Կիրակի, 22 Մայիս, 2Օ11

Այսօր, հակառակ Կիրակի ըլլալուն, սովորական օր մըն է դարձեալ: Բառը յունական ծագում ունի, որ Տէրունական օր կը նշանակէ: «ի իմե՛րա դու Գիրի՛ու »: Հոս, անոր Տէրունական ըլլալը չես զգար: Երեխաները միայն ուրախ են, որովհետեւ Կիրակի օրերը դպրոց չեն երթար: Գիւղապետարանն ու բժշկական կեդրոնն ալ փակ են: Շաբաթ օրերը բոլորն ալ կ՛աշխատին սակայն: Հոս Հրէական համայնք գոյութիւն չունի, որ իր հակակշռին տակ առնէ գիւղին կեանքը...:


Այսօր, Օհանաւան, մեզի դրացի գիւղին մէջ, նոր շրջանի գիւղապետի ընտրութիւններ տեղի կ՛ունենան: Վալդերը, որ ընտրական Յանձնախումբի նախագահն է, առաւօտեան ժամը եօթէն ընտրավայր գացած է արդէն: Կէսօրին երբ հոն գացի չկրցայ զինքը տեսնել: Ընտրողներու երկար հերթ մը կար դէպի քուէատուփ տանող, գիւղի դպրոցի, լայն սանդուխներուն վրայ:
Երեկոյեան վեցին, Արմանին, Վերկուշին «Վալդերին զաւակները» եւ Ժասմինին հետ վերստին այցելեցինք: Վալդերը մեզ դիմաւորեց սրահի մուտքին: Հագուստ¨կապուստով բոլորովին տարբեր Վալդեր մըն էր:
¨Ամէն բան օրինաւոր ընթանում է, ըսաւ ան իմ հարցումիս պատասխանելով:
Քուէատուփը հոն էր, իր սեղանին վրայ: Իրարմէ հեռու հինգ¨վեց սեղաններու ետեւ նստած էին երկսեռ աշխատողներ, որոնք ըստ իրենց ազգանունի այբուբենական շարքով քուէարկող այր կամ կին գիւղացիները կ՛ընդունէին, որոնք երեւելի կերպով կոկիկ ու մաքուր հագուած էին: Կիները կարծես վարսայարդարէն նոր կու գային: Սրահին մէջ հսկող ոստիկաններէն զատ կային նաեւ թղթակիցներ ու լուսանկարիչներ, այլազան թերթերու կողմէ ղրկուած: Վալդերը ըսաւ թէ այս գիշեր ուշ, ընտրականի անդամներու ներկայութեան, քուէատուփը պիտի  բանանք ու պիտի հաշուենք երեք թեկնածուներուն ստացած քուէները:
¨Այս գիշեր յաղթողը յայտնի կը լինի, ըսաւ ան, մեկնած ատենս:
Ըստ երեւոյթին բաւական լարուած վիճակ մը կար երեք թեկնածուներուն միջեւ, ինչ որ դուրսը, դպրոցի բակին մէջ, վիճաբանող այրերէն հասկցայ: Թեկնածուներէն մէկը գոյութիւն ունեցող գիւղապետն էր:
Երկրորդը նախկին տարիներու գիւղապետն էր, իսկ երրորդը, երիտասարդ նոր թեկնածու մը: Թող արժանին ընտրուի, ըսի օհանաւանցիներուն եւ երեխաներուն հետ դէպի ինքնաշարժս ուղղուեցայ: Հազիւ պիտի նստէի, ետեւէս, գրեթէ ինքնաշարժիս մօտեցած, ձայն մը լսեցի, որ ինծի կ՛ըսէր:
¨Պարոն Մարգար, դո՞ւք էլ քուէարկելու եկել էք:
¨Ոչ տակաւին, ըսի ետեւ դառնալով, բայց յուսամ շուտով երկքաղաքացիութիւն ստանամ եւ այն ատեն ոչ միայն պիտի քուէարկելու իրաւունք ունենամ, այլ Ուշիի մէջ գիւղապետի թեկնածութիւնս ալ պիտի դնեմ:
¨Բա՜հ...բացականչեց ան, դէմքին զարմանքի արտայայտութիւն մը ցուցադրելով:
Ես, ժպիտը դէմքիս, ղեկիս առջեւ նստայ:
Ճամբայ ելանք Ուշի երթալու:
¨ Պարոն Մարգար ճանաչո՞ւմ էք նրան, հարցուց երեխաներէն մէկը:
¨Ոչ, չեմ ճանաչում: Բայց ըստ երեւոյթին ինք ճանաչում էր զիս, գոնէ անունով ու դէնմքով, պատասխանեցի ես:
Այսպիսի բաներ շատ կը պատահին հոս:
Վեց¨եօթը վայրկեան քշելէ ետք, հասանք մեր գիւղը:

