Մեր թերթի գործակից Մարգար Շարապխանեան հինգ մասերէ բաղկացած իր յօդուածաշարքին մէջ կ'անդրադառնայ Հայաստանի ներկայ իրավիճակին:
Ստորեւ կը հրատարակենք շարքի Բ. մասը, ապա յաջորդաբար լոյս կ'ընծայենք հետեւալ բաժինները:

«Տակաւին չենք. կը յուսանք ըլլալ»
Պասգալ

--------------------------

Բ.

Ներկայիս Հայաստանը Սոլոնի ու Պերիկլէսի նման օրէնսդիր ու օրինապահ քաղաքագէտներու պէտք ունի, որպէսզի կարենայ ազատագրուիլ զինք հարուածող քաղաքական, տնտեսական ու հասարակական ճգնաժամերէն: Ճիշդ ժամանակին, բարենպաստ ու մնայուն փոփոխութիւններ մտցուցին անոնք, իրենց ժողովուրդին ու հայրենիքին կեանքին մէջ: Պերիկլէս, քաղաքագէտն ու մեծ հայրենասէրը, որ բոլոր քաղաքացիներուն համար անխտիր, իր սահմանած ու պարտադրած օրէնքներով, Աթէնքի հասարակական կեանքը ծաղկեցուց ու ժողովուրդին ապրելակերպը բարելաւեց: Ան էր, որ իր կառավարած տարիներուն ստեղծեց յունական անմոռանալի Ոսկեդարը, որ իր անունով կոչուեցաւ, եւ դեռ կը կոչուի, «Պերիկլէսի դար»:
Եւ կամ Մովսէսի նման փրկարար առաջնորդի մը պէտք ունինք, որպէսզի այս «անապատէն» ու անոր մէջ  շրջապատուած ապրելէն դուրս առաջնորդէ մեզի: Հին ու նոր բոլոր ազգերուն մէջ, հայրենապաշտ ու արդարամիտ քաղաքական, կրօնական ու հասարակական առաջնորդները, իրենց ցուցաբերած իմաստուն հեռատեսութեամբ,  անձնուիրութեամբ ու քաջութեամբ, իրենց հայրենիքն ու ժողովուրդը առաջնորդած են աւելի հզօրանալու ու աւելի մարդավայել ու բարեկեցիկ կեանք մը ապրելու:
Մենք այս օրերուն Պերիկլէսի անձնազոհութիւնն ու վճռակամութիւնը եւ Մովսէսի աստուածային ինքնավստահ հաւատքը մարմնացնող ու ժողովուրդին կենցաղը բարելաւելու ու մեր հայրենիքը աւելի հզօրացնելու անխորտակ կամք ունեցող, արի ու ժողովրդանուէր անձերու պէտք ունինք, որոնց, ներկայ քաղաքականութեան մէջ ըլլալը, այդքան ալ անհրաժեշտ չէ այս  րոպէին:
Անոնք, վերեւը յիշուածները, իրենց կատարած գործով, փոփոխութեան ու միասնականութեան ոգին մտցուցին իրենց ժողովուրդին ու կազմուող հայրենիքին կեանքին մէջ:
Անշուշտ ասոնք, աշխարհի ընդհանուր պատմութենէն առնուած դաստիարակիչ օրինակներ են, որոնց բուն իմաստը, իմ միտքս ուղիղ ըմբռնողը միայն կրնայ ճշգրիտ կերպով գնահատել:
Ըսուած է թէ հին պատմութիւնը գիտութիւն ըլլալով հանդերձ՝ է՛ նաեւ փիլիսոփայութիւն, որ կը լուսաւորէ մեր կատարելիք նոր գործերը եւ ուղղութիւն կու տայ անոնց: Կարեւորը սակայն, պատմութեան ձայնին մտիկ ընելն է, եթէ կþուզենք երկիր ունենալ եւ պահպանել զայն: Մարդիկ, ներկան   յաջողցնելու համար, հին պատմութենէն շատ բան ունին սորվելիք: Հայրենապաշտութիւն, իմաստութիւն ու մանաւանդ արժանապատուութիւն ունեցող մարդիկն են, որ կարողացած են երկիր ստեղծել ու ապագային հզօր դարձնել զայն:
Օրէնքի եւ արդարադատութեան ասպարէզներուն մէջ, առնուած որոշումներուն նկատմամբ, երբ բոլորին համահաւասար գործածութիւն չկայ, հոն բնականաբար նեխած բան մը կայ, որ օր առաջ պէտք է հատումի ենթարկուի: Ըսուած է, թէ «հոն ուր հաւասարութիւնը անյաջող է, հոն, իրաւունքը պէտք է ի գործ  դրուի»: Երկրի մը օրէնքները պէտք է հիմնուած ըլլան արդարութեան ու քաղաքացիին օգնութեան հասնող մարդկային իրաւունքներուն վրայ: Անոնք, մարդ անհատին պէտք է արտօնեն ազատ ու արդար ապրելու եւ բարգաւաճելու իր ապրած հասարակութեան մէջ:
