Կ'իմանանք, որ տնտեսական ճգնաժամը հասաւ մեր ամէնէն զգայուն հաստատութիւններու դռներուն եւ ահարկու իր ճիրանները բացած կը սպառնայ մահացու հարուած տալու նաեւ գաղութի սրտին.- Հայկական վարժարաններուն:
Վտանգուած է հայակրթութիւնը.- Մեր գլխաւոր ապաւէնը:
Հայակրթութեան այլապէս սպառնացող վտանգը նոր չէ եւ ունի բազմաբնոյթ պատճառներ, ամէնուրեք:
Արդի պահանջումներուն ընդառաջ չերթալու եւ վարժարանները մանկավարժական անհրաժեշտ սարքերով օժտած չըլլալու թերացումը կարելի է վերագրել պատասխանատուներու մօտ առաջնահերթութեանց ըմբռնումի անբաւարարութեան, ուսուցիչներու վերապատրաստութեան կամ վերաորակաւորման այնքան անհրաժեշտ գործին անտեսումը դարձեալ կը ծանրաբեռնէ թերեւս պատասխանատուները, քիչ մը ամէն տեղ հայ ուսուցիչը «ազգի տզրուկ, հոգաբարձուի ստրուկ» նկատելու անցեալի հոգեբանութիւնը հետեւանք ունեցաւ, որ գրաւիչ չդառնայ ուսուցչական ասպարէզը եւ չքանալու աստիճան նօսրանայ թիւը անոնց, որոնք կոչումով ու հաւատքով ընտրած ըլլան ուսուցչութիւնը եւ նուիրուածութեամբ ծառայեն կրթական ասպարէզին: Հոս նոյնպէս, յանցանքի բաժինէն զերծ չեն ղեկավարութեան կոչուած անձերը:
Բնական է, որ այս կարգի ու տակաւին այլ թեթեւ ու ծանր թերացումներուն համար յանցանք չունին շարքային ազգայինները:
Իսկ հիմա՞...
Հիմակուան վտանգը տնտեսական է, դրամի չգոյութիւնը, որ չի դարմանուիր վարչական կարգադրութիւններով, այլ կը դարմանուի միայն ու բացառապէս դրամահաւաքով:
Երկու տարիէ ի վեր պետական յատկացումը սառած ըլլալով, վարժարաններու պիւտճէն ցամքած է:
Հոս այլեւս յանցաւորներ չկան, այլ կայ ամբողջ գաղութը՝ իր պատասխանատուութեան դէմ յանդիման:
Վտանգին դիմաց՝ ձեռքերով ծունկ պիտի չծեծենք ողբագին, այլ թեւերնիս սոթտած արիաբար գործի պիտի լծուինք եւ պիտի ձեռնարկենք դրամահաւաքի, որուն համար կայ մէկ ու միակ հասցէ.- Յունահայութիւնը:
Վարժարաններու պահպանութիւնը գաղութին գոյակռիւն է եւ այդ կռիւին մասնակցիլը՝ ամէն մէկ ազգայինի պարտքը:
Եկեղեցին համայնք կը կազմէ: Դպրոցը՝ գաղութ: Կուսակցութիւնները, մարզական, մշակութային թէ բարեսիրական միութիւններն ու մամուլ գաղութին բերդերն են, իսկ դպրոցը՝ միջնաբերդն է, պաշտպանութեան գլխաւոր ու միակ ապաւէնը, ուր կը մղուի գոյակռիւը:
Մեր միջնաբերդը վտանգուած է:
Գաղութի գոյակռիւին մաս պիտի կազմենք բոլորս:
Այսօ՛ր եւ վա՛ղը:
Միհրան Քիւրտօղլեան