rober-haddejian_11-7-11«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:

Երթեւեկի խնդիր

Խմբագրի կեանքիս մէջ իր ուրոյն տեղն ունի երթեւեկի խնդիրը։ Անշուշտ պիտի ըսուի որ աշխարհի վրայ ապրող ու գործող ամէն մարդու համար ուրոյն իր տեղն ունի երթեւեկի խնդիրը, գործի երթալ¬գալու հարցը։ Ճիշդ է։ Նոյնիսկ շատերու համար դժոխային գործ է։ Ոմանք իրենց անձնական կառքերով ամէն առտու ժամ մը, երկու ժամ կը ճամբորդեն իրենց գործին երթալու համար, գիշերն ալ նոյն ձեւով կը վերադառնան։ Ուրիշներ երկար ժամանակ հանրաշարժի մը կը սպասեն ու խճողեալ հանրաշարժերու մէջ զիրար ճզմող անցորդներու մէջտեղ յոգնատանջ կանգնած, կը մաշին - կը սպառին տակաւին գործի սկսելէ առաջ։ Ամէն մարդու համար հարց է գործի երթալ-գալը։ Բայց ես այս տեսակ խնդրի մասին չէ՛ որ պիտի գրեմ։ Ես, փառք Աստուծոյ, այսօր շատ հանգիստ կþերթեւեկեմ։ Աւելի ճիշդը՝ այլեւս հանգիստ կ'երթեւեկեմ։ Սկզբնական շրջաններուն ես ալ գործիս գացած եկած եմ տաժանելի ու յոգնեցուցիչ պայմաններու մէջ։ Բայց հիմա այդպէս չէ։ Ամէն առտու տղոցս հետ խմբագրատան դրան առջեւ կþիջնեմ։ Ճամբայ ելլելու ու խմբագրատուն հասնելու միջեւ անցնող ժամանակը մօտաւորապէս կէս ժամ է։ Ես այդ կէս ժամուան մասին է որ պիտի խօսիմ, երբ պիտի արտայայտուիմ խմբագրական կեանքիս երթեւեկի խնդրին շուրջ։
Նախ անմիջապէս ըսեմ որ մեր կառքին ետեւի նստարանը, ուր կը նստիմ այդ կէս ժամուան գնացքի ընթացքին, տանս աշխատասենեակի աթոռին ու խմբագրատան աշխատասենեակի աթոռին միջեւ առժամեայ աշխատանքի աթոռ մըն է ինծի համար, որովհետեւ այդ նստարանին վրայ ճամբորդելու ընթացքին ալ կը մտածեմ խմբագրական աշխատանքիս մասին։
Սկզբնական շրջաններուն, հոն էր որ կը սկսէի կարդալ առտուան թերթերը, որպէսզի հոնկէ որսայի մեզի համար հետաքրքրական ու կարեւոր լուրեր։ Աւելի քան տասը տարի, այդ կէս ժամուան ճամբորդութիւնը օգտագործեցի իմ նախասիրած երկու թերթերը թղթատելու համար։
Այսօր կը զարմանամ որ ի՞նչպէս կը յաջողէի ժամական հարիւր քիլոմեթր արագութեամբ սուրացող կառքին մէջ կարդալ այդքան փոքր տառերով տպուած թերթերը։ Բայց կը կարդայի։ Կէս ժամուան մէջ արդէն կþընտրէի չորս կամ հինգ լուր որոնք մեզի հետ կապ կրնային ունենալ, զանոնք կը կարդայի ուշադրութեամբ, կերպով մը կը մարսէի զանոնք որպէսզի երբ խմբագրատուն հասնէի, մէկ շունչով գրի առնէի անոնց մանրամասնութիւնները։
Այսպիսի ընթերցումի մը ընթացքին է որ Փետրուար ամսուան մը մէջ սառուցեալ օդով մը կառքի անմոռանալի արկած մը ունեցանք եւ ես գլուխս ջարդեցի, արիւնլուայ վիճակի մէջ հիւանդանոց փոխադրուեցայ, քանի մը օր ալ դարմանումի ենթարկուեցայ։ Այդ օրուան լուրերը շատ սուղ արժած էին ինծի եւ այդ օրէն վերջ որոշած էի նստիլ ետեւի նստարանին վրայ իսկ անպայման կապել ապահովութեան գօտին։
