Անցնող չորս օրերուն ընթացքին, աւելի քան 30 հազար հայորդիներ ներկայ եղան ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 36րդ չորսօրեայ փառատօնին:
Այս մէկը ինքնին արդէն հաստատ տուեալ մըն է եւ մեծ ու փայլուն բարենիշ մը՝ արձանագրուած այս մեծ ընտանիքի պատմութեան էջերուն: ՀՄԸՄի դրօշին ներքեւ, բացառիկ յաջողութեամբ պսակուեցան Նաւասարդեան աւանդական դարձած այս տարուան 36րդ մարզախաղերը,

, որոնք իրենց աւարտին հասան Կիրակի, 3 Յուլիս, 2011ի առաւօտէն մինչեւ կէս գիշեր, Birmingham High School-ի հսկայ տարածքին վրայ, եւ որոնք անօրինակ խանդավառութեան եւ ազգային հպարտութեան անմոռանալի պահեր ստեղծեցին գաղութի հայութեան սիրտերուն մէջ, հազարաւոր երկսեռ անդամներու եւ համակիրներու ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ:
Շրջանի սկաուտական խորհուրդի առաջնորդութեամբ մարզադաշտ առաջնորդուեցան Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, այս տարուան տիպար ՀՄԸՄական Ռուբիկ Գուրճեան եւ իր կողակիցը՝ ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեանի:
Օրուան խօսնակներն էին՝ ՀՄԸՄականներ Նորա Չափարեան (հայերէն) եւ Տօնիկ Անտոնեան (անգլերէն), որոնք գեղեցկօրէն եւ հարազատ կերպով ներկաները ոգեւորեցին յատուկ լոզունքներով եւ քաջալերական ու տպաւորիչ խօսքերով, ինչպէս նաեւ ծանօթացուցին Նաւասարդեանն ու ՀՄԸՄի այս ափերու մեծ ընտանիքը:
Պէտք է շեշտել, թէ Նաւասարդեան 36րդ մարզախաղերը եզրափակող Յունիս 30էն մինչեւ 1 Յուլիսի շաբաթավերջը, յատկանշուեցաւ մեր երկսեռ երիտասարդութեան տիրական ներկայութեամբ, որ անգամ մը եւս եկաւ բոլորին միտքերուն մէջ դրոշմելու, թէ ՀՄԸՄը Սփիւռքեան հայ բացառիկ այն կազմակերպութիւնն է, որ հայ երիտասարդութեան սրտին կը խօսի հաստատապէս:
Փակման հանդիսութեան դրօշակի տպաւորիչ արարողութիւնը կատարեց շրջանի արի-արենոյշներէ կազմուած դրօշակակիրներու խումբը, որ ղեկավարութեամբ Ոսկան Արիսեանի, Շրջ. վարչութեան նուագախումբի ազգային եղանակներով մարզադաշտ բերաւ Ամերիկայի, Հայաստանի, Արցախի, Քալիֆորնիոյ, ՀՄԸՄի եւ Նաւասարդեան դրօշները, բարեւեց պատուոյ հիւրերուն եւ կատարեց դրօշակի արարողութիւնը՝ հետեւելով Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգներուն, զորս դարձեալ նուագեց Շրջ. վարչութեան փողերախումբը:
ՀՄԸՄ Շրջ. վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեան յիշեց, որ 35 տարիներ առաջ, 250 մարզիկներով ծնունդ առած Նաւասարդեան խաղերուն այսօր կը մասնակցի աւելի քան հինգ հազար մարզիկ:


- - - - - - - - - - - - - - - - -

Վարժարանային հետաքրքրական սեմինար

ԱՄՆի մէջ «Շամլեան» Ազգ. վարժարանի տնօրէնութիւնը, հաշուի առնելով այն հան-գամանքը, որ անհրաժեշտ էր վերարժեւորման ենթարկել հայերէնի դասաւանդման ուսումնական ծրագիրը, անցնող տարեշրջանին ձեռնարկեց հայերէնագիտական առարկաներու վերագնահատման ու զարգացման «Սարոյեան» ծրագիրը, որը հիմ-նականօրէն կը միտի որոնել ու կեանքի կոչել նոր մօտեցումներ ու աշխատաոճեր՝ մայրենի լեզուի ու յարակից առարկաների սերտման եւ ուսումնառման մակարդակը ամերիկահայ նոր սերունդի մօտ բարձրացնելու համար:
Այդ իմաստով տնօրէնութիւնն ու հայերէնի բաժանմունքի պատասխանատուները  պատրաստեցան առանձնակի հարցախոյզեր, որոնց պատասխանեցին թէ՛ ազգային վարժարաններու նախկին շրջանաւարտները եւ թէ «Շամլեան»ի բարձր դասարանների աշակերտների ծնողները: Անդրադառնալով հայերէնի ծրագրի, ուսուցման եղանակի թերի եւ տկար կողմերուն՝ մեծամասնութիւնը յայտնեց այն կարծիքը, որ ժամանակը հասունցած է վերանայման ենթարկելու հայերէնի ուսումնառման եղանակներն ու մանկավարժական աշխատաձեւերը, եւ կիրառելով բարձրա- կարգ արհեստագիտութեան (High Tech) ուսումնակրթական հնարաւորութիւնները՝ նոր ուղղութիւն առաջացնել հայոց լեզուի եւ յարակից առարկաներու դասաւանդման կարեւոր մարզէն ներս:
Հայախօսութեան զարկ տալու հնարաւորութիւններու մասին, թէ՛ շրջանաւարտներու եւ թէ ծնողներու կարծիքով, անհրաժեշտ է խրախուսական այնպիսի միջոցներու կիրառումը, ինչպիսին են՝ բանաւոր քննարկումներ, զրուցատուութեան ծաւալում դասապահերուն ընթացքին, աշակերտական ներկայացումներ ու մշակութային միջոցառումներու առաւել կազմակերպում: