Դեկտեմբեր ամիսը դարձած է գիրքի ամիս: Ֆրանսայի մէջ հայահոծ շրջանները՝ Սեւր, Լիվր, Տէսին, Ալֆորվիլ, կը կազմակերպեն գիրքերու տօնավաճառ: Ալֆորվիլի հայ համայնքը, 7րդ տարին ըլլալով, դասախօսութիւններու շարք մը իրագործեց գիրքերու տօնավաճառին առիթով: Նիւթը՝ երկլեզուութիւն, որու համար պատուոյ հիւր ընտրուած էր մտաւորական եւ մանկավարժ Յարութիւն Քիւրքճեանը, որ Աթէնքէն Ֆրանսա հրաւիրուած էր:


«Նոր Յառաջ» կը յայտնէ թէ Ալֆորվիլի քաղաքապետ Ռընէ Ռուքէի հովանաւորութեամբ եւ Նորվան արք. Զաքարեանի ներկայութեամբ, Դեկտեմբեր 9ին բացումը կատարուեցաւ «Արմէն Լիվրի»: Յարութիւն Քիւրքճեանի մասին վկայութիւններով հանդէս եկաւ Անահիտ Տէր Մինասեան: Խօսքերով հանդէս եկան նաեւ Արա Գրիգորեան, Էդուարդ Մատիլեան, Ռիշար Անանեան եւ ուրիշներ, որոնց վկայութիւններուն ընդմէջէն ֆրանսահայութեան մշակութային պատմութեան ամբողջ էջ մը կը յայտնաբերուէր:
Շաբաթ 10 Դեկտեմբերին, տեղի ունեցաւ նոյն նիւթին նուիրուած բանախօսական երեկոյ մը, մասնակցութեամբ Յարութիւն Քիւրքճեանի, Սեդա Պիպեռեանի եւ Գրիգոր Պըլտեանի: Երեք բանախօսներէն ամէն մէկը մասնագիտական իր փորձառութենէն մեկնած քննարկեց երկլեզուութեան հարցերը Ֆրանսայի եւ Սփիւռքի տարածքին փորձարկուած:
Յարութիւն Քիւրքճեանի անդրադարձը շեշտը դրաւ հաւաքական գիտակցութեան մակարդակին երկլեզուութեան անհրաժեշտութեան վրայ:
Խօսքը կը հրատարակենք ստորեւ:

ԵՐԿԼԵԶՈՒՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆԻ

ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

Կþառաջարկեմ այս երեկոն յատկացնել խորհրդակցութեան մը՝ իսկապէս երկմշակոյթ եւ երկլեզու Սփիւռքի մը կարելիութեան մասին. Սփիւռք մը՝ ուր հայերէնը  ըլլայ վերարժեւորուած։
Սփիւռք՝ երկմշակութային եւ երկլեզու։ Այս երկու եզրերու կիրարկումը մեր սփիւռքահայերու իրականութեան՝ զիս կը մղէ նախ հպանցիկ հարցապնդելու ուրիշ երեւոյթ մը - մեր բնիկ հայ մշակոյթի բացուելու ատակութիւնը. ասիկա նախա-սփիւռքեան, ուրեմն պատմական հեռանկարի մը մէջ։ Մենք մեզ կը գտնենք մշակոյթի մը առջեւ, որուն աշխարհագրա-քաղաքական կացութիւնը կրնար զինք դատապարտել հեղձուցիչ առանձնութեան մը, բայց որ իրեն կը ծառայէ միմիայն սեփական կայուն անհատականութիւն մը ստեղծելու։ Միւս կողմէ շատ կանուխէն բացուելով մօտ ու հեռու մեծ մշակոյթներու, յատուկ նախընտրութեամբ մը Արեւմուտքի հանդէպ, եւ դեռ՝ անոր նորածագ հոսանքներուն հանդէպ։
Ասոր համար պիտի բաւէր, եթէ կարիք ըլլար, յիշել իր սկզբնական բացումը հելլենիստական քաղաքակրթութեան, ապա՝ քրիստոնէութեան դարձին, որուն կը հետեւէր այբուբենի գիւտը՝ Ոսկեդարը, հակակշռող իր դերով, եւ ժամանակի համաշխարհային գրականութեան գործերու թարգմանութիւնն ու ինքնուրոյն գործերու արտադրումը։ Յիշել նաեւ ասոնց յարակից ծաղկումը ճարտարապետութեան, եկեղեցական երաժշտութեան, ձեռագրութեան եւ մանրանկարչութեան...։ Կարելի է հետեւիլ մշակութային բացուածքի այս հաւատարմութեան պատմութեան՝ իջնելով այսպէս դարերն ի վար, մինչեւ Միջնադար, «սփիւռքային» գաղթականութեան առաջին ալիքներով՝ դէպի Կիլիկիա, Բիւզանդիոն, Պալքաններ եւ Մերձաւոր Արեւելք, ու աւելի հեռու՝ դէպի Արեւելք եւ Արեւմուտք, առեւտրական շփումներու շնորհիւ՝ «Մետաքսի ճամբուն» վրայ թառած Անիէն եւ Հին ու Նոր Ջուլֆաներէն մեկնող։
Գիտենք, թէ մշակութային բացուածքի այս ձգտումը, մեր պատմութենէն ժառանգուած, ինչո’ւ չէ               կրցած մեկնակէտ դառնալ լրիւ սփիւռքեան նոր կենսաձեւի մը, որ կը պարտադրուէր 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութենէն՝ հայոց մեծ Եղեռնէն վերապրող խլեակներուն։ Ձգտում՝ որ կրնար հիանալի խարիսխ մը ըլլալ հաւասարակշիռ երկմշակութայնութեան մը հաստատումին համար, տեղական տիրող լեզուներու կողքին պահպանելով բնիկ-մայրենի լեզուն, սեփական մշակոյթի փոխանցման այս առանձնաշնորհեալ գործիքը։ Հոս տեղը չէ կատարելու այսպիսի խանգարման մը վերլուծումը, երկար ու բարդ։ Պարզ յիշատակումի համար, նշենք բազմադարնեան օսմանեան տիրապետութիւնը, մեկուսացնող ու հարստահարող, անոր վատթարացումն ու վերածումը զանգուածային բնաջնջումի քաղաքականութեան՝ 19րդ դարու վերջին եւ 20րդի սկիզբին։
Պատմական այս խզումին ահաւոր բրտութիւնը, որուն կ’աւելնան ծանրածանր պայմանները օտար աշխարհ ինկած գաղթականներու կեանքին՝ երկու աշխարհամարտներու միջեւ ինկած տնտեսական տագնապի տարիներուն. ճնշող կարիքը՝ ձուլուելու «հիւրընկալ» արեւմտեան ընկերութիւններուն մէջ - աստիճանական բայց ամբողջական տնտեսական եւ մշակութային ձուլում,- այս բոլորը լաւ ծանօթ են մեզի շնորհիւ ե’ւ մեր հայրերու-մեծ հայրերու պատումներուն, ե’ւ աւելի ուշ՝ մտաւորական-ակադեմական դէմքերուն աշխատանքներու՝ պատմագիտական, ընկերա-հոգեբանական, մարդաբանական, երկրորդ եւ երրորդ սերունդներէն ծնած։ Հոս միայն կրնամ յիշատակել մի քանին՝ ամենէն աւելի սրտայոյզ կամ յարիր վկայութիւններէն, բացայայտելու համար այս խզումին, ազգային բնիկ մշակոյթի այս ուրացման ստացած ձեւերը՝ շրջապատող ընկերութիւններուն համարկման դիմակին տակ. խզում՝ որ միանգամայն կորուստն է բնիկ լեզուին։
