Հայ Գիրքի տարի է, եւ մեծ թիւով մարդիկ պիտի գան ճառեր, քարոզներ եւ պատգամներ լսելու: Լաւ է որ գէթ եկողներ կան: Պիտի ըլլան: Բայց աչք ծակող իրականութիւններ կան, զորս չենք տեսներ, ներկայ ըլլանք թէ բացակայ: Այլ ամպագորգոռ երկինքներու տակ ոչ խօսող պիտի ըլլայ ոչ ալ լսելու համար անհանգստացող: Պատահա՞ծ է որ ներկայ ըլլաք գիրքի ներկայացման «հանդիսութեան» մը:
«Շնորհահանդէս» կը կազմակերպենք, երկու խօսք ալ կ’ըսենք գիրքի բովանդակութեան մասին, կ’ըսենք նաեւ որ հայ գիրքը պէտք է գնել: Ներկաները կանգ կ’առնեն հեղինակին առջեւ, մակագրել կու տան, եւ յաճախ շնորհակալութիւն կը յայտնեն եւ կը մեկնին:Վերջին հաշուով, կը ստացուի այն պատկերը, որ գիրքը ստացողը ինք շնորհք կ’ընէ հեղինակին՝ նուէր ստանալով:Որպէսզի հայ գիրքը ապրի, ազգովին պիտի հասկնա՞նք, որ գիրքը չէ եղած նուէր տրուելու համար, հրատարակիչները բարեսիրական հաստատութիւններ չեն, գիրքը կը վաճառուի եւ կը գնուի: Եթէ հայ գիրքի տարին յաջողի վերականգնել հայ գիրի արժանապատւութիւնը, զայն դուրս բերել ձրի բաժնուող առեւտրական պրակի վիճակէն, կարելի է յոյսեր սնուցանել, ոչ միայն գիր-գրականութեան կալուածէն ներս, այլ ընդհանրապէս՝ ազգային լինելութեան: Իւրաքանչիւր ձրի տրուած կամ ստացուած գիրք, տապարի հարուած է նոյն հայ գիրին եւ գիրքին: Այսինքն՝ ինքնասպանութեան արարքի արագացում եւ բազմացում:Գիրքերու տպաքանակի, վաճառուածի, նուէր տրուածի եւ պահեստի հաշուական տախտակները եթէ կազմուին, ինչե՜ր կրնանք հասկնալ: Այդ տախտակները մեր բոլոր ճառերուն ամպագորգոռ հակաճառերն են… եթէ, ի հարկէ, այդ տախտակներն ալ կարդացողներ ըլլան: Սադայէլի շրջանակ…Տարիներ առաջ, Փարիզ, ազնիւ Հայու մը մեկենասութեամբ, ողբացեալ Մարտիկ Տակառեանի, լոյս տեսած էր Զուլալ Գազանճեանի բանաստեղծութիւններու գրքոյկը: Գրուած էր՝ «տպաքանակ 200, նուէր կը տրուի բարեկամներու»: Ի՜նչ պարտութիւն, եւ պարտութեան ի՜նչ խոստովանութիւն: Բանաստեղծը չէր պարտուողը, ան շարունակեց գրել, պարտուողը ազգն էր, որ չանդրադարձաւ իր պարտութեան, եւ այդ ոգիով կը շարունակէ: Խօսքը ապտակ՝ տափակութիւններու համար սրահ լեցնողներուն, ուր մարդիկ կը փութան առաջին շարքի վրայ տեղ գրաւելու, բայց դժբախտաբար բոլոր շարքերը առաջին չեն… աճող ջոջերուն տեղ տալու համար:Երէցները տան մէջ հայերէն գիրքերու մեծ կամ պզտիկ գրադարաններ ունէին: Այդ նաեւ ազգային ազնիւ հպարտութիւն էր: Այդ գրադարանները տունէն դուրս կը դրուին, բախտաւոր պարագային կը ղրկուին դպրոցի մը կամ ակումբի մը:Կը մտածե՞նք բնաւ որ պորտակապը կը կտրենք մենք, ոչ Թուրքը եւ ոչ սարսափի յիշատակ պահած իր եաթաղանը…
ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՀԱՅԸ ԻՐ ԳԻՐԻՆ ԵՒ ԳԻՐՔԻՆ ԴԻՄԱՑ
Բագինի 50 տարուան թիւերը: Ո՞վ ժամանակ ունի զանոնք թերթատելու, որպէսզի գիտնայ մեր միտքի անդաստանի անցած ուղին, քաջ բաղդատութիւններ ընելու համար: Եթէ յիսնամեակի առիթով տպաւորիչ գինեձօն մը կազմակերպուի, մանաւանդ եթէ ան կազմակերպուի հռչակաւոր հիւրանոցի մը մեծ սրահին մէջ, մարդիկ պիտի գան եւ պիտի ծափահարեն ըսուած եւ լսուած անոյշ երկու խօսքը:Դեռ լաւ է որ կու գան… Դեռ անոր անգամ չեկողները բանակ են:Բայց պէտք չէ զարմանալ, երբ սրահին մէջ, կարծիքներու փոխանակութեան ընթացքին, մարդիկ ըսեն՝ որ իրենք «երբեք Բագին չեն տեսներ, չեն տեսած»: Եւ ծափարահողներ պիտի ըլլան… քանի որ անոնք զոհողութիւն ըրած են, եկած են լսելու:Ի՞նչ պատահած է եւ կը շարունակուի, որպէսզի այս տեղատւութիւնը ծաւալի, աճի, ընդունուի որպէս բնական, անվերականգնելի, տրամաբանական, իրատեսական: Քաջութիւն պէտք է ունենալ, ճառերէն առաջ եւ վերջ, ամբոխային (չ)իմաստութիւնը լսելու, որ մէկ օրէն միւսը ծնունդ չառաւ:Այնքա՜ն մեծ թիւով միութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ կառոյցներ կան՝ հայկական պիտակով: Անոնցմէ քանին հայ գիրը եւ գիրքը, գրականութիւնը, որպէս ազգային ինքնութեան, հարազատութեան եւ լինելութեան առանցք, օրակարգ կը դարձնեն, «պազար»ներէն, հայրենակցական կամ այլ ճաշերէն, զբօսաշրջային այցելութիւններէն եւ փառատօններէն առաջ եւ վերջ: Նախընտրաբար՝ առաջ: Բայց անոնք մեծ-հայրիկի գրադարանն են, որուն համար բաւարար տեղ չկայ տան մէջ:«Լաւ ապրելու», «արդիականութեան» եւ «ժամանակին հետ քայլ պահելու ու յաջողելու» անզսպելի կիրքով, հետզհետէ նեղցուցինք հայ գիրին ու գիրքին տեղը:Հայկական վարժարաններ կան, լաւ է որ կան: Անոնք գրադարաններ ունին: Հետաքրքրական պիտի ըլլար գիտնալ թէ այդ դպրոցներու աշակերտութեան ո՞ր տոկոսը տարին քանի հայերէն գիրք կ’առնէ գրադարանէն՝ ընթերցման համար… եւ եթէ այդ գիրքերը չեն առնուիր, պատասխանատուներ չկա՞ն: Այդ դպրոցները կը դատե՞նք ըստ վախճանական նպատակի, թէ ըստ անմիջական քաղքենիական յաջողութեան տրուած տուրքի:Եւ եթէ պատկերը յուսահատական է, այն ատեն հարց պէտք է տանք մենք մեզի թէ ի՞նչ կը բանինք:Մեր ճակատագրին բերումով, եւ անոր պատասխան տալու համար «քաղաքականացուցինք» ամեն բան, յաճախ կարգախօս կրկնող քաղաքականացում մը, որ ինքզինք բանտարկեց չանհան-
