Մեր թերթի գործակից Մարգար Շարապխանեան հինգ մասերէ բաղկացած իր յօդուածաշարքին մէջ կանդրադառնայ Հայաստանի ներկայ իրավիճակին:
Ստորեւ կը հրատարակենք շարքի Ա. մասը, ապա յաջորդաբար լոյս կ'ընծայենք հետեւալ բաժինները:

«ԽՕՍՔԸ ԱՌԱՆՑ ԳՈՐԾԻ ՄԵՌԵԱԼ Է»
(Հայաստանի ներկայ իրավիճակի մասին)

«Տակաւին չենք.
կը յուսանք ըլլալ»
Պասգալ

Ա.

Տարիներ առաջ, «Թորոնթօ Սդար» օրաթերթին   մէջէն նօթագրած էի հետեւեալը. «Գրելու գեղեցկութիւնը ճշմարտութիւնը ըսելուն մէջ կը կայանայ»: Ամէն անգամ երբ կը գրեմ, ես կը զգամ այդ գեղեցկութիւնը: Յոյս ունիմ, որ ընթերցողներս ալ, իրենց կարգին, երբ այս  յօդուածաշարքս կարդան, որ Հայաստան բնակող, քաղաքացիութիւն ստացած սփիւռքահայու մը տեսած ու հաստատած տպաւորութիւններն են եւ որոնք կապ չունին երեւակայութեան հետ, զգան եւ ըմբռնեն անոր ներփակած ճշմարտութիւնները: Ճշմարտութիւններ, որոնք ցարդ արձանագրած իրենց քաղաքական ու հասարակական վերիվայրումներով, անմիջական կապեր ունին հայրենի ժողովուրդին ապրած կեանքին հետ:                                  

Քսան տարիներու ազատութիւն եւ անկախութիւն ունեցող եւ զանոնք պահել ջանացող նոր պետականութիւն ենք եւ կը տքնինք նաեւ ազատ աշխարհին մէջ հայրենիք կառուցել մեր ըմբռնած ձեւերով եւ մեր ունեցած հասկացողութեամբ: Ներկայ ճշմարտութիւնները սակայն, պէտք է ընդունինք ճակատաբաց կերպով եւ առանց մեր մատներու ետին պահուըտած մնալ ձեւացնելու: Եւ առանց իրար անցնելու պէտք է ընդունինք նաեւ, որ ներկայ Հայաստանի ղեկավարութիւնը, իր բազմաճիւղ կառոյցներով, գոյութիւն ունեցող ու գործող բոլոր կուսակցութիւնները ներառեալ, արդիւնք են համայնավար Սովետական Հայաստանի եօթանասուն տարի միահեծան կերպով կառավարած քաղաքական  համակարգին: Անոնք, այդ համակարգին ընթացքին դաստիարակուեցան, թրծուեցան ու երբ յարմար առիթը ներկայացուեցաւ, առաձգական որոշ նուիրում մը ցուցադրելով, տէրը դարձան մեր նորանկախ երկրին: Հոս, նաեւ արդար պէտք է ըլլանք շեշտելու, թէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Ռամկավար Ազատական եւ Հնչակեան կուսակցութիւնները, որոնք ներկայիս, համեմատական չափանիշերով, կը գործեն Հայաստանին մէջ եւ իրենց ունեցած քաղաքական եւ հասարակական ըմբռնումներով եւ մօտեցումներով կը տարբերին վերջին քսան տարիներու ընթացքին մեր երկրին մէջ ծնունդ առած կուսակցութիւններէն: Պատճառը անշուշտ, Սփիւռքի տարածքին իրենց երկար տարիներու վտարանդի գոյութիւնն է, որ  հայրենանուէր ու հայրենասիրական աւելի տոկուն գաղափարաբանութիւն մը պարգեւած է իրենց: Բայց քալենք... 
