Արտագաղթի պատճառով պետութեան մը բնակչութեան ժողովրդագրական գետնի վրայ նահանջը՝ այդ պետութեան ազգային անվտանգութեան սպառնացող գործօն է:


Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային վիճակագրական ծառայութեան վերջին մարդահամարի տուեալներով, 1980-ական թուականներէն ի վեր, առաջին անգամ ըլլալով, երկրի բնակչութեան թուաքանակը երեք միլիոնի սահմանէն վար՝ 2.8 միլիոն է:
Եթէ անցեալին գաղթի հիմնական պատճառները պատերազմն ու շրջափակումն էին, ապա այսօր, տնտեսական ճգնաժամը, աղքատութիւնը, անգործութիւնը, ցած կենսամակարդակը եւ ընկերային անարդարութեանց հետ կապուած շարք մը յոռի գործօններ, յաւելեալ թափ կու տան հայրենալքման: Եթէ անցեալին գաղթի դիմող բնակչութեան ստուար տոկոսը քաղաքային բնակչութիւնն էր, ապա այսօր հայրենիքի սահմանները պաշտպանող հիասթափուած հայ գիւղացին է հեռացողը: Եթէ անցեալին աշխատանք որոնող հայ բանուորն էր արտասահման հանգրուանողը, ապա այսօր երիտասարդ ուսանողներն ու բարձրագոյն կրթութեան տէր մասնագէտներն են, որոնք կրնային մեր երկրին մէջ մեծ ներդրում ունենալ:
Արտագաղթի հիմնահարցին հետ անմիջական աղերս ունի նաեւ Արեւմտեան երկիրներ հաստատուող տարագիր հայ զանգուածներու արագընթաց ուծացման խնդիրը:
20-րդ դարու 1920-1980 ժամանակահատուածի 60 տարուան ընթացքին հայութեան թիւը եռապատկուած էր, մինչ այսօր, ժողովրդագրական գործընթացը գահավէժ ընթացքի մէջ է: Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան զարգացման ծրագրի 2010-ի տեղեկագրի տուեալներով՝ 1991-2010 Հայաստանը անվերադարձ լքած է 700 հազարէն մինչեւ մէկ միլիոն քաղաքացի, որուն մօտաւորապէս կէսը հայրենիքէն ընդմիշտ հեռացած է ՀՀՇ-ական իշխանութիւններու օրով: Այս ցուցանիշներով, պարզ թուաբանութեամբ, ուրեմն երկրի բնակչութեան գրեթէ մէկ երրորդը՝ անէացած է...
20-ամեայ վերանկախացած հայրենիքին համար, իր արձանագրած շարք մը ձեռքբերումներուն ու յաջողութիւններուն զուգահեռ, խոցելի կէտ է երկրի հայաթափման երեւոյթը: Տագնապը շրջանցելու ուղղուած խոստումներն ու յայտարարութիւնները պատրանքներ են այլեւս, իսկ եթէ արտագաղթի դէմ պայքարելու ծրագիր ունի կառավարութիւնը, ապա՝ անհեռանկարային ու թերի է: Արմատական լուծումներ առաջադրելու ատենն է, երկրի ժողովրդագրական հաւասարակշռութիւնը անխախտ պահելու խորաթափանց եւ ուսումնասիրուած հայեցակարգ յառաջացնելու եւ զայն գործադրելու ժամանակն է:
Ճգնաժամէն ելքը՝ Հայաստանի իշխանութիւններու ձեռքն է, որոնք այս հարցի առնչութեամբ ժողովրդային արտահոսքը կասեցնելու ուղղութեամբ ցարդ գործնական նախաձեռնութիւններ չեն իրագործած, ընդհակառակը, ներգաղթի եւ արտագաղթի բացասական հաշուեկշիռը գործող կառավարութեան տարիներուն աճ արձանագրած է: Յստակ է սակայն, որ այնքան ատեն, որ երկիրը չէ բռնած տնտեսական կայուն զարգացման ուղին, ապա զանգուածային արտագաղթը յարատեւօրէն պիտի շարունակուի:
Կը գտնուինք համատարած ժողովրդագրական աղէտի մը դէմ յանդիման: Արտագաղթի իսկական հաշուեկշիռն ու համապարփակ վերլուծութիւնը ո՞վ պիտի կատարէ: Երկիրը հայաթափելու անդարմանելի ու կործանարար հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը ո՞վ պիտի կրէ. ժողովո՞ւրդը, որ անզօր է դիմակայելու տնտեսական ու կենցաղային դժուարութիւնեանց, թէ իշխանութիւնները, որոնք կրաւորական դիրքորոշումով պարզապէս ականատես կÿըլլան մայր հողի բնակչութեան արտահոսքին...
Հայութեան գոյատեւելիութեան դէմ ուղղուած այս օրհասին դէմ հաւաքական մեր ջանքերը համախմբելու պահն է. Զգաստանալու, ազգովին զօրաշարժի ենթարկուելու ու հայրենիքի ազգային անվտանգութեան սպառնացող այս նոր մարտահրաւէրը տոգորուն մարտունակութեամբ դիմագրաւելու անյետաձգելի պահն է:

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՀՈՐԻԶՈՆԻ