Յստակ է, թէ երկրի մը բանակը յատուկ առաքելութիւն մը ունի զինք ստեղծող կամ հիմնող երկրի ժողովուրդին ու անոր ապրած հողատարածքի պահպանման նկատմամբ:
Ան է, որ ի գին ամէն զոհողութիւններու կը պաշտպանէ նոյն այդ երկրին սահմանները եւ անշուշտ միաժամանակ փորձելով ապահովել անոր խաղաղութիւնը:
Ուստի նշեալ երկրի բանակը, իր պատիւն ալ է:

(Լուսանկարը՝ Տարօն Թիթիզեանի)


Եթէ շատերու համար բանակին ծառայելը պարզապէս գործ մըն է, ընդհակառակը անդին  նկատուած է, որ բանակ մը որքան ալ կազմուած ըլլայ արդիական զէնքերով կամ հրթիռներով, եթէ անոնց ընկերացած ըլլայ նուիրեալ, գիտակից եւ ոչ պատահական մարդիկ, ան այնքան աւելի որակաւոր, հզօր ու աչքառու կը դառնայ եւ ամէն պատերազմէ ետք միշտ յաղթական դուրս կու գայ:
Մէկ խօսքով կարգապահ մարդոց տեղն է բանակը եւ որուն ծառայողը լաւատեղեակ է խաղաղութեան, անոր պաշտպանման արժէքին ու իմաստին:
Ու եթէ բանակի մը հիմնական կորիզը իր անդամներն են, ուստի հետեւցնելով կրնանք ըսել, թէ բանակի  մը գլխաւոր հիմքը ընտանիքն է:
Անոր համար դարերէ ի վեր մարդիկ, պետութիւններ, ժողուրդներ իրենց երկրի խաղաղութեան եւ ինչու չէ նաեւ նոր հողատարածքներ ձեռք ձգելու որդեգրումներէն ու ծրագիրներէն մեկնած, առաջին իսկ հերթին մեծ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած են իրենց երկրին բանակին, անոր մարդուժի քանակին եւ որակին, ու հզօրացման աշխատանքներուն:
Նոր զէնքերով զինած են զայն: Միշտ մօտէն հսկած ու ամէն գինով հոգացած են անոր պահանջներն ու կարիքները: Ար  դիականացուցած են զէնքով ու մարդուժով: Կարգապահութիւն սահմանած ու պարտադրած: Ու տեսնուած է նաեւ, որ ամէն պատերազմ իր աւարտին միշտ բերած է որոշ գիտութիւն, թէքնիք ու փորձառութիւն:
Եւ որովհետեւ բանակին համար մեծագոյն արժէքը՝ զինուորին կամ ծառայողին կեանքն է, ուստի ամէն առիթներով մարդիկ, բանաստեղծներ, գուսաններ եւ երգիչներ երգեր ու տաղեր հիւսած են, ոտանաւորներ նուիրած:
Իր կարգին երկրին մամուլն ալ յօդուածներով ու պատմուածքներով ջատագոված է իր բանակին յաջողութիւններն ու սխրագործութիւնները:
Ապա վերջը, նոյն այդ երկրի ղեկավարները առ ի երախտագիտութիւն՝ միշտ մեծարած են իրենց բանակի արժանաւորները յատուկ մետալներով կամ յուշարձաններով: Նոյնիսկ երկրի մեծ քաղաքներու գլխաւոր պողոտաներն ու փողոցները իրենց բանակին ծառայող հերոսներու ու նուիրեալներու անուններով  յիշատակած: 
Սակայն ինչո՞ւ այս բոլորը:
Որովհետեւ այս օրերուն եւ յատկապէս Յունուար 28ին, հրապարակային կերպով հայ ժողովուրդը կը տօնախմբէ իր ազգային բանակին հիմնադրութեան քսանամեակը:
Վայրկեանի մը համար երեւակայեցէք, որ մեր երկիրը քսան տարիներ առաջ կրկին անկախ դարձած էր ու այսօր  այդ օրերուն ծնած հայ մանուկը, արդէն իսկ իր ազգային բանակին կը ծառայէ:
Համազգային ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը դիմաւորենք մեր զինեալ ուժերուն ծննդեան այս ամեակը:
Լաւատեղեակ ենք ու խոր յարգանքով կը յիշենք Արցախեան պատերազմին մեր բանակին ձեռք ձգած յաղթանակները, հայ զինուորին քաջարի ծառայութիւնը, օրինակելի գիտակցութիւնը, հայրենիքի հողի ազատութեան  ի խնդիր անոր թափած սուրբ արեան նպատակը:
Մեզի համար այս բոլորը ոչ միայն նորութիւններ են այլ նաեւ ներշնչման աղբիւրներ:
Քսան տարեկան հայկական բանակ եւ հայ զինուոր:
Չենք կրնար անտարբեր ըլլալ եւ մնալ:
Մեր բանակը մեր ազգային պատիւն ու յաղթանակն ալ է:
Գիտենք ու ամէնօրեայ մեր կեանքի հեւքին հետ ալ միատեղ մօտէն կը հետեւինք մեր բանակի լուրերուն ու անոր տագնապներուն: Կը լսենք անոր «խնդիրներ»ն ու «բաց թողումները»: Բայց այս բոլորին կողքին, անպակաս են նաեւ առիթներն ու երեւոյթները, որոնք հպարտութիւն կը ներշնչեն մեր բոլորին եւ վառ յոյս՝ մեր հայրենիքի փայլուն ապագայի հանդէպ:
Մեր այս տողերը պարզ պաշտամունքի մը ծնունդն են, որովհետեւ կը հաւատանք, որ մեր բանակը մեր երկիրը դէպի լուսաւոր ճանապարհ ալ կ՛առաջնորդէ:
Վկայ Արցախի արիւնոտ պայքարը:
Բոլոր նահանջող հոգիները թող  գիտնան, թէ անցնող քսան տարիներուն մեր ազգային բանակները, ըլլան անոնք Արցախեան եւ կամ Հայաստանեան  մեծ յանձնառութիւններու տակ մտան ու թշնամի հոսող ժամանակին դէմ թիավարեցին, երբեմն բոլորովին աննպաստ պայմաններու տակ, երբեմն ալ նոյնիսկ արիւնոտ յաճախանքներով, միշտ ուժ ունենալով միայն իրենց ներքին հաւատքը, պատկանելիութեան հուրքը, ծառայելու տենդը եւ մահուան ու ազատութեան գիտակացութիւնը:
Մեծ գուրգուրանքի եւ պաշտամունքի առարկայ է հայ բանակը: Ոչ մէկ կասկած եւ տարակուսանք:
Պէտք է անոր զօրակցիլ: Միշտ արդիական դարձնել ու պահել: Մասնագէտներով օժտել: Վստահութիւն եւ հաւատք ներշնչել ու այս ձեւով ամրապնդել նաեւ մեր յոյսերը:
Մեր ժողովուրդը միշտ բարձր գնահատած է հայ բանակի անդամներուն հայրենասիրական ոգին: Տագնապած ու մտահոգուած է անոր ներքին ու արտաքին հարցերով եւ սակայն երբեք չէ յուսահատած, այլ՝ ընդհակառակն, միշտ խանդավառուած է անոր լաւ լուրերով եւ յաջողութիւններով:
Որովհետեւ ազգովին  հաւատացած են, որ մեր բանակին մէջ ամրօրէն խարսխուած է հայ ժողովուրդի յաւերժութեան հաւատամքը:
Որովհետեւ մեր բանակը նաեւ իր մէջ պահ ունի իր կոչումին յատուկ գիտակից ու սրբազան հայակերտ առաքելութեան նշանակութիւնը:
Հայ ենք ու պատմութիւնը վկայ իբրեւ բանակ համայն ժողովուրդով, մեր այրուձիով, մեր  մեծով ու պզտիկով   միշտ կռուած ենք կեանքի, ազատութեան եւ մահուան համար:
Քաջութիւն, նուիրում եւ հերոսութիւն մեզ դարերէ ի վեր առաջնորդած են դէպի առաջ, խրոխտ յաղթանակներու եւ յաւերժական կեանքի ու յաւիտենականութեան:
Քսան տարիներ առաջ մեր ազատ եւ անկախ հայրենքին մէջ բանակաշինութիւն տեղի ունեցաւ ու այս ձեւով  մեր ժողովուրդը իր ինքնութեան գոյութիւնը կրկին անգամ երաշխաւորեց:
Եւ ապա նոյն այդ բանակի անձնազոհ զինուորներով ու մարտիկներով յաղթանակներ կոթողուեցան:
Այսօր նոյն այդ բանակի սեփականութեան հրճուանքն է, որ մեզ կը խանդավառէ, որովհետեւ ան է որ  մեր հողին ապահովութիւնը կ՝երաշխաւորէ:
Թող մեր ազգային   բանակին ծառայելը բոլորիս համար հպարտութիւն ըլլայ:
Անոր համար՝ ի սրտէ բարի մաղթանք մը մեր բանակին ու անոր մեծ ու փոքր բոլոր զինեալ նուիրեալներուն:
Քսաներորդ տարեդարձդ շնորհաւոր՝ հայկական բանակ:


ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