Նորանոր փոփոխութիւններու մէջ է Հայաստանի քաղաքական ու հասարակական ներկայ համակարգը: Երեւութապէս աշխատանք կը տարուի ժողովրդավարական ու արդարադատական սկզբունքներու վրայ հիմնուած վարքագիծ մը հաստատելու, որպէսզի ան աւելի ազդու կերպով ծառայէ ժողովուրդի կենցաղային բարգաւաճման, որ հիմը պիտի դառնայ մեր հայրենիքի աւելի հզօրացման:
Այս կենսական հարցը սակայն,որ վերջին տարիներու ընթացքին պետական մարդոց արտայայտած ճառերով ու խոստումներով միայն սահմանուած է, ընդհանրապէս չի համապատասխաներ երկրին մէջ տիրող հասարակական ու տնտեսական գործելաձեւերուն:
Այս անհրաժեշտ նկատուած ու դանդաղ կերպով իրագործուած կարգ մը փոփոխութիւնները, ներկայիս, հազիւ նշմարելի են ժողովուրդի տնտե- սական, այնքան ալ ոչ ցանկալի կենցաղին մէջ: Հակառակ գլխաւոր պաշտօններու գլուխը եղող պետական մարդոց եղած փոխարինումներուն, հանրային ծառայողական  ասպարէզներուն մէջ տիրող զգալի օրինազանցութիւնները,  թաքուն ու քողարկուած ձեւերով կը գործեն տակաւին, ժողովուրդի կեանքին այլազան խաւերուն  մէջ: Այս փոխարինումներէն առաջ եկած նոր  գործելակերպը, ցարդ ժողովրդանպաստ արդիւնքներու չէ հասած: Ան, խստիւ որոշումներ պէտք է առնէ նաեւ, եւ իր առած այդ որոշումները բոլորին          նկատմամբ արդարացի կերպով գործադրէ: Մենք որպէս պետութիւն ու ազատ հայրենիք ունեցող պետականութիւն, քսան տարուան մէջ, տակաւին չենք հասած հոն, ուր որ պէտք է եղած ըլլայինք, բայց կը յուսանք օր մը հասնիլ, ժողովրդին ցոյց տուած միակամ ճիգերով, պիտի ըսէր հայրենապաշտ, նուիրեալ ու  սրտցաւ քաղաքացին: Որովհետեւ կը հաւատանք, որ ժողովուրդն է միակ տէրը իր հայրենիքին ու ան է, որ կրնայ զայն աւելի բարելաւել եւ կամ աւելի վատթարացնել իր                   բռնած քաղաքական ներքին դիրքորոշումներուն համաձայն, որոնք պէտք է ցուցադրուին, իր քուէով ընտրուած, Ազգային Ժողովին մէջ անձնուիրաբար աշխատող ու ժողովուրդին հաւատացած նպատակներուն իրականացման համար պայքարող, օրինապահ ու արժանի մարդոց միջոցաւ: Որեւէ երկրի մէջ, Ազգային Ժողովին կամ Խորհրդարանին մէջ, ժողովուրդին ու հայրենիքին շահերը պաշտպանելու համար ընտրուած անձերուն ունեցած հայրենանուէր զգացումները եւ այդ ուղղութեամբ իրենց կատարած գործերը, մեծապէս կրնան նպաստել ժողովուրդին ապրած կեանքին նուիրական գործին:
Հասարակական որեւէ հաստատութիւն, երկիր, ընտանիք, արդար կերպով կառավարելու եւ անոնց մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրելու միակ ազդու միջոցը, գոյութիւն ունեցող օրէնքներու ճշգրիտ եւ ուղիղ կերպով գործադրութիւնն է: Մարդկութեան դարերու պատմութիւնը, իր տուած փաստացի օրինակներով, այս կը թելադրէ մեզի:
Որեւէ երկրի ունեցած անյաջող համակարգը փոխելը, աւելի կարեւոր  է այդ երկրի իշխանութիւնը փոխելէն: Երկրի մը ընդունած օրէնքները պէտք է իր ժողովուրդի կենցաղի բարօրութեան ու երկրի յառաջդիմութեան, հզօրացման ծառայեն, աշխարհի բոլոր   երկիրներուն մէջ:
