ԿԱՄ՝
ԻՒՐԱՏԵՍԱԿ ՆԵՆԳԱՄԻՏ ԷԱԿՆԵՐՈՒ՝
ՍՐԲԱՊԻՂԾ ՔԱՋԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՕԹԵԱԿ
(ԻՒՆԷՍՔՕ)
Հայկական խոհանոցը ընդվզած է: Հայե՛րը ընդվզած են:
ԻՒՆԵՍՔՕ առջի շաբաթ նոր «քաջագործութիւն» մըն ալ ընելով, հայկական խոհանոցի պատմական հերիսան՝ արձանագրած է որպէս «քէշքէք», թրքական ժողովրդական ճաշերու ցանկին մէջ:
Հայկական ճաշատեսակներու եւ խոհանոցի աւանդութիւններու պաշտպանութեան միութեան նախագահ Սեդրակ Մամուլեան, այս որոշումէն զայրացած, ձայն բարձրացուցած է, որ ԻՒՆԵՍՔՕ մեծ սխալ կը գործէ նման քայլ առնելով: Ան բացատրած է. «Անցեալին, մենք երկու տեսակ հերիսա ունէինք՝ հերիսա եւ քաշիքա անուանումներով: Թուրքերը իւրացուցին երկրորդը եւ անունն ալ «քէշքէք» դրին: Քաշիքան կը պատրաստուի թոնիրի մէջ, եւ թոնիրը գործածուած է միայն հայոց կողմէ: Թուրքերը երբեք չեն ունեցած թոնիր»:
Այս մէկը հայերու քանիերորդ «առիթ»ն է ընդվզելու՝ սկզբունքով միջազգային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան կոչուած այդ կազմակերպութեան ցաւալի եւ անարդար կեցուածքներէն կամ որոշումներէն:
Դեռ հազիւ քանի մը տարի առաջ ամբողջ գիւղի մը տարածքով Նախիջեւանի հայկական պատմական գերեզմանոցը՝ մէջ անհամար եւ անգնահատելի արժէք ներկայացնող խաչքարերով, ոչնչացուեցաւ ազերիներու կողմէ, ԻՒՆԵՍՔՕի «խնամատար» հայեացքներուն առջեւ: Ապա, Յունիսին, այդ կազմակերպութեան փարիզեան կեդրոնատեղիին մէջ կայացած ցուցահանդէսին արգիլուեցաւ ցուցադրուած հայկական խաչքարերուն վայրերու նշումը, անհաւատալի ու ապիկար պատճառաբանութիւններով: Հիմա կարգը հասած է հերիսային: Խաչքարերէն՝ ոստումը ճաշատեսակին, մտահոգութիւն կը պատճառէ, քանի հոնկէ ալ կրնանք նոր ոստումով՝ հասնիլ Կոմիտասին, կամ Մեսրոպ Մաշտոցին, Նարեկացիին, չեմ գիտեր ինչ պղծումներով, որուն գաղտնիքը միայն ԻՒՆԵՍՔՕն ունի:
Հարցը լուրջ է: Պէտք է զգօն մնանք պահպանելու համար մեր ամենայետին արժէքներն իսկ, թէ ոչ... Իւրատեսակ Նենգամիտ Էակներու՝ Սրբապիղծ Քաջագործութիւններու Օթեակը կրնայ մեր ամբողջ մշակոյթը ոչնչացնել:
Անարժան Դպիր
«Յառաջ», Փարիզ