Հայ եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներէն երրորդն է ապաշխարութեան խորհուրդը, եթէ զայն տեղադրենք հաղորդութեան խորհուրդէն առաջ։
Արդարեւ, ապաշխարութիւնը այն խորհուրդն է, որ կը ջնջէ մարդուն մկրտութենէն ետք գործած բոլոր մեղքերը եւ զայն կը վերահաստատէ աստուածային շնորհքներու մէջ, պայքարելու համար չարին փորձութիւններուն դէմ։


Քրիստոսի առաքելութիւնը այս աշխարհի վրայ գլխաւորաբար եղաւ հոգիները մեղքի կապանքներէն ազատագրել։ Մեղքը մարդուն ամէնէն մեծ չարիքն է, զոր Քրիստոս եկաւ ջնջելու զայն։ Հետեւաբար, մարդոց կողմէ Աստուածոյ կամքին հակառակ կատարուած որեւէ գործ, խօսք կամ մտածում մեղք կը կոչուի, որը երկու տեսակ է.- Ներելի մեղքեր եւ մահացու մեղքեր։
Ներելի մեղքը թեթեւ յանցանք մըն է, որուն Աստուած դիւրաւ կը ներէ եթէ անկեղծօրէն զղջանք եւ թողութիւն խնդրենք իրմէ իսկ մահացու մեղքը Աստուծոյ կամքին հակառակ գործուած ծանր յանցանք մըն է, որուն համար եթէ զղջումով եւ բարեգործութեամբ աստուածային ներողամտութեան չարժանանք, կը մեռցնէ մարդու հոգին, զայն շնորհքներէ զրկելով ու դատապարտելով յաւիտենական մահուան։ Օրինակ՝ հպարտութիւնը, նախանձը, ծուլութիւնը, որկրամոլութիւնը, եւլն., մահացու մեղքեր են։
Քրիստոս ինք հասատեց ապաշխարութեան խորհուրդը, որպէսզի մեզ փրկէ մեղքե-րէ ու յաւիտենական կեանք պարգեւէ մեզի։ Քրիստոս այս աշխարհի վրայ գտնուած ժամանակ ինք ներեց մեղաւորներուն, բայց երբ երկինք համբարձաւ, մարդոց մեղքերը ներելու կամ ջնջելու իշխանութիւնը իր առաքեալներուն տուաւ որպէսզի փրկագործական իր առաքելութիւնը շարունակուի։ Ան ըսաւ իր աշակերտներուն.- «Ձոր կապիցէք յերկրի՝ եկեղեցի կապեալ յերկինս եւ զոր արձակիցէք յերկրի՝ եղիցի արձակեալ յերկինս», այսինքն, ով որ երկրի վրայ կապէք, կապուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ եւ ով որ արձակէք երկրի վրայ՝ արձակուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ։
Մեղքերու թողութիւն տալու այս իշխանութիւնը աշակերտները Քրիստոսէ առնելով զայն փոխանցեցին իրենց յաջորդներուն, այսինքն եպիսկոպոսներուն, որոնք նոյն իշխանութիւնը տուին նաեւ քահանաներուն։
Ապաշխարութեան խորհուրդը ընդունելու առաջին պայմանը անկեղծ եւ ճշմարիտ  զղջումն է, որը պէտք է հոգիի խորերէն բխի։ Մեղաւորը ինքնաբերաբար պէտք է զգայ իր յանցանքները ու ցաւ յայտնէ անոնց համար։ Առանց զղջումի ապաշխարութիւնը կեղծիք է կամ ձեւակերպութիւն։
Ի՞նչ է ուրեմն ապաշխարութիւնը եթէ ոչ ցաւիլ, հեծածալ, զղջումով լալ կատարուած մեղքի մը համար, խոստովանիլ զայն ու Աստուծմէ թողութիւն խնդրել։
Արդ, զղջումն ու ցաւը ապաշխարութեան խորհուրդին նախապատրաստութեան կարեւոր պայմաններն են։ Երկրորդ պայմանը Խոստովանանքն է։ Ճշմարիտ ապաշխարութիւնը կþենթադրէ ամբողջովին ճանչնալ եւ  խոստովանիլ մեղքերը։ Թողութեան արժանի ըլլալու համար, ենթական պէտք է սիրով ու հաւատքով խոստովանի իր գործած յանցանքներն ու սխալները։
Ապաշխարութեան երրորդ պայմանը մեղաւորին եկեղեցւոյ կողմէ սահմանուած կրելիք պատիժն է կամ հատուցումը, համաձայն իր յանցանքներու շատութեան եւ ծանրութեան։ Այս պարագային ենթական յօժարութեամբ պէտք է կատարէ եկեղեցականին կողմէ տրուելիք ապաշխարանքը, որուն նպատակն է զինք բարոյապէս ու հոգեպէս վերաշինել եւ ոչ թէ անպայման չարչարանքի ենթարկել, որը կրնայ իրագործուիլ քահանային կողմէ թելադրուած աղօթքով ու պահեցողութեամբ եւ զայն ժամանակաւորապէս զրկելով հաղորդութիւն առնելէ։ Ապաշխարանքի ենթարկուելու սկզբունքը այն է, որ մեղա- ւորը Քրիստոսի փառքին հաղորդակից ըլլալու համար պէտք է մասնակից ըլլայ նախ այն չարչարանքին, զոր Քրիստոս ինք կրեց մեղաւորին մեղքերուն պատճառով։