Չորեքշաբթի, 25 Մայիս, 2Օ11

Նախորդ երկու օրերը սահուն ու հանդարտ անցան: «Մեր» երեխաներն ու իրենց ծնողները գրեթէ ամէն օր կ՛այցելեն ինծի Նոյեմ տատիկին, Էլիզին եւ իմ որպիսութիւնը հարցնելու: Չեն մոռնար նաեւ հետերնին լաւաշ, պանիր, հաւկիթ եւ կաթ բերելու: Մի բերէք, ունիմ, շնորհակալ եմ բառերը նշանակութիւն չունին իրենց համար: Մեր Ուշին այս է ու վերջակէտ: Էլիզին հոս եղած ատենն ալ նոյն բաները կը պատահէին: Աստուած պահէ բոլորին:   
Այսօր Թորոնթոյէն ուրախալի լուր մը եկաւ: Մաման այսօր տուն պիտի տանին հիւանդանոցէն: Ուրախալի լուրը բոլորին փոխանցեցի: Մարդս մարդով կ՛ուրախանայ կամ կը տխրի:
Գրադարանիս մէջ աշխատած ժամերուս հեռաձայն ստացայ Հայաստանի գրողներու միութեան գրական հանդիսութիւններու պատասխանատու Կարինէէն, որ կը տեղեկացնէր ինծի թէ վաղը ժամը Յ¨ին գրողներու տան կլոր սրահին մէջ, Մովսէս Պչաքճեանի, երկրորդ անգամ ըլլալով Երեւան տպուած «Լուսաւոր աչքերով օտարականը»  գրքին շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ եւ զիս կը հրաւիրէր, ոչ միայն ներկայ ըլլալու այլ նաեւ գրքի եւ հեղինակի մասին մի քանի խօսք ըսելու: Չմերժեցի անշուշտ: Չմերժեցի ու կարծես թէ անգործ էի ու գործ ստեղծեցի ինծի:
Գիշերը գրադարանիս մէջ երկար աշխատեցայ:
Մովսէս Պչաքճեանի ապրած ու նկարագրած, եւ իմ սիրած Փարիզ քաղաքին մէջ, գրողին հետ թափառեցայ ժամերով:
Ուշ էր երբ գրադարանիս լոյսերը մարեցի:

