rober-haddejian_11-7-11«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:

Քննադատութեան խնդիր

Խմբագրական կեանքիս ամէնէն ծանր գիշերները ապրեցայ միշտ այն օրերուն երբ թերթին մէջ մէկու մը հասցէին սուր քննադատութիւն մը ընել ստիպուեցայ։ Ասիկա անախորժ ու սխալ բան մը ըրած ըլլալու խոստովանութիւն մը չէ, կամքէ անկախ կամ բերնէ փախցուած ապաշխարութիւն մը չէ, քննադատութիւններ ըրած ըլլալու զղջում բնաւ չէ, խմբագրի նկարագրիս տկարութեան մասին փաստ ալ չէ ամենեւին։ Ընդհակառակը, խմբագրի կեանքիս հպարտութիւններէն մէկն է այս։ Խմբագրական կեանքիս քառասուն տարիները անպայման լեցուն են դրական իրագործութիւններով, բայց ինծի համար ամէնէն հպարտացուցիչ իրագործութիւնը ա՛յս է ահաւասիկ։ Տառապեցայ, եթէ մէկը քննադատել ստիպուեցայ։ Բայց այդ տառապանքը չկասեցուց զիս, չվախցուց, պատճառ չդարձաւ որ ես հրաժարիմ սա կամ նա քննադատութիւնը ընելէ։ Ո՛չ։ Քննադատութիւնը ըրի գիտնալով հանդերձ թէ այդ գիշեր պիտի չքնանայի։ Ըրի՛, որովհետեւ պարտականութիւնս էր քննադատել, կարծիք յայտնել, եթէ սխալ մը կայ, այդ սխալը մատնանշել։
Գիշերները ամէն վայրկեան ես ինծի կը հարցնէի թէ ինչո՞ւ այդքան կը տառապէի։ Հարցումներ ու կասկածներ կը տանջէին միտքս։ Ես ինծի կը հարցնէի թէ արդեօք անիրաւութիւն մը ըրա՞ծ էի այդ քննադատութիւնը գրի առնելով, արդեօք զուր տեղ անմեղ մէկու մը վի՞շտ պատճառած էի այդ քննադատութիւնը ընելով։ Չկարծուի որ կը վախնայի թէ այս քննադատութիւնը յոռի հետեւանքներ կը ստեղծեն ինծի համար, կը վախնայի որ ընթերցողները ինծի հետ համակարծիք չէին ըլլար։ Ո՛չ։ Այս հարցումներէն ո՛չ մէկը դրական պատասխան ունէր։ Իմ անհանգստութիւնը կուգար տարբեր աղբիւրէ մը։ Ասիկա կուգար կռիւէ խորշելու, կռիւ չսիրելու իմ նկարագրէս։ Կը տառապէի, բայց չէի բողոքեր իմ այդ նկարագրիս դէմ։ Ես ընդհակառակը կը շնորհաւորէի իմ այդ բնաւորութիւնը, ես իմ այդ բնաւորութեան համար փառք կուտայի, կþըսէի. «Քննադատեցի, մէկու մը վիշտ պատճառեցի, բայց կը տառապիմ ահաւասիկ, որովհետեւ կռուիլ չեմ սիրեր»։
Միայն թէ հոս ալ հարց մը կար։ Ամէն անգամ որ քննադատութիւն մը գրի կþառնէի, այդ իրիկուն անպայման քանի մը հեռաձայն կը ստանայի բարեկամներէ ու ընթերցողներէ։ Ասոնք ջերմ նախադասութիւններով կը շնորհաւորէին զիս այդ քննադատութիւնը ըրած ըլլալուս համար, շատ ճիշդ կը գտնէին իմ գրածները, ոմանք այսքանով ալ չէին գոհանար, իրենք ալ քննադատուած անձին մասին ծանր խօսքեր կþընէին, իմ գրածիս տասնապատիկը կ'ըսէին։