Այս ընթացքը, որ                   կրնանք կոչել մշակութային ապահայացում, առաջ գացած է՝ հակառակ գոյութեան եւ ճիգերուն մտաւորական երէց սերունդի մը, գրագէտներ կամ հրապարակագիրներ՝ երբեմն բարձրորակ, սակայն իրենց կարգին տկարացած՝ խզումի կացութեան առջեւ, որ շատ փոքր չափով պիտի                 կրնային արգելակել։
Հայրենի մշակոյթի այս ուրացումը, ըստ անհատական թէ հաւաքական կացութիւններու, եղած է ազատ կամ պարտադրեալ, գործօն կամ կրաւորական,  բիրտ կամ ծածուկ։ Հոս երկու օրինակ, երկուքն ալ ծանօթ դէմքերէ.
Ուիլիամ Սարոյեան, օրինակ, խօսելով շատ փոքր տարիքին կորսնցուցած իր հօր եւ անոր ձգած քանի մը հայերէն գիրքերուն մասին, կը պատմէ հաճոյքը, որ կը զգար աւելի ուշ՝ բռնելով-թերթատելով այս գիրքերը, դիտելով անծանօթ այբուբենին գիրերը՝ իր հօր հետ հաղորդակցութեան այս խորհրդանշանները, անդին՝ ամէն խօսքէ ու լեզուէ (իր սեփական բառերն են ասոնք)։ Այս դիրքը, որ կը ներկայանայ իբր միստիք հաղորդութեան կեցուածք, կրնայ իր ենթակային բերած ըլլալ             զգացական, ուրեմն ենթակայական հարստացում մը, բայց եւ այնպէս չի դադրիր ըլլալէ ուրացում ու մոռացում։
Ապա կ’ուզեմ ներկայացնել Սարոյեանի կեցուածքի կողքին երկրորդ պարագայ մը, աւելի մօտ մեզի՝ իր գոյութեան պայմաններով ե’ւ իր աղբիւրով։ Պիտի հետեւինք Ժանին  Ալթունեանի վկայութիւններուն, որոնք կը պատմեն 50ական տարիներու հայ պատանուհիի մը փորձառութիւնը դպրոցին մէջ, խօսելով անշուշտ իր ժամանակի ֆրանսական դպրոցի մասին, աւելի դասական աւանդութիւններով, աւելի՛ ֆրանսախօս եւ աւելի՛ ժաքոպէն՝ քան երբեք։ Եւ միայն մէկ մէջբերում, որուն՝ համագիրէ դուրս կրելիք հաւանական իմաստափոխութիւններուն համար կը խնդրեմ ներողամիտ ըլլալ. «Օտար»ին մշակոյթը                   կրնայ ծառայել իբր նշակէտ, իբր ժամանակաւոր անթացուպ... Ծանր կեղեքումի փաստ է իրաւազրկեալէն խլել հայելին՝ ուր ան պիտի տեսնէր իր կացութեան ուրոյնութիւնը։ Ինչպէ՞ս ինքզինք ըլլալ կեղծօրէն ազատական դպրոցի մը մէջ, որ կը հանդուրժէ, առանց անձամբ անոր լծուելու, լեզուի թերաճումը...» (տե՛ս  Ouvrez-moi seulement les Chemins de l’Armenie, Ed. Les Belles Lettres, Paris, 2003)
Այս առաջին վերլուծումին հետեւող Ալթունեանի գրութիւնները, մանաւանդ Մայքլ Առլէն Կրտսերի եւ Մարթէն Մելքոնեանի նուիրուածները, իրենց ուրոյն արժէքէն անկախ, հիանալի կը լուսաւորեն մեզի դրուող հիմնահարցը, կ’օգնեն ընկալելու Սփիւռքի սկզբնական այս ժամանակաշրջանը, որ կրնանք կոչել ուրացման ժամանակաշրջան։ Անցեալ դարձած՝ գոյութեան նիւթական թէ մշակութային պայմաններու իմաստով, բայց որ կը յամենայ եւ կրնայ դառնալ մնայուն՝ իր հետեւանքներուն ընդմէջէն - մանաւանդ գրեթէ ամբողջական լքումովը բնիկ լեզուի՝ արեւմտահայերէնի եւ մշակոյթին, որ միայն անիկա կրնար կրել-փոխադրել եւ ապահովել՝ շարունակուող                     ստեղծագործումով եւ յաւերժացումով։