Երբ թերթերը սկսան համացանցի վրայ իրենց էջերը դնել, խմբագրի կեանքիս մէջ բան մը փոխուեցաւ։ Կարեւոր բան մը։ Փողոցէն թերթ գնելու ու կառքին մէջ կարդալէ առաջ ես արդէն սկսայ բնակարանիս մէջ համացանցի վրայ տեսնել իմ նախասիրած բոլոր թերթերը եւ հոնկէ որսալ ինչ որ կար մեզի համար հետաքրքրական։ Բայց ատոր համար պէտք էր որ կանուխէն աշխատիլ սկսէի։ Եւ եթէ համացանցը ամէնուն համար օգտակար եղաւ, ինծի համար եղաւ վնասակար անով՝ որ այլեւս ամէն առտու ժամը վեցին կը բանայի համակարգիչը եւ ճամբայ ելլելէ առաջ պտոյտ մը կ'ընէի քանի մը տեղական թերթերու էջերուն մէջ, ու զանոնք կը թարգմանէի կամ կը խմբագրէի։
Այդ օրէն վերջ քիչ մը ատեն եւս տունէն խմբագրատուն երթալու ընթացքին աչք պտտցուցի երկու թերթերուս վրայ, եւ օր մըն ալ տղոցս ըսի.
- Թերթ չեմ ուզեր, պէտք չկայ։ Ես արդէն անհրաժեշտ լուրերը պատրաստած եմ։
Հիմա մեր կէս ժամուան ճամբորդութեան ընթացքին թերթ չէի կարդար այլեւս, ատոր փոխարէն աչքերս կը սեւեռէի կառքին պատուհանին վրայ, իբրեւ թէ դուրսը կը դիտէի, բայց իրականութեան մէջ կը մտածէի։ Ահա ամէնէն հիմնականը խմբագրի կեանքիս մէջ։ Մտածե՛լ, շարունակ մտածե՛լ, մտքէս յօդուածներ գրել, ոմանց պատասխանել, ոմանց հետ բանավէճի բռնուիլ, ուրիշներու հար-ցումներ ուղղել, գրական վերյիշումներ ընել, յօդուածի նիւթեր որոճալ, յանկարծ նիւթ մը ձերբակալել, եթէ կարելի է՝ անմիջապէս թուղթ մը հանել ու արձանագրել այդ նիւթը, ապա մտածել ուրիշ նիւթերու մասին, երեւակայական խմբագրական մը գրել, եւ այսպիսի նիւթեր, որոնք զիրար կը հրմշտկեն մտքիս մէջ։
Եթէ մարդիկ ընդհանրապէս տակաւին չեն անդրադարձած, հիմա պէտք է անդրադառնան որ մարդ կէս ժամուան մէջ կրնայ մտածել այնքան շատ բան՝ որքանին մասին չի կրնար խօսիլ կամ գրել երեքհարիւր օրուան մէջ։ Մտածումը կայծակի արագութենէն ալ, ձայնի արագութենէն ալ աւելի արագ փայլատակող եւ ընթացող հրաշք մըն է եւ կէս ժամը ահաւոր կերպով երկար ժամանակ է մտածող մարդուն համար։ Միայն թէ հարց մը կայ հոս ալ։ Մտածումը այնքան արագ կը մեկնի, որքան արագ կուգայ։ Մէկ մտածումէն յանկարծ միւսին կ'անցնիս մոռնալով քիչ առաջ մտածուածը։ Եւ երբ կառքը կանգ կ'առնէ խմբագրատան դրան առջեւ ու դուն կը քակես ապահովութեան գօտին, կþանդրադառնաս որ ապահովութեան տակ չես կրցած առնել այն բոլորը որոնց մասին մտածեցիր կէս ժամուան ընթացքին։
Ո՜վ գիտէ ամէն օր քանի յօդուած ու գիրք կը յղանամ կէս ժամուան մեր երթեւեկի ընթացքին, յօդուած եւ գիրք՝ որոնք չգրուեցան ու երբեք պիտի չգրուին։

Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - (Յուշատետր - 71)