Հինգշաբթի, 26 Մայիս, 2Օ11

Այսօր Երեւան պէտք է երթամ: Քանի մը գործեր ունիմ կատարելիք: Որպէսզի առանձին չքշեմ, Էլիզին խնդրանքով, Վալդերն ալ հետս կու գայ:
Օհանաւանի գիւղապետի ընտրութիւնները, քանի մը ձեւական արգելքներ յաղթահարելէ ետք, սկիզբէն առաւելագոյն քուէներ ստացող երիտասարդ թեկնածուն, Երեւանի յատուկ դատարանին որոշումով, կը յայտարարուի վերջնականօրէն յաղթական: Ըստ երեւոյթին ներկայ գիւղապետը, որ առաւելագոյն քուէներ չստացած ըլլալուն պատճառաւ բողոքագիր ներկայացուցած էր առ որ անկ է, որպէսզի քուէները երրորդ անգամ ըլլալով վերստին ու վերստին համրուին, բայց վերջին րոպէին բողոքագիրը ետ կը քաշէ դատարանէն եւ այսպէսով կ՛ընդունի իր պարտութիւնը: Անհամ ու վրդովեցուցիչ բաներ: Օհանաւանի ընտրութիւնները այն սակաւաթիւ ընտրութիւններէն էին, ուր արդարութիւնը, ճշմարտութիւնն ու ժողովըրդավարութիւնը հիմք ունենալով հզօրազդու օրէնքը, յաղթահարեցին:
Երեւան, նախ ընկերս, Եդուարդ Մսըրլեանը պիտի տեսնեմ, որ մեր երկքաղաքացիութեան գործը օրինաւոր յաջողցնելու նպատակով, Թորոթոյէն,¥ ուր այցելութեան գացած էր Սան Ֆրանսիսգոյէն, նախքան Երեւան ճամբորդելը ¤ յաւելեալ փաստաթղթեր բերած էր ինծի յանձնելի:
Երկրորդ, չորս փաստաթղթեր, որոնք անգլերէն գրուած էին, Նոտարական կեդրոնական գրասենեակ պէտք էր տանէի ու թարգմանել տայի: Երրորդ, Թորոնթոյէն ինծի թելադրուած կարիքաւոր ընտանիքի մը որոշ գումար մը պիտի յանձնէի, իսկ չորրորդ, ժամը 3¨ին գրողներու միութեան տունը երթայի Մովսէս Պչաքճեանի գրքին շնորհահանդէսին ներկայ գտնուելու:
Առաջինը, երրորդը եւ չորրորդը յաջող վերջաւորութիւն ունեցան:
Երկրորդը, փաստաթղթերու նախքան  թարգմանուիլը պէտք է անոնք վաւերացուին եղեր Արտաքին Գործոց նախարարութեան յատուկ գրասենեակի մը կողմէ, որ երեկոյեան այդ ժամերուն փակ էր:
Երկքաղաքացիութեան արժանանալը եւ Հայաստանի հպատակ դառնալը այդքան ալ դիւրին չէ եղեր, մտածեցի գրասենեակէն դուրս ելած պահուս: Ես նկատած եմ, որ Հայաստանին մէջ սխալ տեղեկութիւններ, ուղղութիւններ շատ կան, մանաւանդ երբ գործդ պետական գրասենեակներուն հետ ըլլայ: Իմ կարծիքով, սփիւռքահայերու երկքաղաքացիութիւն ստանալու կարեւոր գործընթացը պէտք է աւելի դիւրին ընթանայ: Յուսամ օր մը, մեր պետութիւնը, ուրիշ կարեւոր հարցերու շարքին, այս մէկին ալ կ՛անդրադառնայ Ազգային ժողովներէն մէկուն մէջ:
Յուսալ եւ սպասել: Երկուքն ալ կենսատու եւ շինարար զգացումներ են...:
Մովսէս Պչաքճեանի գրքին շնորհահանդէսը յաջող անցաւ: Հինգ¨վեց գրողներ խօսեցան իր եւ իր գրքի մասին: Ես իմ մտածումներս, ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ գրաւոր յայտնեցի: ¥Գրածս, հոս եւ Սփիւռք լոյս տեսաւ արդէն¤:
Մովսէսի դէմքին մնայուն ժպիտ կար: Ինքը քուն իր բախտը արթուն գրող մըն է ան Սփիւռքին ու Հայրենիքին մէջ, ինչպէս յաճախ կ՛ըսեմ  իրեն: Արտասահմանի երբեմնի համայնավարամիտ գրողներն անգամ, Երեւանին մէջ, այս տեսակ պատիւներու չէին արժանացած:


Շաբաթ, 28 Մայիս, 2Օ11

Հակառակ Էլիզին բացակայութեան, Ուշիի «մեր» աշակերտները իմ եւ Վալդերին ինքնաշարժներով Սասունցիներուն Ուջան գիւղը տարինք (մեր գիւղէն տասնըհինգ րոպէ հեռու) եւ հոն Զօր. Անդրանիկի եւ ուրիշ անուանի ֆետայիներու հաւաքական կիսանդրիներուն առջեւ համախմբուած, ազգայնաշունչ քերթուածներով ու յեղափոխական երգերով ոգեկոչեցինք Մայիսեան պատմական ու հերոսական յաղթանակները: Այս անգամ մեզի ընկերացած էր նաեւ մեր աշակերտներէն Տիանային ու Ժասմինին հայրը՝ Վաչիկը, որ Ղարաբաղի ճակատներուն՝ Ուշիէն մեկնած կռուողներէն է: Բոլորս ալ յուզիչ պահեր ապրեցանք արդարեւ: Անդրանիկի, Սերոբ Աղբիւրի ու Սօսէ Մայրիկի, Դրոյի ու Գէորգ Չաւուշի, Գարեգին Նժդեհի խրոխտ երգերը լսուեցան գիւղի հրապարակին մէջ, ուրախութիւն ու զարմանք պատճառելով հոն հաւաքուած ուջանցիներուն: Քանի մը նախադասութիւններով պատմական տեղեկութիւններ տուի մեր առաջին անկախ հանրապետութեան մասին, որ հիմնաքարն է մեր ներկայ ազատ հանրապետութեան: Սասունցիներու եւ նոր ընկերներու հետ ծանօթանալէ ետք, խանդավառ տրամադրութիւններով ճամբայ ելանք Ուշի վերադառնալու: Իրենցմէ հրաժեշտ առած ատենս ձայն մը լսեցի, որ կ՛ըսէր... «Ուշիէն են: Դաշնակցական պատանիներ ըլլալու են»:
Երեկոյեան, մեր յարկին տակ, «Դաշնակցական պատանիներով» ու իրենց ծնողներով, իմ համեստ սեղանին շուրջ, ընտանեկան ու բարեկամական ձեւով, երգերով ու պարերով, ուշեցիավայել կերպով, անգամ մը եւս ոգեկոչեցինք այս պատմական ու անմոռանալի թուականը:
Ուշ էր, երբ խանդավառ ու ոգեւորիչ տրամադրութիւններով, անկողին մտայ...առանձին:
                                                                   