***
Ինչո՞ւ ուրեմն յետադարձ այս ակնարկը՝ անցեալ եղած ժամանակաշրջանի մը վրայ, պիտի հարցուի։ Արեւմտեան Սփիւռքի համայնքները բաւական լաւ տեղաւորուած են ու կազմակերպուած, ունին զանազան տեսակի ընկերակցութիւններ, կը հրատարակեն մամուլ՝ տեղական լեզուներով ու երբեմն ալ հայերէն, միանգամայն որոշ ներկայութիւն կայացնելով տեղական թէ հայ-ազգային քաղաքականութեան մարզերուն մէջ։ 
Այս ամէնը ճիշդ է։ Սակայն, հայերէնի լքումը, անկէ հրաժարումը, շատ-շատ անոր սահմանափակ օգտագործումը իբր խոնարհ ծառայ՝ տեղական տիրող լեզուներու կողքին, կը մնայ իբր տխուր ժառանգութիւն մը այս մօտիկ անցեալէն՝ Սփիւռքի առաջին գաղթականական տասնամեակներէն։ Աւելին՝ վերը յիշատակուած վերլուծումները, քողազերծելով հանդերձ հրաժարումի այս ընթացքը եւ իր պատճառականութիւնը, մեզի կը թելադրեն միանգամայն՝ որ այս թերին, այս պարապը ա՛լ գոյու-թեան իրաւունք չունի համաշխարհային մշակութային մերօրեայ պայմաններուն մէջ, նաեւ նկատի առած մեր ներկայ կարելիութիւնները։
Վերլուծողներ, այս վիճակն ու ապրումը բնորոշելու համար, օգտագործած են անդամահատումի փոխաբերութիւնը։ Բայց, եթէ փոխաբերութեամբ պիտի ար-տայայտուինք, աւելի ճիշդ ու յարիր պիտի չըլլա՞ր գործածել պարզապէս՝ հոգե-խանգարումի եզրը։ Այդպէս՝ աւելի մօտ պիտի ըլլար ընկերա-հոգեբանական իրականութեան, ապա եւ նուազ հիւանդագին՝ իբր համեմատութիւն։
Դարմանել Սփիւռքի առաջին սերունդներէն ժառանգուած այս թերին, վերագտնել երկլեզու-երկմշակոյթ լիութիւն մը՝ հայերէնի վերահաստատումովը իբր զուգահեռ հաղորդակցութեան միջոց,- ահա մարտահրաւէրը որ այսօր կը ներկայանայ մեզի՝ երէկուանէն շատ տարբեր արեւմտեան աշխարհի մը ծոցին ուր, հակադրուած համաշխարհայնացումի կեդրոնաձիգ միտումներուն, ամենազգի սփիւռքներ կը զարգանան օրէ օր, ամենատարբեր լեզուներ եւ մշակոյթներ իրար կը խաչաձեւեն թուայնացած տիեզերքի մը մէջ, համարկումի եւ կենակցութեան ձեւեր կը բազմապատկուին եւ իրար կը բեղմնաւորեն, լեզուներ կ’ուսուցուին եւ մշակոյթներ կը ջամբուին ամենայն արագութեամբ՝ մետիաթիք ամենաայլազան միջոցներով։ Ա’լ իրաւունք չունինք կասկածի տակ դնելու կարելիութիւնը այս նոր կենսաձեւին, որ պարզացնելով հոս կը կոչենք երկմշակոյթ հայախօսութիւն։ Արդէն               պարզ իրողութիւնը՝ որ անհատներ կամ ցրուած խումբեր, զանազան հայ համայնքներու թէ այլ ազգային սփիւռքներու մէջ աշխարհի տարածքին՝ հասած են երկլեզու այս երկմշակութայնութեան,- փաստ է, եթէ փաստ պէտք էր, որ առաջարկուած այս մշակութային սարքը ապրելի է ինքնին։