գստացնող «ցեղասպանութեան ճանաչման» բարոյախօսական տարազին մէջ, շարունակելով «բարոյապէս յաղթելու» Եղիշէէն ժառանգ մնացած տասնըհինգ դարերու աւանդութիւնը: Եւ մոռցանք հողը, մոռցանք մշակութասպանութիւնը՝ որ մեր շեփորած Միացեալ Ազգերու ցեղասպանութեան սահմանումին մէջ, յիշուած է նոյնքան յստակութեամբ, որ թափով ընթացքի մէջ է:Բայց հայ գիրը, գրականութիւնը, մշակոյթը, միթէ՞ ազնիւ քաղաքականութիւն չէին եւ չեն ազգ պահելու համար: Եւ հրապարակները ողողեցինք, եւ կը շարունակենք ողողել կաղապար խօսքերով, «քլիշէ»ներով, «շապլոն» բառերու աղմուկով: Նորոյթներ, ինչպէս շապիկի կամ տաբատի… Տնտեսեցինք եւ կը շարունակենք տնտեսել անկումը, նահանջը: Շփոթեցինք ազգային գրականութիւնը քարոզչութեան հետ եւ ծափահարեցինք հայածնունդի օտարագիր գրականութիւնը, անտեսելով մեր սեփականը որ միայն հայագիր է, միւսը մեզի չի պատկանիր: Պարսիկ բանաստեղծին հայագիր ստեղծագործութիւնը հայ գրականութիւն է, հայածնունդին ֆրանսերէն, արաբերէն, անգլերէն, սպաներէն կամ թրքերէն գրականութիւնը մեզի չի պատկանիր, կը պատկանի այդ լեզուին տէր ժողովուրդին, նոյնիսկ եթէ ան կը ծառայէ մեզ ճանչցնելու:
ԿԱՐՄԻՐ ԳԼԽԱՐԿ ՊԻՏԻ ԴՆԵ՞ՆՔ ՀԻՆ ԲԱՌԱՐԱՆԻՆ
Հայ Գիրքի տարի:Տարեվերջին պիտի ըսուի՞, թէ շնորհիւ լուսաբանական եւ քարոզչական աշխատանքին, լսուած է Հայոց Կաթողիկոսի կոչը, եւ հայկական հրատարակչատուներու գրապահեստները դատարկուած են եւ ստիպուած պիտի ըլլան երկրորդ կամ երրորդ տպագրութեան ձեռնարկելու:Տարեվերջին պիտի ըսուի՞, որ հայ գրական հանդէսներու տպաքանակը գէթ տասնով բազմապատկուած է, աւելցած է «պազար»ի մը կամ մեծ հիւրանոցի մը շքեղ սրահին մէջ պարահանդէսին ներկայ եղողներու համրանքով:Այս տարեվերջին ոտքի կանգնած պիտի ըլլա՞ն ազգային խորքին նպաստող մշակութային առաջադրանքները, թէ պիտի շարունակենք յուզուիլ «թամ-թամ»ով եւ «թամաշա»յով:Եւ այդ պարագային վար պէտք է առնել կեղծիքի դիմակները:Այդ ընելու համար ընդվզող հասարակութիւն պէտք է, որուն ականջները խցուած չըլլան: Խցանները վերցնողներ ըլլան:Եթէ սկսող տարին պիտի աւարտենք ծնծղաներու աղմուկով եւ աւարտին հաշուեկշիռը ցոյց տայ որ տեղքայլ ըրած ենք, պէտք է պոռանք, հետեւելով Վիքթոր Հիւկոյի, որ ժամանակն է՝ կարմիր գլխարկ դնելու հին բառարանին:Եւ այդպէս բաներու…Մանաւանդ, տարեվերջին, հայ գիրքը պիտի սկսի՞ լոյս տեսնել առանց մեկենասի:Եւ մեր տուները կը հասնի՞ առանց նուէր տրուած ըլլալու:Որպէսզի կարենանք ըսել որ կը մեծնանք որպէս ազգ:
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