Կիրակի, 29 Մայիս, 2Օ11

Այսօր հանգստեան օր է ինծի համար: Գրադարանիս մէջ զբաղ եմ: Երեկոյեան, Գեղեցիկին տղան, Սարոն, մեր տան «պահապան հրեշտակը», ուրախ ժպիտով քովս կու գայ ու կ՛ըսէ.
—Պարոն Մարգար, Լեւոնիկը ծնաւ: Գոհարը, գըլխու ցաւի համար հիւանդանոց տարի ու Լեւոնիկը ծնաւ:
—Մուխը մարեմ, ըսի, չէր կրնար մէկ օր առաջ ծնիլ: Մայիս 28-ին, ինչ թուական:
—Ինչ անենք պարոն Մարգար, մենք էլ էդպէս էինք ուզում, բայց չեղաւ:
—Լաւ է, լաւ է, ըսի, ու համբուրեցի զինք, ուրախ: Սարոն անգտանելի պարկեշտ տղայ մըն է, որ Աշտարակի մէջ, շինանութի խանութ  ունի: Եղբօրը հետ կ՛աշխատի:
Այսօր ալ ինծի համար ուրախալի օր մը դարձաւ: Ուրախութիւնս, շուտով, Էլիզին փոխանցեցի Թորոնթօ: Ան ալ ուրախացաւ:
—Արժանի են, ըսաւ, Աստուած պահէ նորածինները:
—Մանաւանդ մանչ զաւակները, աւելցուցի ես, ու արժանացայ Էլիզին բուռն յանդիմանութիւններուն:
Ալ չըսի իրեն գաղափարս, թէ կը մտածեմ, Ուշիին մէջ, ամէն մանչ զաւակի ծնունդին առիթով խնձորի ծառ մը տնկեմ, իրենց այգիին մէջ, անշուշտ Նահապետ շարժապատկերէն ազդուած ու անուանի դերասան Սոսը յիշելով: Իսկապէս անմոռանալի եւ իմաստալի տեսարան մըն էր այդ մէկը:
                        