Պետական ու հանրային ասպարէզներուն մէջ, օրն ի բուն, արտայայտուած որեւէ խօսք ու գաղափար, որեւէ օգտակարութիւն չեն կրնար ունենալ ժողովուրդին համար, եթէ անոնք չեն հիմնուած օրէնքի սկզբունքներուն   վրայ եւ իրաւացի ու արդարացի կերպով չեն նպաստեր ժողովուրդի ամէնօրեայ կենցաղի բարելաւման:
Որեւէ երկրի մէջ, որուն կառավարութիւնը, քաղաքական ու հասարակական ասպարէզներուն մէջ մենատիրօրէն կ՛աշխատի, այդ երկիրը յառաջդիմութիւն չի կրնար արձանագրել, այլ ընդհակառակը, ամէն հանրային ու հաւաքական գործունէութիւն սահմանափակուած կ՛ըլլայ անձնական շահերով, որ խորքին մէջ հակաժողովրդական է:
Իրլանտացի անուանի եկեղեցական իմաստասէրը, Ճորճ Պըրգլի,  եկեղեցական ու ընդհանրապէս ընկերային կարեւոր հարցերու մասին իր  գրածներուն մէջ տեղ մը կ՛ըսէ թէ, «Քիչեր կը մտածեն բայց շատեր կարծիք ունին»: Իր արտայայտած այս գաղափարը, որ թաքուն հեգնական միտք մը կը պարունակէ իր մէջ, իսկապէս կը պատշաճի ներկայ Հայաստանի ունեցած քաղաքական  ու հայրենասիրական իրավիճակներուն:
Անկասկած, որ մտածումը յանձնառութիւն կը պարտադրէ, մտածուած գործին իրականացման համար զոհաբերութիւն: Իսկ միայն կարծիք յայտնելը խօսք է, որ շատ անգամներ անորոշ արտայայտութիւններով շպարուած կ՛ըլլայ: Մտածումը ընդհանրապէս գործնական աշխատանք է, իսկ կարծիքը  լուսանցքային անհիմն  արտայայտութիւն:
Մենք այս օրերուն մտածողներու պէտք ունինք, գործ տեսնողներու եւ ոչ թէ միայն կարծիք յայտնողներու: Ֆրանսացի մեծ իմաստասէրին, Դեկարտին հանրածանօթ միտքը, «Կը մտածեմ, ուրեմն կամ»ը, պէտք է վերածենք յոգնակիի եւ այդ սահմաններուն մէջ ալ պէտք է աշխատինք, «կը մտածենք, ուրեմն կանք», ըսելով: Հաւաքական գործը շատ պարագաներուն աւելի զօրաւոր է ու աւելի ազդեցիկ, անհատապէս կատարուած գործէն: Եւ հայրենիքը կը կառուցուի հաւաքական աշխատանքներով: Սերտօրէն միակամ ու միանպատակ ճիգերով:
Հայաստանին մէջ, դժբախտաբար ներկայիս, «ես»ը աւելի զօրաւոր զգացում մըն է քան «մենք»ը: Եսասիրութիւնը գլուխը առած կ՛երթայ: Բոլոր ասպարէզներուն մէջ ու բոլոր մակարդակներուն վրայ, «մենք»ի մասին մտածողները սակաւաթիւ են: Մենքը, հասարակական անխորտակ ուժ է: Իսկ «ես»ը, միշտ ունեցած է դիւրաբեկ վիճակ: «Մենք»ին մէջ անձնական շահեր չկան, իսկ եթէ ըլլան, անկասկած ինքնաքանդ կ՛ըլլայ ան ու կը փճանայ:
Ես կը ցանկամ եւ կը յուսամ, որ ներկայ Հայաստանին մէջ, «ես»ը փոխարինուի «մենք»ով, որուն կարիքը կը զգանք ազգովին, մանաւանդ պետական ու հասարակական գործերուն մէջ: Լսածներուս, կարդացածներուս եւ տեսածներուս համաձայն, հարուստներ շատ կան մեր հայրենիքին մէջ, որոնցմէ շատեր իրենց «ես»ին մէջ ծուարած, ամէն միջոց կը գործածեն աւելի ու աւելի հարստանալու: Ժողովուրդին ապրած անձուկ ու աղքատիկ վիճակը ոչ մէկ նշանակութիւն ունի իրենց համար: «Էդ մէկը իմ գործը չի», կ՛ըսեն անոնք, «թող կառավարութիւնը մտածի նրանց մասին»: Կարծես անոնք ուրիշ աշխարհի մէջ ապրէին: Այս մէկն ալ, ներկայ իրականպատմութիւններու շարքին, ուրիշ պատկերազարդ պատմութիւն մըն է հայոց:
