Քանի մը ամիս առաջ, Երեւանի «Չարենց» հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ ծանօթ արձակագիր ու թատերագիր Խորէն Արամունիի նորագոյն հատորը՝ «Խրամատից Դուրս» վէպը, որուն մասին ամէն բանէ առաջ պէտք է ըսել, թէ մեր ապրած ժամանակները՝ հայկական մեր կեանքին որոշ երեսները արտացոլացնող գործ է, հետեւաբար, արժանի ընթերցումի եւ խորհրդածութեան։
Վէպը կը տարածուի 274 էջերու վրայ, սակայն անիկա շատ աւելի տարածուն է, որովհետեւ դիպաշարը կը ծածկէ Հայաստանէն մինչեւ Լոս Անճելըս հասնող միջոցը, իր լաւ ու (առաւելաբար) վատ-մտահոգիչ-տագնապեցնող երեսներով։
Հատորի առաջին էջերուն, հեղինակը ունի կարճ բացատրական մը, ուր կ՛ըսէ, թէ իր հերոսները եւ դէպքերը իրական մարդոց հետ կապ չունին, երեւակայածին են, ու եթէ ընթերցողը անոնց ու իրական աշխարհին միջեւ նմանութիւններ տեսնէ, պէտք է վերագրէ պատահականութեան։ Նման բացատրականներ յաճախ ընթերցողին (կամ ժապաւէն մը դիտողին) ուշադրութիւնն ալ չեն գրաւեր, բայց այս պարագային, աղաղակող կերպով ուշագրաւ են, որովհետեւ իբրեւ թէ մտացածին հերոսները եւ անոնց ապրած կեանքի մանրամասնութիւնները աւելի՛ քան իրական են, որքան ալ ցաւցնող ու վիշտ պատճառող ըլլան անոնց փորձառութիւններով ներկայացող իրականութիւնները։
Բազմաթիւ հերոսներով զարգացող վէպը լուսարձակի տակ կը բերէ մօտաւորապէս Շուշիի ազատագրման յաջորդող քանի մը տարիները (ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ մինչեւ այսօր առկայ կացութիւններ): Դէպքերը մեծ մասամբ տեղի կ՛ունենան Երեւանի ու Լոս Անճելըսի մէջ/միջեւ։ Ընթերցողը կը ծանօթանայ բազմերես ու բազմաճիւղ ողբերգութիւններ ապրող քանի մը ընտանիքներու հարցերուն, կացութիւններուն եւ տարապայման վիճակներուն, սակայն շուտով կ՛անդրադառնայ, թէ հերոսները միայն նշուած քանի մը ընտանիքները չեն, այլ մեր հայրենաբնակ ժողովուրդը՝ ինք, գոնէ մեծ մասը։
Եթէ անպայման պիտի փնտռենք գլխաւոր հերոս մը, պատասխանը պիտի ըլլայ Սամուէլը։ Ան Արցախի ազատագրական պայքարի հերոսներէն է, որ ծանր վնասւածքով վերադարձած է ռազմադաշտէն, կորսնցուցած է քալելու կարողութիւնը, կ՛ապրի պատերազմի դաշտերու արհաւիրքին յաճախանքը։ Անոր հայրն ու մայրը հանրածանօթ արուեստագէտ ու մտաւորական են։ Այս ու նմանօրինակ ընտանիքներ, պատերազմի վախճանէն ետք, կ՛իյնան անտեսումի եւ մինչեւ իսկ հալածանքի, նորելուկ պոսերու կամայական բռնադատութիւններու աքցանին մէջ։ Ընտանիքին մայրը ի վերջոյ, բազմաթիւ ճակատագրակիցներու պէս, կը բռնէ պանդըխտութեան ճամբան, հիմնականին մէջ այն մտածումով, որ Ամերիկա գաղթելով՝ կրնայ բժշկական դարմանումի համար միջոցներ ստեղծել իր անդամալուծուած զաւակին համար։ Ծրագիրը կը յաջողի բազում հանգրուաններով ու դժուարութիւններով, նուաստացումներու գնով, սակայն… «տան հաշիւը շուկային չի յարմարիր»։
Զուգահեռ գիծերու վրայ, կը ներկայացուին ողբերգական կացութիւնները այլ հերոսներու, ինչպէս, օրինակի համար, ոճրային խմբակներու՝ մարդոց մաքսանենգութեամբ զբաղող չարաշահներու զոհ դարձող կիներու վիճակները, նոյնինքն հերոսին անուան ու վարկին չարաշահումը, ամերիկեան ձեռնտու պայմաններու ալիքներուն վրայ հարստացած, բայց աշխատաւորներ այլապէս շահագործելու փորձ կատարողներու պարագաներ, ու տակաւին՝ հայկական ուժական խմբակներու կարգ մը արարքները, որոնք կը ներկայանան արդարութիւն հաստատելու, յանցաւորներ պատժելու նախաձեռնութեանց խորագիրին տակ։