Շաբաթ, 4 Յունիս, 2Օ11 

Յունիս ամսուան սկիզբի օրերը անցան սովորական ու սահուն:   
Էլիզին վերադառնալու օրերը մօտեցան: Քանի մը օր մնաց: Յունիսի սկիզբները, Երեւանէն երկու հեռաձայն ստացայ: Առաջինը՝  «Սփիւռք» Գիտաուսումնական Կեդրոնի տնօրէն եւ «Խաչատուր Աբովեան» Մանկավարժական Պետական Համալսարանի դասախօս Սուրէն Դանիէլեանէն էր, որ զիս, Շաբաթ, 4 Յունիսին կը հրաւիրէր համալսարանի մանկավարժական Ճիւղէն շրջանաւարտներու եւ Արեւմտահայ գրականութենէն նիւթեր ու գրողներ ուսումնասիրողներու ամավերջի հանդիսութեան, որ տեղի պիտի ունենար իր ղեկավարած կեդրոնին հանդիսասրահին մէջ: Երկրորդը՝ Երեւանի «Յակոբ Կարապենց» անունը կրող միջնակարգ դպրոցի տնօրէնուհիէն էր, տիկ. Ովսաննա Բաբաեանէն, որ  Չորեքշաբթի, 8 Յունիսին կը հրաւիրէր անուանի գրող Յակոբ Կարապենցին գրական վաստակին նուիրուած ցերեկոյթի մը, որ պիտի կատարուէր վարժարանի հանդիսութեանց սրահին մէջ: Երկու հրաւէրներն ալ սրտիս խօսող հանդիսութիւններ էին, ուստի, երկուքին ալ ներկայ ըլլալու հաւանութիւնս տուի սիրով:
Այսօր կէսօրին,Վալդերին եւ Ուշիի «Նիկոլ Աղբալեան» միջնակարգ դպրոցի փոխ տնօրէն՝ Նայիրի Գէորգեանին հետ ճամբայ ելանք Երեւան երթալու: Եղանակը սկսած էր նպաստաւոր դառնալ: Որոշուած ժամանակէն առաջ հասանք մանկավարժական համալսարան, որուն չորրորդ յարկին կը գտնուէր փրոֆէսոր Սուրէն Դանիէլեանի ղեկավարած ու Արեւմտահայերէնն ու իր գրականութիւնը լրջօրէն ուսումնասիրող եւ «Սփիւռք» անունը կրող գիտական կեդրոնը: Հանդիսութեան ներկայ էին պաշտօնական հիւրեր, Երեւանէն եւ սփիւռքէն: Արդէն մանկավարժ համալսարանաւարտներուն, ըստ իրենց ցուցաբերած յաջողութեան տրուեցան դրամական նուէրներ, ինչպէս նաեւ  յատուկ գրքեր: Սուրէն Դանիէլեանի դիպուկ խօսքերէն ետք, օրուան պատշած խօսքեր արտասանեցին Յասմիկ Սարգսեան («Խաչատուր Աբովեան» մանկավարժական համալսարանէն), վաստակաւոր երաժիշտ՝ Հենրիկ Անասեան եւ Ֆրանսայի ՇԷՆ բարեսիրական ընկերութեան ներկայացուցիչ՝ Հրայր Հրաչեան: Շրջանաւարտներուն կողմէ եղան արտասանութիւններ, երգեր ու  օրուան յարմար խօսքեր: Առիթ տրուեցաւ նաեւ ինծի, նորաբողբոջ դաստիարակներուն իմ խանդավառութիւնս ու շնորհաւորանքներս յայտնելու: Իսկապէս տպաւորիչ ու մեր ապագային նկատմամբ յուսադրիչ հանդիսութիւն մըն էր այս մէկը, որ արդարօրէն կը գօտեպնդէ մեզ: Հետաքրքրական էր ինծի համար, երբ պատրաստուած ուսուցիչներէն ոմանք խանդավառութեամբ կը խօսէին մեզի, Նիկողոս Սարաֆեանի, Բիւզանդ Թոփալեանի, Յարութիւն Կոստանդեանի, Շահան Շահնուրի, Վազգէն Շուշանեանի, Նշան Պէշիկթաշլեանի եւ այլ սփիւռքահայ հանրածանօթ բանաստեղծ-արձակագիրներու մասին: Փայլքեր կը նշմարէի իրենց աչքերուն մէջ:
Կեդրոնի պատասխանատուն՝  պարոն Սուրէն Դանիէլեանը շնորհաւորելէ ու Երեւանի փողոցներով քիչ մը թափառելէ ետք, ուրախ  տրամադրութիւններով, երեքով՝ վերադարձանք Ուշի: Ճամբու ընթացքին, մեր գիւղի դպրոցի փոխ տնօրէնը՝ Նայիրի Գէորգեանը, որ Երեւանի Պետական համալսարանի պատմութեան ճիւղէն շրջանաւարտ է եւ ծնունդով, նախնական  եւ միջնակարգ ուսմամբ Ուշիի արդիւնք է, խանդավառ խօսեցաւ հանդիսութեան, նոր պատրաստուած դաստիարակներուն ու «Սփիւռք» կեդրոնի կատարած ազգօգուտ գործերուն մասին:
Շիտակ խօսողին ո՛վ կրնայ հակաճառել:
                                                                                                                                           