Իրաւունք եւ արդարութիւն, երկու կենսական հարցեր, որոնք Հայաստանի հասարակական ու քաղաքական բոլոր ասպարէզներուն մէջ, պէտք է աստիճանաբար ու ճշմարտապէս ի գործ դրուին, այլապէս մեր երկիրը կրնայ սխալ ուղղութիւններով առաջնորդուիլ ու ժողովուրդին կենցաղը տարուէ  տարի կրնայ վատթարանալ, փոխանակ բարելաւելու: «Օրէնքներուն վրայ հիմնուած ու առնուած բոլոր որոշումները արդար են ու օրինաւոր» կը պնդէր Արիստոտէլ: Այս պարագային, կարեւորը օրէնքէն ծագում առած արդարութիւնն է, որ շատ մը հարցերու լուծման գլխաւոր  յենակէտն է:
Հայաստանի ներկայ հասարակական ու աշխատաւորական կեանքին մէջ, եթէ օրէնքը, իրաւունքը եւ արդարութիւնը շուտափոյթ կերպով չհաստատուին, դժուար պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդին կեցութիւնն ու գոյութիւնը ապահովել մեր հայրենիքին մէջ:
Հայաստանին մէջ ներկայիս ամէն տեսակի օրէնքներ կան, որոնք վաւերացուած են պետութեան կողմէ, սակայն, պետական ու ոչ պետական պաշտօնեաներ կան  տակաւին, որոնք օրէնքէն բխող եւ ժողովուրդին ի նպաստ եղող իրաւունքը չեն պաշտպաներ եւ չեն իրագործեր զայն արդար կերպով: Ցաւալի երեւոյթ մըն է այս մէկը, որ յուսահատութիւն կը յառաջացնէ ժողովուրդի այլազան խաւերուն մէջ:
Անգլիացի իմաստասէր-տնտեսագէտը, Ադամ Սմիթ, իր ժամանակին, պատգամեց մարդկութեան. «Երկրի մը քաղաքացիական օրէնքները պէտք է հիմնուած ըլլան արդարութեան սկզբունքներուն վրայ ¥եւ նոյնութեամբ գործադրուին, անշուշտ, Մ.Շ.¤ եւ ոչ  թէ շահատենչութեան, որոնք հաշուի առած են հարուստներու բարգաւաճ վիճակը աւելի բարելաւելու...»:
Միջավայրը արդիւնք է գործունէութեան, եւ այդ միջավայրին մէջ հասունցած պտուղները, բնականաբար,կը նմանին իրենց միջավայրին: Սերունդներն ալ արդիւնք են իրենց միջավայրին: Մեր իմաստուն ժողովուրդը կþըսէ. «Ինչ որ ցանես ան կը հնձես»: Եւ այս մտքին մէջ երկուութիւն չկայ, մէկ է  ան ու ճշմարիտ: Կատարեալ ընկերութիւն մը կատարեալ ու արդարամիտ մարդոցմով ու իրենց կատարած նոյնանման գործունէութիւններով կը կառուցուի, ինչպէս կատարեալ ընտանիք մը արդարադատ ու հաւասարադատ ծնողներով պայմանաւորուած է:
Հայաստանին մէջ, ներկայիս, այդ ուղղութեամբ ընթանալու եւ օր մը հոն հասնելու տենչը, փափաքը կայ երեւութապէս: Խօսքէն անդին սակայն, գործով  սատարելու ճիգը տեսանելի չէ մեր ժողովուրդի ճակատագիրը կերտելու նշանակուած կամ ընտրուած ղեկավարութեան կատարած հասարակական եւ ընդհանրապէս ներքին գործունէութեաններուն մէջ: Բնականաբար գործը կայ, բայց այդ գործը կատարելու ընթացքին գործադրուած միջոցները այլազան են եւ հեռու են ուղիղ ու արդարադատ կոչուելէ: Բոլոր կատարուած գործերուն մէջ ալ, անձնական չարաշահութիւնները անպակաս են, որոնք պարզ ու իսկական քաղաքացիին կողմէ անընդունելի ու մեղադրելի եղած են միշտ:
Ներկայիս գոյութիւն ունեցող գործելակերպի եւ «անգիր օրէնքներու վերածուած» միջոցներն ու երբեմն  անտրամաբանական ու մարդկային մտքէն հեռու ըլլալու աստիճան սեփականացուած ձեռքբերումները, պէտք է այլեւս պետական ու բնական օրէնքի պարտադրանքով վերջ գտնեն եթէ  կþուզենք մեր երկիրը, բոլոր հայերուն համար, գրաւիչ ու արդարադատ միջավայրի մը վերածել ու ամէն գործառնութիւն, ըլլայ ան Հայաստանի եւ կամ Սփիւռքի գործարարներուն կողմէ ծրագրուած, ըլլայ փափաքելի, հաճելի ու նաեւ շահաբեր:
