Մկրտութեան անբաժան մէկ մասն է դրոշմը, որ կը նշանակէ նաեւ Կնիք, որմէ յառաջ եկած է կնքահայր բառը, այսինքն այն անձը, որ կնքուողին հոգածու հայրը պիտի ըլլայ։ Այս իսկ պատճառով մկրտութիւնը կը կոչուի նաեւ Կնունք, որ կուգայ կնքել բայէն, որը կը նշանակէ կնիք դնել, դրոշմել։ Դրոշմը Սուրբ Հոգիին կնիքն է։
Դրոշմի խորհուրդին միջոցաւ Սուրբ Հոգին իր անջնջելի կնիքը կը դնէ մեր հոգիներուն վրայ։ Այլ խօսքով դրոշմը Սուրբ Հոգիի ընդունելութեան խորհուրդն է։ Մկրտութեամբ երեխան ադամական մեղքէն սրբուելու եւ քրիստոնեայ ըլլալու շնորհքը կ'ընդունի, իսկ դրոշմով Սուրբ Հոգիին շնորհքները կը ստանայ, մաքուր եւ առաքինի կեանք մը ապրելու համար։ Դրոշմը կը զօրացնէ մեր հոգիները, կը լուսաւորէ մեր հոգեկան կարողութիւնները ու մեզ կը զինէ կեանքի փորձութիւններուն դիմաց։
Դրոշմի խորհուրդը հաստատեց Քրիստոս ինք, որ Յորդանան գետին մէջ մկրտուելէ ետք Սուրբ Հոգին աղաւնակերպ իջաւ իր վրայ ու ինք Համբարձումէն առաջ առաքեալներուն եւ հաւատացեալներուն խոստացաւ ղրկել Սուրբ Հոգին։ Եւ իսկապէս իր Յարութենէն յիսուն օր ետք, հրեաներու Պենտեկոստէի տօնին, վերնատան մէջ Սուրբ Հոգին իջաւ առաքեալներուն եւ հաւատացեալներուն վրայ ու զանոնք շնորհքներով լեցուց։ Այնուհետեւ առաքեալներ մկրտութենէն անմիջապէս ետք ձեռք դրին մկրտեալներուն վրայ, որպէսզի Սուրբ Հոգին ստանան։ Հետագային ձեռք դնելու սովորութեան տեղ եկեղեցին Միւռոնն ալ գործածեց, իբրեւ աստուածային շնորհքի փոխանցման միջոց։ Հայ եկեղեցին, ինչպէս արեւելեան միւս եկեղեցիները մկրտութենէն անմիջապէս ետք դրոշմի խորհուրդը կը կատարեն համաձայն առաքելական եկեղեցւոյ սովորութեան, որպէսզի մկրտութեամբ քրիստոնեայ դարձողը կարենայ դրոշմով ալ ամուր պահել քրիոստոնէական իր հաւատքը եւ աճիլ աստուածային շնորհքներով։
Դրոշմի խորհուրդը ստացողները կը կոչուին աստուծոյ օծեալներ կամ կնքուածներ։
Դրոշմը անկրկնելի է։ Եթէ ոեւէ մէկը որ մկրտուած է եւ հայ կամ որեւէ Ուղղափառ եկեղեցւոյ անդամ ըլլալ կþուզէ, պէտք է անպայման դրոշմուի, որովհետեւ զայն ստացողը եւ Քրիստոսի Ս. Մարմինով եւ արիւնով հաղորդուողը միայն լրիւ քրիստոնեայ կը դառնայ։ Հայ եկեղեցւոյ ինչպէս նաեւ արեւելեան բոլոր եկեղեցիներուն մէջ դրոշմի խորհուրդը կը կատարեն եպիսկոպոսներէն զատ նաեւ կուսակրօն եւ ամուսնացեալ քահանաները։ Չդրոշմուած մէկը չի կրնար պսակուիլ հայ եկեղեցւոյ մէջ։
Դրոշմի նիւթը սրբալոյս Միւռոնն է։ Մեռոն կամ Միւռոն յունարէն բառ մըն է որ կը նշանակէ անուշ իւղ, իսկ այստեղ կը նշանակէ այն իւղը, որ կը գործածուի դրոշմելու համար մկրտուածները։ Իրենց ձեռնադրութեան ատեն Միւռոնով կ'օծուին նաեւ քահանաները, նորակառոյց եկեղեցիները եւ կամ եկեղեցական զանազան նուիրական սպասներ։
Միւռոնին բուն նիւթը ձիթենիի իւղն է, որուն մէջ կը խառնուին քառասունէ աւելի անուշահոտ ծաղիկներու նիւթեր, որոնցմէ գլխաւոր Բալասանն է, որը թէ՛ ծառին եւ թէ՛ անոր ծաղիկին եւ իւղին անունն է։ Բալասանը կոչուած է նաեւ Միւռոնի ծառ, որուն իւղը ձէթին հետ խառնուելով կը մակարդուի։
Մեր եկեղեցւոյ մէջ Միւռոն պատրաստելու եւ օրհնելու իրաւունքը վերապահուած է Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներուն։ Միւռոնօրհնութիւնը կը կատարուի մեծաշուք հանդիսութեամբ եպիսկոպոսական դասին հետ միասին, ամէն եօթը տարին անգամ մը։ Մեր պատրիարքները՝ ըլլայ Երուսաղէմի եւ կամ Կոստանդնուպոլսոյ, իրաւունք չունին Միւռոն օրհնելու, ինչպէս իրաւունք չունին եպիսկոպոս ձեռնադրելու եւ օծելու։
Դրոշմի առաջին մասը Միւռոնով օծումն է երեխայի զգայարանքներուն եւ անդամներուն, երկրորդը ընծայումն է Ս. սեղանին, երիցս երկրպագութեամբ իսկ երրորդը՝ Քրիստոսի մարմինին եւ արեան ճաշակումն է։ Այս երեքով երեխան կը դառնայ կատարեալ քրիստոնեայ եւ անդամ սուրբ եկեղեցւոյ։
Հայ եկեղեցին դրոշմի խորհուրդը կը կատարէ մկրտեալին մարմնին ինը մասերը Միւռոնով օծելով։
Հետաքրքրութեան համար կուտանք թարգմանաբար. այսպէս.-
Ճակատը՝ այս անուշ իւղը Յիսուսի Քրիստոսի անունով կը թափուի քու վրադ իբրեւ կնիք երկնաւոր անապական պարգեւներու։
Աչքերը՝ այս կնիքը Յիսուս Քրիստոսի անունով թող լուսաւորէ քու աչքերդ, որպէսզի բնաւ մահով չննջես։
Ականջները՝ այս սուրբ օծումը թող լսելի ընէ քեզի աստուածային պատուիրանները։
Հոտոտելիքը՝ Յիսուսի Քրիստոսի անունով այս կնիքը թող անուշահոտութիւն ըլլայ քեզի այս կեանքէն հանդերձեալ կեանքին։
Բերանը՝ Յիսուսի Քրիստոսի անունով այս կնիքը թող պահպանութիւն ըլլայ քու բերանիդ եւ ամուր դուռ քու շրթներուդ։
Ձեռքերը՝ Յիսուսի Քրիստոսի անունով այս կնիքը թող պատճառ ըլլայ քեզի բարեգործութեան եւ ամէն տեսակ առաքինի գործերու եւ վարքի։
Սիրտը՝ աստուածային այս կնիքը թող սուրբ սիրտ հաստատէ քու մէջդ եւ ուղիղ հոգի նորոգէ քու ներսդ։
Կռնակը՝ Յիսուսի Քրիստոսի անունով այս կնիքը թող քեզի համար ըլլայ ամուր վահան, որով կարենաս չար փորձանքներուն բոլոր նետերը վտարել։
