Ժողովուրդներու կեանքէն ներս ազգային մեծ տօները խոկումի եւ մտածման առիթներ են, տարին անգամ մը գէթ դիտելու համար պատմական արժէքը դէպքերուն, որոնք ծնունդ տուած են տօներուն։

Այսպէս է մեզի համար գիրերու գիւտը։ Այս ըմբռնումով կը խորանայ մեր մէջ Վարդանանց արժէքը ու նոր ժամանակներու մէջ այս դատողութեամբ կը ծաւալի սերունդներու հոգիին խորը պահուած ազգային թռիչքներու իրական նշանակութիւնը։
Իւրաքանչիւր պատմական  թուական անկիւնադարձ մըն է ժողովուրդի մը ազգային կեանքին   մէջ, անցեալը չափելու ու ապագան դիտելու համար։
Հայոց պատմութեան մէջ Վարդանանցը գրաւած է իր արժանի տեղը։ Հայ ժողովուրդը ամէն տարի դպրոցական, եկեղեցական ու աշխարհական տօնախմբութիւններով կը յիշատակէ հայոց սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի եւ 1036 մարտիկներու հերոսական զոհողութիւնը։ Վարդանանց խորհուրդը մեր մէջ կը ցոլացնէ տեսիլքը Մամիկոնեան քաջարի զօրավարին ու քաղաքական այն գործիչներուն, որոնք օրուան կաթողիկոսէն մինչեւ պանծալի Ղեւոնդ Երէցը, մինչեւ ամէնապարզ զինուորը անսահման խանդաղատանքով փայփայեցին։
Այս տեսիլքը  հայոց պետականութեանանխախտ պահպանութիւնն էր։ Մեր իղձն էր պահպանել պատիւը հայ մարդուն ու անկախութեան տիրացման յաղթանակին ի խնդիր նոյնիսկ նահատակուիլ։
Անկասկած, թէ այս օրերուն, հայոց քաղաքական միտքը նկատի առած էր Յազկերտի բանակներուն ուժը եւ գիտէին որ կռիւի դաշտին վրայ տարուած յաղթանակ մը չի նշանակեր պարտութիւնը անոր, որ  կը պայքարի գերագոյն նպատակի մը համար։ Այդ նպատակով էր, որ հայութիւնը Աւարայրի դաշտին վրայ ճակատեցաւ պարսկական հզօր զօրքին դէմ։ Եւ եթէ նիւթական յաղթանակը մնաց Յազկերտին կողմը, բարոյական յաղթանակը մնաց հայոց բանակներուն կորովին նուաճումը։
Ռազմադաշտին վրայ իրենց նահատակութեան արիւնը թափող  1036 քաջարիները ցոյց տուին, որ ցեղի հոգիէն ներս տակաւին կը  յորդի արիւնը կարմիր Վարդաններուն։
Յազկերտ հասկցաւ ասիկա ու փոխեց Հայաստանի նկատմամբ իր որդեգրած քաղաքականութիւնը։ Հասկցաւ, որ կարելի չէ հայութիւնը կրապաշտական իր կրօնքին ենթարկել։ Հասկցաւ մանաւանդ, որ կարելի չէ վերջնական կերպով իր հպատակութեան ենթարկել հայութիւնը, այնքան ժամանակ որ ան յանուն իր սրբութիւններուն պատրաստ է զոհուելու։
Այդ կրակն էր որ կը փոխանցուի մեզի Աւարայրի ճակատամարտէն։
Այսօր ալ մեր պարտականութիւնն է հասկցնել մեր բոլոր թշնամիներուն, որ մենք կþապրինք այնքան ատեն, որ պատրաստ ենք մեր արիւնին տուրքը տալու ազատութեան բագինին, որովհետեւ հարկ է գիտնալ, որ ժողովուրդի մը քաղաքական ստրկութիւնը կը սկսի այն օրէն, երբ ան կը հրաժարի յանուն մեծ ու լուսաւոր գաղափարներէն եւ իր հայրենիքին բերելու իր զոհաբերումէն։ Կþիշխեն անոնք, որոնք կþուզեն հրաժարիլ իրենց հանգիստ կեանքէն մահուան ընդառաջելու գնով։
Ազատութեան հարցով փոթորկած հայ ժողվուրդը անտեսեց Վասակն ու իր նմանները, բոլորուեցաւ Վարդանի եւ Վարդաններու շուրջ ու իջնելով ռազմադաշտ, կերտեց հայոց պատմութեան ամէնէն շքեղ ու փառապանծ  էջերէն մէկը։
Պարտուեցան Վարդանանք, բայց իրենց պարտութիւնով արձանագրեցին յաղթանակներէն ամէնէն փառաւորը եւ ամէնէն պանծալին։
Յաղթական թշնամին մտաւ հայոց աշխարհ, բայց չկրցաւ իր նախապատրաստած ծրագիրը պարտադրել հայ ժողովուրդին։ Չկրցաւ մարել ազատութեան բոցը հայոց հոգիներուն մէջէն ու ստիպուեցաւ հրաժարիլ մեր խղճի, կրօնքի եւ հայրենիքի ազատութիւնը խլելու եւ մեզ իր կա- մակատարը դարձնելու հրէշային ծրագրէն։
Այդ օրէն ասդին անցան 16 եւ աւելի դարեր։ Հայ ժողովուրդն ալ ան- ցաւ տաք ու պաղ հանգրուաններէ։ Բայց երբեք չմոռցաւ Վարդանանց պատերազմի հերոսները։ Ամէն տարի երկիւղածութեամբ խոնարհեցաւ անոնց խնկելի յիշատակին առջեւ։ Այդ հերոսներէն իրեն ժառանգ մնացած ազատութեան բոցը յարատեւօրէն բոցավառեց իր հոգին։ Ազատութեան այդ բոցը յաճախ փայլատակեց հայոց աշխարհի երկնակամարին վրայ ու կը փայլատակէ լոյսի եւ հաւատքի կայծեր կաթեցնելով մեր ժողովուրդի հոգիներէն ներս։ Այդ կայծերը հետզհետէ վերածուեցան բոցեղէն սիւներու ու ազգային գիտակցութեան զարթօնքը նոր թափ ստացաւ։ Ազատութեան եւ անկախութեան տենչը բոցավառեց Վարդանի ցեղը։ Մէկ օրէն միւսը նոր Վարդաններ երեւան եկան։
Յաղթուեցանք բայց նաեւ յաղթեցինք։
Կովկասէն մինչեւ Վասպուրական, Տարօն, Շապին Գարահիսար, Ուրֆա։ Ունեցանք Սարդարապատի անզուգական հերոսամարտը, որուն շնորհիւ գծեցինք մեր այսօրուայ հայրենիքին սահմանները։
Դարձանք ինքնիշխան ազգ։ Նոր փոթորիկներ կրկին ալեկոծեցին մեր հայրենիքը։ Թշնամիի հեղեղները խուժեցին դէպի Արարատեան աշխարհ։ Հայ ժողովուրդը սակայն կրցաւ տոկալ ու համբերել ու վերատիրացաւ կրկին իր այնքան երազած անկախութեան։

 Կ. Գ.