Կարգ մը պետական գործերուն մէջ, այս օրերուն, պատկան մարմինները անմիջական ու կտրուկ միջամտութիւններ պէտք է կատարեն, այլապէս պիտի չկարենանք ժողովուրդին ընկերային, հասարակական կեանքը բարելաւել ու աւելի տանելի դարձնել: Պետական, փոքր շուկայական, մեծ վաճառականական, հասարակական ու այլ գործերուն մէջ, ենթակային իրաւունքը ոտնակոխ ընող խախտումներ ու երբեմն սպառնալիքներ կը պատահին, որոնք բոլորն ալ կաշառակերութեան ու այլ անբարոյ հարցերու հետ կապուած են:
Հայրենիքը այն տեղն է, ուր մարդիկ աւելի ուրախ, աւելի երջանիկ եւ  աւելի ապահով պէտք է զգան ինքզինքնին եւ այդ պայմաններուն մէջ ալ աշխատին: Իսկ եթէ այս երեք կարեւոր բաները չեն զգար, կը նշանակէ թէ փտած բան մը կայ իրենց հայրենիքին մէջ: Մեր  ներկայ կառավարութիւնը պէտք է լրջօրէն մտածէ այս ճշմարտութեան մասին, գոյութիւն ունեցող սխալները սրբագրէ  ու անոր համաձայն մեր երկիրը կառավարէ:                  
Ու այս բոլորին յաջողութեան համար, «հասարակական բոլոր հաստատութիւններուն մէջ, արդարութիւնը առաջին առաքինութիւնը պէտք է դառնայ», ինչպէս կը թելադրէ մեզի օտարազգի ընկերաբան մը:
Քաղաքացիին իրաւունքը պաշտպանելու համար ստեղծուած պետական դատարանները պէտք է արդարամիտ որոշումներ գոյացնեն, առանց կողմնակալ դիրքորոշումներ  բռնելու, ասոր անոր «գրպանին» եւ իր ունեցած քաղաքական ու հասարակական դիրքին համաձայն, անարդար դատավճիռներ արձակելու, այլապէս արդարադատութեան  հաստատութիւն ըլլալէ կը դադրին: Ժողովուրդը պէտք է վստահութիւն ու հաւատք ունենայ իր երկրի դատարաններուն ու կառավարութեան վրայ, որովհետեւ այդ ձեւով է, որ հայրենասիրութիւնը, որ մակերեսային զգացում մըն է ներկայիս Հայաստանին մէջ, կրնայ  փոխուիլ աւելի խորունկ ու աւելի տոկուն զգացումի մը, որ հայրենապաշտութիւնն է, ինչ որ աւելի հաստատուն ու մնայուն հիմեր ունի եւ աւելի օգտակար կրնայ դառնալ մեր երկրին:
Ներկայիս Հայաստանին մէջ գոյութիւն ունի նաեւ ընկերային, դասակարգային անհաւասարութիւն, որ համամարդկային հարց մըն է անշուշտ եւ գոյութիւն ունեցած է պատմական հին շրջաններէն ի վեր:
Պատմութեան մէջ տիրապետողներ, իշխանաւորներ եւ անոնց հպատակողներ միշտ եղած են: Եղած են հարուստներ ու աղքատներ: Գործատէրեր ու բանուորներ: Ուսեալներ եւ ոչ ուսեալներ: Կղերականներ եւ պարզ աշխարհականներ: Որոշ երկիրներու մէջ, ասոնց միջեւ, պատահած են անարդար չարաշահումներ ու օրինազանցութիւններ ու այս վատահամբաւ  արարքները, բոլոր երկիրներուն մէջ ալ, պատմութեան ընթացքին ժողովրդական ըմբոստութեան պատճառ դարձած են: Երկու հարիւր քսաներեք տարիներ առաջ, Ֆրանսական Յեղափոխութիւնը  անիրաւուած ժողովուրդներուն տուաւ հետեւեալ պատգամը. «Հաւասարութիւն, Ազատութիւն, Եղբայրութիւն»: Յաջողեցա՞ւ: Ո՛չ բոլորովին: Տնտեսական, ընկերային ու դասակարգային կոչուած անհաւասարութիւնը կը տիրէ ներկայիս գրեթէ բոլոր երկիրներուն ու ազգերուն մէջ:  Ներառեալ մեր երկրին մէջ...:  Կոնֆուցիոս, չինացի այս մեծ քաղաքագէտն ու իմաստասէրը կþըսէր. «Լաւ կառավարուած երկրի մը մէջ աղքատութիւնը բան մըն է, որմէ պէտք է ամչնանք: Իսկ գէշ կառավարուած երկրի մը մէջ հարստութիւնը բան մըն է, որմէ պէտք է ամօթ  զգանք»: Մենք երկու սուրի մէջտեղն ենք ներկայիս: Երեւանին մէջ, իմ տեսածներէս ու լսածներէս դատելով, իրենց ունեցած դրամի միջոցաւ ու անոր զօրութեամբ ուրիշներուն իրաւունքին տէր դարձողներ ու անոնց վրայ տիրապետողներ կան: Բայց անցնինք առաջ, այս խրթին հարցերուն մէջ աւելի չմխրճուած: 

( Շար. 2)

Մարգար Շարապխանեան