Ոտքերը՝ աստուածային այս կնիքը թող ուղղէ քու քայլերդ դէպի յաւիտենական կեանք, որպէսզի երբեք չսասանիս։
Խաղաղութի՜ւն քեզի, ո՛վ Աստուած փրկեալ, խաղաղութի՜ւն քեզի, ո՛վ Աստուծոյ օծեալ։
Մկրտութենէն ետք նորակնունք երեխային կը հագցնեն նոր ճերմակ զգեստ «Որպէս հանդերձ փրկութեան եւ պատմութեան ուրախութեան», գլխուն կը կապեն նարօտը, որ է «Պսակ շնորհաց» ապա քահանան երկու մոմ կուտայ կնքահօր ձեռքը, իսկ եթէ հասակաւոր երեխայ է ինք կը բռնէ մոմերը, որպէսզի աստուածային լոյսը սրբալոյս միւռոնով կնքեալին կեանքին առաջնորդ ըլլայ։ Երուսաղէմի ձեռագրատան թիւ 289 Մաշտոցի համաձայն մկրտութեան կանոնին մէջ օծման արարողութիւնը հետեւեալ ձեւով նկարագրուած է.- Ապա խաչակնքէ քահանայն երեք անգամ զաղայն եւ ասէ.-¬ «Խաղաղութիւն ընդ քեզ փրկեալդ Աստուծոյ» եւ կնքահայրն ասէ. «Եւ հոգւոյդ քում»։ Եւ ապա քահանայն ասէ. «Զգեցո սմա հանդերձ փրկութեան եւ պատմութեան ուրախութեան շնորհօք Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի»։ Ապա դնէ զկնգուղն ի գլուխն եւ ասէ. «Դիր Տէր սաղաւարտ փրկութեան եւ պսակ շնորհաց ի գլուխ սորա շնորհօք եւ մարդասիրութեամբ...»։ Ապա կապէ զնարօտն ի վիզն եւ ասէ. «Զգեցո Տէր, պարանոցի սորա զարդարութիւն եւ սրբեա յամենայն աղտեղութենէ մեղաց, շնորհօք եւ մարդասիրութեամբ...»։ Ապա ծածկեսցէ ի վերայ ամենայն սպիտակ հանդերձ եւ ասէ. «Զգեցեալ սպիտակ գնասցես աներկիւղ առաջի Աթոռոյն Աստուծոյ. լինել ընդ Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի եւ ժառանգակից յաւիտենական կենացն»։ Ապա տայ զմոմեղէնսն կարմիր եւ կանաչ ի ձեռսն եւ ասէ. «Առ զլապտեր հաւատոյ եւ գործոց բարեաց, զի ի գալ երկնաւոր փեսային տացին մտանել ի յառագաստն լուսոյ եւ վայելել ի կեանսն յաւիտենից»։
Ժամանակին կնքահայրը երեխան շալկած մկրտութեան ներկայ եղողներուն հետ տուն կը տանէր ու կը յանձնէր մօրը։ Իսկ ութօրէքին քահանան նորընծային տունը կþերթար ու անոր գլուխէն նարօտը կը հանէր, կ'աղօթէր ու ջուրով երեսը կը լուար։ Ներկայիս այս սովորութիւնը դադրած է հայ եկեղեցւոյ մէջ։ Հաղորդութենէն ետք եկեղեցւոյ մէջ քահանան երեխան կնքահօր ձեռքը կուտայ եւ կը խնդրէ մօրմէն, որ համբուրէ կնքահօր ձեռքը եւ առնէ երեխան ու դասին մէջ ծնողք, կնքահայր եւ կնքամայր, քով-քովի կեցած քահանան կ'երգէ «նոր Սիոն ծնեալ մանկունք» շարականը եւ ապա պահպանիչով ու Հայր Մերով արարողութիւնը կ'աւարտէ ու ժողովուրդը կ'արձակէ։
ՎԱՐԱԳ Ա. ՔՀՆՅ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