Երէկուան մեր թիւով հրատարակեցինք յունական կիրակնօրեայ «Թօ Փարոն» թերթին մէջ լոյս տեսած Տիմիթրիս Գոնսթանտաքոփուլոսի «Հայաստանը մեր թշնամին կը դարձնենք» խորագրով յօդուածը:

Յօդուածագրի կատարած բացայայտումները, Ատրպէյճանի հետ Յունաստանի կառավարութեան ռազմական համագործակցութեան համաձայնագրի մը նախագիծին վերաբերեալ, արդար հարցադրումներու առիթը կուտան: Ի դէպ յայտնենք, թէ յօդուածը արդէն իսկ արտատպուած է տասնեակներով յունական կայքէջերու մէջ, զայրոյթ առաջացնելով ընթերցողներուն մօտ, ինչ որ բացայայտ կը դառնայ շարունակութեան՝ անոնց կողմէ գրուած խիստ քննադատութիւններէն։

Ստորեւ կը հրատարակենք յօդուածին հայերէն թարգմանութիւնը:

«Հայաստանը մեր թշնամին կը դարձնենք»

Հայաստանը (եւ անոր առընչուած Լեռնային Ղարաբաղը) լեռնային փակ երկիր մըն է, թշնամիներով շրջապատուած: Արեւելքէն սահմանանակից է Ատրպէյճանի, որ մնայուն սպառնալիք կը հանդիսանայ եւ որու դէմ պատերազմի մէջ էր 1990ական թուականներուն:
Հարաւէն եւ հարաւ-արեւմտեան կողմէ սահմանակից է Թուրքիոյ, որ բազմաթիւ անգամներ սպառնացած է միջամտութիւն կատարել շրջանէն ներս, օգտագործելով Կարսի պայմանագրով ճշդուած դրոյթները: Հիւսիսէն՝ Վրաստանն է, որ նոյնիսկ եթէ բացէ ի բաց թշնամի մը չէ, այսուհանդերձ բարեկամ ալ չէ: Վրաստանը ծայր աստիճան թշնամական յարաբերութիւններ ունի Հայաստանի գլխաւոր դաշնակից՝ Ռուսաստանին հետ, որ սակայն օժանդակելու համար Հայաստանին՝ կարիքը ունի Վրաստանի օդային կամ ցամաքային տարածքի օգտագործման:
Երկրի դիմագրաւած ռազմական սպառնալիքին դիւրաւ կարելի է աւելցնել ուժանիւթի եւ այլ բնագաւառներու արգելափակումները, ինչպէս պատահեցաւ 1990ական թուականներու սկզբնաւորութեան: Այդ պատճառով է, որ Երեւանի (ինչպէս եւ Մոսկուայի ու Թեհրանի) մէջ խիստ զարմանք պատճառեց այն տեղեկութիւնը, թէ Յունաստանի կառավարութիւնը կը պատրաստուի ռազմական համագործակցութեան համաձայնագիր մը կնքելու Ատրպէյճանի հետ. յաւելեալ՝ անոր ընձեռելով առատաձեռն ռազմական օգնութիւն - հակառակ Յունաստանի դիմագրաւած իրավիճակին -, որ կրնայ յեղաշրջել ուժերու յարաբերակցութիւնը:
Զարմանքը շատ աւելի մեծ եղաւ՝ նկատի առնելով, թէ Փոքր Ասիոյ հայերն ու յոյները ջարդի ենթարկուած են միեւնոյն բռնատիրոջ կողմէ: Իր կարգին Ատրպէյճանը ծայր աստիճան սերտ կապեր կը պահէ Անգարայի եւ Կիպրոսի կեղծ «պետութեան» հետ ու Թուրքիայէն ետք՝ աշխարհի մէջ անոր հետ լաւագոյն յարաբերութիւններ պահող երկիրը կը հանդիսանայ:
Յունաստան ինչո՞ւ կը զօրակցի այս երկրին: Ապշահար հայերը, փորձելով կանխել համաձայնագրի կայացումը, դիմում ներկայացուցած են Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսի, ոչ միայն խնդրելով իրմէ չվաւերացնել այսպիսի համաձայնութիւն, այլ նոյնիսկ առաջարկելով Յունաստանին՝ անվճար տրամադրել հակօդային ռազմական սարքաւորումներ, որոնք անհրաժեշտ չեն իրենց: Ըստ մեր տեղեկութիւններուն, սակայն, Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարը կը պնդէ պայմանագրի կայացման վրայ: Պատճառը (դժբախտաբար) պարզ է: Պահանջը ներկայացուած է Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ, «կիսալուսնի» նկատմամբ իր ռազմավարութեան ծիրէն ներս, ազդեցութեան գօտիի մը ստեղծումով՝ որ մեկնելով Կիպրոսէն պիտի «շրջապատէ» Թուրքիան, միաժամանակ Իրանի դէմ յարձակման հիւսիսային ճանապարհ մը ստեղծելով:
Այս լոյսին տակ պէտք է դիտել նաեւ ռազմական շտապ համագործակցութիւնը Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ, Վրաստանի եւ այլոց հետ: Եւ ինչպէս մնացեալ բոլոր հարցերուն մէջ, յոյն քաղաքագէտներու բառամթերքին մաս չի կազմեր «ո՛չ» բառը... Կասկած չկայ, որ Նեթանիահուի կառավարութեան բախումը Էրտողանի խումբին հետ (եւ ոչ թէ Թուրքիոյ դէմ ընդհանրապէս, ինչպէս կը կարծեն մեր «դդում գլուխները», անտեսելով հիմնական այս տարբերութիւնը) կրնայ մեծ հնարաւորութիւն նկատուիլ Յունաստանի եւ Կիպրոսի համար, այն պայմանով սակայն (որը ի զօրու չէ), թէ Աթէնք եւ Նիկոսիա որդեգրած պիտի ըլլային ազգային այնպիսի ռազմավարութիւն, որ որոշ նպատակներ պիտի հետապնդէր, յոյն-թրքական տարբերութիւնները ի վնաս Յունաստանի լուծելու եւ Անանի ծրագիրը վերաթարմացնելու վարկածներէն անդին... Հակառակ պարագային՝ աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր խաղերուն մէջ միջամուխ եղած երկրի մը «պատուէրները» պիտի իրականացնեն, Յունաստանի կամ Կիպրոսի հաշւոյն վտանգներէ զատ որեւէ այլ օգուտ չքաղելով:

