«Օտար գաղութներու մէջ, շրջապատի այլասերող եւ ապազգայնացնող հազար ու մէկ վտանգներուն մէջ, նոր սերունդի  հոգիով հայ մնալու, պայքար մղելու եւ նա մանաւանդ հայ հոգիներուն մէջ ազգային մակարդակը պատրաստելու համար երկու միջոց կայ՝ դպրոց եւ գիրք»

Լ. Շանթ

Օսմանեան եւ աւելի ետք թրքական իշխանութիւններու գործադրած Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու անոր յաջորդող տեղահանում-հալածանքները պատճառ կը դառնային հսկայական պատմական ալեկոծումներու, սեւ ու ճերմակ իրադարձութիւններու։
Ժողովուրդի մը կէսը հայրենահան եղած, հողէն կտրուած, անծանօթ, հեռաւոր ափեր կը հասնէր առանց երբեք ունենալու իր արմատախիլ գոյութիւնը տնօրինելու փոխընտրութեանց նուազագոյն երաշխիքներն անգամ։
Հայրենիքի մէջ ապրելու տարրական իրաւունքէն զրկուած տարասփիւռ, ծաւալող հայութեան խլեակները այլասերման բոլոր վտանգ-կարելիութեանց դիմաց կը մնային անօգնական։
Հայութեան վիճակուած այն բախտին, ստեղծուած թոհուբոհին ընդդէմ անմիջական անհրաժեշտութիւնը՝ ոգեղէն  պատուարի մը փնտռտուքն  էր։
Ու այդ ազգային սոսկական գոյութիւնը, վառ պահելու, պահպանելու բնազդային մղում-առաջադրումով մըն էր, որ իւրաքանչիւր նորաստեղծ ու անոնց կարգին նաեւ յունահայ գաղութէն ներս, ապագայի տենչը ունեցող նորագոյն «խենթերու»՝ հանրային գործիչներու միջոցով կը հիմնուէին կրթական օճախներ՝ ենթահողը հայապահպանման, պետականութեան ձգած բացի դարմանման եւ տակաւին աշխար- հացրիւ հայութեան ազգային քաղաքական պահանջի հետապնդման:
Յունահայ կեանքի անցնող ութսունհինգ եւ աւելի տարիներուն ընթացքին, հպարտութեամբ կարելի է արձանագրել ու միաժամանակ ողջունել հայ դպրութեան ծառայող օճախներու բոլորանուէր գործունէութիւն-վաստակը՝ շնորհիւ այն հազարաւոր հիմնադիրներուն, որոնք ունեցան սրբազան տեսլականը մեր գոյատեւման կենսագործման եւ նոյն ոգիէն համակուած այն մեր հարիւրաւոր մշակներու անվերապահ եւ անսակարկ նուիրումը, որոնք մշակոյթի եւ կրթութեան ճամբով քալեցին հիմնադիրներու հետքերով եւ սփիւռքեան այլասերիչ պայմաններուն դէմ, մեր մշակոյթի գանձարանի ու դարերու ակունքէն փոխանցուած աւանդութիւններու միջոցներով ստեղծեցին այն հազարաւոր աշակերտ-հետեւորդները, որոնք առօրեայական անմիջական հոգերուն զուգահեռ՝ եւ համահաւասար տարողութեամբ՝ կատարեցին իրենց ազգային պարտականութիւնը:
Ժամանակը հասած էր. նորերը փոխարինած էին հիմնադիրներուն եւ շարունակած յառաջխաղացքը. բնութեան իսկ օրէնքով, մշտափոփոխ կեանքը նոյն հունով ընթացած էր, վերանորոգուած նոյն արմատներուն յենելով միշտ: Վերանորոգումը նոյն աւիշով կենսաւորուած՝ դարձած էր ինքնա- հաստատում:
Անցեալի վաստակի գնահատումը պատմութեան ձգենք պահ մը ու մեզի ինկած բաժինը՝ անցեալէն եկածը, դէպի ապագայ տանելու կամուրջին վրայէն քալող ուղեւորին դերին մէջ մտնենք, պահ մը, երբ այսօր երկիրը չոքեցուցած տնտեսական սուր տագնապը յաջորդաբար մեր դպրոցներու գոյութեան եւս կը սպառնայ, զանոնք մատակարարող պատասխանատուները անելի մատնելով:
Սոյն ճգնաժամին, առաջին հերթին խօսք ունին մեր բոլոր շրջանաւարտները, որոնք «սնուցիչ մօր» գրկին բարիքը վայելեցին եւ որ երջանիկ բախտն ունեցան իրապէս գեղեցիկ մանկութիւն ու պատանութիւն մը բոլորելու:
Երկրորդ հերթին խօսք ունին մեր  դպրոցներուն մէջ աշակերտ ունեցած, ունեցող եւ ապագային ունենալիք ծնողները, քանի ազգակերտումի մեր դարբնոցները ջերմօրէն գրկուելու,  նիւթապէս օժանդակուելու կրկին բոցավառուելու անյապաղ կարիքն ունին:
Անցեալը հիմը դրաւ, առողջ սերմին հաւատքով:
Ներկան հարկ է խնամէ, պահպանէ փոքր ածուն կարելի բոլոր նիւթական-բարոյական միջոցներով, զայն անպայման ուռճացնել, տալով անոր անհրաժեշտ թթուածինը, տալով անոր մեր հաւատքը աներեր:

Կիրակոս Մկրտիչեան