Գրաւին կարեւորութիւնը, նաեւ անոր կարելիու-                 թեան պայմանները հաստատելէ ետք, կը մնայ որոնել երկմշակոյթ այս հայախօսութեան իրականացման պայմանները։ Եւ ասոր համար, հարց տալ, թէ իրագործելի՞ բան է յետադարձ արարում մը, Սփիւռքի ժամանակին մէջ ետ-քայլ մը. թէ՝ կորսուած կէս դարը վերաշահելի՞ է. եւ եթէ այո՝ ի՞նչ են միջոցները։
Հասկնալի է, որ հոս այլեւս կը խօսինք՝ հաւաքական իրականացումի մասին, բաւական շօշափելի համրանքի մը համար։ Այլ խօսքով, կը գտնուինք լրիւ մանկավարժական ոլորտի մէջ, որ պիտի քննարկուի քիչ ետք, մեր գործակից եւ երկարամեայ մանկավարժ Սեդա Պիպերեանի կողմէ։ Ըսեմ միայն, որ նման բաց մանկավարժութիւն մը, որ շատ սորվելիք ունի մեր շրջապատի ուսուցողական փիլիսոփայութենէն ու մեթոտներէն, պիտի ըլլայ ու մնայ, միանգամայն, յեղափոխական մանկավարժութիւն մը։ Այս ընտրանքը լեզուա-մշակութային մեր տարբերութեան ի նպաստ, որ պիտի յենի արեւմտեան աշխարհի մէջ առկայ մարտաճակատի մը՝ յանուն տարբերութիւններու պահպանման, միայն            յեղափոխական կրնայ ըլլալ, «կամապաշտ արարք» մը (Սեդա Պիպերեանի իսկ բառերով՝  հոս եւ քիչ անդին), որ պիտի օգնէ «հայ նոր սերունդը ազատագրելու տեսանելիի բռնատիրութենէն»։ Անշուշտ առանց եւ մոռնալու այս հիմնական երկլեզւութեան հոգեբանական բարիքները, այլեւս հաստատուած ու փաստուած՝ մանկավարժութեան եւ մարդաբանութեան կրթանքներու նորագոյն հետազօտութիւններով։
Վերագտնուած այս մայրենի լեզուն, ինքնութեան ցուցիչ եւ բաց հոգեկազմի մը էական մաս, դեռ պիտի ծառայէ -յիշե՞նք ասիկա ալ- իբր համահայկական էսփերանթօ, նրբօրէն ենթակայական բայց եւ առարկայական գործօն՝ աշխարհի տարածքին հասարակաց Վայր մը փնտռող բոլոր հայերուն համար... Անիկա միանգամայն, միշտ բաց երկմշակութայնութեան գետնին վրայ, պիտի տաբերի ու հակադրուի այլ ինքնութեան ցուցիչներէ՝ նախնական ու կղզիացնող, որ կարգ մը սփիւռքներ, այսօր, կը դաւանին եւ կը ցուցադրեն մեր շուրջ...
Ծագումի լեզուին այս անհրաժեշտ, անշրջանցելի արժէքի գիտակցութիւնն է, որ այսօր շարժման կը դնէ հայկական դպրոցներու հիմնադրման նախաձեռնութիւններ։ Միայն ողջունել կարելի է ասոնք, բայց                        կենսական կը մնայ դպրոցներէն ներս ստեղծել ու զարգացնել այդ նոր ոգին եւ մանկավարժական                   սկզբունքները։ Ինչպէս միայն ողջունել կարելի է,  պարբերական մամուլի ճակատին վրայ, վերականգնումը համայնքի գրեթէ հարիւրամեայ հայալեզու օրաթերթին, քիչ տարբեր անուան ու տարազի տակ։

