Եթէ կեանքը քիչ մը աւելի բարեացակամ եղած ըլլար Էդուարդ Յովհաննիսեանը, ընկեր Էդիկը, տակաւին մեր մօտ պիտի ըլլար եւ ճիշդ այս թուականով պիտի տօնէր իր ութսունամեակը:

Փետրուար 16ին, այս տարի, Վարդանանց տօնի զուգադիպութեամբ, շատ խորհրդանշական է ոգեկոչումը, որովհետեւ իր մէջ շատ բան կար Աւարայրի ոգիէն, որուն շարունակողն ու մերօրեայ կրողն ալ էր: Բայց ոչ միայն այդ՝ այլ իր մէջ կար նաեւ Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութենէն ալ շատ բան. Քրիստափորի առաջնորդի ու տեսանողի շունչը, Զաւարեանի անկաշառ բարոյական ոյժը, Ռոստոմի մտքի ու բազուկի մարդու տաղանդը: Ու թէեւ ինքն ուշ մտաւ Դաշնակցութեան շարքերը, երբ արդէն հասուն ու կազմաւորուած անձնաւորութիւն մըն էր, կրցաւ ըլլալ զտարիւն ու վաւերական դաշնակցական մը, ու հակառակ այն իրողութեան, որ բնազդով ու խառնուածքով յեղափոխական մըն էր, ենթարկուեցաւ Դաշնակցութեան խիստ կարգապահութեան ու եղաւ կարգապահ ու հնազանդ ընկեր մը, նոյնիսկ երբ համաձայն եղած չըլլար տրուած որոշումներուն: Ու տակաւին՝ գիտական բարձրագոյն կոչում մը ունենալով ու խորիմաստ մտաւորական մը ըլլալով հանդերձ՝ պարզ շարքայինի մը պէս գիտէր նստիլ ու հաւասարէ հաւասար զրուցել կամ վիճել ամէնահամեստ ընկերոջ հետ:
Ոչ միայն Եւրոպայի, այլ նաեւ ուրիշ ցամաքամասերու վրայ, Ամերիկայէն մինչեւ Հայաստան, իրմէ որբ մնացած մարդիկ կան: Մարդիկ են, որոնք ձեւով մը իր աշակերտները եղած են, իրմէ սորված ըլլալով քաղաքական հարցերը վերլուծել եւ շիտակ կողմնորոշումները որդեգրել: Անոնք իր մէջ տեսած են անկաշառ հայրենասէրն ու անմնացորդ զոհաբերողը: Ուսուցիչ մը, որ նախ եւ առաջ ու ամէնէն աւելի, իր անձնական օրինակով դաստիարակած է: Որբ մնացած են այս մարդիկ, որովհետեւ իր տեղը դատարկ մնացած է եւ ուրիշ հաւասարարարժէք մէկը չէ յայտնուած, որ զինքն արժանաւոր կերպով փոխարինէ: Եւ այսօր, որ արդէն տարիներ են որ իր մահէն զմեզ կÿանջրպետեն, իր խօսքին, իր կարծիքին պակասն է, որ կը զգան երբ դէմ յանդիման կը կանգնին հայութիւնը յուզող հին ու նոր հարցերու առջեւ: Պիտի ուզէին որ Էդիկն այստեղ ըլլար որպէսզի բարդագոյն խնդիրները պարզ ձեւով բացատրելով, ինչպէս միայն ինքը գիտէր ընել, ճիշդ տեղեկութիւններ ու օգտակար ցուցմունքներ տար:
Դրօշակի մէջ հրարատարակուած իր բազմաթիւ յօդուածներու հաւաքածոն, որ իր կողմէ հիմնուած Հայկական Հարցերի Հաստատութեան իր ընկերները յետ մահու հրատարակեցին իր հին փափաքն իրագործելու համար, հանրագումար մըն է իր մտքերուն, յետնորդներուն ձգուած կտակ մը, որ տարիներ վերջ ալ չի կորսնցներ իր այժմէականութիւնը, որովհետեւ այնտեղ արտայայտուած բազմաթիւ գաղափարներ մարգարէական շունչ մը ունենալով պիտանի են այսօրուան ու վաղուան հայուն համար, թէ անհատ շարքայինին եւ թէ՛ մանաւանդ, ղեկավարին համար:
Իր տարեդարձին օրը պիտի ուզէինք, որ բոլոր անոնք, որոնք զինք ճանչցան եւ իր բազմաթիւ բանախօսութիւններուն հետեւեցան, այսօր - իր տարեդարձին օրը- Դրօշակի հին թիւ մը առնէին, ուր վստահաբար իրմէ յօդուած մը պիտի գտնէին ու զայն կարդալով անգամ մը եւս հաղորդակից դառնային իր մտքերուն, անոնցմէ ներշնչուելու, բայց նաեւ զինք յիշելու համար: Եւ եթէ այդ ընթերցման առթած յուզումին ու արթնցուցած յուշերուն հետեւանքով կաթիլ մը արցունք հոսի, գիտցէ՛ք թէ պատճառն անկրկնելի մարդու մը բացակայութեան ձգած պարապն է. անմեռ ու անմոռ ընկերոջ մը կարօտը:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐԻ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԻՒՆ
Միւնիխ