Ո՛չ «կաւատներու»
Մեր երկիրը, իր դիմագրաւած ներկայ կացութեան մէջ, յուսահատօրէն դաշնակիցներու կարիքը ունի հորիզոնի բոլոր կողմերուն. ե՛ւ Երուսաղէմի, ե՛ւ Մոսկուայի, ե՛ւ Եւրոպայի, ե՛ւ Ամերիկայի, ե՛ւ երրորդ աշխարհի մէջ, ամէնուրե՛ք: Միակ բանը, որուն պէտք չունի, եւ միակ բանը, որ զինք քայքայած է՝ «կաւատներն» են: Եւ միայն այս տեսակը կարելի է գտնել յոյն քաղաքական գործիչներու մօտ, որոնք միայն ենթակայութեան յարաբերութիւններ մշակելու կարողութիւնը ունին:  Իրենց վարած քաղաքականութեամբ անոնք պիտի ոչնչացնեն նոյնիսկ սկզբունքով օգտագործելի յոյն-իսրայէլեան մերձեցման մը գաղափարը, օգուտի փոխարէն՝ վտանգներու եւ տառապանքի աղբիւրի վերածելով զայն:
Արդեօք որեւէ շահ ապահովա՞ծ ենք այս բոլորին դիմաց: Որպէս օրինակ տեսնենք Իսրայէլը, որ մեծ ազդեցութիւն ունի Ալպանիոյ վրայ: Պահանջեցի՞նք արդեօք, որ ան իր այդ ազդեցութիւնը բանեցնէ, որպէսզի վաւերացուի Սեփական Տնտեսական Գօտիի (Exclusive Economic Zone) համաձայնագիրը, կամ՝ Ալպանիա դադրեցնէ թրքական սուզանաւերու խարսխումը: Բնականաբար՝ ո՛չ: Աթէնք միայն կուտայ, երբեք չÿառներ, ոչ ալ կը պահանջէ, ոչ միայն այս հարցի կապակցութեամբ, այլ բոլոր հարցերուն, ոչ միայն Իսրայէլէն, այլ բոլորէն... Ատրպէյճանի տրամադրուած օգնութեան եւ բազմապիսի ու վտանգաւոր ռազմական այլ դիւրութիւններու դիմաց՝ արդեօ՞ք պահանջեցինք Երուսաղէմէն, որ դադրի Սքոփիան որպէս Մակեդոնիա ճանչնալէ: Անշուշտ՝ ո՛չ:
Հայաստանի պարագային հարցը ուրիշ երես մըն ալ ունի: Յունաստան պէտք չունի Ատրպէյճանի հետ կեղտոտ այս գործարքը իրականացնելու: Այդ մէկը ընելով՝ թերահաւատութեան դաշոյնով խորապէս կը վիրաւորէ դաշնակից ազգ մը, որուն ողբերգական պատմութիւնը անքակտելի կապերով իրարու միացուցած է մեզ: Ինչո՞ւ ընենք այս բանը:
Նոյն վիճակը դիմագրաւուեցաւ Միլոսեւիչի հարցով, որուն զգետնեց Եորղոս Փափանտրէուի խորհրդական Ալեքս Ռոնտոսը‘ ռուսերու հետ մեր յարաբերութեանց մէջ սեպ խրելով, ապա՝ իր դերակատարութեան մասին յոխորտալով ամէնուրեք, եւ ամէն ինչ քանդելով յոյն-սերպական ու յոյն-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ: Մեզ ստիպեցին յանձնել Օջալանը՝ բոլորովին խորտակելով քիւրտերու եւ յոյներու միջեւ փոխադարձ վստահութեան կլիման: Եւ այսպէս շարունակ, մինչեւ որ քայքայուեցան Յունաստանի կողմէ մինչեւ 1996 թուական պահպանուած գրեթէ բոլոր քովնտի յարաբերութիւնները. յարաբերութիւններ՝ որոնք հաճելի չէին անշուշտ Աթէնքի «յունասէր»ներուն, բայց կրնային մասամբ հակակշռել մեր երկրին վրայ տեւաբար բանեցուող ճնշումները ենթադրեալ մեր դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն կողմէ, ներառեալ՝ Թուրքիոյ: Կը յուսանք, թէ պրն. Սամարաս պիտի միջամտէ, կասեցնելու համար անհասկնալի այս համաձայնութիւնը:

ՏԻՄԻԹՐԻՍ ԳՈՆՍԹԱՆՏԱՔՈՓՈՒԼՈՍ
«Թօ Փարոն»