«To come home away from home»
Երբ այդ երեկոյի կայացման համալիրը հասանք, պահակը շատ սիրալիր կերպով հարցուց թէ որո՞ւ կÿայցելենք։ Անոր փոխանցեցի, որ հայկական հաւաք մը կայ այստեղ։ Պահակը աչք մը նետեց ինքնաշարժին ու ըսաւ։ Հրամեցէք ներս ձեր ինքնաշարժով, որովհետեւ փոքրիկներ ունիք ձեզի ընկերակցող։ Շնորհակալութիւն յայտնեցի ու անցայ ներս։
Արդէն քանի մը ռոպէներ անց կրկին պիտի մեկնէի։ Զաւակս՝ Տարօնը, տեսնելով որ միայն մօրքուրը վար կ'իջնէ ինքնաշարժէն ըսաւ - «Մամ, դուն պահակին ըսիր «Armenian Party», ներսը ՀԱՅ կայ, պէտք է բոլորս ներս մտնենք»։ Անոր ըսի - «չէ տղաս, ներսը հայ չկայ».....
Օտար ափերու վրայ, ի մասնաւորի այնպիսի երկիրներու, ուր ազգակիցներու հետ գտնուիլը այնքան ալ ձեռնտու չէ, մեզի համար, որպէս անդամներ Քաթարի հայ համայնքին, ամէն առիթ հայկական մթնոլորտի մէջ գտնուելու ու մեր զաւակներուն հայկական շրջանակը ծանօթացնելու՝ իսկապէս կարեւոր է։
Ոգեւորուած էի ու շատ լաւատես, երբ Ս. Ծննդեան պատարագի աւարտին զրոյց դարձաւ Երիտասարդաց Վարչութիւնը կրկին կեանքի կոչելու նիւթը։ Միանքամայն այնտեղ ներկայացուեցաւ Ս Պահքի ընթացքին յատուկ երեկոյ մը սարքելու միտքը։
Վերջին ամսուայ ընթացքին Ազգային Վարչութենէն ստացանք Երիտասարդաց Վարչութեան կազմի անուանացանկը։Թէկուզ լի շարադրական թերութիւններով բայց վերջապէս ոգեւորող յայտարարութիւն մըն էր, որովհետեւ երիտասարդութիւնը որեւէ մէկ հաւաքականութեան ուժի եւ աշխոյժութեան կորիզն է։ Յաճախ կը լսէի Երիտասարդացի ժողովներուն ու այստեղ երկար տարիներէ հաստատուած հայ տիկիններու հետ հանդիպումներու մասին աշխատանքը բաժնուելու ու զայն իր յաջող լրումին առաջնորդելու։
Երեկոն կատարելու վայրի նշանակումը յանձնախումբի գերագոյն խնդիրն էր։Հարց ու փորձեր կային, սակայն սրահներու վարձքերը եւ ոգելից ըմպելի հրամցնելու արտօնութեան հարցերը խոչընդոտ կը հանդիսանային։ Յանձնախումբը իր սեփական պիւտճէն չ'ունէր, ոչ իսկ այլ հայկական գաղութներու նման կրցած էր իր ձեռնարկին նիւթական ներդրում կատարող մը ապահովել։ Ուստի ներկայ տիկիններէն մին պիտի ներկայացներ իր պայմանաւորուած առաջարկը։ Երեկոն նախաձեռնել իր բնակած համալիրի սրահին մէջ ձրիաբար, սակայն փոքրիկներու մուտքը արգիլելով։ Տարիներ առաջ այնտեղ այլ հայկական ձեռնարկ մը կատարուած էր ու փոքրիկները համալիրի լողաւազանը կեղտոտած էին։ Յանձնախումբը ընդառաջեց այս պայմանաւորուած առաջարկին ու անցաւ աշխատանքի։
Երբ քրոջս այդ համալիրը հասցուցի, վերյիշեցի, թէ այդ համալիրի սրահը նոյնն էր, ուր կÿուսումնասիրուէր հրաւիրել մանկական երգեր ներկայացնող հայ երգչուհի մը, հայ փոքրիկներու յատուկ երգահանդէս մը ներկայացնելու համար, նոյն այդ տիկիններու հաւանութեամբ։ Արդէօք եթէ այդ ձեռնարկը տեղի ունենար ի՞նչ պիտի ըլլար լողաւազանին վիճակը։ Յանձնախումբի եւ տիկիններու խմբակցութեան վկայութեամբ, սրահը կրնար 100 անձ ներառնել եւ ըստ էութեան այդ թիւը բաւարար կը համարուէր ու այսպէս երիտասարդ ծնողներու մասնակցութիւնը նման ձեռնարկի մը փոքրիկներու