***
Աւարտելու համար, պիտի սահմանափակուիմ հաստատելու մի քանի որոշիչներ՝ այս տիպի հայախօսութեան մը համար. եւ, հետեւելով տրամաբանութեան ժխտական ընթացքի մը, ջանալ ճշդել՝ թէ ինչ չէ՛  անիկա.

ա- նախ՝ անիկա ապահովաբար պիտի չըլլայ նախնական այն լեզուն, խոնարհ ծառան, որ դեռ կը լսենք երբեմն Արեւմուտքի տարածքին, ընտանեկան թէ այլ հազուագիւտ շրջանակներու մէջ (թէեւ ըսենք՝ այդ ալ բարեբախտութիւն մըն է...)

բ- պիտի չըլլայ նաեւ այն՝ որ սովորաբար հայախօսութիւն կը կոչուի, գործածուող յատկապէս՝ Միջին Արեւելքի մեր համայքներուն մէջ։ Առանց հոս մանրամասնութեան երթալու, կ’ուզեմ շեշտել, որ այդ հայախօսութիւնը, հակառակ այժմէացման ցրուած ճիգերու, նաեւ հակառակ որոշ երեւոյթներու, չէ հասած երկմշակոյթ, իսկապէս իր բոլոր մակարդակներով ապրող լեզուի մը կարգավիճակին։ Թերեւ կ’արժէ, որ յիշեցնեմ, ես ինքս ծնունդ եմ այդ միջավայրին, եւ այդ գոց հայեցիութեան ու գոց հայախօսութեան մթնոլորտին մէջ ալ ստացած եմ նախնական կազմաւորումս. ուրեմն հաստատումներուս կարելի է շնորհել վկայութեան արժէք։ Այս լեզուն, իբր մշակութային կասեցուած-խցուած գործօն, ճիշդ վերոնշեալ բացութեան սկզբունքին դէմ է որ կը մեղանչէ, բացութեան սկզբունք՝ որ պատմական անցեալին մերը եղած է։ Մեզի համար պատշաճ տիպարը ըլլալու համար, անիկա պէտք էր ազատագրուէր անցելապատ իր վիճակէն, բրածոյութենէն, մտնէր կենդանի հոլովոյթի։ Բան մը՝ որ կարելի կ’ըլլար միայն կենսական Միւսէն, Օտարէն անցումով մը։

Կենսունակութեան, «բնականութեան» այս պակասը, նաեւ կը բացատրէ Սփիւռքի տարածքին հայալեզու գրական արտադրութեան կէս-հիւծած վիճակը։ Միջին Արեւելքի մէջ թէ ալուր, տակաւին կը հանդիպինք գրական արտադրութեան (հոս կը խօսինք գրականութեան մասին, քանի գրականութիւնը ճի՛շդ արուեստի ստեղծումն է լեզուով ու լեզուին մէջ)։ Բայց գրականութեան այս վիճակը պարզապէս կը ցոլացնէ                       լեզուին եւ մշակոյթին միամակարդակութիւնը, որ արդէն նշեցի։ Այս խնդրին մէջ, Սփիւռքը խուլականջ ձեւացած է կոչին տեսիլքի տէր հոգիներու, ինչպէս օրինակ Նիկողոս Սարաֆեանին՝ դեռ շատ կանուխ, կամ Վահէ Օշականին՝ աւելի ետք։ Որ՝ ստեղծումի արարքը, լեզուին մէջէն, պէտք է դիմագրաւէ Օտարը. որ՝ միշտ հայերէնը գործածելով՝ գրականութիւնը պարտի դառնալ իր կարգին երկմշակոյթ. այս է միակ ճամբան, դժուար բայց խոստմնալի, որ պիտի փրկէր լեզուն դառնալէ, ձեզի ծանօթ գրագէտ Գր. Պըլըտեանի բառով, «անժողովուրդ  լեզու» մը։ Բայց այս թեման քիչ ետք հոս պիտի զարգացնէ նոյնինքն Գր. Պըլըտեանը՝ իր ընտրած ուղղութիւններով։

գ- եթէ Արեւելքի համայնքներու միամակարդակ հայախօսութիւնն ու մշակոյթը չեն մեր փնտռած սփիւռքեան մշակութային արտադրութիւնները, ի՞նչ մտածել այժմ Հայաստանի եւ արեւելահայ լեզուին ու մշակոյթին մասին։

Այս հարցը կը դրուի, որովհետեւ հազուադէպ չեն հայերը, ծագումով արեւմտահայ, որոնք որդեգրման լեզու մը եւ մշակոյթ մը կը փնտռեն, եւ երբեմն ալ կը գտնեն, պատմական պարագաներու բերմամբ հայրենական լեզու եւ մշակոյթ դարձած հայութեան այս տարբերակին մէջ։ Ասոնք յաճախ իրենց արեւմտահայ մշակութային պահեստէն զրկուած հայեր են. այլ խօսքով՝ «հեռուներէն եկող» հայեր...
Անօգուտ է հոս փորձել արժեւորել փոխարինումի այդպիսի քայլ մը, քանի անհատական է։ Առաւելագոյնը՝ կարելի է դիտել տալ, որ համեմատաբար դիւրին է երթալ ապաստանիլ հաստատուած մշակոյթի մը եւ հիմնարկութիւններու գիրկը, պետական կառոյցներով (նոյնիսկ դեռ դիւրաբեկ), քան ջանալ վերագտնել հիմերը արեւմտահայ մշակոյթի մը, որուն «կեդրոնը ամէն տեղ է եւ շրջագիծը ոչ մէկ տեղ» (պատշաճեցնելով Պլ. Փասքալէն)։ Յամենայն դէպս, որքան ատեն որ խօսքը անհատականի մասին է, եւ իբր այդ՝ անդին կ’իյնայ ամէն արժէքային դատումէ։ Անշուշտ որ ընտրութիւն է, գործօն քայլ մը։