Արդարեւ, մեղքի մէջ ինկող անհատ մը որպէսզի փրկուի, պէտք է զղջայ իր գործած մեղքերուն համար, խոստովանի զանոնք ու թողութիւն խնդրէ Աստուծմէ։ Թողութիւն տուողը պէտք է անպայման ձեռնադրուած օրինաւոր եկեղեցական մը ըլլայ իսկ ապաշխարութեան եկողը քրիստոնեայ անձ մը, որ մեղանչած է։
Խոստովանանքի երկու ձեւեր կան.- Առանձնական եւ հրապարակային։ Առանձնական խոստովանութիւնը այն է, որ ենթական եկեղեցի պէտք է երթայ ու իր մեղքերը խոստովանի քահանային եւ անկէ թողութիւն խնդրէ։ Առանձնական խոստովանանքը քահանայի ներկայութեան անհրաժեշտ է։ Առանց իրեն խոստովանանք չի կրնար կատարուիլ։ Քահանային պարտքն է խոստովանողին մեղքերը ուրիշին չյայտնել։ Դուինի Բ. ժողովին ԺԹ. կանոնը կ'ըսէ, որ կարգալոյծ կը հռչակուի քահանայ մը եթէ իրեն ի ծածուկ եղած խոստովանանքը ուրիշին յայտնէ։ Իսկ խոստովանանքը հրապարակային է երբ քահանան բոլոր հաւատացեալներու անունով Աստուծոյ կը ներկայացնէ խոստովանողներուն մեղքերը։ Հրապարակային խոստովանութիւնը անձնական մեղքերու յայտարարութիւնն է՝ ժողովուրդի ներկայութեան։ Դժբախտաբար հրապարակային խոստովանանքի ժամանակ ոեւէ մէկը իսկապէս իր մեղքերը չի խոստովանիր։ Հայ եկեղեցին երկու ձեւերն ալ՝ թէ՛ հրապարակային եւ թէ՛ առանձնական խոստովանութեան կերպերը պահած է, որոնք յոյժ կարեւոր են եւ օգտակար, ժողովուրդին բարոյական եւ հոգեւոր կեանքի վերանորոգութեան համար։
Հրապարակային խոստովանութեան ուրիշ մէկ օրինակն ալ սա է, որ քահանան պատարագի սեղան բարձրանալէ առաջ թողութիւն կը խնդրէ ըսելով.- «Խոստովանիմ առաջի Աստուծոյ... եւ առաջի ձեր հարք եւ եղբարք, զամենայն մեղս զորս գործեալ եմ...»։ Համրեր կամ կակազներ կրնան գրաւոր ներկայացնել իրենց մեղքերը իսկ մահամերձ մարդիկ կրնան միայն «մեղայ» մը ըսել եւ խնդրել քահանայէն որ արձակէ զիրենք։
Մեր եկեղեցւոյ ժամագիրքին սկիզբը զետեղուած են մեղքերու ցանկ մը եօթը տուներէ բաղկացեալ, որ կը կոչուի «Մեղայ», ուր կը յիշուին մարդկային ամէն տեսակ մեղքերը։ Խոստովանանքէն ետք քահանան Աստուծոյ անունով թողութիւն կուտայ մեղաւորին, արձակման «Ողորմեսցի» աղօթքը արտասանելով։ Թողութիւն ստացողը այնուհետեւ կրնայ հաղորդութիւն առնել։
Թելադրելի է, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ անհատ, տարին գէթ հինգ տաղաւար տօներուն խոստովանի իր մեղքերը, արձակում ստանայ քահանայէն եւ հաղորդուի։
Ապաշխարութիւնը մեղքի մէջ թաթախուած մարդուն համար հրաշալի առիթ մըն է քրիստոնէական նոր կեանք մը ապրելու եւ կեանքի դժուար պարագաներու բերումով մարդոց  գործած մեղքերը սրբելու միջոց մը։
Հայ եկեղեցին ապաշխարողներուն կը յանձնարարէ, մանաւանդ անոնց որոնք ծանր մեղքեր գործած են, որպէսզի բարիք ընեն կարօտեալներուն եւ կամ նուիրատուութիւններ կատարեն բարեսիրական հաստատութիւններու։
Մեծ Պահոց քառանորդական շրջանը որուն մէջ կը գտնուինք ներկայիս, ապաշխարութեան գեղեցիկ ընթացք մըն է զղջումի, խոստովանանքի եւ դարձի երեք հանգրուաններով իրագործուող։

ՎԱՐԱԳ Ա. ՔՀՆՅ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