Չորեքշաբթի, 8 Յունիս, 2Օ11

Այսօր Երեւան քշեցի դարձեալ: Ինծի կ՛ընկերանար Վալդերը եւ արձակագիր Գրիգոր Ջանիկեանը, որ միացաւ մեզի ճանբու ընթացքին, ըստ մեր կարգադրութեան: Սասունցի Դաւիթի հոյակերտ արձանին դիմացի փողոցին աջին գտնուող «Յակոբ Կարապենց» ի մուտքին մեզի կը դիմաւորէ դպրոցի գործունեայ ու գիտակից տնօրէնուհին տիկ. Ովսաննա Բաբաեանը: Հաճելի անակնկալ մըն էր մեզի համար մուտքին տեսնել նաեւ իմ սիրած ու յարգած գրողին քոյրը՝ Նայիրի Սահակեանին, որ ժամանած էր Լոնտոնէն: Նայիրիին հետ, քանի մը տարի առաջ, ծանօթացած էինք Երեւանին մէջ ու երկար խօսակցութիւն մը ունեցած Կարապենցի ու առհասարակ իր անունը կրող դպրոցի մասին: Նայիրին արուեստագէտ է: Գեղանկարիչ: Կարապենցին դիմանըկարը գծած էր երկար թուղթի մը վրայ, որուն բացումը կատարուեցաւ այսօր, Կարապենցին անունը կրող յատուկ թանգարանին առջեւ:   Հանդիսութիւնը, որ տեղի ունեցաւ վերը գտնուող հանդիսասրահին մէջ, լեցուն էր ծնողներով, վերի դասարաններու երկսեռ աշակերտներով ու յատկապէս հրաւիրուած անձնաւորութիւններով:
Հանդիսութիւնը սահուն կերպով վարեց բարձրագոյն կարգի աշակերտուհիներէն մէկը: Յայտագիրը ճոխ էր ու այլազան: Աշակերտներուն կողմէ ներկայացուած բոլոր ելոյթներն ալ տպաւորիչ էին: Կարապենցի ոգին, շունչը եւ գաղափարները կարծես կը սաւառնէին սրահին մէջ: Կողքիս նստած Կարապենցի քրոջը աչքերը արցունքոտած էին արդէն: Նոյն ապրումներով լի էի նաեւ ես: Սրահը կը թնդար ծափահարութիւններով: Յայտագրի ընթացքին օրուան պատշած խօսքեր արտասանեցին տնօրէնուհին՝ տիկին Բաբաեանը,  գրող՝ Գրիգոր Ջանիկեանը, Չարենցի անուան թանգարանի տնօրէնուհին՝ Լիլիթ Յակոբեանը, որ հանդիսութեան եկած էր Եղիշէ Չարենցի թոռնուհիին հետ, Երեւանին մէջ Կարապենցին պատմուածքները կազմող եւ պետական պատուէրով, 2008-ին հրատարակած, մտաւորական Սեյրանուհի Գեղամեանը, Աւետիք Իսահակեան գրադարանի տնօրէնուհին Յասմիկ Կարապետեանը, Կարապենցին քոյրը Նայիրի Սահակեանը, որ զգալի կերպով յուզուած էր, եւ իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց բոլորին, անխտիր, որոնք իր եղբօրը   հանդիսութեան եկած էին ոչ միայն Յակոբ Կարապենց գրողը յարգելու այլ նաեւ հայ գրականութիւնը փառաւորելու: Իմ խօսքս անակնկալ չըլլալով հանդերձ, յուզիչ էր ու սրտաբուխ: Գալուստ Պապեանի, Թորոնթոյի մէջ լուսանկարած Յակոբ Կարապենցը ներկայ էր բեմին վրայ:
Արդարեւ, յաջող հանդիսութիւն մըն էր նաեւ այս մէկը, որու աւարտին՝ տեղի ունեցաւ պատշած ու ճոխ հիւրասիրութիւն:
—Պարոն Շարապխանեան, մենք Թեհրանից ենք ու Յակոբիկը լաւ ենք ճանաչում, ըսին երկու տարեց մարդիկ, ինծի մօտենալով:
—Կարապենցը իմ տան բնակիչն էր, իմ մտերիմ եղբայրը, ըսի ես իրենց կողմը դառնալով:
Հիւրասիրութեան ընթացքին հաճելի խօսակցութիւն մը ունեցանք «Յակոբիկը» ճանչցող ու իր գործը գնահատող պարսկահայ գրասէրներու հէտ: Երեկոյ էր արդէն երբ Վալդերին հետ բռնեցինք Ուշիի ճամբան:
Երկու օրէն Էլիզը պիտի վերադառնայ Թորոնթոյէն: Ինծի յանձնած պարտականութիւնը, որ պահանջի պէս բան մըն էր, հոս կը վերջանայ:
Յուսամ զինքը եւ իր հարիւրաւոր ընթերցողները գոհ ձգեցի:
Ասկէ ետք Էլիզին հետ կը մասնակցինք մեր նախասիրած հանդիսութիւններուն, որոնք անպակաս են Երեւանի մէջ ու բազմաթիւ:

 

Մարգար Շարապխանեան