Բայց երբ խնդիրը հաւաքականին կը վերաբերի, անմիջապէս կը դրուի հարցը այդպիսի քայլի մը կարելիութեան, այսինքն՝ ճիշդ ըսած՝ անկարելիութեան։ Որեւէ ատենէ աւելի, այսօր գիտենք, որ Սփիւռքը ա’լ մնայուն իրողութիւն է, առանց զանգուածային հայրենադարձի ըմբռնելի հեռանկարի։ Գիտենք նաեւ, որ նոյնիսկ լաւագոյն տրամադրութիւններով, Հայաստանը նախատեսելի ապագայի մը համար կարելիութիւնը չունի՝ մեր հանդէպ յարիր կամ գնահատելի դեր մը խաղալու։ Կը մտածեմ նախ իր սեփական պակասներուն մասին, ապա արեւելահայ նոր Սփիւռքին մասին, որ աւելի իրաւունքով ակնկալութիւններ                       կրնայ ունենալ իրմէ։

Այսպիսի իրադրութեան մը մէջ, եւ կը կրկնեմ՝ հաւաքական աստիճանաչափով, դժուար է արեւելահայ լեզուն եւ մշակոյթը կարելի յենարաններ նկատել մեզի. այդպիսի փորձութեան մը զիջիլ՝ նաեւ վտան- գել պիտի ըլլար ինքնավարութեան արդէն տկար ներշնչումը, որ կը մնայ մեզի։

Եւ դեռ՝ կը դրուի նպատակայարմարութեան հարց մը, եթէ ոչ իրաւացութեան։ Այդպիսի միաձուլում մը՝ մեզմէ հեռու տեղադրուած լեզուա-մշակութային ոլորտի մը հետ, մեր սփիւռքեան ամէնօրեայ կացութիւնը պիտի ենթարկէր այլապէս կաշկանդիչ օտարումի մը։ Ուշադրութիւն՝ ասիկա բնաւ մերժում մը չէ ուղղուած Հայաստանին եւ իր ներկայացուցած բոլոր արժէքներուն։ Հոս ճշդուած վերապահութիւնը կը վերաբերի բացառապէս ներկայ մշակոյթի մարզին։ Ամէն այլ շահագրգռութեան, ամէն այլ գործունէութեան համար, շփումն ու մերձեցումը միայն բարերար կրնան ըլլալ - երկուստեք։ Բայց մշակոյթը, ամէնօրեայ ապրում եւ գործունէութիւն, մարդկային ամէն հաւաքականութեան «հոս եւ հիմա»ն, չի կրնար պարենաւորուիլ հեռակայ պահեստներէ, չի կրնար հեռա-                         վարուիլ...
***
Երկմշակոյթ հայախօսութիւնը, օժտուած՝ բնականոն լեզուի մը յատկութիւններով, այսինքն լիութեան ձգտելու ատակ, պիտի օգտագործէ իր անցեալ մշակոյթէն իրեն կտակուած դրամագլուխը. միւս կողմէն՝ ան բաց պիտի ըլլայ Միւսի մշակոյթին, պիտի թափանցուի անով, դառնայ հարազատ դրսեւորում սեփականի եւ Միւսին՝ ներկայ միջավայրին։

Առանց յաւակնելու հոս վերջնական եզրակացութիւններ բերել, կրնանք առնուազն հաստատել.- Երկմշակոյթ հայեցիութիւնը այս բոլորը պիտի ըլլայ - կամ՝ պիտի չկայանայ...