Հայաստանին մէջ, առհասարակ այս օրերուն, բարեգործութեան իսկական հրճուանքը զգացողները քիչ են: Ուրիշին համար ճամբէդ դուրս ելլելը եւ իրեն օգնութեան հասնիլը, շատերուն մօտ, յատկապէս ունեւորներուն, անծանօթ զգացումներ են: Իրենց համար ուրիշը գոյութիւն չունի: Նոյնիսկ ուրախ եւ տխուր պատահարներու առիթներով, ի ցոյց մարդկանց կատարուած ներկայութիւնները, արտայայտութիւններն ու արտասանուած խօսքերն ու ճառերն անգամ, ցուցամոլական են ու մակերեսային: Հասարակական պարտաւորութիւններ պարզապէս: Երբեմն նաեւ, ունեւոր անձնաւորութիւններու կողմէ եղած բարեգործութիւնները, իրենց վարկին, անունին, նաեւ իրենց գրաւած աթոռին ի շահ կ՛ըլլան, փոխանակ ի շահ ժողովուրդին ըլլալու:
«Խօսքը առանց գործի մեռեալ է», ըսած է Քրիստոս իր քարոզներէն մէկուն մէջ: Ու այդ խօսքին հիման վրայ ալ յենուելով, քարոզեց ան, մտաւ իր ժողովուրդին բոլոր խաւերուն մէջ, անշահախնդրաբար գործեց ու անարդար կերպով զոհը դարձաւ իր քարոզածներուն: Իր կատարած անձնուէր գործով ու իր ապրած օրինակելի կեանքով սակայն, տիրեց աշխարհին: Ինչ որ կարեւոր էր իր պարագային: Ապրած կեանքիդ ընթացքին ցոյց տուած օրինակովդ, ոչ միայն կրնաս օգտակար դառնալ ուրիշին, այլ նաեւ փրկել զայն ճշմարիտ ճամբան ցոյց տալով անոր: Եւ Քրիստոս առանձին չէր, ու չէ տակաւին, իր կատարած երկնապարգեւ այս գործին մէջ:
Մեր հայրենիքի պաշտպանութեան եւ գոյատեւման սիրոյն, բոլորս սերտօրէն ու միակամ կերպով պէտք է աշխատինք,անջատ մեր ունեցած գաղափարական ըմբռնումներէն: Ժողովուրդին ներկայ վիճակը կարեւոր է որ տեսնենք, իրապէս ըմբռնենք եւ ոչ թէ անոր վրայ դիտելով զայն բարելաւելու յոյսեր ու խոստումներ տանք: Տեսնողն է որ կը գործէ, իսկ դիտողը կը խոստանայ: Եւ անշուշտ տեսանելի տարբերութիւն մը կայ խոստանալուն եւ գործելուն միջեւ: Տեսնելն ալ սակայն ունի իր ենթաբաժանումները: Շատեր ժողովուրդին վիճակը կը տեսնեն այնպէս ինչպէս որ իրենք են եւ կամ այնպէս ինչպէս որ իրենց ունեցած պաշտօնը կը թելադրէ եւ ոչ թէ այնպէս ինչպէս որ հարցերը գոյութիւն ունին: Ճշմարտութիւնները տեսնելը առանձնայատուկ պարկեշտութիւն մըն է, որ կապ պէտք չէ ունենայ տեսնողին երեւակայութեան հետ:
Ազգային տրամաբանութեան լուսաւորումը պէտք է առաջնակարգ տեղ գրաւէ ժողովուրդը ղեկավարել ուզողներու ուղեղներուն, սրտերուն եւ կատարած բոլոր գործերուն մէջ, որոնք միմիայն իրենց ժողովուրդին բարեկեցութեան համար պէտք է ի գործ դրուին: Մարդոց գաղափարներն ու հարցերը դատելու եղանակները խօսքերով չեն փոխուիր, այլ, ի շահ ժողովուրդին իրենց կատարած գործերով: Այս հարցի կապակցութեամբ ամենաազդու բարի օրինակը գործն է ու միայն գործը: Մնացածը սնամէջ խօսքեր են, ինչպէս պիտի ըսեր իմ յարգած անձնաւորութիւններէս մէկը:
Ժողովուրդը, աշխատանքի տէր, ապահով ու հաստատուն պէտք է զգայ իր հայրենիքին մէջ, որպէսզի զայն լքելու եւ օտար երկիրներուն մէջ գործ ու բախտ փնտռելու մասին չմտածէ: 

( Շար.1)