«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:


Խօսք հասկնալու խնդիր

Առանց այլեւայլի ու առանց ամչնալու պիտի ըսեմ որ սա վերջին տարիներու ընթացքին դարձած եմ խօսք չհասկցող մարդ։ Առաջ այսպէս չէի անշուշտ, բայց կամաց կամաց փոխուեցայ։ Կþերեւի թէ ասիկա արդիւնքն էր այն իրողութեան թէ կեանքիս մէջ տասնամեակներ շարունակ շատ խօսեցայ ուրիշներուն ու շատ մտիկ ըրի ուրիշները։ Հիմա դեռ կը շարունակեմ խօսիլ, բայց ատոր փոխարէն չեմ ուզեր ականջ տալ ուրիշներուն, իմանալ թէ ինչ կ'ըսեն ուրիշները։ Այո՛, դարձած եմ խօսք չհասկցող մարդ։ Սակայն ո՛չ թէ ժխտական իմաստով խօսք չհասկցող, ուրիշին կարծիքին կարեւորութիւն չտուող մարդ։ Այլ ողբերգական սա իմաստով որ դիմացիններս կը խօսին, իսկ ես անոնց ըսածին կէսը միայն կը հասկնամ։ Միւս կէսը չեմ հասկնար։ Ենթադրութեամբ հասկնալ կը ջանամ։ Յաճախ ալ կրկնել կուտամ։ Կը պատահի որ երկրորդ անգամն ալ չեմ հասկնար։  Բայց երկրորդները միշտ աւելի հասկնալի են քան առաջինները։ Այն ատեն կը հասկնամ որ մարդիկ նոյն նախադասութիւնը միշտ նոյն ձեւով չեն արտասաներ։ Եթէ նոյն նախադասութիւնը երկու անգամ պիտի արտասանեն, երկուքը շատ տարբեր են իրարմէ։ Առաջինը լպրտուած ու բառերը կուլ տրուած նախադասութիւն է։ Եթէ դիմացինս տեսնէ որ չհասկցայ, կը կրկնէ, բայց այս անգամ չի լպրտեր, բառերը կþարտասանէ աւելի յստակ, աւելի շեշտեալ, աւելի հնչեղ։ Այն ատեն կը հասկնամ ահաւասիկ։ Եւ ես ինծի հարց կուտամ թէ ինչու մարդիկ միշտ երկրորդին պէս յստակ չեն խօսիր։ Նոյնը կþապրիմ կնոջս հետ։ Բան մը կþըսէ ու չեմ հասկնար։
- Ի՞նչ ըսիր, կը հարցնեմ։
Կը կրկնէ, բայց այս անգամ աւելի բարձրաձայն, աւելի յստակ, եւ աւելի ... նշանակալից։
- Նորէ՞ն չհասկցար, կը հարցնէ։
- Հասկցայ, կը պատասխանեմ։ Ինչո՞ւ մէկ անգամէն երկրորդին պէս չես խօսիր։
Կինս կը խնդայ, բայց գիտեմ որ միշտ առաջինին պէս պիտի խօսի։ Ամբողջ աշխարհ արդէն առաջինին պէս կը խօսի։
Խնդրեմ, չկարծուի որ ասիկա խլութիւն է, լսողութեան կորուստ է։ Ասիկա խլութիւն չէ։  Սկզբնական շրջանին վախցայ որ սկսած եմ կորսնցնել ականջի լսողութիւնը։ Բժիշկս, որ խօսք հասկցող մարդ է, յստակ կերպով բացատրեց թէ ինչ կը նշանակէ խօսքերը չհասկնալ։ Այս առիթով սորվեցայ որ ասիկա շատ ընթացիկ ախտ մըն է։ Այսինքն միայն ես չեմ որ խօսքերը չեմ հասկնար։ Միայն ես չեմ որ առտուընէ մինչեւ գիշեր շարունակ կը գործածեմ սա «Ի՞նչ ըսիք» հարցումը։ Բարեբախտաբար դիմացիններս, որքան ալ խօսք չհասկցող ըլլան, սա «ի՞նչ ըսիք»ը լաւ կը հասկնան։ Հիմա չեմ ուզեր մտնել խորունկ բացատրութեանց մէջ, միայն ըսեմ որ ականջներս շատ ուժեղ են, յաճախ ամէնէն թեթեւ շշուկն իսկ կը լսեմ, միայն թէ ականջներս չեն ընկալեր քանի մը ձայներու թրթռացումը։ Աւելի կոշտ ու ոչ գիտական բացատրութիւն մը տուած ըլլալու համար ըսեմ որ օրինակ «ականջ» բառին «կ» եւ «ջ» ձայները կրնամ չիմանալ, մանաւանդ եթէ դիմացինս յստակ չ'արտասաներ։ Եւ արդէն հոս է որ կը բացուի «խօսք չհասկնալ»ու հարցին երկրորդ ու հիմնական մասը։ Ուրիշներուն խօսելակերպը։ Եթէ ես խօսքէ չեմ հասկնար, միայն ականջներս չեն որ յանցաւոր են, դիմացիններս ալ ունին իրենց յանցանքի բաժինը։ Շատեր խօսիլ չեն գիտեր։ Աշխարհը թէեւ լեցուն է խօսք չհասկցող մարդոցմով, բայց հիմա նոյնքան լեցուն է նաեւ խօսիլ չգիտցող մարդոցմով։
Դուք հեռատեսիլէն բոլոր խօսուածները կը հասկնա՞ք, լուրերու խօսնակներուն ամէն ըսածը բառ առ բառ կը հասկնա՞ք, շարունակական ժապաւէններու մէջ խօսող դերակատարներուն, մանաւանդ երիտասարդ աղջիկներուն խօսածները լրիւ կը հասկնա՞ք, հեռաձայնով ձեզ փնտռող մանկամարդ կնոջ մը կամ աղջկան մը ըսածները բառ առ բառ կը հասկնա՞ք երբ ան կը խօսի առանց շունչ առնելու ու բառերը կուլ տալով։
Հեռատեսիլին դիմաց յաճախ կնոջս կը հարցնեմ. 
- Ի՞նչ ըսաւ։
Ան կը պատասխանէ.
- Ես ալ չհասկցայ։
Այն ատեն սաստիկ կþուրախանամ։ Եթէ կինս ալ, որ խօսք հասկցող մէկն է, չհասկցաւ, կը նշանակէ որ յանցաւորը դիմացինն է։ Խօսիլ չի գիտեր։ Միայն թէ խնդիր մը կայ։ Երբ ան կը խօսի ժապաւէնին մէջ կամ հեռատեսիլի պաստառին վրայ, իր խօսակիցները զինքը կը հասկնան։ Մենք զիրենք չենք հասկնար, բայց անոնք զիրար կը հասկնան։ Ահա թէ ինչ կը նշանակէ «նոյն լեզուն խօսիլ» ասութիւնը։
Մինչեւ հեռատեսիլ երթալու պէտք չունիմ, մեր խմբագրատունն ալ ինծի համար փորձութեան ու անհանգստութեան դաշտ է այս գետնին վրայ։
Այցելուներու, հիւրերու հետ խօսելու ընթացքին այլեւս ձանձրացած եմ «Ի՞նչ ըսիք» ըսելէ։
Եւ կեանքիս սա հանգրուանին վրայ ես վերջապէս ձերբակալած եմ երկու շատ հիմնական ճշմարտութիւններ, որոնք կեանքի մէջ շատ կարեւոր են բոլորին համար, բայց առաւել կարեւորութիւն կը ներկայացնեն մեր տաիքին հասած մարդոց համար։
Առաջին ճշմարտութիւնը սա է.
Ամէն մարդուն բոլոր ըսածները անպայման կարեւոր չեն։ Ոչինք կը կորսնցես եթէ քեզի ըսուած բաներուն մէկ մասը չհասկնաս կամ չլսես։ Կեանքը այդպէս ալ կը քալէ յաջողապէս։
Երկրորդ ճշմարտութիւնն ալ սա է.
Եթէ դիմացինդ իսկապէս կարեւոր բան մը ըսաւ ու հասկցաւ որ դուն չհասկցար, անպայման պիտի կրկնէ իր ըսածը։ Եւ այս անգամ շատ հասկնալի կերպով։


 
Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» -
(Յուշատետր - 71)