Ուքրանացի Վերլուծաբանի Մը Հետաքրքրական Յօդուածը

«Մարդ շատ դիւրութեամբ իր նմանները կը սպաննէ, եւ այդպէս եղած է միշտ, տարբեր եղած են միայն պատճառներն ու առիթները, նաեւ՝ սպաննութեան ձեւերը:

Մեզի ժամանակակից նման երկու սարսափելի իրադարձութիւն շատ ամուր կերպով տպաւորուած է ուքրանական գիտակցութեան մէջ. Կոլոթոմոր (Կոլոթոմոր կամ Մեծ սովահարութիւն՝1932-1933 թուականներուն ընդգրկած է ամբողջ Ուքրանիոյ Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան տարածքը, սովէն, տարբեր հաշուարկներով, մինչեւ 10 միլիոն մարդ զոհուած է) եւ նացիստական զանգուածային ոճրագարծութիւնը (Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Ուքրանիոյ տարածքին գերմանացի զօրքերու իրականացուցած արհաւիրքները): Սակայն, միեւնոյն ժամանակ, 20րդ դարուն այլ, մեզի՝ ուքրանացիներուս համար քիչ յիշարժան իրադարձութիւններ եղած են, օրինակ, Թուրքիոյ հայերուն զանգուածային սպանդը: Հայերը իրենց վիշտին մասին «բացայայտօրէն»կը յիշէին նոյնիսկ իրենց ենթականերուն սպաննած ծայրայեղ իսլամ բռնապետերուն հետ համագործակցող ԽՍՀՄ–ի գոյութեան ժամանակաշրջանին:
Ի տարբերութիւն մեզի՝ ուքրանացիներուս, որ Կոլոթոմորի մասին կը յիշէինք «թաքուն», շշուկով»,- ռուսալեզու Izvestia.com.ua կայքի մէջ հրապարակուած «Յիշել ոչ ամէն ինչ» վերտառութեամբ յօդուածին մէջ կը գրէ ուքրանացի վերլուծաբան Սէմէն Կլուզման:
Վերլուծաբանը շարունակելով կը գրէ, որ թուրքերը հայերը ջարդած են հետեւողականօրէն եւ սարփափելի ձեւով: «Հարեւանը՝ հարեւանին, մեծահասակները՝ երեխաներուն: Հայերը այդ մասին կը յիշեն, իսկ թուրքերը չեն ցանկանար յիշել, նոյնիսկ այժմ՝ հարիւրամեակ մը անց: Աշխարհիկ թրքական պետութեան մէջ վատ կրթուած եւ յուզումնային մտածող մեծամասնութիւնը բացարձակապէս ցանկութիւն չունի արտաբերել «ներեցէք մեզ» արտայայտութիւնը, իսկ փոքրամասնութիւնը ստիպուած է համաձայնիլ մեծամասնութեան հետ: Ամէն ինչ հասկանալի է. Թուրքիան ուրիշ լուրջ խնդիրներ ալ ունի՝ իսլամական ճնշումը, քիւրտերու խնդիրը..., ձեւով մը՝ իր պատմական ակնյայտ մեղքը ընդունելու ժամանակ չունի»:
Կուզման կ’աւելցնէ, որ վերջերս իրենք՝ ուքրանացիները, իրարու հետ կը վիճէին այն մասին, թէ արդեօք Կոլոթոմորը ցեղասպանութիւն է կամ ոչ: «Այդ վիճաբանութեան միջոցով զզուելի ձեւով հրապարակային զրոյցներ կ’ընէին քաղաքական բոլոր գործիչները (երկու կողմերն ալ՝ եւ մերժողները, եւ ընդունողները): Ընդամէնը քանի մը տարի անցած է եւ մենք, առանց որեւէ առանձնայատուկ ուշադրութեան, հեռուստաեթերէն կը լսենք հետեւեալը՝ «ֆրանսան ընդունած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացող օրինագիծը»: Կը լսենք եւ ընդհանրապէս չենք արձագանգեր, քանի որ այդ մէկը մեզի չի վերաբերիր, կը լռէ նաեւ ուքրանական դիւանագիտութիւնը, եւ պիտի շարունակէ լռել, քանի որ հակառակ պարագային դժուար թէ կարելի ըլլայ մեզի ընկերանալ Ատրպէյճանի հետ՝ անկէ ուժանիւթ ստանալու նպատակով (Ուքրանիա կը ցանկանայ Ատրպէյճանէն կազ գնել): Ահա եւ ձեզի բարոյականութեան եւ քաղաքականութեան դասական յարաբերակցութիւն՝ բացարձակ անտեսում»,-կը գրէ ան:
Վերլուծաբանը կը նշէ, որ Ուքրանիոյ մէջ ով ալ ըլլար իշխանութեան ղեկին, նոյն արձագանգը պիտի ըլլար. «Վստահ եմ, որ եթէ Ուքրանիոյ թիւ մէկ աթոռին նստած ըլլար նախկին «ազգային ընտրեալը», ամէն ինչ նոյնը պիտի ըլլար. Մերը ցեղասպանութիւն է, հայերունը՝ չնչին թիւրիմացութիւն, քանի որ խեղճ Հայաստան ոչ կազ ունի, ոչ նաւթ: Այսպէս է քաղաքականութիւնը, այլ կերպ ըլլալ չի կրնար: Քաղաքական գործիչներուն համար երկակի բարոյականութիւնը մասնագիտական չափանիշ է»:
 «Ահա եւ Ֆրանսայի մէջ, չար լեզուները կ’ըսեն, որ Ծերակոյտը նոր օրէնքը ընդունած է հայկական լոպպիի ճնշումին տակ, որ նախագահ Սարքոզին եւս կապ ունի այդ ամէնուն հետ, քանի որ ընտրողներու աջակցութեան կարիքը ունի.....: Մեզմէ շատեր, սակայն, քաղաքական գործիչներ չեն, եւ մենք պարտաւոր ենք յիշելու ինչպէս մեր, այնպէս ալ օտարի արեան մասին, որ թափուած է նոյնքան անմեղ եւ անիմաստ: Եւ մենք իրաւունք չունինք վճռելու, թէ որ զանգուածային սպանութիւններն են քիչ թէ շատ արդարացուած: Անմեղ մարդու բռնի մահը միշտ ալ մեղք է»,- կ’եզրափակէ յօդուածագիրը:

Tert.am