մուտքը արգիլելով պիտի հանգստացնէր զիրենք, այլ վայր մը փնտռելու մտահոգութենէն։ Հետեւաբար Երեկոյին ներկայ պիտի գտնուէին մեծ տարիքով մարդիկ, ամուրի երիտասարդներ ու սակաւաթիւ երիտասարդուհիներ, նորապսակ զոյգեր, ինչպէս նաեւ այն ծնողները, որոնք իրենց տուներուն մէջ ունին օգնականներ (ֆիլիբբինցիներ)։ Մնացեալ երիտասարդ ընտանիքները, որոնք իրենց մօտ բնակող մեծ մայրեր կամ օգնականներ չունէին, զրկուած պիտի մնային տարին մէկ եւ լաւագոյն պարագային երկու անգամ նախաձեռնուած նման հաւաքէ մը։Ասոր կողքին մարդիկ ամենայն համարձակութեամբ երկու դիմակներ կը հագուէին։ Առաջինով զաւակներ ունեցողներուն դժգոհանքը բաժնելու ու երկրորդով ըսելու - հարց չէ, շատ ձեռնարկներ կը կազմակերպուին փոքրերուն համար, թող այս անգամ ալ ներկայ չըլլան...։
Ամանորին, երբ հսկող մարմինը չէր խորհած ամանորի հաւաք մը կազմակերպելու մասին, մօտաւորապէս 15 ընտանիքներ կրցանք ամանորեայ շատ հաճելի պարանցիկ երեկոյ մը վայելել յատուկ հայ ընտանիքներու եւ պահքի երեկոյին մատչելի գինին շատ մօտիկ։ Այո, այնտեղ ոգելից ըմպելին արտօնուած չէր, բայց հնչող հայ երգերը, մեր հայկական պարերու կատարումը, կատակներն ու հաւաքէն ծնունդ առած ուրախութիւնը՝ բաւարար էին հայկական շունչով բացառիկ մթնոլորտ մը ստեղծելու թէ մեզի եւ թէ մեր զաւակներուն համար։
Աւելին, յանձնախումբը խնդիր չունէր ամբողջ ձեռնարկը մէկ շաբաթ յետաձգելու՝ անձնաւորութեան մը ներկայութիւնը ապահովելու համար. սակայն նոյն այդ յանձնախումբը չէր կրցած այլ տեղ ապահովել, կամ ոգելից ըմպելիէն հրաժարիլ՝ տասնեակ մը ընտանիքներու ներկայութիւնը անկարելի չդարձնելու։ Մտահոգութիւնները յանձնախումբին փոխանցուած էին ու որդեգրելի լուծում- ներ հաստատ որ կային, բայց ապարդիւն։ Մեզի, եւ քոնէ տեղեկութեանս համաձայն այլ ընտանիքի մը, արտօնուած էր ներկայ գտնուիլ զաւակներով միասին, նոյնինքն նախաձեռնողներուն կողմէ։Սակայն մեր ներկայութիւնը որքանո՞վ պիտի չնեղացնէր հայերէն եւ ի մասնաւորի անգլերէն լեզուով պատրաստուած երեկոյի յայտարարութիւնը ընթերցող ու կազմակերպողներու հետ փոխ յա- րաբերութիւններ չունեցող ընտանիքները,որոնց ուղղակի հեռաձայնային խօսակցութեամբ փոխանցուած էր թէ փոքրերու մուտքը արգիլուած է։
Երեկոյին ներկայ չգտնուելուս պատճառաւ չեմ կրնար որեւէ լրագրական վկայութիւն ներկայացնել մթնոլորտի կամ յայտագրի մասին։ Հաստատ գիտեմ, թէ կազմակերպողները ժրաջան երիտասարդներ են, սակայն վարանեցան երեկոյի նպատակի ճշդման մէջ։ Զգոյշ ըլլանք եւ միշտ առաջնահերթ պահենք մեր համընդհանուր շահերը, այլապէս, որպէս այլ սփիւռքներէ կամ հայրենիքէն այստեղ որպէս ժամանակաւոր պանդուխտ մէկտեղուածներ՝ նման դէպքերու, արարքներու ու մտածողութեան կրկնութեամբ, հաստատ է որ ալ աւելի վտանգենք հաւաքական մեր «ես»ը։
Յ. Գ. Սոյն յօդուածը ոչ մէկ ձեւով կը նպատակադրէ անձնական բախումներ առաջացնել, այլ մեր սպիտակը յիշելու կողքին ներկայացնել նաեւ մեր մոխրագոյնն ու սեւը, անոնք եւս սպիտակացնելու անկեղծ մտադրութեամբ։
Գարօլին Մսրիէ - Սերոբեան