսակարկ զօրակցութիւն է պէտք, որպէսզի քաջալեր հանդիսանանք հայ մտքին ստեղծագործ ճիգին հանդէպ:
Հաւատքի, ինքնավստահութեան նման առաջադրանքներուս իրականացման մէջ անկասկած, որ մեծ դեր ունի իւրաքանչիւր մտածող հայ միտք, իւրաքանչիւր համազգայնական եւ հայ մշակութասէր:
Ուստի իր նոր յիսնամեակի սեմին, լաւ սկիզբի մը, յարատեւութեան ու յաջողութեան բարի մաղթանքներուս կողքին նաեւ տաքուկ բարեւ մը մեր սիրելի «Բագին»ին:


ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