Վէպի զարգացումը կը տարուբերի ողբերգութիւններու միջեւ, քիչ թէ շատ կեդրոնանալով Սամուէլի եւ Արփիկի կեանքերուն վրայ։ Արփիկը այն երիտասարդուհին է, որուն հանդէպ համակրանք ունէր Սամուէլ, կեանքի աւելի կանուխ տարիներէն սկսեալ. Արփիկը հարկադրուած եղած էր աւելի կանուխ իյնալու ամերիկեան հեղեղին մէջ եւ դառնալու յիշեալ ոճրային-չարաշահ մէկ խմբակի շահոյթի աղբիւրը։ Սամուէլի ու Արփիկի վերամիացումը միայն պահ մը կը փարատէ ողբերգութիւնը, որ սակայն ի վերջոյ վերստին կը դառնայ տիրապետող ու կը կլանէ զանոնք, յոռետես աւարտի մը հասցնելով վէպը։
Արամունիի պատումը իւրայատուկ է։ Ըլլալով թատերագիր, ան լաւագոյն ձեւով կ՛օգտագործէ խօսակցական թեքնիքը, իր խօսքն ու մտածումները հերոսներուն բերնով փոխանցելու համար։ Դրուագները, երեւանեան ու լոս-անճելըսեան պատումներով, յաջող կերպով կը յաջորդեն իրարու, լաւապէս հիւսուած են ու շաղկապ-ւած, սակայն ընթերցողը չի կրնար ինքզինք հեռու պահել փորձութենէ մը. ան կ՛ունենայ այն զգացումը, որ բազմաթիւ պատահարներ, հեղինակին կողմէ տարիներու ընթացքին նկատուած վիճակներ, անոր ոսպնեակին կողմէ որսացուցած դէպքեր ու մանրավէպեր մէկտեղուած ու միահիւսուած են այս հերոսներուն շուրջ, եւ թէ՝ վէպի էջերուն պատկերուած դժբախտութիւնները, ահաւոր ու դաժան փորձառութիւնները միայն այս հերոսներուն բաժինը չեն, այլ այս հերոսներն ու իրենց կենցաղը ներկայացուցիչներն են Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի այն զաւակներուն, որոնք հայրենիքի վերանկախացումը սպասած էին ու պահ մը ապրած՝ խոր գոհունակութեամբ ու հպարտութեամբ, եւ սակայն, յաջորդող տարիներուն ստեղծուած անբաղձալի եւ անօրինակելի պայմաններուն, չարաշահութիւններու հետեւանք՝ կացութիւններու բերումով, իրենք զիրենք գտան հայրենալքումի, որոշ սեփականութիւններէ հրաժարումի ճամբուն վրայ, այլ երկիրներէ՝ հեռուէն պսպղացող փայլուն աստղերով տարուած, ինկան ապրուստի այնպիսի յորձանքներու մէջ, որոնց մասին ոչ պատկերացում ունէին, ոչ ալ պատրաստութիւն։ Հետեւանքը այն եղաւ (ու մինչեւ այսօր ալ է), որ արուեստագէտ ու մտաւորական դարձան ստորնացումի առարկայ, պատերազմի հերոսներ անգամ ինկան խոտորումներու մէջ ու արժեզըրկումը իր հովանոցը տարածեց քիչ մը ամէն տեղ, Հայաստանէն մինչեւ արտերկրի անկիւնները։
«Խրամատից Դուրս»ը Արամունիի գրիչին տասմէկերորդ արգասիքն է։ Այդ գրիչը շարժման մէջ չէ դրուած վայաբանական կամ կացութիւններ դատաստանի ենթարկելու մղումով, ընթերցողը յոռետեսութեամբ վարակելու տենդով, այլ անոր մղիչ ուժն է հայրենասիրութիւնը, ազգային ու հայրենական արժէքներու հանդէպ սէրն ու պաշտամունքը, նաեւ կոտտանք մը, որ կը մեկնի հետեւեալ չարձանագրուած հարցումներէն. Հայաստան ու հայութիւնը՝ իմ հայրենիքս ու ժողովուրդս ինչո՞ւ պէտք է ենթակայ դառնային-դառնան նման կացութիւններու, ճակատագիրի։ Անկախացումն ու ստրկական էջին փակումը՝ մեր հայրենիքը ինչո՞ւ պէտք է ուղիղ ճամբով հասցնէին բացարձակ նիւթապաշտութեան ու ստուերային տնտեսութեան ոլորտները, որոնք մաշումի ու նօսրացումի կը տանին Հայաստանը, անոր երէկին ու ապագային կապուած արժէնքերը. մինչ, հայրենակերտումը, հայկական ու մարդկային արժէքներու վերականգնումը բաղձալի այլընտրանքներ պիտի ըլլային, եւ ե՛ն։
Այս ու նմանօրինակ մղումներով մարմնաւորուած «մտացածին» վէպը մեզի կը ներկայանայ իբրեւ մէկ հայելին՝ հայկական տխուր իրականութեանց, որոնց դարմանումը կը գտնուի հեղինակին երեւութական յոռետեսութենէն անդին, խորքին մէջ՝ անոր իրական նպատակն են։
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