Ծիծաղելին կամ հակասականն այն է որ այսպիսի իւրաքանչիւր հեռաձայնի կոչ, փոխանակ զիս ուրախացնելու, փոխանակ վիշտս թեթեւցնելու, առաւել եւս կը խորացնէր իմ տառապանքը, առաւել եւս կþանհանգստացնէր զիս։ «Երանի՜ թէ մարդ չփնտռէ զիս, երանի՜ թէ հեռաձայնի որեւէ կոչ չստանամ», կ'ըսէի ես ինծի, հեռաձայնի ընկալուչը վերցնել իսկ չէի ուզեր, եթէ ձեռքէս գար, հեռաձայնի գիծը պիտի անջատէի գոնէ մէկ գիշերուան համար։
Ես Աստուծոյ առջեւ է որ կը խօսիմ, ուստի կը խոստովանիմ առանց հարց տալու թէ ընթերցողներս ինծի պիտի հաւատա՞ն թէ ոչ։ Իրականութիւնն այն է որ  ամէնէն ծանր սխալին ու անիրաւութեան դէմ հրատարակուած քննադատութեան մը գիշերն իսկ երբեք չպատահեցաւ որմտածեմ. «Օ՜խ, շատ լաւ եղաւ, աղուոր դաս մը տուի»։ Երբեք չըսի այս բանը։ Որքան ալ զայրացած կամ վիրաւորուած ըլլայի դիմացինիս մէկ սխալէն կամ անիրաւութենէն, երբեք չըսի. «Հիմա թող խելքը գլուխը գայ»։
Քառասուն տարի առաջ այսպէս էի, այսօր ալ այսպէս եմ եւ կþերեւի թէ այլեւս ժամանակ ալ չմնաց որպէսզի բան մը փոխեմ իմ նկարագրիս մէջ։ Բայց հոս ալ բնականաբար կայ հարց մը։ Եթէ ժամանակ մնացած ըլլար, ես իտի յօժարէի՞ նկարագրիս մէջ բան մը փոխելու։ Եթէ Տէր Աստուած օր մը ինծի հարցնէր, ըսէր թէ «Կը տեսնեմ թէ որքան կը տառապիս երբ մէկը կը քննադատես, կþուզես՞ս որ քեզ փոխեմ, կþուզե՞ս որ քեզ աւելի խիստ ու վրիժառու դարձնեմ», ես պիտի ընդունէի՞։ Ո՛չ։ Չէի կրնար ընդունիլ։
Քառասուն տարուան մէջ ի՜նչ ապրումներ ունեցանք, ի՜նչ կռիւներու մէջէն անցանք, ի՜նչ բանավէճերու մէջ ինկանք, երբեմն որքա՜ն թշնամական վերաբերումներու ալ ենթարկուեցանք եւ մենք ալ ի՜նչպէիսի փոխադարձութիւններ ըրինք անոնց։ Այդ բոլորը այսօր կը յիշուի՞ն։ Այս բոլորը իրենց օգուտը ունեցա՞ն այդ օրերու իրադարձութեանց գնացքին մէջ, անոնցմէ բան մը մնացա՞ծ է այսօրուան մեր ապրումներուն մէջ։ Ամէն օր նոր ճաշ մը չէ՞ որ կը դրուի մեր ճաշասեղանին վրայ, ուրեմն մեր բերնին մէջ համ մը մնացա՞ծ է երէկ մեր կերածէն։
Անպայման մնացած է։ Այսօր կրնանք մոռցած ըլլալ ամէն ինչ, նաեւ մոռցած կրնանք ըլլալ ինչ ինչ կռիւները՝ որոնց մէջէն անցանք ակամայ։ Արդէն այնքան լաւ մարդ ենք, որքան մոռցած ենք այդ կռիւները եւ կը յիշենք միայն հաշտութիւններն ու բարեկամութիւնները։ Ճիշդ է, շատ տառապեցայ ամէն անգամ որ մէկումը մասին ստիպուեցայ անախորժ բան գրել, բայց ատոր փոխարէն երջանկութեամբ արբեցայ ամէն անգամ որ լաւ բան մը գրեցի մէկու մը մասին։ Եւ ինչ լաւ էր որ այս երկրորդները շատ ու շատ աւելի էին, քան առաջինները, այսինքն կռիւներն ու քննադատութիւնները։
Խմբագիրը ամէն գիշեր թերթ մը տուն կը տանի իրեն հետ։ Ատիկա ընթերցողին ղրկուած թերթէն քիչ մը տարբեր է։ Ընթերցողին ղրկուած թերթը ոչինչ կը խօսի խմբագրին ապրած տառապանքներէն։ Այդ տառապանքը արձանագրուած է միայն տուն տարուած սեփական թերթին մէջ։

Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» -
(Յուշատետր - 71)